Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Դ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԿՐՏԻՉ ԽՐԻՄԵԱՆ
(1820-1907)
 

Ա ճած, յագեցուն գրականութեանց պատմութիւնը երբեմն կ՚ընէ դարմանումներ, իրենց շնորհին լիութեանը մէջ չբացուած արժանաւոր անունները դարձնելով իրենց կշիռը ինչպէս պատշաճ փառքը։ Երբեմն ալ կ՚ընէ զիջումներ, իր էջերուն մէջ անհանգիստ չընելու ծանր վարկով, ընդարձակ փառքով բայց քիչ արդար արդիւնքով հող ք իջած մարդոց անունները։ Պատրանք, պատկառանք, ն ախապաշարումներ, նոյնիսկ հոն ուր ամենէն քիչ սպասելի էին վերի գիծէն անարդարութիւններ։ Իր ժամանակակից քերթողները, ստուերելու համար ֆրանսացի Սէնթ - Պէօվ քննադատը, տասնըիններորդ դարու կիսուն, կեանքի կը կանչէր իրենց գրականութեան ԺԶ. դարու մեծ քնարերգակները ` ( Վիլլոն, Տիւ Պելլէ, Ռոնսար ) ։ Քննադատները միշտ չարախինդ ախորժակներով չեն աշխատիր սակայն։ Անոնք իրենց զիջումները կ՚արդարացնեն իրենց ոգեկոչած անուններուն զուգորդ ընդարձակ ապրումներով եւ Ներսես Շնորհալի մը, քիչ ու գէ շ բանաստեղծ ընդհանրապէս, ընտիր ու զմայլելի բանաստեղծ շատ քիչ պահերու, փորձիչ դէմք մըն էր: Ալիշան անոր նուիրած իր հատորը կ՚արդարացնէ բանաստեղծէ ն դուրս, տարբեր կերպարանքներուն փառքովը որոնք Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ այդ հայրապետը կը վերածեն հէքեաթունակ գեղեցկութեան մը։ Աւելի մեզամերձ շրջանի մը ` Միքայէլ Նալպանտեան, Նահապետ Ռուսինեան՝ ուրիշ նմոյշներ, որոնց գործը անբա ւ ական է իրենց անունը գրականութեան պատմութեան մը պարտադրելու, բայց որոնց գործունէութիւնը, յընդհանուրն, գրականին մէջ մասնաւորմամբ մըն ալ ծանրացած, զիրենք արժանի կը կեցնէ այդ պատմութեան մէջ իրենց զիջուած տեղին: Ու կան տակաւին մոռցուածները, աննշմար անհետացածները, լիովին չհասկցուածները։ Երբեմն ասոնց վերակեանքը, վերափառքը առիթ է շքեղ յ արոյթներու ։ Վերակազմեցէք Գրիգոր Նարեկացի ն ոչ իբրեւ ատաղձ գրական ուսումնասիրութեան մը, այլ իբրեւ ամբողջական վերարտադրումը մեր ժողովուրդի մէկ շատ  յատկանշական շրջանին [1], դուք պիտի ունենաք ամենէն կախարդական հանդէսներէն մէկը մեր ժողովուրդի շ նորհներուն: 

Մկրտիչ Խրիմեա՞ն։ 

Մի տարուիք սփիւռքի մեր պարտուողականութեան չկամութիւններով։ Կէս դար առաջ, Վանեցի կաթողիկոսը միակտուր փառք մըն էր։ ԺԹ. դարը լեցնող մեր մեծ անուններէն թերեւս Ալիշանն է միայն որ մօտենայ այդ մարդուն ժողով ր դականութեան, ի գրականն, անշուշտ, հիմնովին վար մնալով ազգին հոգիին հասնելու դերի մը մէջ ուր այդ Վանեցի շ ուշտակ վարդապետը կը գրաւէ լայնագոյն վարկը, սրտառուչ պատկառանքը մեծին ու պզտիկին։ Մենք, այս տողերը գրուելէն կէս դար առաջ, մեր գեղին գարնան օրերուն վախով բայց լացնող յուզումով երբ կ՚երգէինք 

