Ա.
Ինծի
համար
դժուար
է
Գարեգին
Սրուանձտեանցին
վստահել
միայն
ու
միայն
ազգային
պատմութեան
երախտագէտ
նկատառման,
նոյնիսկ
հայրենագիտութեան
մատուցած
իր
բարիքին
լիակատար
արժեւորմանը
գինով։
Կ՚ըսեմ
այսպէս՝
վասնզի
այդ
ընդարձակ
գործին
մէջ.
բազմաթիւ
են
սրտի
էջերը
որոնք
քով
քովի
գալով՝
կարող
են
գրագէտի
որոշ
դէմք
մը
կերպադրել։
Յետոյ
պէտք
չէ
աչքէ
հեռու
պահել
այն
թշուառ
իրողութիւնն
ալ
որուն
համեմատ
Զարթօնքի
սերունդին
վաստակն
ու
իմացական
ճիգը
իրարու
խոտոր
կը
համեմատին
դժբախտաբար։
Բոլորն
ալ
այդ
սերունդէն,
իրենց
առաջադրութիւններովը,
ճիգին
ազնուութեամբը,
հոգիին
գեղեցկութեամբը,
կէս
դարու
մշուշէն
աւելի
ազնուացած`
կը
ծանրանան
իմ
դատաստանին։
Ուրիշ
սերունդի
մը
կը
ձգեմ
գործը
այդ
մարդերը
իրենց
վաստակին
համեմատութեանը
մէջ
արժեւորելու:
Մարդկային
տկարութիւններ
կան,
որոնցմէ
մէկն
է
ձգտումին,
ոգիին,
ազնուութեան
զգայարանքը։
Հազիւ
հազ
քերթուած
մը
կ՚ազատի
Նիկողայոս
Ռուսինեան
անուանուած
մեծատարած
փառքէ
մը։
Այս
դժբախտութիւնը
պէտք
չէ
կուրցնէ
սակայն
դատողը,
չտեսնելու
չափ
երեսունի
մօտ
տարիները
այդ
մարդուն,
ամբողջութեամբ
իր
ժողովուրդին
բարիքին
յատկացուած։
Սրուանձտեանցին
պարագան
աւելի
է
անշուշտ։
Ատոր
համար
է
որ
կը
թելադրուին
յետագայ
տողերը:
Չեմ
խօսիր,
այսինքն
կենսագրեր
այս
մարդը:
Մեր
հայրենիքին
սրտէն՝
Վասպուրականէն,
իր
ուսուցչին՝
Խրիմեանին
նման,
անկէ
աւելի
բոլորանուէր՝
իր
ժողովուրդի
սպասին,
անոր
շունչին
տակ
ճարած
անհուն
պաշտամունք
մը
հանդեպ
հայ
հայրենիքին,
անիկա
պիտի
պտտցնէ
իր
խուզարկու,
տարօրէն
հետաքրքիր
զգայնութիւնը,
այդ
հայրենիքը
ճանչնալու
շատ
ինքնատիպ
որքան
դժուար,
դժնդակ
առաքելութեան
մը
մէջ,
չնմանելով
Խրիմեանի
որ
գրքունակ
ու
դասական
միտք
մըն
էր,
նոյնիսկ
քիչիկ
մը
fanfaron։
Եղած
է
Վան,
Տարօն,
Ակն,
եկեղեցական
պաշտօններով.
այս
տողին
ետեւը
դուք
դրէք
երիտասարդ
վարդապետը
որուն
հոգին
կ՚ողողէ
հողերուն
եւ
մարմիններուն
ցաւերը,
յիշատակարաններուն
եւ
պատմութեան
անմահ
թրթռումները,
իր
ժողովուրդին
պարտադրուած
գերութեան
այլապէս
ահաւոր
աղէտը,
յուզեալ
արիւնով
տրտմած
օրերուն
շրջաններուն։
1870ին,
մանաւանդ
քիչ
մը
աւելի
վերջո,
հայկական
գաւառներու
մէջ
առաջնորդական
պաշտօն
մը
ինքնին
եղերական`
երբ
անոր
գործադրիչը
առնուազն
նախնական
զգացողութիւն
մը,
սրտի
մօտ
բան
մը
կը
կրէ
իր
կուրծքին
ներքեւ:
Եւ
սակայն
սիրով,
նուիրումով,
խղճմտութեամբ
անիկա
կատարած
է
իր
պարտքը
առաջնորդող
եկեղեցականի։
Մութ
ու
մռայլ
շրջաններ
են
Զարթօնքի
սերունդին
իմացական
բարգաւաճման
այդ
օրերը։
Սրուանձտեանց
ոչ
միայն
կը
բաժնէ
սերունդին
աւագ
մտա
հոգութիւնները,
այլ
այցուած
ալ
է
անսպասելի
որքան
տարօրինակ
ուրիշ
տագնապով
մը.
