Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Դ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Թ ՊԱՐՈՆԵԱՆԻ ՏԵՂԸ  (ՀԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ) 

Համապատկեր ը գրողները վերլուծելու արարքին մէջ է որ կը դնէ իր ճիգին ծանրութիւնը։ Համադրութիւնը, իբրեւ բնական հետեւանք, փակում մըն է։ Պարոնեանի բախտը կ՚ուզէ որ իր մասին համադրանքի աշխատանքը դարձեալ պարզ է դժուար, մութ կողմեր։ Պարոնեանի գրականութեան յարակից հարցերը գրական որքան պատմական - իր համադրումին ատեն է որ կ՚անձնական, կը բռնանան։ Խօսեցայ այդ գրականութեան լայնքէն, խորքէն, տարողութենէն։ Բայց արժէքներու պօրսա մը պարզած է տարօրինակութիւններ, ծանր հակադրութիւններու ծնունդ տալով անոր վերջնական գնահատման համար։ Իր սերունդին բոլոր միութիւններուն վրայ այսօր գրեթէ դադրած է տարակարծութիւնը։ 1911ին Չրաքեանի ելույթը Պէրպէրեանի փառքին համար, գրականէն դուրս ազդակներու կը մնար հպատակ։ Մարդիկ այդ փառաբանութեան մէջ տեսան իր ժամանակակիցները ապարծէ ցոյց տալու թաքուն իմաստութիւն մը: Սփիւռքը թաղեց այդ ամէնը։ Պարոնեանին շուրջ դեռ յուզումը չէ խաղաղած։ 

Անցած է կէս դար այն օրէն երբ անիկա փակեց աչքերը մեր աշխարհին։ Բայց իր խորհուրդը, իմաստը եղան ենթակայ զանազան կշիռներու: 1900ին Պարոնեան անուն մըն է, մեռած, անարձագանգ։ Սկսող սերունդը կը թափառի Չրաքեանին հետքն ի վեր, նրբութիւններու, ձեւի խնամքին, փաղփուն ու ցուրտ գեղեցկութեանցը սիրով անզուգական քերթողուհիին։ 1910ին այդ մոռացումը կը վերածուէր ուրացման։ Պարոնեան խղդուած էր շուքին մէջը Երուանդ Օտեանին։ 1920ին արեւելահայերը զայն կը վերագտնեն, իրենց յատուկ անհեթեթ որքան խօսուն հիացումով մը։ Դուք գիտէք այս հիացումին հագած մարմինը։ Քառորդ դար վերջը, երբ կը գրուին սա տողերը, Պարոնեան բիւրեղացած փառք մըն է, թերեւս ընդմիշտ ազատագրուած մարդկայինին յաճախ յիմար կամ շահախնդիր պաշտպանութիւնէն: Իր մշակած սեռը, միւս կողմէն, այսօր լքուն կրթանք մըն է, սփիւռքի ընդհանուր բարեխառնութեան գրեթէ անհաղորդ ( Պետհրատը Օտեանին ալ ամբողջական տպագրութեան ձեռնարկած էր թիւ երկրորդ պատերազմէն առաջ)։ Համապատկեր ը, սփիւռքի ձեռնարկ, կ՚անգիտանայ սակայն այդ սփիւռքին յեղյեղուկ կամ անգոյ ճաշակները։ Արեւմտահայ գրականութիւնը (մինչեւ 1915) տակաւ իր միածնութիւնը կը ջանայ ապահովել: Սերունդներու ոչ միայն դիմագիծերը, այլեւ իմացական յօրինուածութիւնը այսօր աւելի յստակ են մեզի քան քսան տարի առաջ։ Գրողները կ՚անձնաւորուին ու կը թուին գտնել իրենց վերջնական կերպարանքները։ Կեանքը այդ մարդոց եւ մեր մէջտեղը` անկամրջելի օտարութիւն։ Կ՚ըսեմ ասոնք որպէսզի Պարոնեանին համադրումը ըլլայ մատչելի կարելի ձերբազատումով։ Պարոնեանի կապերը, մեզի հետ, չեն պարզեր այն կսկծալի տագնապները որոնց այրուցքին տակն ենք տակավին երբ սփիւռքի քերթողները կը ջանանք վերածել զիրենք կանխողներուն։ Սիամանթօ մը սիրել կամ արհամարհել՝ սփիւռք մնալ կը նշանակէ։ Պարոնեան մը սիրել կամ արժեզրկել՝ պատկանելու փաստ է աւելի բարձր իմացական դրութիւններու

Անվերածելի, շքեղ երեւո՞յթ մը` այլեւս Յակոբ Պարոնեանը։ 

Թերեւս։ 

 