Եկել է գարուն,
Սոխակը սիրուն,
Վարդի թփին տակ,
Հայրիկ ճան,
Կ ՚ երգէ հայրենիք:

արգիլուած տաղը, այդ Հայրիկ ճան ը կը մեծցնէինք մեր պատմութեան ամենէն իրա ւ, մեծափառ սուրբերուն հ անդէսին: Ու չեմ հետեւիր այդ տիտղոսին բոլոր թելադրանքներուն։ Քիչ անդին իր կեանքին ուրուագիծը առիթ՝ որպէսզի սեւեռուին այդ հէքեաթին մեծ առէջները։ 

 

Անոնք որ, 1929 ին, այսինքն Հայրիկի մահէն քառորդ դար յետոյ լոյս տեսած հատորը կ՚անցընեն աչքէ, ուր խմբուած են Խրիմեանի բոլոր գրաւոր գործերը, արձակ ու ոտանաւոր, կ՚այցուին մէկէ աւելի հակամարտ մտածումներէ, զգացումներէ։ Գերեզմանէն իսկ քառորդ դար մը արհամարհելը պզտիկ գեղեցկութիւն մը չէ յիշատակի մը համար։ Խրիմեան, գրականէն աւելի քաղաքական խորհրդանշան մըն էր։ 1929 ին, Խրիմեանին կարապետած քաղաքականութիւնը հիմնովին վրիպած արկածախընդրութիւն մըն է ազգին բոլոր դասերուն ամենէն անկեղծ համոզումին մէջը։ Եւ սակայն ոչ միայն իր ամբողջական գործը, Ամերիկա կը համախմբէ, շքեղ ծածքի մը տակ, այլեւ իր դերը, գործը ծնունդ կուտայ մէկէ աւելի մենագրութիւններու ( Թորգոմ Գու շ ակեան, Հայկ Աճէմեան, Աւետիս Թէրզիպա շ եան անոր նուիրած են ծանր, սպառիչ ուսումնասիրութիւններ ), բազմաթիւ անջատ ուսումնասիրութիւններու, քրոնիկներու, վերգնահատման փորձերու ։ Այս ամենը նշան՝ թէ մարդը չի մեռած: Ոչ միայն այդ։ Այլեւ նշան՝ թէ անով իրականացած խորհրդանշանն ու գործը, հակառակ ամենէն իրաւ վրիպանքին, կորանքին, դեռ կը պահեն ջերմութիւն, կը թելադրեն ներհակ ապրումներ: Համապատկեր ը շեշտը կը դնէ գրականին վրայ ։ Ասիկա ծանօթ է ձեզի։ Ու այդ անկիւնէն երբ քննութեան կը ձգեմ Ամերիկայի ամբողջական գործը, կը տպաւորուիմ առաւելապէս գրական փաստով մը։ Ատիկա այդ գործը կազմող կտորներուն բազմաթիւ անգամներ լոյս տեսած ըլլալու պարագան է ահաւասիկ, այնպիսի շրջանի մը երբ մեր մամուլը շատ շատ քերականութեան, թուաբանութեան ու քրիստոնէական մանր ուսմունքի դասագիրքեր կ՚արժանացնէր վերստին տպագրութեան փառքին: Պետրոս Դուրեանի տաղարանը քսան տարի պիտի սպասէ երկրորդ տպագրութեան մը արժանանալու համար։ Մարգարիտ Արքայութեան Երկնից, Խաչի Ճառ անուանուած հատորիկները իւրաքանչիւրը չորս անգամ տպագրուած են, միշտ մեկենասուած, միշտ օվսաննայուած։ 1901 ին, Գահիրէէն Մարի Պէյլերեան ա նունով կին մը յուզիչ ուղերձով մը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հայոց Հայրիկին որ զինքը արտօնա ՜ ծ էր իր ոտանաւորներու մէկ հաւաքածոն ( Վերջալոյսի Ձայներ ) տպագրել կարենալու: Թագաւորաց Ժողովը գրուած է Էջմիածին։ Ողբացող Խորենացին, դարձեալ ոտանաւոր, լոյս տեսած է 1902 ին։ Ութսունէն վեր՝ բ անաստեղծութիւններ հրատարակելու սա միամտութիւնը մի ենթարկէք ծաղրի։ Թէրզեանն ալ 1909 ին ողբերգա՞ծ է Ատանայի աղէտը։ Յովհաննէս Հիսարեան, որուն անդրանիկ քերթուածները կը գտնենք Բանասէր հ անդէսին մէջ (1851), Դիւան ն ալ կը նկատէ լոյսի արժանի, 1911 էն վերջ ։ Ունինք Յիսուս Մանուկ ը, գրուած վաթսունէն վեր: Այս յիշատակութեանց միտք - բանկին զառամ զառածումներ խարանել չի նշանակեր հոս։ Խրիմեան, գրականութիւնը հասկանալու եւ ընելու իր եղանակը ունէր: Ու ճիշդ այդ եղանակն է որ կ՚ուզեմ ձգել նկատառման։ Եւ որովհետեւ երեք սերունդի լման հասակը շու ք է ունեցած Խրիմեանի վաստակին վրայ, ու փառք ը չէ զղջացած իրմէ, Համապատկեր ին հեղինակը ինքզինքը կը զգայ հակադ ի ր տպաւորութեանց տակ։ Ըրած եմ զիջումը ` արեւմտահայ գրականութիւնը դատելու, արժեւորելու արարքը պահելու որոշ հոգեբանութեան մը ենթակայ։ Համապատկեր ի Ա. հատորին մէջ տեղ մը յայտարարած եմ որ ինծի յաջորդ սերունդներուն կը ձգեմ իմ զիջումները սրբագրելու պարտքը ։ Խրիմեան, այս մտածողութեան մէջէն դիտուած, շատ շատ պիտի թեթեւցուի իր ծանրածան ր, ծանրակուռ պատմուճանէն ու պիտի վերածուի իր պատկերին, տակաւին թեթեւ մը շ փացուած։ Այս գործողութիւնը անկախ կեցուածք մըն է ինծի համար ։ Խրիմեան հայոց պատմութենէն վերցուելիք անձնա ւ որութիւն մը չէր կրնար ըլլալ, այնքան իր դարը իրմով յագ է մնացած, երբ զինքը կը տեսնենք մեր պատմութեան վերջին կիսադարու բոլոր բախտորոշ հանգրուաններուն, քաղաքական մանաւանդ, բոլոր ծանր գործառնութեանց շուկաներուն։ Գրականութիւնը, հասարակաց դամբարան, անոր գործերը միայն թաղելու չի մտածեր, այլեւ ունի այդ գործէն անուշիկ ալ փաստեր, ծաղիկներ որոնք գերեզմաններուն գլխուն կը կենան ու կը խօսին կեանքէն։ 