—
ատիկա
հայ
կենդանի
հայրենիքին,
այսինքն
շարժուն
ժողովուրդին
լիակատար
ուսումնասիրութիւնն
է,
իր
արտայայտութեան
մանաւանդ
այն
կողմերուն
վրայ
որոնցմով
հազիւ
հազ
հետաքրքրուած
են
Պոլսեցիները։
Անշուշտ
գոյութիւն
ունէր
Լազարեան
Ճեմարանը,
արեւելեան
ethnographieի
հայ
միջոցներով
կանգուն
այդ
վառարանը,
ուր
կը
գործէին
այդ
գիտութեան
առաջին
մշակները։
Անշուշտ
գոյութիւն
ունէր
Ալիշանի
վաստակը
այդ
հայրենիքէն,
եւ
Վիեննան
այդ
հայրենիքը
ճանչնալու
առաքելութիւնը
վերածեր
էր
մենաշնորհի։
Բայց
այդ
պատկառելի
հաստատութիւններէն
գրեթէ
ոչ
ոք՝
որ
տառապէր
գիրքերէն
անդին
կենդանի
գիրքերու
վկայութիւնները
իր
մատներովը,
մորթովը,
աչուըներովը
գտնելու,
հաւաքելու,
դասաւորելու,
այսպէսով
հասնելու
համար
այն
միակ
եւ
անպատիր
արդիւնքին
որ
անձնական
շփումին
գինն
է,
ատով
անփոխարինելի։
Ըսեր
եմ
Ալիշանի
մենագրութեանը
մէջ
թէ
ինչու
այդ
անհուն
հմտութիւնը,
ամբարումը
մեռել
ու
դամբարան
կը
հոտէր։
Պատուական
աբբան
պիտի
չհամարձակէր
երբեք
իր
այնքան
սիրած
երազին
մէջ
աստուածացուցած
Սիսուանը,
Սիւնիքը,
Շիրակը,
Այրարատը
ոտքովը
տեսնելու,
հասկանալու,
զգալու
այլապէս
սրբազան
բայց
փորձանաւոր
արարքներուն։
Նոյնն
է
պարագան
Էմինին
(Լազարեան
Ճեմարան),
Այտընեանին
(Վիեննա)
եւ
բոլոր
անոնց
որոնք
քաղաքակիրթ
ոստաններէ
անկարող
զատուելու,
կ՚երազեն
եւ
կը
ճառեն
Վանէն,
Կարինէն,
Ծոփաց
աշխարհէն,
ինչպէս
պիտի
ընէին
ատիկա
Պոլսոյ
վրայով,
Վենետիկի
վրայով,
Մոսկուայի
վրայով։
Սրուանձտեանց
կը
զատուի
այս
շքախումբէն
պանդուխտի
իր
մախաղովը,
իր
մականովը
ու
եթէ
չվախնամ՝
տրեխներովը:
Երբ
այդ
հայրենիքին
ուսումնասիրութիւնը
կը
կատարէ
ուսուցչական,
առաջնորդական
պաշտօններու
ընթացքին
հայոց
հայ
րենիքին
մէջ։
Անոր
Պոլիսը
բան
չի
փոխեր
այս
հոգեկան
վիճակէն,
հակառակ
անոր
որ,
ինչպէս
վերը
դիտել
տուի,
փնտռուած
ուսուցիչ
մըն
էր,
հմայքի
եւ
եռանդի
տէր,
խօսող,
անիկա
պիտի
չվարանի
երկու
անգամ
ձգել
Վոսփորի
«գեղազուարճ»
ափունքները
եւ
մխրճուիլ
այդ
օրերուն
Ափրիկէէն
աւելի
խաւար
գաւառներուն
մէջ
հայոց
հայրենիքին։
Այդ
երկու
անգամ
շատ
փորձանուտ
պայմաններուն
մէջ
կատարուած
հետազօտական
պտոյտներուն
ընթացքին
Սրուանձտեանց
պիտի