Կուտամ Պարոնեանին տեղը

Ա. Արեւմտահայ գրականութեան մէջ ։ Իմ արժեւորմանս իբր յատակ ես ունիմ նուազագոյն մեղաւոր նկարագիրներու պաշտպանութիւնը։ Ատոնցմէ մէկը գրականութեան մը յայտարար հանդիսանալն է կեանքին, ոչ վերացեալ ու ընդհանուր որով եւ վիճելի կեանքին, այլ այն միւսին որ իբրեւ կճող երեւոյթ սանկ կէս դարու մը հասակով կուտայ ու կ՚առնէ, կը ստեղծէ եւ կը թաղէ, իր կարգին քաշուելու համար ժամանակին ետին: Կեանքը ոչ միայն խորհուրդ մը չէ սա տողերուն, այլ ոչ իսկ խորհրդանշան։ 1850էն մինչեւ իր մահը Պարոնեան մշտաբաց նուագարանի մը նման առաւ ու արձակեց այդ կեանքին բիւրաւոր թելադրանքները: Արժէքաւո՛ր` ա յն գրագէտը որ իր գործին ներսը աւելի թիւ մը յաջողեցաւ խտացնել այդ կարգէ թելադրանքներու։ Ու վերագրումը վերածեցէք իրողութեան։ Բացէք յիսունի մօտեցող հատորները Ալիշանին ու ըսէք թէ ինչ է ձեր գտածը հայ կեանքին ընդհանուր թելադրանքներէն։ Պիտի գտնէք որ այդ գործը ծանրօրէն վիրաւոր է իր պակասովը, իր ժամանակէն: Անցեալին վրայ իր լուսարձակումներուն տարողութի՞ւնը։ Աս ալ անբաւարար։ Հետեւութիւնը պարզ։ Ալիշան չէ այն հանգամանաւոր, արեւելահայերը կ՚ըսեն՝ որակեալ գրագէտը որուն գործին վրայէն ինծի ըլլար ներելի ընդհանրացումներու բարձրանալ, բոլորն ալ արեւմտահայ գրականութեան թելադրանքներէ, բայց նոյն ատեն ալ՝ ընդհանուր հայ գրականութեան յատկանիշներուն հաղորդ։ Կ՚առնեմ երկրորդ օրինակը Պետրոս Դուրեանէն։ Հոս թէեւ ծաւալը նիհար կը ներկայանայ, բայց որակը կը նկատենք ազնուագոյններէն: Այն ատե՞ն։ Կը ներուի՞ ինծի հայ ժողովուրդը գտնել այն պայծառութեամբ, ճոխութեամբ, իրաւութեամբ որոնք խնդրական չեն երբ կը փնտռուին Երուխանի, Զոհրապի, Տիկին Եսայեանի գործերուն ներսը։— Չեմ կարծեր։ Վաղամեռ քերթողէն իր թախիծը, երեւակայութիւնը, կենարար զգայնութիւնը, պատկերակերտութիւնը արժանիքներ անշուշտ, որոնք իր վրայէն կրնան արձակուիլ դէպի իր ժողովուրդը։ Բայց զանգուածը այդ ամենէն տարրեր միայն կ՚օգտագործէ, այդ ամենուն կ՚աւելցնէ ինքզինքը մանաւանդ, իր ընդարձակ, գրեթէ անհուն զանազանութեամբը։ Պետրոս Դուրեանի երգերուն տարողութիւնը, իր անձէն դուրս, կը տժգունի, մանաւանդ երբ պահանջկոտութիւնը գործադրենք գրական առաքինութիւններուն, որոնցմով գրագէտի մը գործը ազգային մեծարժէ ժառանգութիւն մը կը դառնայ: Ան որ չորս հինգ դար յետոյ պիտի կարդայ օրինակի համար Տրտունջք ը (ինչ պէս կը կարդանք Նորահրաշ պսակաւոր ը, գրուած մեզմէ երկու անգամ չորս դար առաջ), պիտի համակրի այդ քերթուածին մարդկային իրաւութեան, բայց պիտի տառապի պակասի համար այն զգայնութեանց, թելադրանքներուն որոնք գրական յիշատակարան մը կ՚արժեւորեն ամենէն առաջ ժամանակի մը ներսը, կ՚ընեն զայն «հայելին» անձէն վեր, աւելի տարածուն ապրումներու: Յետոյ կան զուտ գրական հարցեր։ Չեմ կրնար արեւմտահայ գրականութիւնը որոշագրող ամենէն տիպարային ձգտումները դարձեալ հաստատել Ալիշանի մեծածաւալ գործէն ներս, ասիկա` ճիշդ այն պատճառով որ այդ գործին ետին չկայ ժողովուրդ մը, ինչպէս կայ այդ ժողովուրդը Ռաֆֆիի, Շիրվանզադէի, Երուխանի, նոյնիսկ իբրեւ ծնաւ ալ այնքան աղքատախնամ Զօհրապին ետին։ Ո՞ր ժողովուրդին զաւակն էր քսանամենի այնքան տաք, խորունկ բաներ ըսող տղան։ Շատ են սահմանները գրականութիւն մը նուաճելու: Խնդրական, յաւակնոտ, գետնաքարշ այդ թղթեղէն օրէնքները կրնանք յանձնել զանոնք հեղինակողներուն վայելումին։ Եւ գոհանալ աւելի համեստ ցանկութիւններով։ Կարդալ, օրինակի համար, Պարոնեանի սերունդին բոլոր վաստակը, հետն ըլլալով Պարոնեանն ալ անշուշտ, ու այդ ընթերցումին ձեր ներսը թողած տպաւորութիւնները դասաւորել, կազմակերպել, գրականութեան մը դերը լուսաւորող քանի մը հզօր ձգտումներու ետեւէն։ Ինծի կուգայ թէ ձեր այդ փափաքը պիտի յագենար, ամենէն աւելի պարզ ու ամբողջական կերպով մը, Յ. Պարոնեանէն։ Այս հաւաստումները, օրինակները բաւական՝ ցոյց տալու համար իմ հիացումին կշիռը, իմ գնահատման չափերը, երբ կը կիրարկեմ զանոնք այլեւս մենէ ազատագրուած գործերու մթերքին ու դէմքերու թելադրանքին վրայ։ Ամենէն մեծ բարիքը, ուրեմն, արեւմտահայ որեւէ տաղանդաւոր գրագէտէ մեզի ժառանգ ինկած, իմ գնահատմանս մէջ բարիքն է կեանքին, կեանքի մթերքին: Ունիք ձեր բոլոր ազատութիւնը այս հաւաստումը հերքելու, զիս կործանելու նոյն իսկ մեր գերագոյն փառքերուն համայնական կեանքէ նիհարութեան փաստը օգտագործելու համար ընդդէմ այդ չափերուն, սպառնալ ինծի մանաւանդ մեր քերթողներով որոնց գործը յայտարարած եմ իբրեւ գերագոյն յաջողուածքը արեւմտահայ գրական ճիգին։ Կ՚ընդունիմ ձեռնոցը, իբրեւ մէկը որ իր ժողովուրդին գրական ճիգը սանկ տասնըհինգ դարու վրայ ուսումնասիրած է կարելի պարկեշտութեամբ, խղճմտութեամբ ու իր աշխատանքը պահած պարկեշտութեան ձայնին մէջ։ Ըստ այդ ճիգին, ես գտել եմ գեղեցկութիւններ, նոյնիսկ մեծութիւններ ու ցաւեր եմ ցաւը իմ ժողովուրդը չգտնելուս: Ըրէք Փարպեցին աւելի իմաստուն դիտող մը։ Դուք կ՚ունենայիք այդ ժողովուրդը եւ ոչ թէ անոր շուքերը։ Փոխադրուեցէք արեւմտահայ գրականութեան մեզամօտ, հանրածանօթ շրջանակը։ Ձեզի կու տամ սրտագին ազատութիւն որպէսզի հեշտանաք ձեր հիացումներուն, խանդավառութեանց մէջ հանդէպ Դուրեանի, Երուխանի, Զօհրապի, Մեծարենցի, Վարուժանի, Չրաքեանի, Թէքէեանի ժառանգութեանց որոնք ուրիշ կողմերով ալ ուշագրաւ եղան բայց որոնց գումարը մնաց անբաւական մեր կեանքը վկայելու իրենցմէ վեր, վերջ։ Ու իբրեւ այդ տարիքին տէրերը երբ զիրենք կ՚արժեւորեմ, կը պահեմ իմ համեմատական հանդարտութիւնը: Պարոնեանին բարիքն է որ զիս կը մղէ սրտագին խոստովանութեանց։ Դուք հազիւ կը կասկածիք թէ ո՛ր աստիճան սուղ բան է կեանքը: Այդ է պատճառը թերեւս որպէսզի քիչ տեսնէք, թեթեւ կշռէք արժէքներ՝ որոնց տարողութիւնը կ՚անցնի անդին ոչ միայն անձէ մը, շրջանակէ մը, այլեւ թերեւս  ժամանակէ մը, քանի որ անմիջականը, մասնաւորը, մօտիկը կը պահեն ձեր վրայ աւելի հաստատ ձգողութիւն մը։ Պարոնեանով փրկուած կեանքը առնուազն երեք քառորդ դարու ծաւալ ու խտութիւն ունի։ Վերցուցէք կեանքի այդ մթերքը արեւմտահայ գրականութեան շտեմարանէն։ Ձեր կարծիքով թերեւս խնդալու առիթներ կ՚ըլլաք զոհած: Առնուազն ապահովութեան մէջն էք որ ծանր, թանկ գեղեցկութիւններ չէք վտարած անկէ որպիսիները կազմելու էին Դուրեանին տաղերը։ Կարճ կը տեսնէք սակայն ու արագ կը դատէք։ Պարոնեանին պակասը կը նշանակէ պակասը կեանքի մը համապատկերին որ` ապրող բաներէն մեր մէջ իյնալիք հեշտանքը կը մատակարարէ։ Անցէք հայոց մատենագրութեան ընդարձակ ամայքներէն ուր մարդու պակասը այնքան ծանր կ՚ընէ ձեր դժգոհութիւնը, ու խորհեցէք բարիքի, զոր մեր պատմիչները պիտի ըլլային գործադրած եթէ գրէին կեանքին առաջադրութեանց ընդմէջէն։ Ըսի անգամ մը թէ հարիւր տարիներ անցեր են, օրինակ, Ֆրանսայի պատմութեան վրայէն որ անցնող դարուն կէսը կը յօրինէ։ Արդ, ուսումնասիրողները կը հաւաստեն թէ այդ կեանքը կ՚ապրի La Comédie Humaine-ն մէջ, աւելի կատարեալ որքան չէ այս ապրումին փաստը պաշտօնական պատմագրութեան մէջ, միշտ Ֆրանսայի համար։ Ու դառնալով մեր գրականութեան, փնտռեցէք հայ քաղքենին, մտաւորականը, հոգեւորականը, պարզ մարդերը նոյնիսկ մեր գրողներու գործէն ներս։ Դուք զանոնք կը գտնէք ոչ Երուանդ Օտեանի թերթօններուն, ոչ ալ Արփիարեանի ծաղրանկարներուն կամ թացիկ պատկերներուն մէջ։ Անոնք կան, պայծառ, ամբողջ, անվերածելի` Յակոբ Պարոնեանին գործին մէջ։ Ինչ չափանիշներ ալ գործածէք գրագէտ մը կշռելու, դուք չէք կրնար արժեզրկել կեանքին գերազանց վկայութիւնը, քանի որ գրական նորոյթը կը հիննայ այն արատգութեամբ որով եկած էր, մինչ կեանքին նկարագիրներէն է դանդաղ շրջափոխութիւնը։ Կեանքը ամենէն թանկ երախտիքն է մեզի շնորհուած։ Արեւմտահայ գրականութիւնը չունի երկրորդ, ուրիշ անուններ այդ երախտիքը մեզի պարտադրող որքան Էտիրնեցի սա քցըփըռիկ հեգնողը, ինչպէս կ՚ըսէին Պոլսեցիները։ Կեանքի բարիքէն զատ կայ բարքին բարիքը որ տարբեր բան է։ Գրագէտ մը որքան հաստատ խաղեր ունենայ իր տրամադրութեան տակ բարքերէ, այնքան նուազ կը վտանգէ իր միւս քիչ մը առաձիգ շնորհները։ Ներաշխարհ ը թող գար մեզի բարքին բարիքովը, կ՚ըլլար կարկած բոլոր ընդդիմութիւնները ու անգայտացուցած իր գրելու եղանակին անսովոր հեշտանքները։ Կը յիշէք անշուշտ որ մեղադրեցի Պարոնեանը թէ իր տիպարները չէր մշակած, գոհանալով անոնց պարզ ծիծաղելիով։ Մեղադրեցի իր գռեհկութիւնը, գրականութեան հետ հաշտուելու անընդունակ։ Բայց այդ մեղադրանքներուն չընկերացուցի հաւանական չքմեղանքը։ Չէ՞ր կարելի որ Պարոնեան կատարած ըլլար այդ զիջումը կեանքին աւելի մօտ մնալու համար։ Ի վերջոյ մարդէն արժէք է իր կարողութիւնը, կորստականը ազատելու: Երբ կը ստեղծենք, վտանգներու կը մնանք ենթակայ, ասդին կամ անդին իյնալու։ Երբ կը պահենք, կը պահպանենք, այդ իսկ արարքով մեր փրկածը, սեւեռածը անկողոպտելի բարիք մըն է մեզմէ ետք, ուր ալ իյնանք: Դուք զուր տեղը պիտի թափառիք մինչեւ Պարոնեան հասնող շրջանին բոլոր ծակուծուկերը, ոչ թէ Պարոնեանին մօտ դիտուած էին նման առատ առատ բարքեր ողջունելու, այլ գտնելու սանկ իրաւ մարդեր, որոնք ապրէին իրենց ժամանակը։ Չեմ դառնար ետ, այդ մարդերը իրենց ամենէն ընտանի պաշարին մէջ փնտռելու, քանի որ մեր վէպին հերոսները, մինչեւ Զօհրապ, վերացական անձնաւորութիւններ են։ Յետոյ, ի՞նչ է ինքնին քանակը այդ վէպերուն որոնցմէ ոմանք չեն իսկ պատկաներ արեւմտահայ գրականութեան (Տիւսաբի բանդագուշանքը, Մամուրեանի եղջերուաքաղը)։ Չէք վարձատրուիր երբ կը դիմէք քերթողներուն որոնք բնակիչներն են կա՛մ պատմութեան, կա՛մ վերնաշխարհին: Ու քրոնիկը, իբրեւ սեռ, անբաւարար է այդ օրերուն իր սիւնակներուն մէջ սեղմելիքէն տարբեր մթերք մը ազատագրել Ուզէք չուզէք Արգոսի Խոհեր ը, Մարդիկ եւ Իրք ը, Հայկական նամականի ն պիտի նետէք մէկդի ու հաստատէք ձեր պահանջած կեանքին ու բարքին բարիքները, թէկուզ կոտորակային ու անբաւարար, Պարոնեանի վաստակին մէջ։ Ցա՜ւ էր անշուշտ սա սահմանափակումը։ Որքան մեծ՝ մեր երախտագիտութիւնը բոլոր անոնց որոնք լման դրութիւններ կը փրկեն կորուստէ (օտար վէպին մեծ վարպետները): Բայց մեր պայմաններուն մէջ աւելին պահանջել Էտիրնեցի լրագրողէ մը, պիտի նշանակէր բռնաբարել մարդկայինին սահմանները: Պարոնեանի հանճա՞րը: Մի աճապարէք։ Ձեզի չափ ես ալ գիտեմ որ հանճարային գրագէտի մը փառքը չի կրնար վստահուիլ բարքերու բարիքի մը, ասոր պաշտպանութեան: Բայց կը մնամ զգաստ, մանաւանդ զգոյշ բառին ետեւը տրուած թելադրանքները փորձարկելու մեր գրականութեան վրայ, որ, հարկ կա՞յ, ճշդելու, մերն է, այսինքն մեզմով գոյաւոր կարելիութիւն մը։ 

