Ե.
ԳԻՂԱԳԻՐԸ
Խրիմեանի
գրական
վաստակին
սա
դժուար
արժեւորումը
(
Հրաւիրակ
ները
)
ու
մէկ
մասն
ալ
(
բարոյախօսականները
)
գրականութեան
օտար
ախորժակներու
արդիւնք
յայտարարումը
լրջօրէն
կը
վտանգեն
անոր
տեղը
արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ։
Չեմ
դառնար
ետ
իմ
զիջումներուս
չքմեղանքներ
ճարելու:
Ուրիշ
սերունդ
մը
թերեւս
սրբագրէ
իմ
զիջումները,
Զարթօնքի
Սերունդը
եւ
Դէպի
Իրապաշտները
խումբը
տեղաւորելով
ազգային
ընդհանուր
պատմութեան
մարզերուն
վրայ,
ծանրանալով
այդ
մարդոց
դերէն,
օգուտէն,
գործօնական
գետինէն
եւ
լռելով
գրականէն:
Խրիմեան
այդպէս
արժեւորուած
կարաւանի
մը
թափօրապետը
պիտի
ըլլար
քանի
որ
Պ.
Դուրեանի
ծնունդը
կը
կանխէ
Հրաւիրակ
Արարատեան
ը։
Ապագայի
նայող
այդ
տագնապէն
առաջ,
ես
կը
ջանամ
Խրիմեանը
արժանի
ընել
Համապատկեր
ին
մէջ
իր
ներկայութեան։
Ու
այս
ջանքը
ինծի
արտօնող
գործը՝
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ,
գրուած
Երուսաղէմ,
աքսորանքի
վայրը,
վտանգաւոր
դարձած
ժողովրդական
մեծ
դէմքին։
Հատորին
գրութեան
թուականին
Խրիմեան
մտած
է,
կրնանք
ըսել,
կեանքին
ձմեռը,
զիջումով
մը
`
աշնանավերջը,
երբ
այլեւս
մենք
կը
փաթթուինք
մեր
յիշատակներուն,
ժամանակով,
վիշտով,
պատրանքներով,
մանաւանդ
մեր
ներկային
անսփոփ
լքումովը,
իբր
հակազդեցութիւն
`
այնքան
քաղցրացած։
Կ՚արժեւորենք
զանոնք,
այդ
փշրանքները,
օր
մը
ոսկի
ու
ադամանդ,
հիմա
մոխիր
մեր
անձնականութեան
ու
որոնց
վրայ
մտածելու
արարքով
իսկ
կ՚ըլլանք
ինքնաբերաբար
գրագէտ։
Բոլոր
մեծ
գրողներու
ամենէն
յուզիչ
վկայութիւնները
իրենց
յուշերն
են
այդ
պատանութեան
շրջաններէն։
Ոչ
մէկ
կարիք,
ջանք
`
գրականութիւն
ընելու։
Մեր
ետին
է
կախարդական
պարտէզը,
թանգարանը,
զոր
անմեռ
լոյս
մը
կամ
անվանելի
մռայլութիւն
մը
կ՚ընեն
այնքան
անուշ,
սրտակեղէք։
Մտքի
առջեւ
բերէք
հսկայ
ծերունին,
իր
ահաւոր
փառքին
մէջ
պատմուճանեալ,
մուշտակաւոր,
«
լցեալ
աւուրբք
»,
որ
կամարակապ
խուցի
մը
մէջ
իր
մօրուքը
կը
տրորէ,
կը
գզէ,
դողդոջ
մատներովը,
ու
կոտրտած
ատամներուն
տակ
աղալով
անհուն
իր
կարողութիւնը,
իր
ժողովուրդին
գլխուն
հիւսուած
աղէտը
գրեթէ
տեսնելով,
զոր
իբր
մարգարէ,
գաւառացի,
հեռուներէն
«
հոտ
առնող
»
կը
հասկնայ
շատ
աւելի
իրաւ
ու
խոր
քան
Պոլսոյ
ազգային
երեսփոխանները,
սաղապաճեմ
արքեպիսկոպոսները,
պատրիարքները։
Դրան
սպասարկու
թէեւ
հայրենասէր
բայց
խոհեմազարդ
արագորեարը:
Միւս
կողմէն,
1890
ին
մեր
գրականութեան
մէջ
տիրական
տագնապ
է
հողային
հարցը,
որ
բռնագրաւման
նոր
իր
կերպարանքին
վրայ
կ՚ընդունի
ուրիշ,
այլապէս
վտանգաւոր
կնիքը,
թուրք
մտածողութեան
ծնունդ։
Ջարդերը
1878
էն
ասդին
կը
թուէին
անժամանակ:
Նոր
այդ
կնիքը
ամայացումն
էր
հայ
հողերուն
իրենց
սեպհական,
Փարպեցին
պիտի
գրէր՝
բնակ
տէրերէն:
Գերման
Ժէօ
-
բոլիթիք
ը
`
երեք
քառորդ
դար
առաջ։
Թրքական
այս
քաղաքականութիւնը
բախեցաւ
ազգային
ծանր
գիտակցութեան
մը։
Իրապաշտները
տռամային
մարդկային
կողմը
կը
շահագործեն
կարելի
ճարտարութեամբ,
լռելով
դերակատարէն,
Թուրքէն,
բայց
լայնօրէն
կը
զբաղի
զոհէն
որ
Պոլսոյ
մէջ,
պանդուխտի
կերպարանքով
կը
խռովէ
խղճմտանքները,
սիրտերը:
Հրանդ
փողահարն
է
վտանգին։
Սրուանձտեանց,
Արփիարեան,
բոլոր
քրոնիկագիրները
իրարու
հետ
կը
մրցին
հայ
մարդը
դարձնելու
հայ
հողերուն,
ու
մեր
գրականութիւնը,
այն
օրերուն
այնքան
ժողովուրդ
ու
ժողովրդական,
իր
պայքարը
կը
վարէ
երբեք
չթուլցող
խանդով։
Հիմա,
մենք
ականատես
ենք
նման
հոգեբանութեան
մը։
Ամբողջ
սփիւռ
մը
կ՚ապրի
ներգաղթը
այն
կիրքով,
տագնապով
որոնք
իրական
էին
1890
մարդոց:
Այժմու
Հայաստանը
կէս
դար
առաջ
ալ
Հայաստանն
էր,
պանդուխտները
հաւաքելու
կանչուած
։
Ազգին
ամբողջ
իմացական
ընտրանին
կը
սպասարկէր
1890
ին,
այդ
վերադարձի
քաղաքականութեան։
Համապատկեր
ը
մէկէ
աւելի
հեղինակներու
հետ
դրած
է
այս
տագնապին
վերլուծումը։
Անկէ
մենք
ունինք
շքեղ
ալ
յաջողուածքներ։
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ը
հաւանական
տուրքն
է
Խրիմեանի,
այդ
հոգեխառնութեան
ընծայուած։
Կը
գրեմ
հաւանական,
տեղեակ
ըլլալով,
անսրբագրելի
Վանեցիին
անսրբագրելի
հեստութեան՝
ընդդէմ
ամէն
կազմակերպեալ
ճիգի,
մանաւանդ
քաղքենի
խողովակով
բաշխուած։
Հոս
ալ
պարտաւոր
էք
տեսարան
կանչել
անոր
գործելու
եղանակը,
բնազդական,
անհակակշիռ,
անմտած:
Հոս
ալ,
տասը
տասնըհինգ
տարի
առաջուան
ախորժակները
որոնք
զինքը
եղել
էին
իր
ժողովուրդին
խօսելու
մեծ
իր
քարոզները։
Բայց
կայ
արտաքնապէս
աննշան,
ներքնապէս
խորունկ
միւս
իրողութիւնը:
Բարոյախօս
Խրիմեանը
իր
ժողովուրդը
կը
ճանչնայ
ա
)
—
հողէն,
հայրենիքէն,
բ)
—
սփիւռքէն
որ
քաղաքներն
են,
աւելի
ճիշդ
քաղաքը,
Պոլիսը։
Բարոյախօս
Խրիմեանը
այդ
խառնակ
զանգուածին
երբ
կ՚ուղղէր
իր
խրատները,
մշտական
պայքարի
մէջ
էր
սա
երկուութեան։
Դրախտի
Ընտանիք
ը
Այգեստա՞ն
էր
թէ
Բերա
։
Սիրաքին
դասերը
Վանայ
արտերո՞ւն
թէ
Պոլսոյ
արուարձաններուն
վրայ
կը
խօսուէին։
Ընթերցողը
դիւրաւ
կրնայ
ստուգել։
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ը
կը
զատուի
այս
ընդհանրավայրերէն,
ըլլալու
համար
հայոց
հայրենիքին
տիրական
խորհրդանիստ
աշխարհը։
Հոն
խօսող
ձայնը
լուռ,
անուշ,
կախարդական
մեղեդին
է
հայ
հողերուն։
Հոն
տիրական
պատգամ
է
ԱՅԴ
ՀՈՂԵՐՈՒՆ
ՏԷՐԸ
ՄՆԱԼՈՒ
դարաւոր
պարտականութիւնը։
Կրօնք,
եկեղեցի,
բարոյական
ըմբռնողութիւն,
ընտանիք,
ամէն
բան
կնիքին
տակն
է
այդ
սրբազան
պարտականութեան։
Հողը
ամէն
բան
է
հայ
գեղացիին։
Երբ
անիկա,
հողը,
ողջ
է,
ամէն
բան
ողջ
է,
ամէն
վտանգ
խուսելի,
ամէն
կորուստ
դարմանելի։
Խրիմեան
այս
մռայլ,
խորունկ
հաւատքը
պայծառ
միսթիքով
մը
կը
թելադրէ,
երբ
տարօրինակ
թուող
բայց
այնքան
իրաւ,
հեռահաս
նմանութիւն
մը
կը
գործածէ
Թոռնիկը
պատրաստելով
Շուշանին
(
կինը
)
կորուստին,
քանի
որ
ասոր
տեղը
Աննա
մը
կրնայ
լեցնել
թոռնիկին
կուշտին։
Բայց
հո՞ղը։
Որ
մեռնի,
ճար
չկայ:
Ահա
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
հատորին
անխորտակելի,
անվերածելի
յատակը։
Այս