կատարէ
իր
պետերէն
ուզուած
(հայոց
պատրիարքարանը,
քաղաքական
հաշիւներով,
անոր
յանձնարարած
էր
իրագործել
ստոյգ
վիճակագրութիւնը
մեր
ժողովուրդին,
պատմական
իր
հայրենիքին
աւագ
ոստաններուն
մէջ,
թիւէ,
վիճակէ)
պարտականութիւնը
ուսումնասիրելով
վեց
հայաբնակ
կարեւոր
նահանգներուն
մէջ,
հայ
ժողովուրդը
ոչ
միայն
իր
ներկային,
այլեւ
անգիր
հարստութեանց,
ձեռագրային
ժառանգութեանց
լիակատար
ծանօթագրութեամբը։
Այս
աշխատանքն
է
որ
ահաւասիկ
անոր
առիթ
է
տուած
նոյն
ատեն
մօտենալու
մեր
ժողովուրդի
բարքերուն
ամենէն
ամուր,
առատ
եւ
անվթար
պահուած
մթերքին։
Ինչ
որ
աւելի
վերջը
գաւառացի
գրողներ
(Հրանդ,
Ամիրճանեան,
Զարդարեան,
Թլկատինցի,
Շաքարեան,
յիշելու
համար
միայն
հիները)
արուեստի
էջերուն
վրայ
պիտի
փորձէին
ազատել
այս
ժողովուրդէն
վէպի,
պատկերի,
քրոնիկի,
թատրոնի
կերպարանքներով,
Սրուանձտեանց
կատարած
է
պարզ,
պարկեշտ
ընդօրինակութիւններով։
Եւ
իր
ընդօրինակածը
գանձն
է
հայ
հոգիին:
Այս
տողերէն
յետոյ՝
քանի
մը
բառ
միայն
մարդուն
վրայ:
Խելացի,
կրակոտ,
անվախ,
խորամանկ
նոյնիսկ
(ինչպէս
են
քիչ
մը
բոլոր
Վանեցիները)
Սրուանձտեանցի
նկարագիրը
թերեւս
այդ
գործին
վնասող
միակ
տրտում
նօթն
է
աշխատանքին
մէջ։
Կ՚ըսեմ
այսպէս՝
մտքի
առջեւ
ունենալով
երկու
հակադիր
յղացքներ
—
գրագէտ
եւ
ազգագիր:
Թէ
ասոնցմէ
երկուքն
ալ
էր
անիկա,
որոշ
վերապահումներով,
դուրս
է
կասկածէ։
Թէ
չեղաւ
թէ՝
մին
եւ
թէ՝
միւսը,
բառերուն
թելադրած
ամբողջ
խռովքովն
ու
պատկառանքովը,
դարձեալ
դուրս
է
կասկածէ։
Գրագէտ
մը
դժուար
է
ընդունել
այս
տարօրինակ
աշխատաւորին
մէջ
ո՛չ
թէ
որովհետեւ
ատիկա
անկարելի
հրաշք
մըն
է
մեր
օրերուն
(ունինք
Հրանդը,
Թլկատինցին,
Շաքարեանը,
որոշ
չափով՝
Երուխանը,
որոնց
գրական
մշակոյթը
նախնականէն
չանցաւ
անդին,
եւ
որոնցմէ
ոմանք
օտար
լեզու
մըն
ալ
չունէին
իրենց
գործին
իբր
սատար),
այլ
թերեւս
այն
հիմնական,
աննահանջ
փաստով
որ
զգայութիւնն
է
Սրուանձտեանցի,
յորդ,
սանձարձակ,
անընդունակ
որեւէ
մարզանքի,
կրթանքի,
այսպէս
ըսելու
համար։
Անշուշտ
զգայնութեան
տուրքը
գրագէտ
մը
պայմանաւորող
հզօրագոյն
շնորհն
է
որեւէ
գրքի
աշխատաւորի
համար,
բայց
միւս
կողմէ
գիտենք
որ
արուեստին
տիրական
նկարագիրը
կարգն