Այդ գրականութիւնը համաշխարհիկ մեծ փորձարկութիւն մը չէր որպէսզի հոս գործադրելի եղանակներ այցելէին իմ մտքին։ Մի մոռնաք որ իմ առածներէն մէկն է «մենք մեր եղով»։ «Մեր կշիռներով» [1] ։ Արեւմտահայ գրականութեան մէջ Յակոբ Պարոնեան մղոններով հեռու է հռետորներէ, աճպարարներէ, քերթողներէ, նոյնիսկ օրը վաճառող օրագրողներէն ոչ միայն բարքերու սա բարիքով, այլեւ իր գրելու արարքին մէջ դիտուած ողջմտութեամբ, պարկեշտութեամբ։ Ի վերջոյ փոքրիկ փառք մը չէ ամբողջ շրջան մը փոխադրել յաջողիլ արուեստի կալուածի մը այնքան անկայուն մարզէն ներս, առնել իր բազուկներուն  մէջ շրջանի մը կիրքերը, մեղքերը, յիմարութիւնները եւ կարելի քաղցրութիւնները, զուարթ ու լաւատես տրամադրութիւնները, երազներն ու պատրանքները, ու զանոնք փրկել գէթ կարճ յաւիտենի մը համար։ Հազար տարի վերջը թերեւս Պարոնեանի գործէն երգիծանքին աղը, համը փոշիանան ու ցնդին, բայց այդ կեանքը կը մնայ իբրեւ անկորուստ յատակ: Ունինք դասական գրականութեանց մէջ Արիստոֆանի, Թէոփրաստի գործերուն փաստերը։ Խորհեցէք հիմա արժէքին զոր Պարոնեանի աշխարհը պիտի ըլլայ պահած մեր շրջանէն։ Այսօր իսկ սփիւռքը կարօտն ունի այդ կեանքին։ Ու Պետհրատ ը երբ զայն կը խմբէ վերջնական ծածքի մը տակ, յայտնած կ՚ըլլայ Պարոնեանին ոչ միայն արժանիքը, այլեւ տեղի հայ գրականութեան մէջ։ 

Համադրումը ըսի թէ դժուար ձեռնարկ մըն էր անհամագրելի տարրերու վրայ։ Յակոբ Պարոնեան կը պատկանի իր շրջանին, մեզի, այսինքն գրագէտ մը ազատագրող երրորդ սերունդի մը, ու տակաւին սերունդներէն վեր, ամբողջ ժողովուրդի մը (անցեալն ու ապագան ներս առէք այս տարազէն)։ Երբ ընեմ փորձը զինքը տեսնելու եւ իր գործը դատելու իր անմիջական շրջանակին մէջ (գրողները), ինքզինքս կը գտնեմ այցուած մէկէ աւելի տրտմութիւններէ բայց մանաւանդ խորունկ հաճոյքէ մը։ Դժբախտութիւն՝ ստիպուած ըլլալ հաստատել որ 1870ին, 1880ին մերինները գրականութիւնը ըլլային վերածած այդ աստիճան փցուն խաղարկութեան մը, իրենց առաւել կամ նուազ փայլուն եսերուն ցուցադրումին, խելքերուն տարփողումին։ Մօտ երկոտասանիկ մը անուններ կը միջամտեն այդ խաչակրութեան, խաղարկութեան։ Չեմ դառնալը ետ սերունդը յօրինելու: Դուք տեղեակ էք անոնց տաղանդներուն տեսակարար կշիռներուն։ Ու ինծի հետ էք այդ շքեղ ուժերէն մեզի հասած մնայուն արդիւնքը ափսոսալու իբր անկշիռ, առնուազն չափազանց ճիղճ: Ի վերջոյ Թէրզեան մը իր դիւանը չկազմեց որպէսզի տաղաչափութեան սոսկ փայլուն օրինակ մը ըլլար տուած մեզի: Ու չգրուեցան Տիւսաբի վէպերը ապացուցանելու համար որ տիկինը կարդացած էր տը Սթալ, Ժորժ–Սան, Հիւկօ։ Ու ասիկա այսպէս խումբին բոլոր ջոջ միաւորներուն համար։ Յետոյ։ Բայց աս կորանքին դիմաց անխառն հպարտութիւն է ինծի համար վերջապէս ընել հաստատումը գործի մը որ հակառակ բոլոր արգելքներուն (ծնունդէ, զարգացումէ գրական ճնշումէ, արտաքին ազդակներէ) մեզի թելադրէր հասկացողութիւն մը ոչ միայն լուրջ, իրաւ, առնուազն ողջամիտ գրականութեան մը գործաւորի  մը, այլեւ ըլլար երկնուած այդ պայմաններուն որոշադրականութենէն անդին, վեր, հանճարային մենութեան, մեծութեան, յանդգնութեան սահմանամերձ։ Որքան ալ փոքրել յաւակնինք Պարոնեանի գրական վարկը, աճեցնենք անոր մեղքերը, խորանարդենք անոր գռեհկութիւնը, հաստութիւնը, աննրբութիւնը, անկարող ենք անոր կառոյցին հիմնական փաստը, կերպարանքը եւ այլեւս փառքը այլայլելու

Կ'ընդունիմ որ բարձր երակին, ստեղծագործ նորութեան, ընդարձակ մարդկայնութեան բարիքները իր գործին մէջ մեզի թուին անբաւական։ Կ՚ընդունիմ որ այդ գործը չըլլայ թարգմանելի (թարգմանելիութիւնը արհամարհելի ազդակ մը չէ անշուշտ, բայց ապահով արժեչափ մըն ալ չէ յաճախ), ինչ որ արժանիք է ու տկարութիւն նոյն ատեն։ Բայց իմ ինչո՞ւն պէտք չափազանց նրբենի, իմացական ալ տարրերով հարուստ նշմարանքները Արփիարեանին, մանաւանդ Օտեանին երբ ես կը կենամ ամբողջականութեան կալուածին վրայ՝ Պարոնեանը իբրեւ ծաղրող միայն արժեւորել, զայն չհասկնալ կը նշանակէ։ Այդ մարդուն արժեւորման մէջ մուտք ունի միւս հիմնական տարրը, ժամանակ մը, ժողովուրդ մը կորուստէ փրկած ըլլալու այնքան թաhկ, այնքան անփոխարինելի բարիքը: Աւելին է Օտեան, Արփիարեան, Միքայէլ Կիւրճեան, Առանձար չորսը մէկ իբրեւ քանակ մեզի չեն ձգած Պարոնեանին չափ։ Ու բարքերու բարձր նրբութիւնով, éléganceով չէ որ կը բարձրանայ իմաստի։ Փորձեցէք չորս հեղինակները իրարու աւելցնել, հասնելու համար պարզ խաւի մը օրինակ՝ առեւտրականին առանձնացման։ Պիտի զգաք ձեր տկարութիւնը նման աշխատանքի մը պահուն, ձեզի պակսող նախանիւթէն յաղթահարուած։ Փորձեցէք նոյն աշխատանքը Պարոնեանի միջին իսկ ծաւալով մէկ կտորին վրայ։ Պիտի գտնէք որ այդ քիչին մէջ ալ այդ մարդը տուած է կարգին, խաւին ոչ միայն հիմնական երեսները, այլեւ դրած թելադրանքներ որոնք այդ կարգը կը տարածեն դէպի ամբողջական պարագրկումը ժողովուրդի մը։ Երգիծանքը այն գետինն է ուր քանակը ծանր կը ճնշէ, ու երբ Պարոնեանի մօտ եղածին նման քանակը ըլլայ համազօր կեանքին։ Հետեւութիւնը պարզ է:

Պարոնեանի տեղը արժեւորելու համար սա նախամուտէն վերջ, կուտամ կշիռը արեւմտահայ գրականութեան կարեւոր երգիծողներուն, սրբագրելու համար թէ՝ անարդար հէքեաթները, թէ լուսաւորելու համար գերազանցապէս գրական տագնապ մը։ Ըսի թէ 1910ին մարդիկ մոռցած էին Պարոնեանը, Օտեանով  յղփանալու համար։ 1900ին Արփիարեան եւ Միքայէլ Կիւրճեան կը տիրէին գրական հրապարակին մէջ, Պարոնեանը մոռցնելու բաւող փառքերով։ Առաջին մեծ պատերազմէն յետոյ շնորհիւ արեւելահայերուն, Պարոնեան վերստացաւ իր վարկը։ Թէ այս վերագիւտը կը հպատակէր գրականէն դուրս ազդակներու, ինձի համար չի կազմել էականը։ Պարոնեանին նսեմանալուն մէջ գործօնները տուեր եմ կանխող էջերուն։ Վերագիւտը չգործադրուեցաւ արեւմտահայերուն կողմէ, վասնզի սփիւռքը իր զբաղումներուն մէջ հազիւ հազ ըրաը զիջում թաղելու: Թաղուածները հանել գերեզմանէն` այդ տղոց չէր խօսեր։ Համապատկեր ը, իբրեւ հաշուեյարդարը արեւմտահայ գրականութեան, պարտքին տակը կը զգայ ինքզինքը այդ զառածումները եւ ուրացումները սրբագրելու