Կէս դար է անցեր Խրիմեանի վերջին իրա ւ գործէն, արձակ, անորակելի այն գիրքէն որ անուն ունի Պապիկ եւ Թոռնիկ, գրուած Երուսաղէմ, հաւանաբար 1890 ին։ Մօտ դար մըն է որ կը ծանրանայ անոր Հրաւիրակ Արարատեան պոէմային վրայ: Մի արհամար հ էք ժամանակը, մանաւանդ գիրքերու կողքին։ Ունիմ ուրիշ ալ վկայութիւն։ Գործի մարդ մը, չեմ կրնար ըսել խաչագող մը, հա ւ աքած էր Խրիմեանի ձեռագիր նամակները, կոնդակները ու մ տած սակարկութեան Թորգոմ Սրբազանի հետ,  պահանջելով առասպելական գումար մը այդ թղթեղէնին համար։ Ու գիտենք, նոյն ատեն, զայրացած վկայութիւնները Պոլսեցի գրողներուն, Եղիայի ձեռագիրները կառքերով նպարավաճառ փոխադրող մտայնութեան դէմ։ Խրիմեան, ուրեմն, բացառիկ երեւոյթ մըն է, գրականին համար ալ ։ 

Աւելի քան ստոյգ է սակայն որ 1929 ի ամերիկեան հրատարակութիւնը անոր գործին, մանրատառ, ութածալ, հազարեջեան հատոր մը, տրտում հանդէս մըն է ուր չենք կրնար ծածկել մեր զարմանքը, այդքան ծաւալուն վարկէն մեր գտած այսքան քիչ իրաւին համար։ Ապրուա՞ծ ` այդ հատորիկները։ Ըսել կ՚ուզեմ ` Խաչի Ճառ անունին տակ լոյս տեսնող հատորիկը, այդ մարդուն բերնէն երբ իբրեւ քարոզ կը թափէր, զինքը լսելու խուժող հաւատացեալներուն վրայ, այդ քարոզիչին արժա՞ծ է իրաւ ապրումին յոյզ ը, չեմ ըսեր սարսուռները ։ 1876 ին Վանի շուկան կը հրդեհուի թուրքերէն։ Այդ յուզումին արդիւնք, Վանգոյժ արձակ քերթուածաձեւ ողբը, այս մարդուն բերանէն, բառերու հեղե՞ղ մըն էր թէ հարազատ ապրումներու հրիտակ մը ու ատով առնուազն՝ հանդուրժելի: Ու հանգիստօրէն, նոյն հարցականը Հայգոյժ ին, Սիրաք եւ Սամուէլ ին բոլոր միւս միութիւններուն համար այդ գործին։ Սուտը, փչուածը, անճարակը, պարագայականը, փառասիրականը, շրջուած ռոմանթիքը երբ մեր ընթերցումին հետ մեր ներսը կ՚ամրանան, մարմին կը դառնան, մեզ նեղելով այս ամենուն դժնդակ փաստովը, ինչպէս՝ այս ամէնը կարելի ընող մտավիճակին ալ իրականութեամբը, ո ՜ ր արձակութեամբ մենք պիտի պահենք մեր հանդարտութիւնը պատկերին դէմ մարդու մը որ կը համարձակի թագաւորները կանչել ժողովի, ոչ անշուշտ սօսիի մը տակ զբօսնող հովիւներուն միամտութեամբը, այլ ի Ս. Էջմիածին, այսինքն արքաներու գահին հաւասար պատկառելի ատեանի մը առջեւ, ու դնել անոնց բերանը աժան պատմութիւն ու բոլիթիք, ոտանաւորով։ 

Միւս կողմէ, հայոց գրականութիւնը քիչ ունի գ իրք ուր մեր հողին ձայնը, մեր պապենական բարեխառնութիւնը, մեր երկինքը, իբրեւ մտայղացք մեր կեանքովը փորձարկուած մեր բարքերը, որոնք դիրտն են կարծես քանի մը հազարամերու, մեր նկարագիրը, դարաւոր, բիւրաւոր աղէտներու հարուածներուն ներքեւ դարբնուած, կարճ ` մեր հայեցիութիւնը, իրեն զուգորդ բոլոր միւս ստորոգումներով, ինքզինքը ըլլար յայտնաբերած, այնքան վերջնական, անվերածելի տախտակներով որքան կը տեսնենք որ իրագործուած է ասիկա Պապիկ եւ Թոռնիկ  հատորին մէջ, գիրք մը, գրուած անտանելի տափակութեամբ մը լեզուի, թափթփածութեամբ մը ոճի, գրեթէ չգրուած, բայց ուր սխալ պիտի չըլլար թերեւս հաստատել վերջին հայը, ան որուն փշրանքները սահմանուած են սփիւռքին մէջ անհետանալու եւ որուն ուրիշ մէկ մարմնառութիւնը, այսօրուան Հայաստանի ստեղծագործ տղան, այնքան տարբեր է Խրիմեանի պատկերած տիպարէն: Կը հաւատամ թէ Խրիմեանի մէջ կը յանգին ոչ միայն մեր պատմութեան համար դասական դարձող հոգեւոր ուժերու մեծ մթերք մը, այլեւ իրաւ, հին, հարազատ հայ գրողներու շարանը։ Իրեն հետ ապրող ու գործող եկեղեցականներ, օրինակ Իզմիրլեան, Օրմանեան, Դուրեան, ուրիշ աշխարհի կը պատկանին, ինչպէս ուրիշ աշխարհի գրողներ են Արփիարեան, Զարդարեան, Տիկին Եսայեան, Տիրան Չրաքեան։