է,
չափն
է,
ներդաշնակութեան
մտատեսութիւնը
։
Առանց
այս
տարրերուն
որեւէ
վաստակ
չանցնիր
ապագային։
Վկայ`
Աղօթամատեան
ը
որ
կը
կրկնէ
գրել
է
զգայնութեան
նոյն
ամեհի
յորդութիւնը,
գեղեցկութեանց
նոյն
շառայլները,
բայց
որուն
ետին
գիրքերու
արհեստաւորը,
ճարտարապետը
դժբախտ
ձեւով
մը
կը
պակսի։
Առանց
երեւակայութեան
եւ
զգացումին
նպաստներուն,
Նարեկացիի
զգայնութիւնը
կրնար
խղդուիլ
հետախաղաղ,
ինչպէս
կը
հաստատենք
ասիկա
Նարեկ
ին
երեք
չորրորդին
մէջ:
Սրուանձտեանց
իր
զգայնութիւնը
ոչ
միայն
չէ
պաշտպանած
որեւէ
կրթանքով,
այլ
կարծես
անոր
է
վստահած
իր
գործին
ճակատագիրը։
Ու
կ՚ունենանք
անխուսափելին։
Կը
համակրինք
այդ
զգայնութեան,
բայց
կը
յոգնինք
անկէ,
մենք՝
որ
չափի
եւ
դաշնակութեան
առաքեալները
կը
մնանք։
Միակ
բարիքը
զոր
կարելի
է
հոս
շեշտել`
այն
ալ
այդ
զգայնութեան
զերծութիւնն
է
Ալիշանեան,
չըսելու
համար
Մխիթարեան
գրականութենէն։
Այդ
է
պատճառը
որ
թերեւս
իրեն
արգիլած
է
զառածիլ
դէպի
քերթողութիւն
(
Թէ
Հայրենեաց
Պսակադիր
ը
միակ
քերթուածն
է
որ
կը
յիշատակուի
իրմէ։
Ուրիշներ,
Խրիմեանի
Արծուիկ
իներուն
մէջ,
դպրոցական
տաղաչափութիւններ
են
եւ
զուրկ
լրջութենէ։
Այդ
զգայնութեան
իբր
զառածում
կ՚ընդունիմ
Շուշան
Շաւարշանայ
անորակելի
բանը
որ
Վարդանանց
խորհուրդը
նպատակ
ունի
բեմադրելու
եւ
կը
կրկնէ
սարսափելի
նկարագիրները
մեր
ռոմանթիք
թատրոնին)։
Միւս
կողմէ,
աւելի
վերջը
վերլուծելի
պատկեր
մը
իրմէն՝
իմ
մտքիս
մէջ
գրագէտի,
անշուշտ
անկատար,
դժբախտ,
ինչպէս
օրինակ
այդ
բառը
կը
գործածեմ
Մամուրեանի
մը,
Միսաքեանի
մը,
Ծերենցի
մը,
Տիւսաբի
մը
վաստակները
պիտակելու
ատեն,
անուններ՝
որոնց
անկարելի
է
զլանալ
նուիրագործուած
տիտղոսը,
գրագետը:
Դարձեալ,
խեղճ
ու
կրակ
ժառանգաւոր
վանքէ
մը
ուսում
տեսած
վարդապետէ
մը
դժուար
է
սպասել
այն
ապահովութիւնը,
մեթոտիկ
աշխատանքի
հերոսութիւնը,
լայն
եւ
խորունկ
շրջաններու
ընդգրկումը
կարելի
ընող
պատրաստութեան
լրջութիւնը,
որոնք
կը
կազմեն
տարրական
նկարագիրները
ամէն
գիտուն,
ազգագրական
ուսումներու
հետամուտ
գիտնականին։
Այս
բառերուն
հետ
մտքիս
կ՚այցելեն
Մոսկուան,
Վիեննան,
Վենետիկը,
Տփխիսը,
այսինքն
այն
կեդրոնները
որոնք
ոչ
միայն
ազգագրական
ուսումներու