Կը սկսիմ Արփիարեանէն։ 

ա) Սրամիտ, կճան, կիրքի որոշ մթերքով, բայց անսրբագրելի կերպով լրագրող, այսինքն անիրաւ, իր խելքին միայն հաւնող ու գիրքերուն բառովը՝ յանձնապաստան, ու արդար բառով մը` հոսհոսութեամբ անկանգնելի կերպով վիրաւոր Արփիարեանը բազմերես աշխատաւոր մըն է։ Մենք շատ մօտ ենք իր գրական բարեխառնութեան, որպէսզի յաջողէինք պահել անհրաժեշտ անզգածութիւնը, յաւակնոտ տարազով մը` առարկայականութիւնը, մեր դատումին, գնահատման մէջ երբ կը դնենք այդ անունով մեզի հասած գործը արժէքներու սեղանին։ Բայց այդ անպատեհութենէն զերծ է Արփիարեանի երգիծական վաստակին կշիռը։ Այս մարդը, պէտք է անմիջապէս ընել սա ճշդումը, իբրեւ ծաւալ քիչ բան է ձգած երգիծանքէն, նմանելով Օտեանին, այս մարզին վրայ, յիշեցնելով Մ. Կիւրճեանը դարձեալ որ իր մուտքը ըրաւ գրականութեան մէջ յստակ կերպարանքովը երգիծող գրագէտին, պահեց որոշ տարիներ նույն նկարագիրը, բայց հետզհետէ ինքզինքը արձակեց գրական, քննադատական, հրապարակագրական, զուտ թատերական ձեռնարկներու փառասիրութեանց մէջ։ Արփիարեանի երգիծանքը կը պարզէ որոշ զանազանութիւն, միջավայրէ որոշ ընդարձակութիւն, տիպարներէ որոշ առատութիւն: Բայց այս վերագրումները կը մնան իրենց տառական թելադրանքին մէջ։ Մի փորձուիք մտապատկերել այդ բառերուն ետին այն ամէնը որոնք Պարոնեանով մը կը դառնան ծանրակշիռ իրողութիւններ: Արփիարեանի երգիծանքը դարձեալ որոշ միութիւն մը կը պարզէ գլխաւորաբար յեղափոխական կրկէսի հերոսներուն շուրջ իր սեւեռումներուն մէջ։ Ասոնք ունի պզտիկ գեղօրներու շլացքը, երբեմն գեղեցկութիւնը, կը գրաւեն, մեր դէմքին վրայ թեթեւ ժպիտ մըն ալ կը յօրինեն, բայց կը թելադրեն ամէն նրբութեան կապուած անհանգստութեան, անբաւականութեան զգացումներ ալ։ Լրագրողի եռանդ մը, սանկ ճիգ մը բաւ կուգան քանի մը էջ յիմարութիւն, քանի մը տեսարան հաստատութիւն կամ տգեղութիւն ու թեթեւութիւն սեւեռելու։ Արփիարեանի համը երգիծանքէն գալէ աւելի կուգայ, թերեւս, իր գրական խառնուածքին ընդհանրութենէն։ Ուրիշ խօսքով՝ Իտիոտոֆ ին հրապոյրը Աբիսողոմ աղայի մը ներքնածին, անդիմադրելի, յատկանշական ճնշումովը չէ գոյաւոր։ Իր վիպական բոլոր հերոսները օժտուած են այդ սպրիկ շնորհով։ Իր քրոնիկները լայնօրէն կը սնանին այդ ոգիով։ Նոյնիսկ իր լրագրական էջերը, խմբագրականները, յուշագրութիւնները տոգորուն են միշտ այդ համով ոգիով։ Ասկէ դէպի գրքերը, որոնք ծնած են միայն ու միայն երգիծանքին արգանդէն, կայ շատ ճամբայ։ Ու Արփիարեան չէ ձգած մասնաւորեալ ձեռնարկ մը որ մեզ արտօնէր իր մօտ երգիծողը հաւասարապատուելու վիպողով, քրոնիկագիրով, պատմողով, եւ այլն: Ինչպէս որ գրողի մը սեղանին վրայ մանրանկար արձանիկ մը անզօր է հակակշռելու շքեղ արձանը թանգարանին կամ աղօթարանին, այնպէս ալ Արփիարեանի գործին մէջ երգիծանքը անբաւական է հակակշռելու այդ գործին դրական երեսը։ Երգիծանքը, Արփիարեանի մօտ, պահ մըն է, պատահական թէեւ թելադրիչ, կսմիթ մը, քաշքշուք մը, աւելի պարզ հաշիւի յարդարում մը եւ ոչ թէ Պարոնեանի մօտ երեւան եկած կեանքէն ընդարձակ, անվերածելի վկայութիւն մը, իրական խառնուածքէ մը, ինչպէս նուաճում մը նոյնքան իրական աշխարհամասէ մը։ Ազգային Ջոջեր ը գրեթէ ամբողջական կեանքի մը կարելի կերպարանքները, բարիքները կը վերբերեն, քանի որ անոր էջերէն ներս մարդերու ամենէն հզօր ապրումները, ամենէն տիրական կիրքերը, անխուսափելի յիմարութիւնները կը զարգանան, յառաջատու ու շքեղ, վերածուելու համար անխորտակելի քանդակներու: Որքան աւելի իրաւ են ջոջերուն մէջ Նար-Պէյն ու Արծրունին, Միսաքեանն ու Իւթիւճեանը, քան իրենց վաւերատիպները: Արփիարեանի յօրինումները քանի մը էջ։ անցնելու անկարող սրամտութիւններ էին, տողերու վրայ կանգուն, շատ տարտամ աղերսով մը բարքերու իրաւ շտեմարանին ուրկէ կուգան յաճախ արուեստի բոլոր արժանաւոր ստեղծումները: Սխալ չըլլար իր ծաղրը որոշադրելու համար գործածել գաղիացիներուն expritն կամ humeure որ մեր քաշքշուքն է, համեղ չարութիւնը, աւելի պզտիկ բառով մը` չարաճճիութիւնը։ Չեմ ըսեր թէ արուեստին չի պատկանիր ան։ Բայց կայ տարբերութիւն մը։ Իմ սիրական պահանջներէն մէկը՝ արուեստի գործէն բարիք սպասել: Անշուշտ կ՚ըլլաք խելացի՝ այդ բարիքը չսահմանափակելու ընթացիկ բարոյականին տափակութեամբը։ Մեր գրականութիւնը օծեալ ու առանց կարգի եպիսկոպոսներ շատ ունի այդ պէտքը բաւարարող: Բարիքը փրկուածին քանակն է: Որ ժողովուրդին պատմութեան մատուցուած նպաստը, ծառայութիւնն է։ Արփիարեանէն ծաղրուած հարուստները, եկեղեցականները, գործիչները, յեղափոխականները, արեւելահայերը, խմբագիրները փշրանքներ են լայն կեանքէն դուրս ինկած ու անբաւական՝ դասակարգեր կազմելու։ Այս հաւաստումէն անմիջապէս յետոյ դուք մտքի առջեւ բերէք Պարոնեանէն որեւէ գործ, ոչ միայն անոնք որոնք իբրեւ հատոր են լոյս տեսած, իր ձեռքերով, այլ կտորտանքները որոնք Եփրատ ը, կիրակնօրեայ Հայրենիք ը, Թատրոն ը, Խիկար ը կը լեցնեն, պզտիկ, մեծ։ Այն ատեն դուք կունենաք ճշգրիտ թափանցումը երկու գրողներու իրարմէ մեծ հեռաւորութեան։ Արփիարեանի մարդերը իրենց հանդէսներէն երբ փոխադրուին գիրք, կը դառնան սանկ ու նանկ մարդուկներ։ Պարոնեանի բոլոր գիրքերը ընկերութիւններ են անխախտ ու վերջնական։ 