հիմնական
իր
եզրին,
կերպարանքին
վերածուած
հատորը
բոլոր
յարմարութիւնները
կը
միաւորէր
հայ
գրականութեան
գոհարներէն
մէկը
ըլլալու,
քանի
որ
դարաւոր
գերութեան
ամենէն
ազատ,
աչքին
միշտ
փռուած
խորհրդանիշը,
հողը
մեր
ժողովուրդի
հոգետունին
ամրագոյն
սրբութիւնն
էր։
Բայց,
տեղն
է
կրկնելու՝
—
Ե՞րբ
այս
ժողովուրդը
եղել
է
բախտաւոր,
որպէսզի
անոր
գրականութիւնն
ալ
մնար
հաղորդ
մեծ
գիրք
մը
ստեղծելու
բախտին։
Առանց
տարակոյսի,
Մկրտիչ
Խրիմեան
մէկն
էր
քիչ
մեր
այն
գրողներէն,
որոնց
տրուած
է
պատեհութիւնը
վերը
պարզուած
վիճակներուն
վրայ
խօսելու,
թուղթէն
դուրս,
վեր,
ու
քիչ
ճամբով
մը,
ճամբովը
աչքերուն,
մորթին,
սիրտին,
զգայարանքներուն։
Սրտառուչ
է
անշուշտ
Սիսուան
ը
(
Ալիշան
),
բայց
պատուական
պենետիքթէն
ը
Սիրաքի
զգացումներով
կը
մթագնէ
հողին
հարազատ,
անփոխարինելի,
tellurique
համերը։
Խրիմեանից
Առճակ
գեղը
երբ
դասարան
կ՚ընտրէ
իր
դասերուն,
այդ
գեղը
կը
ճանչնայ
իր
բոլոր
մասերովը,
քանի
որ
մինչեւ
երեսուն
այդ
գիւղերուն
վրայ
սահեր
են
իր
զգայարանքները։
Ըսել
կ՚ուզեմ՝
ապագայ
մեծ
գործիչը
դաշտի
լամուկ
մըն
է,
գեղջուկ
կեանքին
բոլոր
իրադարձութիւններուն
ծանօթ
`
անվրէպ
եղանակները
զգայարանական
հաղորդումին։
Եօթանասունի
դռներուն
մեր
հոգին
կը
նստի
մեր
անդրանիկ
պատանութեան,
ու
երկրորդ
մանկութեան
անկորուստ
հիմունքներուն։
Երուսաղէմ,
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ը,
թուղթին
իյնալէ
առաջ
իր
հեղինակին
հոգին
էր,
առանց
տարակոյսի,
քանի
որ
հոգեբանութենէն
գիտենք
թէ
յիշատակներու
կենդանութեան
օրէնքը
ժամանակին
հետ
խոտոր
կը
համեմատի,
հեռաւորութեան
մէջ
մնալու
համար
ամենէն
քիչ
մաշածը։
Մնաց
որ
Մկրտիչ
Խրիմեան
գործեր
էր
այդ
ժողովուրդին
մէջ,
միշտ
այդ
հողերուն
վրայ,
Պոլիսէն
հոն
դառնալով
մէկէ
աւելի
անգամներ
իբր
առաջնորդ
Վանի,
Տարօնի։
Այս
մանրամասնութիւնը
ամուր
պահեցէք
ձեր
մտքին
մէջ։
Պոլիս,
պատրիարքութենէն
առաջ
(
Մարգարիտ
Արքայութեան
Երկնից
)
ու
վերջ
(
Բարոյախօսականներ
եւ
Գոյժերը
)
Խրիմեան
այդ
երկիրը
ընդ
աղօտ
կը
շահագործէ,
վասնզի
իր
նիւթը
չապրիր
հողով
ու
հողէն։
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ը
հողին
պատմութիւնն
է,
կեանքը,
այսպէս
ըսելու
համար։
Իր
հասունութեան
շրջաններուն,
այս
անգամ
իբր
վարիչ,
առաջնորդ,
սփոփիչ,
դարերէ
ի
վեր
տառապանքէն
աչք
չբացած
զանգուածներուն,
Խրիմեան
իր
գիրքերը
պիտի
պատշաճեցնէ
մարդոց
բարւոքման,
հետապնդելով
առողջ,
գիտական,
բարոյական
սկզբունքներուն
սերմանումը
այդ
ընկերութեան
նախաւոր
խաւերուն
մէջ:
Յետոյ,
1870
էն
Խրիմեան
կ՚ընդզգայ
աղէտը,
զոր
թուրքերը
պիտի
մագիստրոսաբար
մաքրամաքուր
կերպարանքովը
յանձնէին
պատմութեան
էջերուն,
1915
ին։
Այս
խուլ
կասկածանքը
միայն
պիտի
ըլլար
բաւական
որպէսզի
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ը
տարբերէր
կանխող
հատորներէն
որոնք
գործնական
որքան
գրական
փառասիրանք
ներելի
էր
որ
հետապնդէին։
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ը
ահազանգն
է,
հայ
հայրենիքին
վերջնական
ջնջումին,
անոր
վրայ
ապրող
հայ
ժողովուրդին
աս
ու
ան
կերպ
շիջումովը
իրագործելի։
Հասկնալի՞
`
որպէսզի
հատորը
ունենայ
խորունկ
որքան
հաստատուն
յ
ատակ։
Գիրք
մը
քիչ
անգամ
այնքան
իրաւ
կը
հասնի
իր
ժամանակին,
կ՚ըլլայ
վկայութիւն։
Կրնայ
ըլլալ
գէշ
գրուած,
փոյթ
չէ:
Բայց
ատկէ
առաջ՝
իր
պատմած
փաստն
է
էականը։
Հիմա,
հարցը
կը
փոխադրեմ
նիւթէն
դուրս,
գործադրումին։
Յաջողա՞ծ
է
Խրիմեան
մնալ
առնուազն
գրագէտի
այն
պարկեշտ
միջինին
վրայ
որ
հաստատելի
է,
օրինակ,
Պանդուխտի
Կեանքէն
յորջորջուած
քրոնիկներուն
մէջ։
Գէշ
գրուած,
այսինքն
անբաւարար
մշակուած
գիրք
մըն
է
Կարմիր
Ժամուցը
։
Գէշ
կառուցուած
շէնք
մըն
է
Ամիրային
Աղջիկը
։
Փորձեցէք
սակայն
պա
հ
մը
ենթադրել
պակասած
արեւմտահայ
գրականութենէն։
2050
թուականին
այն
իմաստունը
որ
պիտի
ուսումնասիրէր
չիջած
այդ
գրականութիւնը,
ապահովաբար
անյիշատակ
անցած
պիտի
ըլլար
Ցոլքեր,
Հայկական
Նամականի,
Գրական
Փորձեր,
Առաջին
Տերեւք,
Ստուերք
Հայկականք,
Մայտա,
Թորոս
Լեւոնի
անուններով
մեր
օրերուն
մեծահռչակ
գործերուն
առջեւէն,
կենալու
համար
երկար,
խնամոտ,
երախտագին
ուրիշ
խումբ
մը
գիրքերու
առջեւ
որոնք
Հրանդին,
Թլկատինցիին,
Համաստեղին
անունները
կը
կրեն։
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ը,
այդ
գիրքերու
շարքին
է
U
իրաք
եւ
Սամուէլ
ը,
իր
փառքէն
երեք
քառորդ
դար
վերջը
ամբողջական
շիջում
մըն
է:
Երբ
փնտռէք
ազդակը
այդ
շիջումին,
պիտի
զգաք
որ
գիրքը
մահացու
իր
մեղքերը
ունէր
ի
ծննդենէ։
Ընդունելով
անխուսափելի
օրէնքը
որ
աղօտանքն
է
ժամանակին
մէջ,
մեր
գիրքերէն,
ամենէն
առաջ
իրենց
ծանր,
այսինքն
ոճային
առաքինութիւններուն,
մենք
պիտի
աշխատինք
փոխարինումներ
երեւան
հանել,
միշտ
մեր
գիրքերէն,
ուրիշ
գետիններու
վրայ:
Հարցուցէք
հիմա
դուք
ձեզի
թէ
U
իրաք
եւ
Սամուէլ
ին
մէջ
կա՞յ,
բաւարար
չափով
հայ
մարդը,
այսինքն
հայ
ընտանիքին
պատկերը,
1870
ական
թուականներուն։
Առանց
մեծ
կղերիկոս
մը
ըլլալու,
դուք
պիտի
գտնէք
որ
այդ
խրատները
հասարակ
խօսքեր
են
ու
այսքան։
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ը,
հակառակ
անոր
որ
փրթած
է
Խրիմեանի
հոգեյատակէն,
որոշ
չափով
կը
կրկնէ
U
իրաք
եւ
Սամուէլ
ը,
քիչիկ
մըն
ալ
Դրախտի
Ընտանիք
ը։
Զուր
տեղը
չէ
որ
մարդիկ
ծնին
պիտի
զանազան
կնիքներու
տակ։
Յետոյ
յատկանշական
ուրիշ
դիտողութիւն
մը։
Խրիմեանի
բոլոր
գործերը
պարագայական
ծնունդով,
տաք
հացի
պէս
լափուած
են
հասարակութենէն
—
ինչ
որ
կը
նշանակէ
թէ
անոնք
կ՚ուղղուէին
անմիջական
շրջանակի
մը։
Ինչ
դժբախտութիւն
որ
այդ
շրջանակը
չըլլար
կազմուած
գրական
հասարակութենէ
մը
ու
գար
անկնիք
մարդերէ։
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ը
գրելու
ատեն,
ըսի
թէ
Խրիմեան
ինչ
ունէր
իր
մտքին
ետին,
վախ,
կասկած։
Բայց
երբեք
այն
անըմբռնելի
իրականութիւնը
որ
Վասպուրականն
էր
1916
ին։
Այս
նախապատրաստութի՛ւնը՝
որպէսզի
Խրիմեանի
գլուխ
գործոցը
որոշ
չափով