համար
մասնաւորուած
յարմարութիւնները
կը
ներկայեն,
այլեւ
խմբումները
կ՚ընեն
այդ
աշխատանքին
բոլորանուէր
փաղանգներուն։
Սրուանձտեանցի
անունին
հետ
կապուած
են
անունները
Ալիշանի,
Էմինի,
Գալէմքեարեանի,
Աղաբէկեանի
նման
ազգագրական
ուսումներու
մէջ
մասնագիտացած
հսկայական
դէմքերու:
Նշան՝
թէ
Վանեցի
վարդապետին
գործը
կը
պատկանէր
մեծ
գիտուններու
այդ
շքախումբին
նախասիրութեանց:
Պահ
մը
կու
տամ
ինծի
ազատութիւնը
մտածելու՝
փոխարինել
Վարագայ
վանքը
Վիեննա
եւ
Մխիթարեան
հաստատութիւններով։
Անփոփոխ
պահելով
զգայնութեան,
խանդի,
երեւակայութեան
ստորոգելիները,
կը
հետեւիմ
երիտասարդ
վարդապետին
գերման
համալսարաններն
ի
վեր
ահաւոր,
անհուն
իր
հետաքրքրութիւններուն։
Ամբողջ
Եւրոպան,
Մերձաւոր
Արեւելքը,
անհուն
Ռուսաստանը,
կէս
հարիւրը
անցնող
ցեղերու
իր
խայտաճամուկ
պատկերովը։
Կարկինը,
մեթրոն,
քիմիական
դեղերը,
ներկերը
անփոփոխ,
պայուսակը
մէկ
անութին,
միւսին՝
աղօթքները,
աւանդութիւնները,
լեզուական
մթերքը,
նկարները
ընդօրինակելու,
արտագրելու
յատուկ
խոշոր
տouիէն:
Թող
այս
մարդը
տարրալուծէ
հողերը,
գոյները,
չափէ
հասակները,
հաւաքէ
բարբառները
համաձայն
գերմանական
համալսարաններու
ազգագրական
սկզբունքներուն։
Այսօր
մեր
ունեցածը
այդ
մարդէն՝
ամբողջ
հայոց
հայրենիքն
էր,
ժողովուրդովը
միասին,
պատկերի
մը
տակ
որ
գերագոյն
բարիքն
էր
իր
զաւկէն,
նոյնիսկ
մեծագոյն
զաւկէն
սպասելի
այդ
դժբախտ
ժողովուրդին։
Կը
ձգեմ
հետեւիլ
սա
քաղցր
երազին
եւ
կը
դառնամ
տրտում
իրականութեան։
Ի՞նչ
տուինք
այս
մարդուն,
համալսարանի
եւ
անոր
բարիքներուն
փոխարէն։
—
Վանքի
մէջ
վարժապետութիւն
մը,
գաւառներու
մէջ`
եկեղեցականի
քճքճուած
պատմուճան
մը,
Պոլսոյ
մէջ`
պատարագելու
քանի
մը
խորան,
եւ
առինք
իր
օրերը
ամբողջ
իրմէ
մեր
հազար
ու
մէկ
պէտքերուն
ի
հաշիւ,
պտտցուցինք
լեռնէ
լեռ,
ջորիներու
կռնակին,
մահուան
հետ
ամէն
րոպէ
դէմ
դէմի,
եւ,
յիսունի
դռներուն,
այդ
ամբողջ
զրկանքին
իբր
հետեւանք՝
անբուժելի
հիւանդութիւն
մը:
*
*
*
Շատ
կանուխէն,
դպրոցի
սեղաններէն
իսկ,
սկսած
է
գրել:
Կը
ղրկեմ
Արծուի
Վասպուրականի
հանդէսին
ուր
տաղաչափեալ
եւ
արձակ
շարադրութիւններու
ներքեւ
կ՚երեւայ
իր
անունին
սկըզբնատառերը,
Գ.
Ս.
։
Ասոնք
գրականութեան
չեն
պատկաներ,
ոչ
ալ
կը
մատնեն
արուեստագէտի
բացառիկ
զգայնութիւնը։
Պատմութիւն,
բարոյախօսութիւն,
ժողովրդական
գիտելիք,
հայրենասիրական
ռոմանթիզմ,
քիչիկ
մը
ազգագրական
հետաքրքրութիւն,
ահա
պատանի
եւ
երիտասարդ
Սրուանձտեանցի
նախասիրութիւնները։
Հետզհետէ
կեանքին
հետ
զբաղմանց
ընդարձակ
բերումով`
նոր
աշխարհներ
(գլխաւորաբար
Տարօն
ուր
առաջնորդ
է
իր
վարպետը՝
Խրիմեան,
յետոյ
Ակն
ու
Պոլիս,
եւ
պատրիարքարանի
կողմէ
մասնակի
պաշտօններով
ճամբորդութիւններ
հայաբնակ
նա
հանգներու
մէջ)։
Սրուանձտեանցի
գործը
կը
բխի
այս
պայմաններէն։
Աւելի
յետոյ,
1900ին,
Պոլսոյ
մէջ
Բիւրակն
շաբաթաթերթով
հետապնդուած
շարժումը
կերպով
մը
կրկնութիւնն
է
Սրուանձտեանցի
գործին
երկնումին:
Միակ
տարբերութիւնը`
այդ
շաբաթաթերթը
լեցնող
յօդուածներու
հեղինակներուն
զգայնութենէ
նիհարութիւնն
է։
Գրոց
եւ
Բրոց
։
Հատորիկ
մը
ուր
եօթանասնական
թուականներուն
ընթացիկ
գրաբարով
եւ
ճոռոմ
հայրենասիրութեամբ
յառաջաբանի
մը
կը
հետեւին
հին
քանի
մը
ձեռագիրներու
տպագրումները,
որոշ
ծանօթագրութեամբ։
Տեսակ
մը
կրկնութիւն
Ալիշանի
Սոփերք
Հայկականք
տպագրական
ձեռնարկին։
Բայց
հոն
իսկ
կը
միջամտէ
իր
զգայնութիւնը,
այդ
հատորիկին
տալով
տեսակ
մը
անձնականութիւն
եւ
նկարագիր:
Ասոր
աւելի
կատարեալ
եւ
գրեթէ
արդիացած
մէկ
փոփոխակն
է
Հնոց
եւ
Նորոց
ը
ուր
գիրքերու
վկայութիւնները
նետուած
են
երկրորդական
բլանի,
առաջինին
պահելով
աւանդութեան
կենդանի
պատմումին,
աչքին
գերազանց
վկայութիւնները:
Հատորիկին
մէջ
այլեւս
կերպարանք
առած
է
Սրուանձտեանցի
զգայնութիւնը,
ջերմ,
դիւրահաղորդ,
զեղուն,
որ
կը
համակէ
եւ
կը
հրապուրէ,
արուեստի
գործի
մը
կը
վերածէ
գրեթէ
այդ
հում
նախանիւթերու
փաստը։
Համով
Հոտով
ը
նուիրագործեց
իր
համբաւը։
Հայոց
հայրենիքն
էր
որ
կը
մատուցուէր
այդ
պարզուկ
էջերով,
անոր
կարօտովն
այրուող
ամբողջ
սերունդին,
այն
սերունդին՝
որ
ըրեր
էր
այդ
զգացման
մկրտութիւնը
մեծ
մարդերու
յաճախանքին
մէջ
(գլխաւորաբար
Ալիշանի
Յուշիկք
Հայրենեաց
ը),
բեմերու
վրայ
ռոմանթիք
թատրերգակներու
զեղուն
հայրենասիրութեան
ընդ
մէջէն,
ազգային
պատմութեան,
հայրենագիտութեան
առաջին
մեծ
յիշատակարաններու
վերծանումովը
(
Uիսուան,
Սիսական
եւն)։
Աւելորդ
է
ծանրանալ
այդ
մարզանքին
անայժմէ,
չըսելու
համար
գրքունակ
տարողութեանը
վրայ:
1860ին
բոլոր
շրթունքները
հայոց
պատմութեան,
բայց
մանաւանդ
ներկայ
տագնապները
խանդագին
կ՚երգեն։
Մթնոլորտը
թրթռուն
է
փոշիովը,
աճիւնովը
հայ
պատմութեան
սուրբերուն,