բ) Ուրիշ չէ իմ գնահատանքը Երուանդ Օտեանի ծաղրէն։ Արփիարեանին արժանիքները, մեղքերը։ Անշուշտ։ Բայց յաւելեալ շատ մասնաւոր, շատ բացառիկ մէկ երկու հանգամանքներով։ Ասոնցմէ մէկը` անլրջութիւնը, կիրքէ զերծութիւնը, ՝ չէզոքութիւնը, խիստ բառով մը` ներքինիութիւնը որով ծաղրը կը դառնայ անուշ-ջուրի խաղ մը։ Օտեան այս հանգամանքը մտքէ չանցուց անշուշտ արժեւորել իբր գերագոյն առաքինութիւն: Բայց իր հիացողները սա անտարբերութիւնը ովսաննայեցին։ Ժամանակին հետ այս անուշիկ, ներքինի երգիծանքը պիտի դառնար բարեխառնութիւն, Օտեանին ժողովրդականութիւնը բացատրող, լուսաւորող, զայն անհրաժեշտ հտպիտը ընելով բոլոր կարգերուն: Օրուան մէջ երեք կուսակցութիւններ (որոնք իրարու հանդէպ մահացու ատելութիւններով սպառազէն թշուառութիւններ էին 1910ին) գոհ ձգելը հանճարային արարք մը չի բաւեր որակել։ Պարտաւոր ենք ատոր ետին գտնել հիմնական ազդակը իր ծաղրը անվնաս ընծայող (դուք տեսաք թէ ինչ անգութ հակահարուածներ կը ստեղծէր Պարոնեան նոյն մարդերէն)։ Արփիարեանի ծաղրին վրայ աւելցուցէք երկրորդ հանգամանքը, որ Օտեանին մօտ ընդարձակ զգայարանք մըն է։ Ատիկա թերթօն ին զգայարանքն է։ Տարակոյս չկայ որ Օտեան արեւմտահայ գրականութեան մէջ առատագույն արտադրողներէն մէկն էր։ Բայց պարտաւոր էք միտք պահել որ այդ գործին ինը տասներորդը (վէպ, վիպակ, ֆանթէզի, գրական ուսումնասիրութիւններ, յուշագրում, լայնածաւալ թերթօններ) աս ու անի, հաւասարապատիւ, այսինքն՝ քիչ լուրջ, այսինքն՝ ընթացիկ, գրական խարն ու դարմանը ոչ ոք իրեն հաւասար bonhommiqueով մատակարարեց իր ընթերցողներուն վայելումին։ Ուրեմն օրուան մարդ մը, որ գրած է նաեւ երգիծական էջեր ։ Թէ այդ երգիծանքը տեղ տեղ հասած է գեղեցկութեան, նոյնիսկ իրագործած է սեւեռումներ ու կատարած է նուաճումներ կարգ մը մտայնութիւններէ, դուրս է կասկածէ: Բայց կը հրաւիրուիք վերյիշել որ արուեստը բարիք մըն է, այսինքն` ժամանակէն գողցուածը: Ու մենք չենք իսկ այցուիր այդ գործէն լաւագոյն մասովը, թերթօններով։ Դարձեալ տարիներ շարունակ Երուանդ Օտեան մէկէ աւելի թերթերու մէջ ամեն օր ստորագրած է քրոնիկներ (շաբաթօրեայ թերթերը իր նորութիւնն են)։ Այդ անհուն մթերքին մէջ օրուան արձագանգներով կազմուած կայ անշուշտ փոքր թիւ մը յաջողակ կտորներու: Մնացածը` անհուն, հասարակ լրագրութիւն։ Մեծաքանակ ինչպէս մեծատարած իր թերթօնները որոնք մկրտուած են իբրեւ երգիծավէպ, հազիւ հազ հեռաւոր աղերս մը կը պարզեն երգիծանքին հետ։ Ամենէն անլուրջ թերթօնագրութիւնն է այդ վիպական վաստակը այդ մարդուն, հետաքրքրական, fantastique, տարօրինակ, խենթ ու մենթ, ինչպէս կ՚ըսեն, որոնց ներսը տիպարային ծաղրը երբեմն երբեմն կ՚ըլլայ զգալի ու այսքան։ Կարդացեք Մեծապատիւ Մուրացկաններ ը եւ ըսէք թէ կա՞յ, անոր մէջ գլուխը, էջը որ չըլար երկնուած երգիծանքի տենդին մէջ։ Միջնորդ Տէր պապա, Թաղականին կնիկը, տասնեակներով վիպակներ ( Ճեպընթաց Նորածինը, եւ այլն) գործեր են որոնց մէջ գլուխները կը թաւալին վիպական գաղջ ախորժակով մը: Ընտրանին չկարդաց զանոնք: Բայց շուկացին ու հասարակ մտաւորականութիւնը կարդացին զանոնք։ Թերթօնը տիրական կողմն է Օտեանին։ Պարոնեանէն չունինք էջ մը որուն ներսը չըլլային հեշտացած ծաղրանքին սլաքները։ Այս հաւաստումը, բացարձակ որքան վերջնական, Օտեանի գործին մէկ ստուար մասը կը ձգէ ծանօթ պիտակի մը տակ։ Երուանդ Օտեան, անոնց իբրեւ հեղինակ, չէր կրնար արեւմտահայ գրականութեան մէջ Շիտանեանէն, Սմբատ Բիւրատէն, Քասիմէն աւելի վարկ մը վայելել եթէ երբեք չունենար իրաւ երգիծանքի իր աշխարհը, որուն մէջ երգիծական ներգոյակ արժէքն է որ կը ձգեմ նկատառմանէ Երուանդ Օտեան Մանանայ անունին տակ հրատարակած է պրոշիւրներ, տասնըհինգօրեայ, որ իր արտադրութիւններուն աւելորդը կը շահարկէր, իբրեւ թէ բոլոր կարգերէն վեր կեցող դիտողի մը հոգեբանութեամբը: Այդ հանդէսիկները (այնքան մօտիկ իբրեւ ձգտում ու գործադրութիւն Եղիայի Շարժում ներուն) Խիկար ին, Թատրոն ին աւանդութեանցը ետեւէն, կը ձգտին ըլլալ օրուան հարազատ արտայայտութիւնը։ Գրագէ՞տը՝ ատոնց ետին, գէթ այն չափով որչափով որ կայ անիկա, օրինակի մը համար, Պտոյտ մը Պոլսոյ Թաղերուն մ է ջ հատորէն ներս: Ու այսքան։ Ո՞ւր կը զատէին իրարմէ Ազգային Ջոջեր ը եւ Մեծապատիւ Մուրացկաններ ը։ Ոչ անշուշտ իրենց ներսը տրուած երգիծական տար ր ին տեսակարար ծանրութեամբը (որ Պարոնեանի բոլոր գործերուն համար ալ մնաց անփոփոխ), այլ սեւեռումներուն լրջութեան, գիծերուն կարծրութեան ու կարկառներուն ուժին մէջ։ Այս տարբերութիւնն է ահա որ կը դիտէին դարձեալ Մանանայ ի երեսփոխաններուն եւ Ազգային Ջոջեր ուն ընդմէջ։ Կ՚ընդունիմ որ Մանանայ ի երեսփոխաններէն ոմանք ունենան նկարագիր, առոյգ կեցուածք, յատկանշեալ յօրինուածք, իրենց թերութիւններուն ներքեւ բարի ու ծաղկաւէտ նոյնիսկ։ Ընթերցողը կը խնդար անուշ անուշ այդ կիսանկարներուն անվնաս ծիծաղելիովը։ Բայց այդ խնդուքը գրեթէ կանխիկ կը վճարէին երեսփոխանները, իրենց ծաղրանկարէն տարօրէն երջանիկ ։ Բարքերու փոփոխութիւն մը մի բերէք միտք, սա արդիւնքը հասկնալու ։ Արամ Անտոնեան իր Կաւէ Արձաններ ուն մէջ լացուցած է իր հերոսներուն վաւերական եւ ոչ թէ թուղթէ աչքերը: 1910ին մարդերը նուազ յիմար չէին քան երեսուն տարի առաջ, որպէսզի երկու ծաղրերը այդքան իրարմէ այլանային։ Պարոնեան իր Ազգային Ջոջեր ը հեղինակած ատեն լիակատար դառնութիւնն էր, շրջապատէն ինչպէս իրմէն։ 1910ին Մանանայ ի երեսփոխանները ոչ միայն Օտեանի պաշտօնակիցներն էին Ղալաթիոյ խորհրդարանին մէջ (Ազգային Երեսփոխանական Ժողո վ ին գումարավայրը), այլ Պոլսոյ զանազան զբօսավայրերուն մէջ անոր ընկերները ։ Ահա թէ ինչու Ազգային Ջոջեր ը անկախ յօրինման մը շ ահած է փառքը ։ Օտեանին մարդերը հեռու են ներկայացուցչական ամէն նկարագրէ։ Պարոնեանի մօտ ջոջ մը մարդ մըն է, պա հ մը, մտայնութիւն մը, խորհրդանշան մը: Այս հանգամանքները ընդոծին չեն այդ ջոջերուն: Կ ՚ ենթադրեմ թէ Ազգային Ջոջեր ու galerie ն կազմող բոլոր անձնաւորութիւնները, իրենց վաւերագրական հարազատութեան մէջ, ճիշդ ու ճիշդ նման էին ամէն ժամանակներու մարդոց, այսինքն սանկ կակուղ, նենգ, սուտով փուտով հաճ, երբեմն իրա ւ կիրքերու կրկէս, երբեմն եսապաշտ, յաւակնոտ, յիմար ու ամէն պարագայի հ եռու այն լիութենէն, կարկարէն որոնք Պարոնեանի տա ղ անդէն իրենց անցան, զիրենք ազատագրեցին ու յանձնեցին ապառնիին։ Օտեանի երեսփոխանները, իրականութեան մէջ, էին սանկ ու նանկ մարդեր, հոս հ ոս ու սպրիկ, ճիշդ ու ճի շ դ նույն մեղքերով, առաքինութիւններով, որոնք այդ դասակարգինն էին 1850էն սկսեալ։ Պարոնեան անոնց (իր ժամանակի մարդոց) կա ւ ին մ էջ դրա ւ իր տաղանդին հ ուրքը: Օտեա՞նը։ Գրեթէ ոչինչ: Օտեանի երեսփոխաններուն ետեւէն մենք չենք տեսներ ազատագրուած թիփը, մտայնութիւնը, symbole է ելած կերպարանքը: Հոսհոսի Ձեռատետր ը, իբր ձգտում ու սեւեռում, Օտեանի մօտ կը փոխարինուի քրոնիկներով (որոնց ընդհանուր վերնագիրն էր տոմսեր Թիւէ առատութիւնը չէ որ այդ տոմսերուն արժէքը թուլցուցած է, այլ երկու գրողներու տաղանդին մէջ հիմնական տարրի մը գոյութիւնը եւ Օտեան գրած է տոմսերը, իբրեւ վարձկան խմբագիր, ուրիշներու հաճոյքին, քմահաճոյքին, յանձնարարութեան վրայ։ Պարոնեան գրած է կեանքը նուաճելու, առնուազն ծեծելու խուլ փառասիրութեամբ մը, այսինքն ինքը իր հաշւոյն։ Տարբերութիւը ան՝ որ Հոսհոսի Ձեռատետր ին ամէն մէկ նօթը այսօր ալ կը պահէ իր շահեկանութիւնը, որ ծաղրէն միայն չառներ այդ շ նորհը, այլեւ ձգտումէն։ Երկար է մանրամասնօրէն հետեւիլ սա զուգակ շ ռական երեսներուն։ Միակ գիրքը ուր Օտեան ըլլայ յաջողած իր հասողութեան պահել տիպարի մը խոշոր գիծերը, անշուշտ որ Ընկերվարական Նամականի ն է։ Բայց չի բաւեր լարեր ունենալ իր մատներուն, որոշ ալ ճա շ ակ ու գիտութիւն՝ այդ լարերը գործածելու։ Կը խնդանք Փանջունի ին ( Նամականի ին հերոսը) յիմարութիւններովը, ինչպէս խնդացած էինք ազգային սափրիչին, ազգային լուսանկարիչին, ազգային խմբագրին ու ազգային բանաստեղծին յիմարութեանցը հա շ ւոյն: Բայց անցել է շ րջանը։ Մեծապատիւ Մուրացկաններ ը իբրեւ բարքի հանդիսարան ամէնքս ալ կ՚ընդունի նք որ աւելի ճոխ է քան Ծապլվար ի ռազմադաշտը։ Օտեանին տիպարը կ՚ապրի թուղթով, ըսել կ ՚ ուզեմ իր արտայայտութեան եղանակին մեր մէջ անսովոր վարկովը։ Անատոլուի խուլ մէկ գիւղակին մէջ Մարքս  գլուպ ը ինքնին, իբրեւ ձ ա յն, մեզ կը տպաւորէ։ Հերոսին jargone, դարձեալ իբրեւ ձայն, այդ պարզ մարդոց երեսին ն ետուած, անդիմադրելի հեգնութիւն մըն է: Բայց երբ կ՚աւարտէք գիրք ը, դուք չէք աւելցած բարքերուն բարիքովը: Պարոնեանի եւ Օտեանի ծաղրերուն հիմնական տարբերութիւնը հոս կը տեսնեմ։ Ու երբ տիրական տարրին, ծաղրին արժէքին շուրջ մենք չունինք ծանր վերապահութիւն (երկուքին ալ ծաղրը մեզ կը ն ու աճէ), մեր գնահատումը կը ծանրանայ ծաղրէն վեր բարիք ի մը փաստովը, բարքերուն փաստովը։ Ընկերվարական Նամականի ն հազիւ թէ հեռուէ հեռու կը քսուի մեր բարքերուն։ Ազգային Ջոջեր ը՝ հայ բարքերուն galerie ն ։ Յստակ են այս խօսքերը։ Հետեւութիւնը կը մնայ ընթերցողին ։ 