ըլլայ
կարող
ինքզինքը
արդարացնելու։
Անիկա
չէ
գրուած
Մարգարիտ
Արքայութեան
Երկնից
ին
կամ
Խաչի
Ճառ
ին՝
հիմնական
այլուրութեամբը։
Ու
այսքան։
Աքսորականը
բնական
էր
որ
դառնար
ետ
իր
յիշատակներուն
որոնք
տարիներու
սանդուխ
մը
ինչպէս
կը
բարձրանային
ետ
դէպի
գագաթը
որ
հոս
հոմանիշ
է
մանկութեան։
Այդ
սանդուխին
մերձաւոր
աստիճանները
անոր
Պոլիսը,
Վանը,
Տարօնը,
որոնք
այս
մշտաշարժ,
երբեք
գոհ
մարդուն
ներսը
վրիպանքներ
իբրեւ
կը
պառկին։
Ո՞ւր,
իր
կեանքին
ո՞ր
շրջանին,
այդ
աքսորականը
պիտի
գտնէր
կարելի
անուշութիւնը,
խաղաղութիւնը,
պայծառութիւնը:
Դուք
ամէնքդ
որ
կը
կարդաք
սա
տողերը,
կրկնեցէք
հարցումը
ձեր
հաշւոյն:
Պատասխանը
չի
կրնար
գալ
ձեր
մօտիկ
անցեալէն,
ձեր
սիրային,
գրական,
տնտեսական,
վարկային
յաղթանակներէն,
քանի
որ
ասոնք
կը
փոխուին
տրտում
մոխիրի,
կեանքին
հեղումովը
իրենց
բջիջներուն
վրայ։
Ու
այդ
անուշութիւնը
եւ
այլն
ստիպուած
էք
գտնել
մեր
պատմութեան,
երկրորդ
մանկութեան։
Խրիմեան
ալ
ձեզի
պէս
արարած
մըն
էր։
Չեմ
ըսեր
թէ
ինչ
էր
գործը
այդ
մարդուն,
այդ
շրջանէն։
Մարսէլ
Բրուսթ
ունէր
շքեղ
քաղաքակրթութիւն
մը
հանելիք
այդ
յետ
-
դարձէն։
Խրիմեան
`
իր
Վասպուրականը
որ
մարդ,
այսինքն
պատմութիւն,
կեանք
ըլլալուն
չափովը
հող
է
ու
աշխատանք:
Գիւղ
է
ու
վարուցան։
Ահա
թէ
ինչո՞ւ
այնքան
քիչ
են
այդ
գիրքին
մէջ
քաղաքէն
իր
յուշերը:
Միւս
կողմէն
կայ
իր
զզուանքը
այդ
քաղաքէն,
իր
ներսը
խարիսխ
կապած,
եթէ
կը
ներէք
նման
բացատրութիւն
մը։
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
հատորը,
տպուած
1894
ին
Էջմիածին,
24
գլուխներէ
բաղկացած
է:
Կուտամ
վերնագիրները,
ենթադրելով
որ
անոնք
կարող
են
գիրքին
աշխարհը
թելադրել։
Գիրքը
կարծես
ընդհանրական
մըն
է,
բացուող՝
Ա
ռ
Շինական
Ժողովուրդս
Հայոց
ուր
Երուսաղէմի
աքսորականը
կ՚ըն
է
սա
շատ
յատկանշական
նկատողութիւնները
…
«
Երջանիկ
ես
եւ
թշուառ
կ՚ապրիս,
բազմահարուստ
գանձի
տէր
ես
եւ
գրպանդ
մի
փող
չկայ,
երկրիս
մեծ
կալուածատէրն
ես,
բայց
միշտ
հացի
կարօտ
ու
պարտապան՝
երկրի
ընդհանուր
քաղաքացի
ժողովուրդի
ամէն
կենսական
բարիքներ
դու
կը
մատակարարես,
թագաւորէն
սկսեալ
մինչեւ
յետին
քաղաքացւոց
սեղանին
հաց
կուտաս,
իւղ
կուտաս,
միս
կուտաս,
հագուստներու
նիւթ
կը
մշակես,
բուրդ
կուտաս,
բամբակ
կու
տաս,
քթան
կուտաս,
շերամ
կուտաս
…:
Բայց
ի՞նչ
է
պատճառ,
գիտե՞ս
արդեօք,
որ
դու
քո
թուած
այնչափ
բարիքներէն
միշտ
զրկուած
կը
մնաս,
դու
կարդա՛
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ,
քաջ
կիմանաս
թէ
դորա
միակ
պատճառ
տգիտութիւնն
է,
գռեհկութիւն,
կարդալ,
գրել,
հաշուել,
տնտեսել
չգիտնալն
է
…»:
Պէտք
կա՞յ,
ըսելու
որ
Խրիմեան
իր
գրքին
յօրինման
սա
դրդապատճառը
չէ
յերիւրած։
Ու
հետեւա՛նքը,
ինքնաբերաբար,
քանի
որ
անոր
հեղինակը
յուշեր
պատմող
գրագէտ
մը
ըլլալէ
առաջ,
տնտեսագէտ
մըն
է
որ
ծրագրած
է
բարւոքումը
իր
ժողովուրդին,
անոր
ապրուստի
պայմաններուն:
Աշխատաւոր
դասակարգի
զրկանքները,
գիւղերու
ամայացումը
ի
շահ
քաղաքներուն,
գաղթականութիւն,
պրոլետարութիւն
։
Պարզ
թուող
սա
բառերուն
ետին
դուք
կը
զգա՞ք
համատարած
տագնապը
ԺԹ.
դարու
երկրորդ
կէսը
յատկանշող
գաղափարաբանութեանց
։
Խրիմեան
առանց
գիտնալու
կը
բանայ
դուռը
քսաներորդ
դարու
հզօրագոյն
տագնապներէն
մէկ
քանիին։
Վասպուրականի
մօտիկ
հայ
հողերուն
վրայ
այսօր
տգիտութիւնը
հալածուած
է
ու
գիւղացին
կարագն
ու
մեղրը
ուրիշներունը
ըլլալէ
առաջ,
անոր
պալիկներունը
կը
մնան։
Խրիմեան
տրաքթոռ
ը
չէ
նախատեսած,
ոչ
ալ
համայնավար
տնտեսութեան
արդի
բարիքները։
Բայց
տեսած
է
մեծ։
Ու
ասիկա՝
հողին,
գիւղին
դերը
`
իր
ժողովուրդի
ու
հանգիտօրէն
ամբողջ
մարդկութեան
ճակատագրին
վրայ:
Քաղաքը
կործանումն
է:
Այդ
կործանումը
դիմաւորելու,
չէ
զ
ոքացնելու
ամենէն
գործնական
եղանակը
քաղաքը
գիւղացնելը
պիտի
ըլլար։
Դեռ
չենք
հասած
այդ
աստիճանին։
Բայց
ուշ
չէ
օրը
երբ
կեանքը
պիտի
տարածուի
քաղաքներին
դուրս:
Ուրիշ
խօսքով,
քաղաքը
պիտի
ըլլայ
մեծ
գործատուն,
ժամանցի
վայր,
բայց
երբեք՝
ապրելավայր։
Հողը
պիտի
դարմանէ
հոգիին
ու
մարմնին
մաշումների
ու
մարդու
օրուան
երկու
երրորդը
պիտի
անցնի
դաշտի
երեսին
ուր
քաղաքին
հիմնական
միջոցները
պիտի
ըլլան
ընտելացած։
Խրիմեան
նախատեսած
է
կեանքը,
գիւղերու
մէջ,
իբր
ազդակ
մեր
ժողովուրդին
մշտագոյութեան։
Ու
չէ
սխալած։
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ը
ո՛չ
վէպ
է,
ո՛չ
ալ
բարոյախօսութիւն։
Ո՛չ
ստեղծում,
ո՛չ
ալ
պատմութիւն։
Այս
ճշդումնե՛րը՝
որպէսզի
մեր
անկէ
պահանջելիքը
ըլլայ
արդար
վերջոյ,
բան
մը
կայ
յստակ,
Խրիմեանի
ամէն
մէկ
գործին
համար
փորձելի։
—
Ասիկա
անոնց
առաջադրութիւնն
է,
կարիքին
ճնշումը:
Գիրքին
առաջին
գլուխը
կը
ներկայացնէ
գլխաւոր
դերակատարները:
Ատոնցմէ
առաջինը,
Պապիկ,
սրտառուչ
է
իր
ահաւոր
իրականութեամբը,
այդ
1870
ի
շրջան
էր,
երբ
մեր
երիտասարդները
կը
ձգէին
գեղերը,
իրենց
քանի
մը
ամսուան
հարսը
յղի,
ու
կը
մեկնէին
Պոլիս,
հոն
դրամ
վաստկելու
եւ
իրենց
ընտանիքին
հասցնելու
սրբազան
առաջադրութեամբ,
միշտ
հերքուած
կեանքէն։
Այնքան
քիչ
էին
աւերակ
դառնալէ
վերջ
ետ
եկողները
այդ
մարդոցմէն։
Պապիկին
տղան,
Թորոսը,
մէկն
է
անոնցմէ
որ
թաղուած
է
Պոլիս։
Թոռնիկը
մանչն
է
այդ
հօրը։
Պապիկը
պիտի
խնամէ,
դաստիարակէ
այդ
թոռը,
որ
դարձած
է
հատորին
երկրորդ
անձնաւորութիւնը:
Այս
անկարեւոր
թուումին
ընդարձակ
են
սակայն
թելադրանքները:
Գիրքը
ուրեմն
Հրանդին,
Թլկատինցիին,
մեր
Իրապաշտներուն
ծանրագույն
տագնապին
—
գաղթականութեան
—
հաղորդ
սրբութիւն
մըն
է
այս
իսկ
մուտքով
ու
խորապէս
ցեղային
տարողութեամբ։
Կուտամ
խօսքը
Խրիմեանին,
«…
Ես
միայն
մի
անդրանիկ
զաւակ
ունեցայ,
Թորոս
անուն,
որ
շատ
աննման,
կտրիճ,
աշխատասէր
մի
զաւակ
էր:
Մեր
տան
գործեր
բոլոր
նա
կը
դարձնէր։
Ժամանակին
ամուսնացուցի
զինքն,
աւա՜ղ,
երկու
տարի
միայն
մնաց
իւր
սիրական
նոր
հարսին
մօտ.
թողուց
գնաց
Ըստամպօլ։
Նորա
գնալէն
յետոյ
դու
ծնար.
ես
թուղթ
գրեցի
հօրդ
թէ
քեզ
մի
որդի
ծնաւ,
մկրտեցին,
անուն
Ռուբէն
դրի.