Կը հասկցուի՞ն արդեօք, սա նկատողութիւններէն վերջ դժուարութիւնը, գրեթէ տառապանքը Համապատկեր ի աշխատաւորին, տարօրինակ սա վաստակին դիմաց, ասիկա ոչ միայն կշռելու, այլեւ վաստակաւորը դատելու, գնահատելու։ Գրագէտ մը իբրեւ չապրեցաւ Խրիմեան. ըսել կ՚ուզեմ չճանչցաւ նսեմ հ ոգեխառնութիւնը մեր մեծապատիւ մուրացկաններուն ։ Մարդիկ իր շուրջը կը դառնային, իր հանճարային ուղեղէն փրթած նշխարները հաւաքելու համար իրարու գլուխ պատռելով։ Իր բnլոր հատորները լոյս են տեսած մեկենասներու խոնա ՜ րհ, տրուպ պաշտպանութեամբը: Չապրեցաւ դարձեալ հայ եկեղեցականի պարզ, համեստ, իրա ւ կամ յանդուգն, լիրբ, անբարոյ փառքը։ Տէրտէր մըն էր, բայց կաթողիկոսացաւ, ինչպէս կ՚ըսեն։ Գրիգոր Օտեան երբ զայն Պոլսոյ պատրիարքութեան Աթոռին թեկնածու կը ներկայացնէ, կը հաւատայ թէ ազգին տուած է իր գերագոյն գլուխը, պետը։ Պատմական իրողութիւն, այդ Աթոռէն անոր գահընկէցութիւնը, իր շ ա տ նշանաւոր հրաժարականով, զոր իմ վերը յիշած երգը չէր մոռցած, 

Հրաժարական
Քարոզըդ տուիր,
Հայ սիրտերու մէջ, 
Հայրիկ ճան, 
Կ
րակ վառեցիր :

ու 1890 ին, Սաղիմ աքսորական պատրիարքէն մեր հաճիները իրենց տպաւորութիւնները պատմելու ատեն սանկ տեղ մը չորս դին կը նայէին, անվստահելի մարդերու վախէն: Իր մահէն չորս  տարի վերջը, Պոլիս ինծի տրուեցաւ անգամ մըն ալ Խրիմեանի հմայքը, կիրքը, այս անգամ հասուն երիտասարդի մը զգայարանքներով։ Գում Գաբու, 1910 ին գիշեր մը արթնցանք, տունով։ Փողոցին անկիւնէն ձայն մը կը կրկն էր 1890 ի երգը. 

Հրաւէ՜ր հայ ազգին, 
Հայրիկ ճան, 
Դարձիր դեպի Վան:

Երկինքէ՞ն ։ Կէս լուսնէ մը լուսաւոր, զառիվեր թաղին բոլոր պատուհաններուն մէջ կը կենային գլուխները, լուռ, տարուած անդիմադրելի յուզ ու մէն որ ձայնին, եղանակին թէ բառերուն համադա շ ն տրոփովը կը զարգանար: Անհուն ապրումներ այդ մարդոց հոգին, այդ րոպէին, կ՚ընէին անպատմելի դժոխք մը ։ Անցեր էին ջարդին ու հայրենիքին ուրվականները մեր բոլորին սրտերէն: Եկեր էր ազատութիւնը, իր Ատանայով, ու մեր ժողովուրդը չէր մոռցած Խրիմեանի կախարդական ստուերը, հող ք իջնելէն տարիներ վերջն ալ։ Երգին անու շ ութի՞ւնն էր հեղինակը մեր արցունքներուն: Անոր կապուած յուշերուն ահաւոր դառնութի՞ւնը։ Հիմա չեմ վերլուծեր։ Սուլթաններու մայրաքաղաքին մէջ մեր արիւնը կ՚ապրէր, այսքան զուլումներու դէմ ահա ինքզինքը պաշտպանած։ Երբ երգը լռեց, գլուխները մնացին պահ մըն ալ: Մինարէներէն տրտում փառաբանութիւնը երկինքի յատակին կը հիւսուէր արեան հանդէսի մը նման։ Խրիմեանի անունը 1910 ին մահուան հոմանիշ չէր անշուշտ ։ Չերեւցաւ ոստիկանը, երգիչը բանտ, անկէ ալ աքսոր առաջնորդելու: Քառորդէն աւելի դար է անցեր այդ գիշերին վրայէն։ Բայց երգին կաղապարը, հոգիի քանդակ մը իբրեւ, կը պահէ իր տիրական նկարագիրը իմ ներսը: 