Կուգամ Օտեանը արժեւորող գերագոյն փաստին, որ արտայայտութեան շնորհն է, նրբութիւնը, եւրոպական ջնարակը՝ ինչպէս ըսին ։ Չեմ արհամարտեր ձեւը. բայց երգիծանքին մէջ ան ի կա զուրկ է այն արժէքէն զոր չեմ կրնար մերժել վէպին, բանաստեղծութեան, նոյնիսկ թատերական գործերուն։ Դատելէ առաջ Օտեանի ձեւ ը երգիծանքի մէջ, կը փութամ յայտնելու որ Ծապլվար ի հեղինակը հեղինակն է նոյն ատեն Տասներկու Տարի Պոլսէն Դուրս անունին տակ յուշագրութեանց շ արքի մը։ Այս գիրքին մէջ մէկէ աւելի են անթառամ՝ թարմութեամբ ինչպէս սրտայոյզ խորութեամբ դրուագները։ Ըսել կ՚ուզեմ այդ գիրքին մէջ Երուանդ Օտեան իրաւ գրագետ մըն է, երգիծանքէն անկախ, պարզ` մարդկային ամենէն ծանր ապրումներուն հետ իր աղերսովը։ Յետոյ, նոյն այդ յուշագրութեան մէջ անիկա գտած է միջազգային ալ ծիծաղելին։ Փրկութեան Բանակ ին հրաշալի satireը որեւէ եւրոպացի քրոնիկագիր պիտի չվարանէր ստորագրելէ։ Առաջին սեռին (մարդկայինին) մէջ սա յաջողուածքը [2] կուգայ իրապաշտ Օտեան է ն: Բա շ ալեանին, Արփիարեանին, Չօպանեանին հետ Ե րուանդ Օտեան Իրապաշտ շարժումին անդրանիկ մշակներէն մէկը կրնայ դասուիլ: Բայց անիկա ապրեցա ահաւոր տռամաներ։ Իր Ա նիծեալ Տարիները (1915ի տարագրութեան աղէտը) այդ քան սրտայոյզ նիւթի մը ծաղրանկարը իսկ չեն։ Ու ամէն ջանք Օտեանը իբրեւ իրապաշտ, առնուազն իրա ւ գրող արժեւորելու, կը բաղ խ ի սա գրեթէ անյաղթելի դժուարութեան։ Պարոնեանի առիթով չեմ արտօնուած արդ է ն այդ փորձին։ Ստիպուած եմ գոհանալ երգիծանքին փաստերովը։ Ծապլվար ը, Ազգային Բարերար ը, Մանանա ն, հազարավոր քրոնիկները գրուած են լեզուով մը որ երբեմն (իրա ւ է թ է քիչ անգամ) կը տառապի արեւմտահայ գրական աւանդութեան հաւատարիմ կարենալ մնալու, ինչպէս է շեշտօրէն պարագան Ընկերվարական Նամականի ին ։ Դ ի տած ըլլալու էք որ Ծապլվար ի Comiqueը գրեթէ կիսով, եթէ ոչ աւելի ո վ կը բխի միջազգային յ եղափոխութեան jargonէն։ Ու դիտած էք հարկաւ որ Օտեան comique ը կը սիրէ վստահիլ վիճակներէն ավելի բառերուն ։ Տրուած ըլլալով Փանջունի ին սնունդ հայթայաթած գրական տարազները, բառերը, ոճերը, ասութիւնները, այլեւս անցած միջազգային լեզուին, Օտեան չէ վախցած այդ ամենուն շահագործումէն, միայն ու միայն ի ր ստորագրութիւնը ծախելու մտահոգութեամբ, քանի որ Օտեանի ոսկեդարուն (1910) լ րագրութիւնը ամէն բան է, մեր բոլոր ուժերուն շ ա հ աստանը։ Մեր ամենէն տաղանդաւոր գրագէտները սպասաւորներն են օրա թ երթին։ Ու կայ միւս աղէտը, պրակային գրականութիւն անունին տակ, որմէ պիտի օգտուին գրողները (ինչպէս Օտե ա նն է) խաչագողները (ինչպէս այն ատեն կը գործէին այս ու այն կուսակցութեան շուքին անորակելի մարդեր որքան անանուանելի)։ Օտեան այդ բարեխառնութեան դիմաց հակազդեցութիւն մը չի փառասիրեր, որպիսին ը րած էր, մերձաւոր պայմաններու մէջ Պարոնեան, գլխովին կռնակ դարձնելով Խասգեղցիներուն, լրագրողներուն, կ ն իկներուն (Տիւսաբի պաշտամունքին դէմ իր կեցուած մը առաւել քան իմաստալից է այդ ուղղութեամբ), գինովը անշուշտ օրուան հացին։ Ըսին թէ Օտեան կը ծախեր իր ստորագրութիւնը ։ Վերագրումին ետին իրական՝ բարոյական վիրաւորա ՛ նքը։ Ես անով չէ որ պիտի ուզէի մանրամասնօրէն զբաղել, թէեւ Պարոնեանի հետ զուգակշիռ մը այդ մարդուն համար անհրաժեշտ դարձնէր նման խստապահանջութիւն մը ։ Մարդ իր չունեցած իր համար չի նկատուիր մեղաւոր։ Ու բարոյական զգայարանքի պակաս մը իրականութիւն է որքան արուեստի զգայարանքէ պակաս մը։ Երուանդ Օտեան Սիրաք եւ Սամուէլ մը պիտի  չապրեցնէր 1918ին։ Բայց իր լաւագոյն տարիները անիկա ը րած էր Եւրոպա ։ Ը սել կ՚ուզեմ հաղորդ էր արուեստին տարրական պարտքերուն։ Ան որ 1896ին, Աթէ ն քի գաղթակայաններուն մէջ ( Տասներկու Տարի Պոլսէն Դուրս ) Աւետարանէն ընթերցում մը կըցեր էր վերածել ամենէն սրտայոյզ ապրումներուն, ան կը հասկնար արուեստը։ Ահա թէ ուր է խոցելի կողմը այդ մարդուն շ փացուած համբաւին։ 1910ին լրագ ր ութիւնը կը տիրէ։ Համաձայն ենք։ Կուսակցութիւնները կը տիրեն։ Համաձայն ենք։ Ճառը, քարոզը, անլրջութիւնը՝ օրակարգ: Համաձայն եմ: Բայց ոչ ոք, կամ՝ գրեթէ շատ քիչեր՝ որոնք ուզէին լուրջը, իրաւը, խորունկը, մանաւանդ երգիծանքը, որ 1880 ին ծանր պահանջ մըն էր: Այն պարագային երբ Երուանդ Օտեանի երգիծական շնորհները տնտեսուէին, մանաւանդ պաշտպանուէին դրամին ու շ ողոմին, խնդրուքին ու քաշքշուքին դէմ, թերեւս մենք ունենայինք այսօր երջանկութիւնը այս դարու սկզբնական շրջանը պարագ ր կող համապատկեր մը մեր բարքերէն։ Ծաւալը չպակսեցաւ Օտեանին։ Պակսածը արուեստագէտին խղճահարութիւնն էր։ Սիրունիկ կտորներով շրջան չի նուաճուիր։ Գաղտնիք չէ որ Մեծապատիւ Մուրացկաններ satireը միայն չի խնդացներ մեզ այսօր, այլեւ կուտայ կարելիութիւն շրջան մը վերագտնելու: Ծապլվար ը անբաւակա՛ն՝ նոյնիսկ իրա ւ մարդեր ուր մնաց շրջան մը նուաճելու: Ընդունելով նույնիսկ տաղանդներու հաւասարութիւն մը երկու գրողներուն համար, արտօնուած չենք այդ հանգամանքը տիտղոսաորել, քանի որ ստիպուած ենք պատկառ մնալ արդիւնքներուն ծան ր անհաւասարութեան դիմաց։ Ու հեղինակը սա դժբախտութեան, հարկ կա՞ յ կրկնելու, Օտեանին անպարկեշտութիւնն է արուեստագէտի իր խղճմտանքին հանդէպ։ 