հերոսներուն,
մեծերուն։
Կը
հետեւի
թէ
որքան
բուռն
պէտք
է
ըլլայ
կարօտը
այն
միւս
թրթռումին
որ
այս
անգամ
ձայնն
է
հողին,
ձեռքով
շօշափուածին,
ոտքով
ճմլուածին,
շրթունքներով
ըմբոշխնուածին,
այսինքն
կենդանի
հայրենիքին,
այսինքն
անոր
համին
եւ
հոտին:
Սրուանձտեանցի
հատորը
այդ
դերը
ունեցաւ։
Ամէն
կողմէ,
Մոսկուա,
Վիեննա,
Վենետիկ,
Տփխիս,
մարդիկ
երջանիկ
էին
սխրագին
զգացման
մը
մէջ։
Վերջապէս
հայոց
հայրենիքը
զաւկըներուն
զգայարանքներուն
կը
մատուցուէր
գիրքերէ
դուրս
վկայութեամբ
մը,
խենթ,
կապուելու
չափ
խենթ
մարդու
մը
տարփանքին
ընդմէջէն,
այդ
հողերու
վրայ։
Սրուանձտեանց
վարդապետը
սիրահարն
էր
այդ
հողերուն:
Մանանա
ն
շարունակութիւնն
էր,
բառ
առ
բառ
կրկնելով
վերը
վերագրումներուն
տարողութիւնը:
Երկհատոր
Թորոս
Աղբար
ը,
աւելի
խնամուած
ծրագրով
դէպի
մասնագիտութիւն
որոշ
հակումով,
եթէ
զգայնութեան
նոր
փաստ
մը
իբրեւ
մեզ
չի
տպաւորեր,
բայց
կը
պաշտպանէ
հեղինակը
իր
բարիքովը
դարձեալ։
1870ի
պատկերն
է
անիկա,
կարգ
մը
գաւառներու
վիճակագրական,
տեղագ
րական
անփոխարինելի
տեղեկութիւններով։
Պարտաւոր
եմ
յիշել
Շուշան
Շաւարշանայ
հատորիկը,
իբր
թէ
թատերական
յօրինում,
որ
իրականութեան
մէջ
ուրիշ
բան
չէ
եթէ
ոչ
դպրոցական
հանդէսի
մը
համար
հայրենասիրական
բացագանչութիւններու
երկախօսութիւն
(dialogue)
մը։
Հոս
ու
հոն
նկարագրական,
պատմական
յօդուածի
փշրանքներ,
uանկ
քսան
մը
տարիներու
վրայ
բաշխուած,
որոնք
հատորի
մը
տակ՝
անշուշտ
բան
մը
կ՚աւելցնեն,
բայց
չունին
վճռական
կշիռ`
վերը
յիշուած
գործերը
դատելու,
դասաւորելու
աշխատանքին
վրայ:
Սրուանձտեանցի
գործը
ընդունուեցաւ
ջերմագին
հիացումով։
Տուի
այս
վիճակին
գլխաւոր
ազդակները։
Ահա
ուրիշ
իրողութիւններ։
Այդ
գործը
դպրոց
ստեղծեց
մասնաւորաբար
արեւելահայոց
մէջ,
ուր
աւելի
քան
քսանըհինգ
տարի
Գիւտ
քահանայ
եւ
Երուանդ
Լալաեան,
անխոնջ
խնամքով,
Վանեցի
վարդապետին
հիմնադրած
գործը
շարունակեցին,
աւելի
կազմակերպուած,
գիտականացած
եւ
անշուշտ
վճռական
արդիւնքներով։
Վերը
ակնարկեցի
1900ին
Պոլսոյ
մամուլին
մէջ
յապաղած
աշխատանքի
մը։
Բիւրակն
հանդէսին
(1899)
թէ՛
տարողութիւնը,
թէ՛
մեթոտները
անբաւական
են
զիրենք
լրջութեամբ
արժեւորելու։
Յետոյ,
այս
տողերը
խօսուած
պահուն,
Սրուանձտեանցով
փրկուած
աշխարհը
ընդմիշտ
ջնջուած
է
իբրեւ
հող
եւ
իբրեւ
հոգի։
Ահա
թէ
ինչո՞ւ
այսքան
թերի,
այսքան
անյարիր
աշխատանք
մը
զիս
կը
մղէ
արեւմտահայ
գրականութեան
պատմութենէն
ներս
առնելու
Սրուանձտեանց
եպիսկոպոսին
ժառանգութիւնը,
-
իր
բոլոր
մեղքերով։