_ Եւ սակայն, ընդդէմ այս ամենուն, ստիպուած եմ յայտարարել որ 

ա) Խրիմեանի գործին ինը տասներորդը, այսինքն այն մասը որ ամենէն աւելի փնտռուեցաւ, օրհնաբանուեցաւ, ըսել կ՚ուզեմ՝ ճառերը, խրատները, դասերը, ողբերը, բարոյախօսական հասարակ տեղիքը, մտածումները, հակառակ իր շատ ծանր համբաւին, փառքին, կը մնայ դուրս գրականութեան կալուածէն։ Համապատկեր ը, ինքզինքը սառեցնելու վախէն զգուշաւոր, չի կրնար, օրինակ, Մարգարիտ Արքայութեան Երկնից, Սիրաք եւ Սամուէլ անուններով մեծահռչակ հասարակ տեղիքը թարմացնել ու այդ էջերուն ներսը կարելի ազգային զգացումի մը զիջումով, գրական գնահատման ենթարկել: Խրիմեանի գործին այս մասը մեռած է անյարութիւն ։ 

բ) Ուրիշ մաս մը, կ՚ակնարկեմ Հրաւիրակ ներուն, քանի մը ուրիշ քերթուածներու, որոշ թէեւ դժուար գործադրելի զիջումով մը, ինձմէ կ՚առնէ յիշատակութենէ վեր զբաղում։ Ի վերջոյ Հրաւիրակ ները ունեն ոչ միայն լեզու մը ( որ 1850 ի տաղաչափներուն ոչ ոքէն կը մնայ ստորադաս, Բագրատունիի, Հիւրմիւզի, Ալիշանի քերթողականներով փառապանծ, բայց այսօր այնքան անկնիք, գրքունակ, քերականական ), այլեւ նիւթին ալ բարիքը ։ Հաւանաբար Վենետիկի հետ մրցումի թաքուն հոգեբանութեամբը չափուած այդ տողերուն տակ, անցեալին չափ մեր օրերուն իրաւ կեանքն ալ մեզի կը մատուցուի, թէեւ աղօտած, տաղաչափականին սնոտիքովը, բայց վերջապէս աւելի իրաւ՝ քան Բագրատունիին ընդարձակ բառապատումին ետին անգոյ կեանքը։ Ուրիշ խնդիր ` այդ քերթուածներով հարազատ բանաստեղծի մը վարկը փրկելու անկարելիութիւնը։ 

գ) Փոքրիկ մաս մը, հազիւ ութը տասը պրակնոց գիրք մը, այդ մարդէն, կ՚արհամարհէ բծախնդիր, դժուարահաճ, բանգէտ մեր ճաշակները, անցնելու համար, թերեւս, հայոց գրականութեան պանթէոնին։ Պապիկ եւ Թոռնիկ ( աս է անունը այդ հատորիկին ) գիրքի մասին սա երկբայականը ձրի, բծախնդիր, ուղղափառ մտահոգութեան ծնունդ մի դաւանիք։ Գիրքը գրուած է շատ գէշ: Ու սա մեղքը չի նմանիր Ներաշխարհ ին ալ մեղքին, իր կարգին գէշ գրուած, բայց գրական տագնապի մը արգասիք, մինչ Պապիկ եւ Թոռնիկ ին գրուած չըլլալու փաստը գրական անհասկացողութեան մը, անբաւարարութեան մը դատակնիքն է արդէն։ Գէ շ գրուած գիրք մըն է Աղօթամատեան ը որ մեր գրականութեան փառքերէն մէկն է։ Պապիկ եւ Թոռնիկ ը ինծի համար սիրելի է ոչ միայն այն պատճառով որ հիմնովին չքանալու սահմանուած մեծ անունի մը պաշտպան կը հանդիսանայ, զայն կորուստէ փրկելով, այլ թերեւս այն միւս, սրտառուչ վկայութեան ալ գինով: Թանկագին ու սիրելի է ինծի այդ հատորիկը, վասնզի կը վկայէ աշխարհ է մը որ հետախաղաղ ընկղմած է այսօր ժամանակին ջուրերուն ծոցը: Այդ աշխարհը հայոց այն աշխարհն է որ մինչեւ 1915 խոշոր մէկ կերպարանքը կուտար մեր ժողովուրդին։ Ներկայ մեր Հայաստանը հեռու է այդ նկարագիրներէն: Անշուշտ սփիւռքը, իր անհայրենիք մարդոց հոգեբանութեամբը, տակաւ կը թեթեւնայ Խրիմեանի աշխարհին կնիքէն։ Եւ սակայն, արեւմտահայ գրականութեան մէջ, Մկրտիչ  Խրիմեան այն տկլոր, պարզուկ, անփառունակ գրողն է որ մեր ժողովուրդին հոգեղէն դրութեան մէկ քանի սխրագին նկարագիրները յաջողած է փրկել կորուստէ։ Դուք կը գտնէք աւելի ընդլայնում այս հարցին շուրջը երբ կը կարդաք գիրքին վերլուծումը ։

Մկրտիչ Խրիմեան, այ դ գիրքին մէկ փոքր մասին բարիքովը, պաշտպանութեամբը կը ստանայ իր իրաւունքի տեղը հայոց գրականութեան պատմութեան մէջ։ Համապատկեր ը պզտիկի մեծի խնդիր չի սիրեր յարուցանել: 

 


 



[1]        Թերեւս հայոց պատմութիւնը ոչ մէկ Հարստութեան մէջ ինքզինքը կը կերպարանէ այն իրաւութեամբ, հարազատութեամբ, որքան կը զգանք ատիկա Բագրատունիներու անունով դասականացած շրջանին համար։ Մեր ճարտարապետութիւնը այդ շրջանով գնած է համաշխարհիկ յարգանք։ Մեր բանաստեղծութեան գերագոյն դէմքերէն մէկը այդ օրերուն է որ կ՚երեւայ ։ Մեր քաղաքները կը գտնեն իրենց հէքեաթունակ փառքը միշտ այդ շրջանէն։ Բայց մանաւանդ պատմութեան մը ամենէն իրա ւ տարրը, մարդը, այդ արքաներուն, նախարարներուն, կաթողիկոսներուն, ուսումնականներուն, սուրբերուն, կռուողներուն համագունդ թափօրովը ինկած մեր տարեգրութեանց էջերուն ։ Գրիգոր Նարեկացին սուրբ մըն է, իմաստուն մը, մեկնող մը, բանաստեղծ մը, ուխտի մը միաբանը։ Բացէք բառերը, ասոնք լեցնող կեանքը փռելու համար մեր էջերուն ու դուք կ՚ունենաք, մինակ այդ մարդուն առիթով, աշխարհ մը ամբողջ վերարտադրուած։ Գրականութեան պատմութիւնը կա՛մ բառավաճառութիւն է, հիմնովին ապիմաստ (քանի որ Նարեկացին գրականօրէն վերլուծելը չի կրնար Նարեկացիին զգայնութիւնը, գրելու կերպը արդիացնել), վարժապետական ու անօգուտ, կա՛մ պարտաւոր է մասը կազմել ընդհանուր մշակոյթին պատմութեան, այս անգամ ազգային կեանքին բոլոր արտայայտութեանց, ուշադիր ։