Կարելի է երկարաձգել շ արքը սա նկատողութիւններուն որոնց բոլորին ետին տիրական են սակայն քանի մը իրաւ պա հ անջներ ։— Ատոնցմէ մէկը ` կշիռը գրական ժառանգութեան, ուրիշը ` գրողէ մը մեզի հասած բարիքին տեսակարար ծանրութիւնը. մէկ երրորդը ` գրագէտին պարկեշտութիւնը իր Աստուծոյն դէմ: Դժուար՝ զիս մղել զիջումի, փառքովը համեղ ու սիրուն դրուագներուն որոնք տարտղնուած են մեծատարած թափթփուքի մը մէջ ( Օտեանին զանգուածեղ գործը ) ։ Գրողները իրենց հաշւոյն երբեմն կը սպանէին իրենց տաղանդը ( Չրաքեան, Եղիա ) ։ Երբեմն զիրենք կը սպանեն իրենց տաղանդին հաշւոյն։ Անշուշտ ակնարկութիւնը թափանցիկ է բաւական։ Օտեան ` առաջիններուն խումբէն։ Պարոնեան՝ երկրորդին սրտառուչ նմոյշը։ 

Ու կայ տակաւին ապագային ալ ճնշումը։ Օտեան կը դառնայ իր սովորական իմաստին։ Երբ կ՚ըսեմ այս խօսքերը, աչքիս առջեւ ունիմ արեւմտահայ գրականութեան բովանդակ իրագործումները։ Ու առանց այլեւայլ, պարզ բայց քաջայայտ, կրնամ՝ ըսել ձեզի. « Պարոնեանը գերագոյն բարիքներէն մէկն է, եթե ոչ գերագոյնը, արեւմտահայ գրականութեան » ։ 

 

Կուտամ Պարոնեանին տեղը 

Բ ) Հայ գրականութեան մէջ, որ պէտք չկայ շատ բարակ մ անելու, աւելի ընդարձակ տարազ է քան արեւմտահայ գրականութիւնը: Փորձառութիւնը կը սորվեցնէ որ ժամանակը մեծագոյն թ շ նամին է գրագէտներուն։ Այս տողերէն դար մը վերջը հաւանաբար մեր այսօրուան փառքերը պիտի իյնան ն ո ւաղման, երբեմն հետաջինջ կորուստին ( քիչ անգամ վերափառքի, վերաճում ) ։ Երկար վերլուծում անհրաժեշտ չեմ նկատեք սա մ ա հ երը եւ սա յարութիւնները հասկնալի ընծայելու: Կեանքէն բխած, անոր ենթակայ, գրականութիւնը չէր կրնար հերքել այդ կեանքին գնացքը, օրէնքները։ 1900 ն գաղիացիք խանդավառ էին իրենց քերթողներով, ԺԶ. դարէն, գրե թ է խղդուած, մեռած երեք դարերու գրական ճաշակներուն ն երքեւ ու խանդավառ էին անոնց մօտ գտնելով բան մը որ կը խօսէր իրենց։ Տիւ Պէլլէ ի, Ռոնսարի, Վիլլոնի քերթողութիւնը ն մ ոյ շ մըն է այդ յարութիւններէն։ 1900 ին անգլիացիք գրեթէ կը վտարէին իրենց բանաստեղծութենէն Պայրընը, անշուշտ անոր գործին մէջ հաստատելնուն մեղքեր որ երեք քառորդ դար առաջ առաքինի հեշտանքն էին կազմեր ladyներուն։ Նման կշիռներու եւ հաւաստումներու դիմաց, գրողի մը՝ շրջանէ մը փառքը մանրուք դրամ՝ իսկ չէ։ Պարոնեանի գործը, առանց տարակոյսի, կ՚ընդոտնէ որեւէ համբաւի բարիքը ինչպէս չարիքը։ 60-70 տարի առաջ Մինաս Չերազէն քերթուած մը, ատենաբանութիւն մը, խոհ մը ազգային ընդարձակութեամբ եղելութիւններ էին մինչեւ պատրիարքները շահագրգռող։ Ու ասիկա իմացէք այսպէս, Պարոնեան ի միւս ընկերներուն համար ալ։ Խօսեր եմ թէ ինչ քաջահանճար քերթողներ էին Սիմոն Քէլէկեան եւ Խորէն Նար - Պէյ: Այսօր գոհ ենք որ գիտենք թէ այդ անունով մարդեր են եղած, բայց երբեք մտքէ չենք անցըներ որ այդ անունները քերթողական վարկ ալ ձգած են մեզի։ Հետաքրքիր այն մարդը որ հարիւր տարի յետոյ հայ գրականութիւնը պիտի ուզէր տեսնել միակտուր ( մի զարմանաք. Ռաֆֆիի եւ Երուխանի լեզուները  այդ թուականներուն պիտի պարզեն մերձաւոր միութիւն մը նման Եղիշէին եւ Փարպեցիին լեզուներուն մօտ դիտուած երանգին ) ու ենթարկէր վերջնական հաշուեյարդարի արեւմտահայ գրականութիւնը, դէն շպրտելով եւ արմատարը, առաջնորդելու համար ազգային պանթէոնին ` արժանաւորները, պիտի ունենար որոշ վարանում մեր այժմեան շատ մը անառարկելի փառքերուն դիմաց, բայց պիտի մնար խանդավառ Պարոնեանով, անոր գործը նկատելով իբրեւ ամենէն հարազատ, արտայայտիչ վկայութիւն մը, մեր ժողովուրդին մէկ շրջանէն։ Աւելի՛ն։ Պիտի ազատագրէր զ այն հեգնութեան մեղքերէն ու անոր իմաստը պիտի տարածէր դէպի այն գործերը որոնք ցեղային ոգիի մը, զգացական հաւասարակշռութեան մը, լինելութեան մը կերպարանքները կուտան։ Կայ անշուշտ միջին տարի մը մեր ժողովուրդէն Եղիշէն, Փարպեցին, Խորենացին, Օձնեցին, Թովմա Արծրունին, Դրասխանակերտցին, Մագիստրոսը, Շնորհալին, Լամբրոնացին իրարու ընծայող։ Թէ ի՞նչ է ներքին տարողութիւնը այդ միջին տարրին, դժուար է ճշդել ։ Դարերով ու խառնուածքներով իրարմէ այնքան հեռու այդ մարդերէն իմ առած յոյզը, հաճոյքը, երազանքը, արցունքը աղօտ ձեւով մը կը նոյնանան այն միւսներուն հետ որոնք կազմեր են հէնքը իմ հոգիին, արեւմտահայ գրականութեան մեծ վարպետներուն գործին ընդմէջէն։ Ու ահա եղերականը։ Ամէնքս ալ գիտենք թէ մեր հին գրականութեան փառքը յօրինող այդ անուններէն որքան, որքա՜ն շատ բան կորած է այսօր անկանգնելի կերպով մը Շնորհալիի անհուն ոտանաւորէն ( քանի մը բիւրը կ՚անցնի տողերուն գումարը, բայց ազատուած քիչ անկորուստ է այսօր ալ։ Գրականութիւններն ալ ենթակա՞յ մահուան օրէնքին։ Հարիւրեակ մը տող Շնորհալիէն բա ՜ ւ՝ իր յիշատակը անմահ պահելու։ Պարոնեանի մէջ մեռելին քանակը քիչ է, ըսի ասիկա սկիզբները։ Իսկ ողջ մասը մեր ժողովուրդն է։ Ու հոս է Պարոնեանին կշիռը։ 

 