Թորոս,
քո
հայր
չտեսաւ
քո
ծնունդ,
քո
խանձարուր
եւ
չհամբուրեց
քո
մանկութեան
երեսներ։
Երբ
երկու
երեք
տարեկան
եղար,
լեզուդ
բացուեցաւ,
միայն
մայրիկդ
եւ
պապիկ
կը
կանչէիր.
հայրիկդ
չկար
որ
տեսնայիր
ու
ճանչնայիր:
Որչա՞փ
դառն
բան
է
այս,
երբ
մայրեր
աստ
կը
ծնեն,
հայրեր
Ըստամպօլէն
կ՚իմանան
»
։
Իր
ահաւոր
պարզութեան
մէջ,
այս
քանի
մը
տողը
մի
կարծէք
թէ
կը
թարգմանէ
քանի
մը
բացառիկ
ճակատագիրներ։
Ո՛չ,
անոր
ծածկած
տռաման
կը
տարածուի
հարիւրներու,
հազարներու,
բիւրերու
վրայ:
Աւելին։
Ամբողջ
սերունդի
մը
ամենէն
ծանր
մէկ
տագնապը
կը
զգանք
հոն։
Հարկ
չեմ
տեսներ
հոս
կրկին
թարմացնելու
պանդուխտի
հարցը:
Արեւմտահայ
գրականութեան
ամենէն
մարդկային,
իրաւ
բաժինը
հոն
է
որ
պիտի
հաստատէ
ապագայ
պատմիչը
հայ
գրականութեան:
Չեմ
հետեւիր
Պապիկը
յատկանշել
ձգտող
հանգամանքներուն։
Խրիմեան
զայն
կ՚ենթադրէ
քանի
մը
անգամ
Պոլիս
պանդխտած
ու
դարձած,
յայտնապէս
ինքնակենսագրական
տարրերու
շահագործում
մը
թերեւս
փառասիրելով։
Բայց
յուզիչ
է
այդ
պապիկը
երբ
վերջին
անգամ,
իր
կեանքի
ծաղիկին
խորշակով
թառամելեն
ետքը,
«
պիտի
երթայ
ուխտ
Արճակու
Ս.
Աստուածածինին,
պիտի
բանայ
գլուխը,
գայ
ծունկի
սեղանին
առաջ,
պիտի
աղօթէ
ու
պիտի
լայ:
Ու
Քրիստոսի
սեղանին
խաչին
վրայ
պիտի
ընէ
երդում
`
ա՛լ
չհեռանալ
իր
գեղէն
»
։
Ահա
քանի
մը
տող։
Բայց
դուք
ունեք
ամբողջ
դասակարգ
մը,
այսօր
հետախաղաղ
ջնջուած,
որմէ
արագ
այդ
նշմարները
թող
ներուի
ինծի
արժեւորել
չափազանց
թանկ:
Ինչ
փոյթ
որ
նման
պատառիկներ
ըլլան
ցանցառ։
Մարդկային
է
լաւին
ու
վատին
սա
առընթերադրութիւնը։
Մաճկալ
է
ու
կարդալ
գիտցող,
այդ
Պապիկը,
անշուշտ
դժուար
ընդունելի
հանգամանքով
մը։
Բայց
Խրիմեանի
հետ
քննադատը
պարտաւոր
է
հրաժարիլ
իր
ամենէն
սիրական
օրէնքներէն
ու
ընդունիլ
իրեն
մատուցուածին
մէջ
լաւը
վատին
հետ։
Այս
գիրքը
չէ
յօրինուած
ոչ
մէկ
գրական
յաւակնութեամբ։
Ու
ասիկա
պարտաւոր
ենք
երբեք
մտքէ
չհեռացնել:
Այս
պարտադրանքը
չունէր
գոյութիւն
Խրիմեանի
վաստակներէն
ո՛չ
մէկուն
համար,
բանաստեղծականներէն։
«
Խելացի
եւ
ուշիմ
թոռնիկ,
այժմ
պիտի
սկսէ
Պապիկ
իւր
դասերն.
ոչ
վարժատուն
պէտք
է,
ոչ
գրասեղան,
ոչ
թուղթ,
ոչ
գրիչ,
ոչ
մելան,
դու
տես
թէ
ո՞ւր
պիտի
խօսեմ
դասերս։
Տան
մէջ,
ախոռին
մէջ,
դաշտին
մէջ,
լեռներու
վերայ,
աղբիւրներու
գլուխ,
գութանին
ժամանակ
թէ՛
մաճ
կը
բռնեմ,
թէ՛
դասերս
կը
խօսիմ,
Դու
լծան
վրայէն
ականջ
անելով
դասերուս
լսէ,
եւ
ձէնովդ
լծկաններ
խրախուսէ։
Բացուած
ակօսներուն
պէս
ես
էլ
քո
միտք
պիտի
հերկեմ
ու
բանամ։
Սերմնացանի
ժամանակ
վա՜շ,
ի՞նչ
սիրուն
է,
մի
կողմէն
ցորենի
հատիկներ
եւ
միւս
կողմէն
դասերս
մտքիդ
մէջ
պիտի
ցանեմ։
Հունձքի
ժամանակ
երբ
u
արակներ
դէպի
հովի
տակ
նստած
մանգաղներ
կը
սրեն,
ես
էլ
կը
նստեմ
քո
դաս
կը
խօսեմ
եւ
կը
սրեմ
քո
գուլ
միտք։
Կալատեղն
ալ
ի՞նչ
յարմար
դասարան
է,
երբ
դու
կամնասայլին
վերայ
կը
կենաս,
ես
քառէշտ
ձեռքս
կը
շրջեմ
կալին
բոլոր,
մի
կողմէն
օրան
կը
դարձնեմ
եւ
օրանիս
հետ
դասերս
կը
խառնեմ
եւ
կասելով
ցորեն
յարդէն
կը
ջոկեմ,
դու
լից
ու
պահէ
զայն
մտքիդ
շտեմարանին
մէջ
»
։
Ահա
այս
մարդուն
զարմանալի
թարմութիւնը
եօթանասունին։
Զարմանալի
բնականութիւնը՝
Հրաւիրակ
ներուն
խնամուած
տաղաչափութեան
եւ
բարոյախօսական
հատորներուն
հասարակ
տեղիքին
ընդդէմ։
Ամեն
անգամ
որ
ժուժկալ
ու
արագ
տողերու
վրայ
Խրիմեան
արտաքին
աշխարհի
պահեր
պիտի
խառնէ
գեղջուկ
կեանքի
պատկերներուն,
պիտի
գտնէ
բնական
յուզում,
հաղորդականութիւն,
բանաստեղծութիւն։
Այդ՝
պատկերներուն
իրաւութիւնը
գեղջուկ
կեանքին
ամենէն
սրտառուչ
ալպոմէն։
Այդ
բնութեան
ամենէն
անուշ
պատերը,
Վասպուրականի
չքնաղ
սինարիոյով
մատուցուած
մեր
վայելումին։
Ահա
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ին
երկու
հիմնական
արժանիքները։
Որոնք
գիրքին
մարմինն
ի
վեր
պիտի
միջամտեն
առօրեան,
հասարակը,
անբանաստեղծականը
հակակշռելու:
Դժուար
է
հետեւիլ
Խրիմեանի
խորհրդածութիւններուն,
երբ
ասոնք
նիւթ
ունին
ընկերային,
քաղաքական,
տնտեսագիտական
հարցեր։
Գիրքին
Ա.
Բ.
Գ.
գլուխները
(
Երկիր,
Երկրի
Բնակիչները,
Հողագործութիւն
եւ
Իւր
Արդիւնք
)
յատկացուած
են
հանրածանօթ
հարցերու,
որոնց
վերլուծումը
մեզ
կը
ձգէ
հիմնովին
անտրամադիր:
Հոս
ու
հոն
անձնական
ապրումին
նպաստը
հազիւ
կը
յաջողի
պզտիկ
շահեկանութիւն
մը,
նուաղ
գոյն
մը
խաղցնել
ընդարձակ
հեղեղին
վրայ
հասարակ
տեղիքին։
Նոյնն
է
ճակատագիրը
Դ.
գլուխին
ուր
Փոխանակութիւնք
Գիւղացւոց
եւ
Քաղաքացւոց
Նոյ
-
նահապետական
իմաստասիրութիւնը
լրջօրէն
կը
բացատրուի։
Այդպէս
չէ
կերպարանքը
Ե.
գլուխին,
Վիճակ
Մեր
Արդի
Հողագործութեան:
Առնուազն
պատմական
տարողութեամբ
էջեր
կը
կազմեն
այդ
գլուխը՝
ԽրիմեաՆ
գիտուն
մը
չէր
որպէսզի
այդ
հողագործութեան
վրայ
վերջնական,
սպառիչ
տեղեկութիւններ
ըլլար
ձգած
մեզի։
Բայց
մեր
գիտցածը
այնքան
քիչ
ու
գէշ
է
այդ
ամենէն
որ
տրուածն
իսկ
կը
յօժարինք
թանկ
արժեւորել:
Կուգան
ու
կ՚անցնին
մեր
առջեւէն
գործիքները,
սայլը,
գոմէշները.
Վանայ
նշանաւոր
սա՜յլը։
Ադամայ
գութա՜նը,
որուն
մեծղիութիւնը,
անգործնականութիւնը
կը
բաղդատուին
եւրոպական
արօրի
հետ,
զոյգ
մը
գոմէշով
գութանի
չորս
զոյգին
չափ
հող
դարձնող:
Ուսթա
Դաւիթը,
որ
այդ
եւրոպական
ար
o
րները
կը
նմանահանէ։
Դարբին
Ալեքսանը,
որ
երկաթեայ
մասերը
կը
պատրաստ
է,
եւրոպականին
«
յար
եւ
նման,
բաւական
է
որ
կաղապար
ցոյց
տաս
»
։
Յետոյ
կուգան
սաղմնային
յղացքները
ընկերութիւններու
որոնք
հողագործակցական
առարկաներ
շինէին։
Բարմանթէ
ի
եւ
գետնախնձորին
ոդիսականը
քով
քովի
հայ
գիւղին
ամենէն
նկարագեղ
տեսարաններէն
մէկուն
հետ
ուր
գոմէշին
հովուերգական
կռիւը
ու
անոր
բնական
պատմութիւնը
(histoire
naturelle)
մեզի
կը
մատուցուին
շատ
համեղ
պատմումի
մը
մէջէն։
Ու
պատկառելի,
ակադեմիական
ե՜զը,
«
որ
ոչ
լուանալ
կ՚ուզէ
եւ
ոչ
օծել,
բաւական
է
միայն
քերոցով
իր
կռնակ
քերել
ու
մաքուր
պահել
»
։
Յետոյ
Պիւքոնի
քերթուածային
կենդանին,
ձին։
«
Կուրծքը
կրկնապատիկ
ուժ
ունի
քան
եզան
վիզը
»:
Արագութի՛ւնը։
Զ.
գլուխը
նուիրուած
է
վարուցանի
եւ
մշակական
այլ
աշխատանքներու:
Գրական
գործի
մը
մէջ,
այսօր,
այս
ամենը
մեզ
կը
տպաւորեն
ծանր
ժխտականութեամբ
մը։
Բայց
պարտաւոր
ենք
հեղինակին
առաջադրութիւնը
չմոռնալ
երբեք։
Անիկա
Վիրգիլիոսի
հետ
մրցում
մը
չունի
այլեւս
ինչպէս՝
ունեցեր
էր
այդ
փառասիրութիւնը
Վենետիկցի
տաղաչափ
աբբաներու
հետ
Հրաւիրակ
ներու
օրերուն։
Խրիմեան
գործնական,
տարօրէն
իրատես
մարդ
մըն
է
հողին
հետ,
հողին
վրայ։
Կը
զգար
որ
իր
թոռնիկին
իր
յանձնարարանքը
անիկա
գործադրած
է
ատենին։
Երբ
կը
խօսի
հերկին,
ջրկալին,
մանկեռին,
կռէթին,
ջրտուքին
մասին,
անիկա
աչքին
առջեւ
ունի
ապրուած
զգայութիւններու
անփոխարինելի
նպաստը։
Վիրգիլիոսէն
երկու
տող
ու
դպրոցը։
Կալինը
եւ
անոր
գեղացիներուն
հնարագիւտ
նկարագիրը
որպէսզի
երեւան
գան
Վանեցիներու
նախնական
միտքը,
աշխատանքի
եղանակները:
Ահա
քեզի
իր
բառերը
«
Միթէ
գիւղացւոյն
համար
ցանելու
բան
կը
պակսի՞.
թող
խոտ
մշակէ,
առւոյտ
ցանէ,
կորնկան
ցանէ,
վարսակ
(
իւլաթ
)
ցանէ,
փաթաթէս
ցանէ,
շողգամ
ցանէ,
ճակնդեղ
ցանէ,
բակլայ
ցանէ,
ոսպ
ցանէ,
սոխ
ցանէ,
…
»
։
Աս
է
ահա
իր
խօսելու
ամենէն
ինքնեկ
ձեւը։
Սերմի
Ընտրութիւն
եւ
Սերմնացան
(
Է.
գլուխ
)
իրեն
համար
առիթ՝
որպէսզի
հմուտ
երկրագործը
խօսի։
Կ՚ընդունինք։
Բայց
ահա
աւելին։
Զուր
տեղը
չէ
որ
եկեղեցական
է
անիկա։
Սերմը
օրհնելու
արարողութիւնը
հնաւանդ
կարգ
մըն
է։
Խրիմեան
զայն
կը
յիշատակէ
որպէսզի
խորհուրդին
հզօր
թելադրանքները
գտնէ։
Աղօթք,
շարական։
Ոտանաւոր
մը՝
որ
իր
պարզութեան
մէջ
լման
գիրքերը
կ՚արժէ
Վենետիկի
քերթողահայրերուն։
Կարդացէք
«
Ես
կը
ցանեմ
ո՛վ
իմ
Աստուած
»
ը,
որպէսզի
համոզուիք
թէ
որքան
իրաւ
բաներ
կարելի
է
ըսել
մեր
լեզուին
ամենէն
խոնարհ
բառերով,
հերիք
է
որ
զանոնք
գործածողը
ըլլայ
պաշտպանուած
մեր
հողէն,
մեր
կեանքէն։
Դասարանի
մէջ
այդ
քերթուածիկին
(
քսաներկու
տող
)
վերլուծումը
ինծի
կ՚արժէր
երկու
լման
դասապահ
ու
ես
ստիպուած
էի
մնալ
միայն
հիմնական
թելադրանքներուն
ծիրին։
Ամբողջ
պատմութիւն
մը,
բարքերու
դրութիւն
մը,
հոգեկան
աշխարհ
մը
կը
մնան
ծրարուած
այդ
անպաճոյճ
ոտանաւորին
մէջ։
Հայ
գիւղացին,
իր
սրտին
բոլոր
բարութեամբը,
առատութեամբը,
անհուն
ժուժկալութեամբը,
չարքաշութեամբը։
Ը.
գլուխը,
Ջուր
եւ
ոռոգումն
Արտօրէից
եւ
Դաշտաց,
կէս
դար
առաջ
կարծես
կը
պատգամէ
1946
ի
Հայաստանին
բարգաւաճ
հողագործութիւնը,
աւելի
կատարելագործուած
մեթոտներով։
Եթէ
Խրիմեանի
գործօնութեան
սլաքը
անմիջական
շրջապատն
է
այդ
Առճակին,
ու
քիչ
մը
բացօք՝
Վանին,
ոգին
կը
պարզ
է
սակայն
մէկ
ու
նոյն
պայծառատեսութիւնը։
Այսօրուան
Հայաստանին
փառքը
ջուրէն
է,
ըլլայ
անիկա
անապատը
ապատի
փոխելու
դերին,
ըլլայ
հոսանքը
ուժի
վերածելու
աւելի
բարդ
կերպարանքին
մէջ։
Ջուրը
մեր
հայրենիքին
ամենէն
սրբազան
աշխատաւորն
է,
բարերարը։
Խրիմեան
չոր
գիւղատնտես
մը
չէ
երբ
կը
պատմէ
այդ
բարեգործութենէն։
Այո՛,
անոր
հետ
կապուած
է
ամբողջ
դրութիւն
մը
(
յիշել
հին
դարերուն
Եգիպտոսը,
Պարսկաստանը,
Միջագետքը
),
որ
մինակ
բանաստեղծական
նմանութիւններու
թելադիր
չէ
բարեբախտաբար։
Ջրկալը
մարդ
մըն
է,
հարկահանին,
սպարապետին
նման
ազդմունքներով։
Ու
«
կագ
ու
կռիւ
»:
Ու
թումբ:
Ու
պարարտացում:
Կը
խորհիմ
թէ
բարձր
լեռներով
շրջապատ
այդ
հովտակներուն
մէջէն
մեծ
ու
պզտիկ
վեց
հարիւրէն
աւելի
ջուրի
ընթացքները
Վանայ
ծով
թափելէ
առաջ
պարտաւոր
էին
պաշտօններ
ունենալ։
Խրիմեան
գիտէ՞
թէ
ինչ
կ՚ընէ
երբ
ջուրին
կը
վերագրէ
թաքուն
ալ
զօրութիւն,
հողը
պարարտացնելու։
Թ.
գլուխին
մէջ
`
Արտորէից
Բաժանումն
եւ
Հաւասար
Տարածութիւն
։
Այսինքն՝
արդի
անդաչափութեան
օրէնքները
որոնց
համեմատ
արտերու
միջեւ
հողեր,
ոչ
միայն
ճամբու,
այլեւ
խոտի,
անասուններու
դարմանին
համար։
Խրիմեանի
գիրքին
մէջ
անասունը
գրեթէ
մարդկայնացած
է։
Խրիմեան
անոնց
նուիրած
է
ոչ
միայն
գործնական
թելադրանքներ
խնամքի,
կերի,
աշխատանքի
հարցերով,
այլ
միշտ
ալ
զանոնք
նկատած
է
ընկեր:
Յիշեցի
թէ
հողն
ու
կինը
կ՚արժէին
հաւասար,
իր
չափանիշներով։
Կ՚աւելցնեմ
ուրիշ
ալ
նկատողութիւններ։
Եղած
եմ
գիւղերու
մէջ
ուր
կինն
ու
գոմէշը
ոչ
միայն
կը
լծուէին
արօրին,
հերկելու
ատեն,
այլեւ
կ՚արժէին
զիրար:
Գիւղացին
իր
գոմէշին
սատակը
կուլար
յորդ
արցունքներով,
ինչպէս
պիտի
ընէր
իր
կնոջը,
զաւկին
համար։
Խրիմեան
կ՚ուզէ
որ
արտերը
ըլլան
խնամքով
զատուած.
վերնայ
դրացիին
հողէն
ակօս
գողնալու
սովորութիւնը,
հողին
համար
անխուսափելի
կռիւները։
Արտերու
մէջ
գոյ
անհարթութիւնները
դարմանելու
իր
գործնական
խրատնե՜րը:
Ժ .
գլուխը
նուիրուած
է
պարարտացման։
Խրիմեան
իր
ժամանակին
հողագործէն
ունի
իր
բոլոր
գիտցածը.
աւելին՝
պարարի
դերին
մտատեսութիւնը,
ապագային
համար։
Թորոսէն
առա՜ջ։
Գիրքին
սրտագին
գլուխներէն
են
Հունձք
ը
(
ԺԱ
),
Կալ
ը
(
ԺԲ
),
Շտեմարան
ը
(
ԺԳ
)
։
Վերնագիրները
իրենք
իրենց
բանաստեղծութիւն
ու
կեանք
են
հաւասարապէս։
Սփիւռքին
համար
այդ
գլուխները
կ՚արժեն
աւելին,
քանի
որ
առաւելապէս
քաղքենի՝
այդ
սփիւռքը
այդ
ամենուն
մօտենալու
համար
անգիտակցաբար,
կը
մտնէ
արուեստի
մթնոլորտին
մէջ
ուր
իրողութիւնները
կ՚ենթարկուին
որոշ
վսեմացման,
Ֆրէօյտէն
կասկածուած,
բայց
բոլորովին
տարբեր։
Այդ
գլուխները
թուղթին
նետող
ծերունին
կ՚ապրէր
զանոնք
իբր
կեանքի
անթարշամ
կտորներ,
ինչպէս
անոնց
առիթով
սա
տողերը
դարձեալ
ուրիշ
թուղթի
մը
վրայ
նետող
գիւղացին
կ՚ապրի
անշամանդաղ
քաղցրութիւնը
հնձելուն,
կամնելուն
…
Խրիմեան,
միշտ
մոռնալու
չէք,
մտքէն
չ
'
անցըներ
թէ
կալը
բանաստեղծները
յուզելու
դեր
մը
կրնայ
ունենալ:
Անիկա
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ը
գրած
է
բոլորովին
օգտապաշտ
առաջադրութիւններով։
Տարիքը,
խառնուածքը,
աքսորը,
վտանգը,
շրջանը
միջամտած
են
անշուշտ
որպէսզի
անմիջական
այդ
օգտապաշտութիւնը
չդառնայ
գիրքին
տիրական
նկարագիրը:
Անշուշտ
պիտի
յիշեմ
Երկրագործութիւնը
Որպէս
Ուղիղ
Ճանապարհ
հատորը,
ու
պիտի
գոհանամ
զայն
թելադրող
զուտ
օգտապաշտ,
բայց
կատարելապէս
գիտական
միտքը,
որ
իրողութիւններ,
թելադրանքներ
միայն
արձանագրած
է
ու
չէ
գտած
բանաստեղծական
այն
խռովքը
զոր
ամէնքն
ալ
կ՚առնենք
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
էն:
Նալպանտեան
գիտուն
մըն
է
զոր
իր
ժողովուրդին
բարօրութիւնը
խանդավառած
է
բայց
չէ
յաջողած
բանաստեղծի
վերածել:
Խրիմեան
բանաստեղծ
մըն
է
զոր
իր
ժողովուրդին
գլխէն
կախ
վտանգը
մղած
է
աշխատանքի,
գործնական,
գետնաքարշ,
բայց
մնացած
է
անհատական՝
այդ
խառնուածքը
(
բանաստեղծի
)
վտանգելու:
Խրիմեան
այդ
երեք
գլուխներուն
մէջ
կը
միախառնէ
հէքեաթն
(
արտուտ
թռչունին
հէքեաթը
)
ու
իրականութիւնը,
աշխատանքին
կրակն
ու
քաղցրութիւնը։
Բերքին
անհուն
ապահովութիւնը.
սարակները
իբրեւ
շքեղ
գործօնութիւն.
սայլերը.
կալատեղը.
օրանն
ու
ցորենաշեղջերը.
կամնող
մեքենան
ու
աղքատ
Ղազարը.
բերքին
փոխադրումը
շտեմարան,
խարիսան
ու
իր
երգը
…:
Այս
ամէնը,
հեռագրական
սա
ուրուայնութեա՜մբ։
Բայց
բացէք
բառերը
ու
դուք
ունեք
լման
պատկերը
գեղին
…:
Կարդացէք։
«
…
Ահա
մեր
բարեկամ
Կիրակոս
աղբօր
կալ.
կը
չափեն,
տե՛ս,
քսան
քիլանոց
մի
ցորենի
շեղջ
է.
վաշխառու
քաղքցիք
եկեր
պատրաստուեր
են,
չափեցին
շեղջը,
քսան
քիլա
եղաւ:
Նախ
տէրութեան
տասանորդին
տուրք
տրուեցաւ,
վաշխառուներ
ամէն
մէկ
իրենց
տոկոսներու
հաշւով
չափեցին
առին,
ի՞նչ
մնաց
միայն
կալատակն.
նորա
վերայ
եւս
աղքատներ
թափեցան,
կալէմասն
առին
սրբեցին
կալատեղ։
Դու
տես
այժմ
Կիրակոսին
խեղճ
վիճակը.
նա
տխուր
երես
կախած,
առաւ
կալին
ցախաւել,
թիակ,
հեծանոց
եւ
այլն,
գնաց
տուն.
տանտիկին
հարցուց.
տօ
մա՜րդ,
այդ
ահագին
կալէն
մեզ
բաժին
չի
մնա՞ց։
ի՞նչ
պիտի
ուտեն
մեր
ճժեր
ու
պժեր։
Տանուտէր
պատասխանեց
`
տարեկա՜ն,
տարեկա՜ն
(
հաճար
),
գարին
արդէն
գնացող
եկող
հիւրերուն
հազիւ
բաւ
է։
Տանտիկին
ձեռքեր
կցեց
ու
լացաւ,
ա՜հ,
Աստուած,
Դու
տեսար,
բարկ
թոնրին
դիմաց
տարին
բոլոր
հաց
թխեցի,
կերակուր
եփեցի,
մշակներ
հոգացի,
ի՞նչ
դատաստան
է
այս,
Տէ՜ր,
ես
ու
իմ
ճժերս
կարօ՞տ
պիտի
մնամք
ցորեն
հացին։
Է՜,
տանտիկին,
դուք
չգիտե՞ս,
ցորեն
քաղքցոց,
գէր
գէր
մսացուներ
դարձեալ
քաղքցոց,
իսկ
գեղացւոյն
բաժինն
է
տարեկան,
կորեկ
եւ
թանապուր
»
։
Ու
ըսէք
ինծի
թէ
կը
զգաք
սա
տարօրինակ
մարդուն
առթած
խռովքը,
չոր
թուղթին
իսկ
վրայ:
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ը,
գրեթէ
ամէն
գլուխի
մէջ,
մեզ
կը
դնէ
դէմ
դէմի
մեր
կեանքին
ամենէն
ծանր
տագնապներուն
հետ:
Ձմեռն
եւ
Անասնոց
Դարման
(
ԺԴ
),
Ոչխար
եւ
Իւր
Ամենաշահ
Արդիւնք
(
ԺԵ
)
գլուխներով
ունինք
Խրիմեանի
գործնական
ու
բանաստեղծական
նկարագիրներուն
խառնուրդը:
Մեր
երկրին
ձմե՜ռը։
Մեր
ախոռնե՜րը։
Մեր
գոմերուն
ոչ
-
ասուն
մեր
ընկերները։
Եօթանասնամեայ
ծերունին,
երիտասարդի
թարմութեամբ
կը
մտապատկերէ
իր
հայրենիքին
լեռները,
արօտները,
ձիւները,
կենդանիները։
Այս
խառն
կեանքին
գլխաւոր
պատահարները
կը
դրուագուին
սրտազեղ
բանաստեղծութեամբ,
ինչպէս
ամենէն
իրապաշտ
համեմատութիւններով։
Կատարեալ
հովուերգութեան
էջեր
կը
յիշեցնեն
ոչխարին
ետեւէն
ապրող
մարդերուն
ապրումները։
Խրիմեան
այդ
հովոցներուն
վրայ
ամառ
ատեն
արածող
հօտերուն
առիթով
չէ
նուաճած
անշուշտ
այդ
լեռներուն
tellurique
ծորումները։
Բայց
տուածը
բաւ՝
որպէսզի
մեր
մտքին
ուրուանան
ծանր
խոտերով
մշտազուարճ
այդ
վայրերը,
ուր
ջուրերը
կը
«
չղչղան
»,
ու
գիւղացիին
ձայնը
«
կ՚ոլըրտի
»,
խառնուելու
համար
«
քամուն
»:
Ու
այսքան:
Այսինքն
արագ
թելադրանք,
որմէ
անմիջապէս
վերջ
`
հիմնականին
ճնշումը:
Գիրքը
գրուած
էր
հողին,
բերքին,
ընտանիքին
համար,
ոչ
թէ
աս
ու
ան
հեշտախոյզ
միտքը
բանաստեղծական
զգայութիւններու
առաջնորդելու։
ԺԶ.
գլուխը
նուիրուած
է
գթասրտութեան,
մարդերէն
անդին,
ընտանի
անասնոց
վերայ
։
Անշուշտ
իմաստուն
կ՚ըլլաք
այս
երկար
գլուխին
հիմնական
թելադրանքը
փնտռել
գիւղացի
հոգեբանութեան
մը
մէջէն։
Խրիմեան
բուխ
–
սիրտ,
անընչաքաղց
հովիւ
մը
իբրեւ
ծախսած
է
իր
կեանքը։
Բայց
այդ
առաքելական
բարեխառնութենէն
վեր
է
իր
մէջ
գործնական,
օգտապաշտ
գեղացին
որուն
համար
արտը
ամէն
բան
է։
Այդ
արտը
արգասաւորող
ուժերը
անոր
նկատառման
մէջ
կ՚արժեւորուին
այդ
հանգամանքով։
Խօսեցայ
ձեզի
սատկած
գոմէշին
ընկերէն,
որ
հողագործին
կինն
է
երբեմն
լուծքի
մէջ։
Ընտանի
անասունները
զաւկի,
կնկայ
զգացումներու
ծնունդ
կուտան
գեղացիին
մէջ։
Պատմութիւնները
եղնիկներու,
գայլերու,
որոնց
մէջ
գեղացին
դրած
է
իր
իմաստութիւնը,
humeur,
այդ
գլուխին
ընթերցումը
կ՚ընեն
հաճելի։
Կ՚անցնիմ
արագ
Մշակութիւն
Ծառատնկոց
գլուխին
(
ԺԷ
),
քանի
որ
ոչ
ոք
1890
ին
Խրիմեանին
խրատին
կը
կարօտէր
այդ
գետինին
վրայ,
գալու
համար
գիրքի
միւս
կէսին
ուր
խրատին
ետեւէն
մեզի
կը
մատուցուին
Գիւղական
Ժողովրդի
Տունն
ու
Կեանքը
(
ԺԸ
),
Գիւղական
Եկեղեցի
եւ
Քահանայ
(
ԺԹ
),
Գիւղական
Ժողովրդի
Վիճակին
Բարւոքումն
(
Ի
),
Թոռնիկին
Հարսնիք
(
ԻԱ
),
Պապկէ
Պսակ
ի
Դաշտ
(
ԻԲ
),
Մեռելոց
Դաշտ
եւ
Գերեզմանաց
Յիշատակարաններ
(
ԻԳ
),
Պապկէ
Կտակ
եւ
Մահ
(
ԻԴ
)
։
Կեցէք
ուշադիր
ամէն
մէկ
հատուածի
առաջ
ու
ենթադրեցէք
թէ
բերնին
եկածը
մեզի
քշելու
սովոր
մարդու
մը
փոխարէն
դուք
ունեք
պարկեշտ
պրպտողը,
խնամքով
դասաւորողը,
ազատ
վերլուծողը։
Դուք
կը
գիտակցի՞ք
թէ
նման
մարդէ
մը
մեզի
գալիք
արդիւնքը
պիտի
ըլլար
անհաւասարելի
շահեկանութեամբ
գանձարան
մը:
Ես
տառապեր
եմ
իմ
ժողովուրդիս
պակասէն,
իր
գրականութեան
անցեալ
շրջաններուն:
Տառապեր
եմ,
դարձեալ,
որ
մօտ
երեք
քառորդ
դար
արեւմտահայ
գրականութեան
մթերքին
մէջ
այնքան
քիչ
բան
ինկած
ըլլայ
մեր
ժողովուրդի
կեանքի
պահեստէն։
1860-1915,
որո՞նք
`
գիրքերը
որ
մեր
կեանքը
տուած
ունենար
յատակ,
չէնք
արուեստագէտին
Դուք
այս
հարցումին
պատասխանը
կը
գտնէք
Համապատկեր
ին
մէջ,
գլխաւորաբար
Ծոփաց
աշխարհի
եւ
Վասպուրականի
գրողներուն
առիթով,
այսինքն
երկվեցեակէն
պակաս
գործերու
ներսը։
Խրիմեանի
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ը
անշուշտ
նախատիպը
չէ
Թլկատինցիի
Գեղի
Նամակներ
շարքին։
Բայց
`
պարտաւոր
եմ
ընդունիլ
որ
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ը
արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
առաջին
փորձն
է
ոչ
միայն
վերլուծական
պատկերացումի
մը,
այլեւ
մեր
գեղերուն
կերպարանքը
արդի
կեանքին
պատշաճեցնելու
փափաքի
մը։
Խրիմեան,
էապէս
լաւատես,
իր
գիրքը
չէ
հեղինակած
կորուստի
մը
կսկիծին
մէջ
(
Համաստեղ,
Օհան
Կարօ,
Նուրիկեան,
O
շական
),
ոչ
ալ
անդարման
ողբերգութիւն
մը
շահագործելու
ցեղային
տագնապով
(
Հրանդ,
Թլկատինցի,
Զարդարեան,
որոշ
չափով
մը՝
Երուխան
)
։
Անիկա
կը
հաւատայ
իր
խօսքին
ինչպէս
գիւղացիի
սերմին։
Ու
իր
ուզածը
ուրիշ
բան
չէ
եթէ
ոչ
այդ
աշխարհին
(
գիւղականը
կ՚ընդգրկէ
արտա
–
Պոլիսը,
քանի
որ
Պոլիս,
Պրուսա,
Էտիրնէ,
Իզմիր
քաղաքներ
էին
ուր
մեր
գեղացին
չէր
երեւար
)
բարելաւումը,
ամէն
երեսներու
վրայ։
Այս
հաւաստումով՝
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ը
իր
խորքին
մէջ
կը
դառնայ
հաւատարիմ
Խրիմեանի
ընդհանուր
գրական
արդիւնքին։
Անիկա
Պոլսեցիներուն
խրատ
էր
տուած
իր
քերթուածներով,
բարոյախօսական
գրքոյկներով
եւ
խրատներ՝
ուղղուած
իմացականութեան
ու
սրտին։
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ը
իր
կարգին
խրատ
մըն
է,
ուղղուած
գեղացին
իմացականութեան,
սրտին,
բայց
մանաւանդ
գործնական
տաղանդին։
Ի՞նչ
էր
հետապնդած
արդիւնքը
այդ
խրատներուն։
—
Ապահովաբար
երբեք
ան՝
որուն
մօտեցայ
գաւառաշունչ
վերջ
գործերուն
առիթով,
այլ
այն
շատ
պարզ
բարիքը
որ
մեզի
կուգայ
գիտակցուած
աշխատանքէ
մը։
Թէ
գիւղացին
պէտք
չունէր
իր
հողը
մշակելու,
սերմը
ցանելու,
հունձքը
կամնելու,
բերքը
պահելու,
հարիսա
եփելու
արարքներուն
համար
արտաքին
որեւէ
թելադրութեան,
ճշմարիտ
է
անառարկելի
կերպով։
Բայց
թէ
միւս
կողմէն
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ին
մէջ
արդի
գիտութեան
կարգ
մը
առաւելութիւններուն,
նորոգումներուն
նպաստը
ի
վիճակի
էր
մեծ
բան
փոխելու
այդ
տնտեսութեան
ու
այդ
ապրելու
դրութեան
մէջ,
դարձեալ
դուրս
է
կասկած
է:
*
*
*
Այս
ամենէն
անկախաբար,
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ը
նորութիւն
էր,
նոյնիսկ
գեղեցկութիւն,
իննսունական
թուականներուն,
դէզին
մէջը
անտանելի
թերթուածներու
որոնք
մէկ
կողմէն
Պոլիսը
կը
խանդավառեն
ծանր
նրբութիւններու
հեշտանքով,
Դեպի
Իրապաշտները
խմբակին
ալ
հասունցած
տաղաչափներու
գրիչէն
ու
Իրապաշտ
նորահասներուն
յանդուգն,
խուզարկու
ջանքերէն,
միւս
կողմէն
Վենետիկ,
Թիֆլիս
կը
շարունակեն
անհանդուրժելի
հայրենամոլութիւնը
մեր
Ռոմանթիքներուն։
Հարցնել
թէ
ո՜ր
ժողովուրդին
կը
պատկանէին
այդ
դիւանները,
այսօր
աժան
տրտմութիւն,
1890
ին
սրբապղծութիւն
պիտի
նշանակէր։
Խրիմեանի
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ը
կը
զատուի
ուրեմն
թէ
իր
սերունդին,
թէ
Իրապաշտներուն
ախորժակներէն։`
Որքան
հետաքրքրական՝
գիրքերուն
ցանկը
որ
քսանամեակի
մը
ջանքը
կը
պատկերէ
(1870–1890)։
Չեմ
քաղեր։
Եղիա,
Տիւսաբ,
Թէրզեան,
Uէթեան,
Չերազ,
Ծերենց,
Մամուրեան
անուններ
չեն
միայն,
մեծատարած
յարգի
բարձրացած,
այլեւ
գիրքերու
հեղինակներ:
Ու
հիմա
ձեզ
կը
հրաւիրեմ
որպէսզի
բանաք
Անգլիական
Նամականի
ն,
Մայտա
ն,
Ստուերք
Հայկականք
ը,
այսինքն
ամենէն
մեծահամբաւ
հատորները
սերունդին,
որպէսզի
անոնց
մէջէն
դուք
գտնէք
ձեր
ժողովուրդին
իրաւ
ապրումները։
Հատորներ
ունէին
դարձեալ
Uէթեանը,
Թէրզեանը,
Չերազը,
Ծերենցը։
Բայց
բոլորինն
ալ
մէկ
էր
անպատեհութիւնը:
Ատիկա
գոլն
էր
ժողովուրդի
մը
որ
տարօրէն
իրաւ
էր
այդ
Վոսփորի,
Ոսկեղջիւրի,
կղզիներու
ափունքներուն,
ու
այնքան
սուտ՝
Գրական
Փորձեր
ուն,
Այգեկութք
ին,
Յուզման
Ժամեր
ուն,
Առաջին
Տերեւք
ին,
Թորոս
Լեւոն
ին
մէջ։
Այն
ատե՞Ն:
—
Այո՛,
այն
ատեն
միայն
կը
դառնայ
ծանրակշիռ
իրողութիւն
մը
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
գրքոյկը։
Ի՞նչ
հարկ
գիրքին
երկրորդ
կէսին
պարունակութիւնը
բանալ,
մէկիկ
մէկիկ։
Ատիկա
պիտի
նշանակէր
հայոց
աշխարհ
մը
ոգեկոչել։
Կը
գոհանամ
ուրեմն
դիտել
տալով
որ
այդ
դասերուն
նպատակը
փորձ
մըն
է
նուաճելու
հայ
գիւղական
կեանքը,
գէթ
իր
գլխաւոր
երեսներուն
վրայ:
Ըսի
թէ
այդ
կեանքը
չուներ
գոյութիւն
արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ,
1890էն
դէպի
ետ
։
Ու
կ՚աւելցնեմ.
—
Այդ
հատորիկը
անշուշտ
անբաւական
է
ազատագրելու
հայ
հարազատ
գիւղը,
ժամանակին
ու
միջոցէն
արուեստի
գործի
մը
ամենէն
նուիրական
պարտքն
է
ասիկա,
զայն
զատող
գիտութենէն,
պատմութենէն
ու
քանի
մը
հարիւր
տարիներու
համար
գոնէ
կենդանի
ընծայող),
բայց
Խրիմեանը
իբրեւ
գրագէտ
արժեւորելու
իմ
տրամադրութիւնն
ալ
լայնօրէն
կը
պաշտպանէ։
Ու
այս
տողերը`
որպէսզի
պարզուի
տարողութիւնը
իմ
զիջումին։
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
տակաւին
չէ
մեռած:
Ըսել
կ՚ուզեմ՝
զայն
ոտքի
կանող
յուզումները
չեն
հանգչած
իր
յապաղած
բանուորներէն
ոմանց
մօտ։
Ան
որ
գնահատումը,
ուրեմն,
ստիպողաբար
ազդեցութեանը
տակ
պիտի
կատարուէր
այդ
յուզումներուն։
1950ին,
ոչ
ոք`
դատելու
ատեն
մխիթարեան
գրական
ճիգը
մինչեւ
1850,
պիտի
այցուէր
իմ
խղճահարութիւններէն,
վարակումներէն,
քանի
որ
մեր
նախաւոր
զարթօնքին
գրաբարակերտ
յիշատակարանները
անվերադարձ
կը
պատկանէին
հայոց
պատմութեան։
Որեւէ
փորձ՝
Բուրաստանք
ը
մեր
օրերու
ապրումին
առաջնորդելու,
ինչպէս
Հայկ
Դիւցազն
ը
ընթերցումի
ընդունակ
ընծայելու։
Այսպէս
չէ
տակաւին,
գէթ
ինծի
համար,
ճակատագիրը
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ին:
Ճիշդ
է,
1945ին
մեր
հայրենիքը
տակաւին
իր
մեծ
մասին
մէջ
գերի
է։
Բայց
իր
ազատագրուած
մասին
մէջ
անիկա
մտքէ
պիտի
չանցընէր
Խրիմեանի
խրատները
որեւէ
կերպով
օգտագործելու
իր
հողագործութեան,
տնտեսութեան
համար։
Մեռա՞ծ,
ուրեմն,
անյարութիւն՝
Խրիմեանի
գործին
միակ
իրաւ
մասը։
Կ՚աճապարենք։
Նոյնիսկ
մեռել,
անիկա
վկայութիւն
է
ուրիշ
արժէքներէ .
Ու
նոր
չէ
որ
մեռելները
երբեմն
աւելի
կ՚արժեն
քան
ողջերը։
1914ը
թուական
մըն
է
ո՛չ
միայն
պատմութեան,
այլեւ
մեր
գրականութեան
համար։
Դասագիրքի
մը
մէջ,
Մեղրագետ,
Ռուբէն
Զարդարեան
երբ
իր
սերունդին
գնահատանքը
կ՚արձանագրէ
Խրիմեանի
գործին
վրայ,
ապահովաբար
ազդեցութեան
տակն
է
անհուն
այն
ժողովրդականութեան
որ
Հայոց
Հայրիկն
էր
հայ
սրտերուն
խորը։
Անշուշտ,
այդ
օրերէն
երեսուն
տարի
վերջ,
այդ
ժողովրդականութիւնը
տժգունած
է
կեանքէն
հեռացմամբ
մը,
մանաւանդ
մեր
հոգիները
լեցնող
այյլապէս
բարդ
յուզումներուն
սլաքներէն
բզկտուած։
Կ՚ընդունիմ
որ
հայոց
գրականութեան
ինքզինքը
պարտադրել`
ըլլայ
համազօր
գործերու
ծանր
կշիռին
մէջ
առաւելեալ
արժէքին։
Խրիմեանի
գործին
մնացեալ
մասը
գտած
է
իմ
գրչին
տակ
իր
արդար
կշիռը։
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ը։
—
Հատոր
մըն
է
անիկա
ուր
գրագէտ
մը
(այս
բառին
տուէք
իր
ամենէն
ազնուական
առումը)
տարաբախտ
ձեւով
մը
կը
մնայ
անբաւական։
Ու,
գաղափարներու
զուգորդութեամբ,
կրկին
կը
ներկականայ
մտքիս՝
վերերը
յիշուած
հատորը
Նալպանտեանին
որ
նոյնքան
հեղինակաւոր
համբաւի
մը
լուսապսակովը
կը
բանայ
արեւելահայ
գրականութեան
նախաւոր
Զարթօնքը։
Ան
ալ
գրած
է
Երկրագործութիւնը
Որպէս
Ուղիղ
Ճանապարհ
գիրքը,
երգած՝
հայոց
հայրենիքը,
ազատութիւնը,
մուսաներու
բարբառով։
Ըսել
թէ
մեծահռչակ
այդ
աշխատաւորը
կը
պատկանի
արեւելահայ
ճշմարիտ
գրողներու
փաղանգին,
պիտի
նշանակէր
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ը
իբրեւ
գրական
յաջողուածք
մը
արժեւորել:
Այս
վարանումներուն
մէկ
է
շարժառիթը։
Հակառակ
իմ
բոլոր
փափաքիս,
դժուար
է
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ը
ընդունիլ
արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
յաջողած
վաստակ
մը
ինչպէս։
Հոգիս
պիտի
ընդվզէր
մտքիս
դէմ
սակայն
եթէ
վճռէի
անոր
տարագրումը
այդ
գրականութենէն
երբ
նման
խղճահարութեան
ստուերն
իսկ
չունիմ
Ստուերք
Հայկականք
ին
համար,
քանի
որ
աւելի
քան
ստոյգ
է
եղերական
ճշմարտութիւնը
որուն
համեմատ
ԺԹ.
դարու
ամենէն
ժողովրդական
դէմքը
ուրիշ
ոչ
մէկ
գետնի
վրայ
պատեհութիւն
ունէր
իր
ժողովուրդին
հոգին
համադրելու
քան
հոն
ուր
բնազդը
կը
վարէր
զինքը,
Հայոց
հայրենիքին
ամենէն
ապառաժ
հոգեմասին,
հայ
գեղին
վրայ:
Յետոյ,
եթէ
այդ
հոգին
ինքզինքը
պիտի
չյայտնաբերէր
իր
ամենէն
բարձրակարկառ
անձնաւորութեանց
ընդմէջէն,
ո՞ւր
պիտի
ներուէր
մեզի
փնտռել
զայն,
հոգին
այդ
ժողովուրդին,
սրտազարկը,
քանի
որ
այդ
մարդերը
ամենէն
աւելի
հանդերձուած
էին
այդ
դերին։
Երկրագործութիւնը
Որպէս
Ուղիղ
Ճանապարհ
ը
Խրիմեանին
չափ
յանդուգն,
ժողովրդանուէր
սրտի
մը,
բայց
անկէ
բոլորովին
տարբեր
ամբողջութեամբ
գերակառոյց
միտքի
մը
նուէրն
է
հայ
գիւղացիին։
Ըսի
թէ
ամէն
գիւղացի
շատ
աւելի
լաւ
գիտէ
քան
Խրիմեանը,
իր
գիւղական
աշխատանքները
կատարելու
առօրեայ
օրէնքները,
ինչպէս
անկարող
է
գործադրել,
առանձին,
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ով
թելադրուած
նորութիւնները։
Կը
հասկցուի՞
թէ
ուր
է
գիրքին
տկարութիւնը,
բուն
իսկ
իր
ընթերցողներու
շրջանակին
համար։
Ամէն
Պոլսեցի
—
որ
քաղաքացի
կը
նշանակէ
հոս
–
երբ
պիտի
ուզէր
այդ
հատորը
ձեռք
առնել,
հոն
գտնելու
փափաքով
ճշմարիտ
գիւղը,
առնուազն
ասոր
տեսիլքը
ունենալու
համար
իր
հոգիին
խորը,
պիտի
տառապի
ամէն
էջի
իր
գրածէն
որ
անկազմակերպ,
շատաբան
քարոզն
է,
«յամենայնի»
մակերեսային,
անբաւարար։
Գիւղացիին
քիչ
օգտաւէտ,
քաղքըցիին
համար
անհրապոյր
այդ
գիրքը
ունի,
սակայն
ամէն
դասի
մէջ
մասեր
ու
երբեմն
լման
դասեր
(
Պապկէ
Պսակ
ի
Դաշտ,
Պապկէ
Կտակ
եւ
Մահ
)
որոնք
անառարկելի
սեպհականութիւնն
են
հայոց
գրականութեան։
Միակ
անպատեհութիւնը
—
քանակին
սակաւութիւնը
—
կը
դադրի
ծանր
կշռելէ
այդ
լաւ
մաuերուն
որակի
գերազանց
ազնուութեան
առջեւ։
Ես
չեմ
կարդացած
որեւէ
գրականութեան
մէջ
էջ
մը
այնքան
իրաւ,
մարդկային,
սրտառուչ
որքան
Պապիկին
խօսակցութեան
մէկ
մասը
մահուան
հրեշտակին
հետ
ուր
անիկա
արքայութեան
դաշտերէն
իրեն
բաւող
վարելահո՜ղ
կը
պահանջէ։
Ասիկա
գիրքերուն
վսեմն
է
ահա։
Դարձեալ,
Պապկէ
Պսակ
ի
Դաշտ
ը
ծանր
տարողութեամբ
էջ
մըն
է,
հայ
հողերուն
հետ
հայ
գիւղացիին
անքակտելի
միութեան
խորհրդանիշ
պատգամը։
Այս
գլուխին
տակ
Խրիմեան
գտած
է
մեր
ժողովուրդի
ապրումներուն
ամենէն
իրաւ
գանձարաններէն
մին։
Յուզիչ
են
գերեզմաններու
արձանագրութիւնները,
աշուղ
Մուշոյի
մահը,
պապկէ
կտակը։
Այսքանը
բա՞ւ՝
որպէսզի
արեւմտահայ
գրականութիւնը
տեղ
մը
նուիրէ
այս
մարդուն:
Կը
պատասխանեմ,
առանց
վարանումի,
Այո՛։
Թէ
Մկրտիչ
Խրիմեանի
գրական
զգայարան
մը
աւելորդ
որքան
անօգուտ
գերաճումով
մը,
դէպի
ազգային
–
քաղաքական
գործօնութիւն
մը,
դադրած
է
իր
հարազատ
դերէն
(
Հրաւիրակ
ներէն
յետոյ
անիկա
չի
պատկանին
արդէն
գրականութեան),
անծածկելի
իրողութիւն
մըն
է
այսօր:
Թէ
իր
աշակերտ
Սրուանձտեանցով,
իրեն
գործակից,
իր
իտէալին
հաւատարիմ
արուեստագէտներու
որոշ
խումբի
մը
կողմէ
հրապարակ
նետուած
գաւառական
գրականութիւն
վարդապետութեան
իբր
թելադրիչ,
այս
մարդը
ծառայած
է
հայոց
գրականութեան,
դարձեալ
դուրս
է
տարակոյսէ։
Որքանք
շատ,
ոմանք
քիչ:
Յուզիչ
է
այս
մարդը։
Համապատկեր
ին
հեղինակը,
Խրիմեանի
վրայ
սա
նշմարները
վերջացնելու
ատեն,
չի
կրնար
չյիշել
իր
մանկութիւնը
երբ
տոպրակ
մը
ուսին՝
կ՚ելլէր
կալերը,
գեղացին
բերքէն
որբի
իր
բաժինը
առնելու
(չեմ
գրեր՝
մուրալու)։
Կալուորներէն
ոմանք
ափ
մը
բան
կը
նետէին
անոր
տոպրակին։
Ուրիշներ
գրուանի
մը
փորը
լման
կը
պարզէին
նոյն
տոպրակին,
որ
օրհնութեամբ
կ՚ընդունուէր
իմ
մօր
բերանէն։
Վաթսունի
մօտ
տարիներ
անցեր
են
այդ
օրերէն։
Հիմա,
նոյն
որբը,
տարբեր
տոպրակ
մը
ուսին,
սա
տողերուն
վրայ,
կը
պտտի
ուրիշ
կալերու
մէջ,
հայ
գրողներու
հունձքէն
առնելու,
չըսելու
համար
մուրալու
քիչ
մը
բանը
որով
կ՚ապրին
փորերը
ինչպէս
հոգիները։
Ու
անիկա
միշտ
կը
յիշէ
օրհնութիւնը
իր
մօրը
բերնին
—
Ափ
մը,
ինչպէս
գրուան
մը
ցորեն
տուողին։
Խրիմեան
մէկն
է
այդ
մարդերէն։