Կուտամ Պարոնեանին տեղը 

Գ ) Ընդհանուր գրականութեանց մեջ ։ Ոչ թթու փառասիրութիւն, ոչ ալ անարի, անարժան զգաստութիւն, երբ կը մտածեմ մեր լաւագոյն գրողներէն մէկուն համար տեղ մը, ազգերու հարստութեանց մէջ ու կը տառապիմ այդ մտածումին իսկ հաշւոյն։ Կանխող էջերը նպատակ ունէին մեր ժողովուրդին մէկ հիացումը օրինաւորելու, Պարոնեանը տանելու ցեղային իմաստի մը, ասկէ ճամբայ մը փորձելու համար անշուշտ դէպի  մարդկայինը ։ Առանց պատէպատ խօսքերու կը յայտարարեմ սակայն որ Յակոբ Պարոնեան կարճ կուգայ նման փա ռ քի մը համար ( հատոր մը չի բաւեր սպառելու այս վարկածին թեր ու դէմ թելադրանքները։ Ազգային - համազգային տարազը։ Մեր գրականութիւնը պզտիկ ձգող պայմաններուն հանդէսը։ Արուեստագէտ ու ճարտարապետ ժողովուրդներու միթ երը: Զամբիւղներով բանաձեւ ) ։ Աւելորդ չեմ նկատեր թեթեւակի թելադրանք ն եր, մեր զոյգ գրականութիւններէն, դ է պի համամարդկայինը, այսինքն օտար լեզուներու համար կատարուած փորձերուն շ ուրջ։ Զանց կ՚ընեմ զբաղվել ծաղկաքաղային փոխադրումներով, գլխաւորաբար մեր բանաստեղծութենէն, քանի որ անոնք կամ խաչագողական, կա ՛ մ սնապարծական ձեռնարկներ են, այս ու այն յիմարին, փառասէրին կողմէ կատարուած, հայ որքան օտար ։ Մինաս Չերազ մը երբ մեր բանաստեղծներէն կտորներ կը մատուցանէ եւրոպական վայելումին, ինքզինքը կը դնէ առանձին բլանի ։ Ու Չերազ խաչագող մը չէր։ Կուտամ փաստեր ա ւ ելի պարկեշտ, հեռահայեաց իրագործումներէ, մեզի մերձաւոր շր ջաններու։ Վարուժանի Հարճը, Զարդարեանի Ցայգալոյս ը, Ռաֆֆիի Սամուէլ ը, Ահարոնեանի քանի մը վիպակները, Շիրվանզադեի Ցաւագար ը, Զօհրապէն Վիպակներ, որքան կը յիշեմ, Օտեանի Փանջունին ։ Թէ այս գործերը իրենց բնագրային արժէքը վճարած են ժամանակին մէջ ու հետ, դուրս է կասկածէ։ Բայց ատոնց ն երսը ենթադրել յաւելեալ ուրիշ արժէքը, որով գործ մը կը գնէ փոխադրութեան ծախքերը, կը հակակշռէ վնասները, կը նշանակէ ըլլալ աւելի չափով մը միամիտ ։ Բոլոր յիշուած փոխադրումները ընկղմեցան անարձագանգ [3] ։ Շատ են ազդակները սա վրիպանք ի ն բայց իմ տեղը, մանաւանդ ժամանակը՝ քիչ։ Չեմ բացուիր։ Ու կը գոհանամ դիտել տալով որ տարբեր պիտի չըլլար փոխադրուած Պարոնեանի մը ճակատագիրը։ Ահա թէ ինչու, հակառակ անոր որ իր թատրոններուն մէջ Յ. Պարոնեան  նեղիչ հնազանդութեամբ մը կը հետեւի Արիստոֆանի, Մոլիե ռ ի թատերական թէքնիքին, այդ թատրոնները չհասնին միջակին անգամ։ Այս վրիպանքը ոչ անշուշտ միայն անոր համար որ Պարոնեան թատերական զգայարանքէն զուրկ էր ծնած։ Այլ թերեւս չկասկածուած միւս արգելքներուն երեսէն, որոնք թատերական գործ մը այնքան մօտիկէն կը սեղմեն։ Իր դիտողութեան բեմը ըլլալով հաստատած իր ժողովուրդի միջինին վրայ, պատուական այդ դիտողը պիտի խղճահարուէր կարծես, այդ միջինէն դուրս որեւ է հետաքրքրութեան անսալու։ Յակոբ Պարոնան չէ այցուած բարձրագոյն արուեստին ( որ ոսին, ներկուած տարազ մը չէ սակայն, այլ դժուար, ծանրակիր փառասիրութիւն մը, հասարակութեան մը մէջ ուր անոր զգայարանքը դադրեր էր դարերու մուժին ու մշուշին տակ կուրացած։ Գրե ՜ լ ` չկարդացուելու գինով։ Ատիկա անմարդկայինն է գրեթէ ու չունինք ի րաւունք մարդէ մը սպասելու իր իսկ հերքումը ) ոչ տագնապներէն ոչ ալ հրապոյրներէն։ Միջավայրը, յարաբերութիւնները, մեր գրական զգայարանքը շատ զօրաւոր կերպով մը մ ի ջամտեցին, արգելելու համար այս մարդը թեւ փորձելու, այդ ամենէն անդին պառկող մեծ աշխարհին։ Տիպարային վերլուծման մէջ ես ըսի թէ ինչու Պարոնեանի անձերը չեն կարող իրենք զիրենք ազատագրել իրենց անմիջական շրջապատէն։ Այդ պակասը, համադրումի սա պահանջը դառնօրէն կ՚անդրադառնայ Պարոն ե անի գործին ընդհանուր ճակատագրին: Այս պակասով անշուշտ այդ գործը եղած է քիչ մը շատ աւելի ցեղային, որով եւ մասնակի ( որ թարգմանի փոքր ), որ զրկուած ալ է ընդարձակ բա ր իքէն դէպի ամբողջ մարդկութիւն տանող։ Աբիսողոմ աղա մը չափազանց Աբիսողոմ աղա է, մարդ ըլլալ կարենալու համար։ Միտքէս կ՚անցնի Tartares, Don Quichotte, Pickwick, Harpagon, մարդեր որոնք պատկանելով հանդերձ ժողովուրդի մը, օտար չեն գար ուրիշներու ալ, աւելիի մը գինով ։ Այդ ք ի չիկ մը աւելին է որ պակսած է Յակոբ Պարոնեանին: 

Իրմէն որեւէ գործ փոխադրել եւրոպական որեւէ լեզուի, պիտի նշանակէր կործանել այդ մարդուն միայն վայել գեղեցիկ փառք ը։ 

 

 


 



[1]        Ունինք գրողներ որոնք չեն հանդուրժեր սա ճակատագրական հանգամանքը. մեծ գրականութեան մը մեծ ժողովուրդով մը պայմանաւոր մնալու անդիմադրելի իրականութիւնը։ Կոստան Զարեան կը սիրէր օգտագործել սքանտինական երկիրներու համեմատական փոքրութիւնը որ արգելք մը չէր կրցած հանդիսանալ Իպսէններու, Համսըններու, Պրանտէներու միջազգային փառքին։ Քոփէնհակի ակադեմիան ուրիշ նպաստ՝ տեսութեան։ « Մեր եղը » մեր եղն է, այսինքն՝ գումարը այն անողոք պայմաններուն որոնք, ընդդէմ բոլոր մեր տաղանդին, հանճարին, կը միջամտեն որպէսզի մեր հանճարները անբաւական մնան ոչ միայն իրենք զիրենք լրիւ իրագործելու, այլեւ գործադրեն քիչ մը աւելին քան մեր ժողովուրդին ընկալչութիւնը։ Եթէ երբեք մենք կը գտնենք Պետրոս Դուրեանը որ կը զանցէ մեր գրականութեան սահմանները, մոռնալու չենք որ այս զանցումը տեղի կ՚ունենայ քնարերգութեան մէջ, ուր անձը ոչ միայն բաւող, այլ հիմնական տարրը կը կազմէ ու կարօտ չէ, որոշ չափով, արտաքինին: Բայց գրականութեան, արուեստներու միւս տեսակները անկարող են արհամարհել շրջապատը որ հոս հոմանիշ է քաղաքակրթութեան մակարդակի։ Ինչո՞ւ Թշուառները (Դուրեանի խաղը) ինքզինքը չէ ազատագրած, Արշակ Երկրորդ ները (Թէրզեան, Նար-Պէյ, Պէշիկթաշլեան) մնացած են հասարակ խօսքերու հանդէս։ Պատասխանը ինքնաբերաբար կը տրուի մեզի երբ մեր թատերական գրականութիւնը (Մխիթարեան վարդապետներու ճամարտակ հռետորութիւնը), մեր հասարակութիւնը (որ թատրոն կ՚երթայ իբրեւ ազգային բարերար), մեր դերասանութիւնը (որ հազիւ քանի մը իրաւ անունէ ու ահաւոր մեծամասնութեամբ մը ասկէ անկէ հաւաքուած սիրողներէ կը բաղկանայ) նկատի առնէք իրենց ահարկու փաստերով։ Նոյնն է պարագան վէպին։ Այս ժողովուրդը չի կարդար (չունի այդ լիւքս ին ժամանակը), կամ շատ շատ թերթօն կը կարդայ՝ տալ անոր թերթօնէն վեր գործադրութիւն, կը նշանակէ չկարդացուիլ: Ինչպէս կը տեսնէք, մեծ ժողովուրդի վարկածը հանդէս մըն է նիւթական պայմաններու։ Ու այդ պայմանները տաղանդին չափ դեր ունին երբեմն արուեստի գործին կեանքին վրայ։ 1890ին Մոլիէ՞ռ մը Պոլսոյ հայ հասարակութեան համար: Մի մոռնաք որ ֆրանսացի հանճարեղ կատակերգակը ինքզինքը իրագործելու համար պարտաւոր ուեցաւ անընդհատ պայքարել մեծերուն դէմ ու կիներուն դէմ (որոնք այդ օրերուն պաշարը կը կազմեն) ու առանց Լուի ԺԴ. ի անձնական միջամտութեան, պաշտպանութեան, ճակատագրուած էր կործանման։ Պարոնեան այդ արքայական պաշտպանութեան տեղ պատրիարքական ու ջոջ-աղայական յարձակումները ունեցաւ իրեն ճամբուն վրայ։ Պզտիկ ժողովո՜ւրդը իրաւ է որ կ՚ազդէ մեծ գրագէտին վրայ:

[2]        Ուրիշ խնդիր՝ նման էջերու պակասը իր զանգուածեղ գործին միւս մասերուն մէջ ։ Ի՛նչ որ ելած է Իրապաշտներուն գրիչէն, կը պահէ զմայլելի միութեան մը նկարագիրը: Այդ մարդերը անբաւական էջեր ունեցած են անշուշտ, բայց ատիկա գինը չէ իրենց շահադիտութիւններուն ։ Չօպանեանին չէ տրուած բախտը իրաւ կեանք մը նուաճելու ( Թուղթի Փառքը ան բաւական է սա հաւաստումը հերքելու իր որոշ յաջողուածքին հակառակ, քանի որ չունեցաւ իր շարունակութիւնը)։ Կամսարական տառապած է միջակ չըլլալու սարսափը: Օտեան այդ խղճահարութեանց վրայէն քա շ ած է սրբիչը, հաճելի մնալու միակ առաքինութեան մը ուշադիր: Այնպէս որ այդ յաջողուածքը, շատ ցանցառ, անբաւական կը նկատեմ իմ վճիռը փոխելու ։

[3]        Աբովեանի Վէրք Հայաստանի ն, Չօպանեանի Chants Populaires Arméniensը իրենց համեմատական շահեկանութիւնը օտարներու մօտ, կը մնան պարտական ազգագրական եւ ֆ ոլքլորային ախորժակներու: Վերջինին ընդարձակ փոխադրութիւնները հայ աշուղներէն ( Վարդենիք Հայաստանի )` անկնիք հաւաքում մըն է, բոլորովին զուրկ հետապնդուած վարկը թելադրելէ, օտարներուն մօտ: Աբուլ ա լա Մահարի ն մեր օրերու ամբոխները կտտացնող հասարակ խար է ու դարման (բառին հին առումովը)։ Հրանդ Նազարեանցի, Մերուժան Պարսամեանի եւ աւելի անանուանելի մարդոց օտար լեզուով ստեղծագործութիւնները անհատական փառասէր ձեռնարկներ են ու իբր այդ զուրկ լրջութենէ: