Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Դ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.

Չզբաղեցայ թատերական վրիպանքներովը Դուրեանին, Պէշիկթաշլեանին, Թէրզեանին եւ Ռոմանթիք արեւմտահայ թատրոնին դէմ սխալ պիտի ըլլար դատախազ կանգնիլ արդիական քննադատութեան տուեալներով։ Յետոյ, կայ փաստը նոյն մեղքին արեւելահայ գրականութեան մէջն ալ ուր Կարինեանի մը  Վարդան Մամիկոնեան ը դեռ կ՚երեւէր բեմերու վրայ այս դարու սկիզբները, հակառակ անոր որ Սնդուկեանցի Պէպօ ն լոյս էր տեսած 1871ին։ Եթէ շրջանը, գրողներու իմացական տարողութիւնը եւ մանաւանդ եւրոպական ազդեցութիւնները ջանանք համադրել՝ հասկնալու համար թէ ինչո՞ւ մեր նոր գրականութեանց մէջ անոր սա շրջաններուն թատերական ստեղծագործութիւնը պարզէ այս աստիճան տղայամիտ յօրինուածք, պիտի ընենք թերեւս խնդրական ընդհանրացումներ: Յետոյ, կայ փաստը այդ խաղերուն վայելած ընդարձակ, չըսելու համար անհուն ժողովրդականութեան։ Յամին 1942ի, մարդիկ չտառապեցան Մուրացանի Ռուզանը առանձին իբրեւ խաղ հրատարակելու, եւ վստահ եմ, որ 1950ին ալ պիտի գտնուին բեմեր, այդ ծիծաղելիութիւնները հանրութեան մատուցանելու: Այս ամենը ոչինչ կը փոխեն այն տխուր իրողութենէն որուն համեմատ 1860ի մարդիկ կը տարուէին լեցնելու մեր հանդիսասրահները եւ կը ծափահարէին մեր պատմութեան հերոսները։ 

Մեզի ծանօթ են քիչ վերը յիշուած Արշակ Երկրորդ ողբերգութենէն յառաջաբանի յայտարարութիւնը որուն համեմատ առնուազն Գոթողիա, Պողիկտոս, Կեսար, Մարի Սթուարթ, մեծ արուեստ յօրինումներ են։ Անշուշտ ա յս կտորները հայերէնի վերածուելով չկորսնցուցին իրենց դարաւոր գեղեցկութիւնը։ Ասոնց թարգմանիչ հեղինակը այդչափ անկարո՞ղ իմացականութիւն մըն էր, ընտանութիւն մը ձեռք բերել կարենալու համար թատերական գործ մը կազմակերպելու: Դժուար է վճիռը։ Ստիպուած եմ Արշակ Երկրորդ ի ձախողանքը բացատրելու համար օգտագործել 1900ին տպուած հատորի մը անսպասելի նպաստը այս դժնդակ հարցին շուրջ եւ Մխիթարի հաստատութեան երկհարիւրամեակին առիթով հրապարակ հանուած այդ հատորին մէջ Հայր Բարսեղ Սարգիսեան կը խօսի վանական սովորութեան մը մասին որուն համեմատ հարիւրէ աւելի տարիներու ընթացքին Ս. Ղազարի  ուսանողութիւնը, ամէն տարի, զանազան կերպարանքներու տակ, ընդհանրապէս ինքնագիր ողբերգութիւններ կը ներկայացնէ, հայ եւ ընդհանուր պատմութեան ամենէն pathétique դրուագները տաղաչափեալ ներկայացնելով վարդապետ հանդիսականներուն։ Ասիկա աւանդութիւն մըն է, որ ոչ միայն Վենետիկ ուսում առնելով՝ Պոլիս գործելու դարձող սերունդը կ՚առնէ իր կնիքին տակ, այլեւ կ՚անցնի ժողովրդական բարքերու եւ կը դառնայ պահանջք մը նոյնիսկ, այսօր ինքզինքը պարտադրող եւ Վարդանանց հանդէսները առանց Վարդանի խաղերուն կշիռ մը չունին մեր օրերու զանգուածներուն համար։ 

Խորէն Նար–Պէյ այդ հնոցին մէջն է ահա որ տեսած է, սիրած է ողբերգութիւն խաղալ: Կ՚ենթադրեմ որ իբր ընդունակ, օժտուած ուսանող՝ Ս. Ղազարի մենաստանին տուած ալ ըլլայ ձեռագիր մնալու սահմանուած բայց ներկայացուած ողբերգութիւններ։ Այսպէս, դպրոցական կարիքներում սպասարկու, աշակերտական կարելիութիւններ է ինքզինքը ազատագրելու անընդունակ գրելու կերպ մը, ժամանակին հետ, այդ դպրոցներէն դուրս պիտի դառնայ ընդհանրութիւն: Չեմ գիտեր թէ Բարիզ, Հայկազեան կրթարանին մէջ (1857-1859) Նար-Պէյ, իբրեւ ուսուցիչ, իրա՞ծ է այդ տղայամտութիւնը: Բայց ստոյգն այն է որ երբ այդ վարժարանին փակումովը անոր տեսուչը եւ ինք կը փոխադրուին Խալիպեան վարժարան ( Թէոդոսիա ), սովորութիւնը ինքզինքը կը պարտադրէ անգամ մը եւս Նար-Պէյը մղելով… ողբերգութիւն մը գրելու: Արշակ Երկրորդ ը  այդ ողբերգութիւնն էր։ 

Խօսելէ առաջ Արշակ Երկրորդ ի վրայ, քիչ մը կ՚արժէ որ կանգ առնեմ անոր ներածութեանը վրայ, տասը էջնոց տեսակ մը մուտք, ուր Նար-Պէյի աշխարհաբարը մեզի կը ներկայանալ որոշ քաղցրութեամբ, չըսելու համար շնորհով։ Այդ էջերուն մէջ անիկա ընդհանուր խօսքերուն կարգին կը մօտենայ նաեւ թատերական յղացքին, նմանելու համար դասական հեղինակներուն, որոնք կ՚ախորժէին իրենց խաղերուն սկիզբը իրենց արուեստի հասկացողութիւնը թելադրող քանի մը էջեր տեղաւորելէ։ Նար-Պէյ նման յանդգնութիւն մը չէ ներած իրեն, չես գիտեր ինչու: Ներածութեան ամբողջ կշիռը լեզուին վրայ կը թուի ըլլալ դրուած։ Եւ լեզուի հարցը շատ քիչ անգամ գրական հարց մըն է, այնպէս որ մեծ մեծ անուններու հետ խաղացող այս թատերագիրը աստուածային միամտութիւն մը կը պարզ է թատերական հասկացողութեան բարդ հարցերուն մէջ։ Ներածութիւնը մեզի կ՚ըսէ որ հեղինակը չէ հետեւած օտար ոչ մէկ ողբերգակի  սկզբունքներուն, «փափաքելով որ Արշակ Երկրորդ ը բոլորովին հայկական մտքի մը ծնունդը լինի թե՛ նիւթովն եւ թե՛ ոգւովը ազգային »: Եւ ողբերգութիւնը հոն է որ Արշակ Երկրորդ ը ո՛չ ոգիովը, ո՛չ լեզուովը եւ ո՛չ իսկ նիւթովը հայկական հոգիէն նշանախեց մը անգամ չի յայտնաբերեր։

Յայտնի է որ այս նիւթով ( Արշակ Երկրորդ ) զբաղած են Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան, Թովմաս Թէրզեան եւ Էմմանուէլ Եսայեան, երեքն ալ վճռական ձախողանքներ։ Այս ձախողանքին վրայ կ՚աւելնայ լեզուական մըն ալ, քանի որ Նար–Պէյ չէ գոհացած արձակ աշխարհաբարով, այլեւ յանդգնած է նոր չափ մը դարբնել, այդ չափով տալու համար ողբերգութիւնը։ Աւելորդ է զբաղիլ նիւթով, գերազանցապէս թատերական։ Մեր պատմութիւնը քիչ դրուագ ունի այդքան ընդունակ բեմական մշակման որքան կը տեսնենք իրադարձութիւնները Արշակունի եղերաբախտ թագաւորին կեանքին մէջ։ Միւս կողմէն՝ մեր ամենէն տաղանդաւոր քրոնիկագիրը, Փաւստոս Բիւզանդ, գրեթէ հատոր մը նուիրած է այդ նիւթին։ Ականատեսի ապրումներով յօրինուած այդ հատորին ետին նախնական եւ մեծ գրագէտ մը կար: Մեր նոր զոյգ գրականութեանց մէջ այդ նիւթը փորձողները վարժապետներ էին, երբեմն բանաստեղծ՝ բայց երբեք թատերագիր

Չորս գործերէն ամենէն յաջող է ընդունիլ Նար–Պէյինը՝ չհասկնալ է թատերական արուեստի հիմնական պայմանը, որ մարդկային հոգեբանութիւն մըն է ամէն բանէ առաջ, այսինքն այդ հոգեբանութեան կերպարանումը: Խաղը ունի հինգ արարուած, որոնցմէ առաջինը կ՚անցնի պարսից արքունիքին մէջ եւ միւսները՝ Անյուշ բերդ, ուր տարագրուած է աչքերը հանուած հայոց թագաւորը, եւ պիտի մեռնի: Փաստոս կը պատմէ այդ մահուան տեսարանը ամենաբարձր ժուժկալութեամբ էջի մը մէջ, հաւասարելով բոլոր ժամանակներու մեծագոյն արուեստագէտներու կատարելութեան։ Ամէն մարդ արտօնուած է մեր պատմութեան մէկ էջը կրցածին չափ ընդարձակելու, մէկ պայմանով միայն. ատիկա շահեկան մնալու պայմանն է։ Ինչպէ՞ս դատել Նար–Պէյի Արշակ Երկրորդ ը, երբ անոր 112 էջերը անբաւական կը մնան Փաւստոսի մէկուկէս էջը հակակշռելու։

Պէտք չէ մոռնալ որ Արշակ Երկրորդ ը խմբագրուած է Խալիպեան վարժարանի սաներուն կողմէ ներկայացուելու ծրագրով։ Այս հաստատումին նպատակը ա՛ն՝ որ նոյնիսկ տաղանդի պարագային խաղին ճակատագիրը կը մնայ չափազանց վտանգուած, քանի որ պատանին եւ հասուն մարդը միշտ պիտի տարբերին իրարմէ մանաւանդ կէտի մը վրայ ուր բոլոր թատերագիրները կը սիրեն զետեղել իրենց խաղերուն ներքին հանգոյցը. ատիկա վառարանն է ծանր, խորունկ, ահաւոր կիրքին, առանց որուն մեր բոլոր ճարտասանական դարձուածքները, բանաստեղծական պատկերները հովի պէս կ՚անցնին անկշիռ: Չեմ ըսեր որ սեռային կիրքէն դուրս ուրիշ տագնապներ անբաւարար կը մնան բեմական գործողութեան մը քանի մը ժամերը լեցնելու, բայց կ՚ըսեմ որ նման հրաշքի մը համար մեծ եւ իրաւ գրագէտ մըն է հարկաւոր, եւ մենք գիտենք թ է որքան սուտ գրող մըն էր Խորէն Նար-Պէյ

Նար-Պէյի Արշակ Երկրորդ ը տաղաչափուած խօսքերու հանդէս մըն է որոնց ետին ինծի չտրուեցաւ բախտը ոչ մէկ նրա ապրում զգալու: Ինչ տարօրինակութիւն` որ խաղը լեցնող անձնաւորութիւնները, գոնէ անոնցմէ երեքը, պատմութեան ամենէն տարօրինակ անձնաւորութիւնները ըլլան նոյն ատեն, իրենց սեպհական ճշմարտութեամբը, որ, հակառակ հէքեաթէն լայն չափով խաթարուելուն, դեռ կը մնան աւելի քան վաւերական մարդեր։ Ոչ մէկ խօսք` իշխաններու, նախարարներու, զօրավարներու մասին, այնքան դիւրաւ մեր ռոմանթիք թատրոնին մէջ իրենց ճառերը խօսելու հանդերձուած։ Ատոնք իրենց հնարովի ըլլալուն մեղքը իրենց բերանը դրուած խօսքին մեղքերովը կը խորանարդեն։ Կը մնան՝ Արշակ հայոց թագաւոր, Շապուհ արքայից արքա, Դրաստամատ ներքինի: Նար–Պէյի հասողութենէն դուրս է անշուշտ արքայից արքայ մը մտապատկերելու, այդ մտայղացքին մարմին հագցնելու, եւ այդ մարմնառութիւնը ապրող էակի մը վերածելու քիչ մը շատ ընդարձակ կարողութիւնը, այս մասին ոչ մէկ կասկած։ Խորէն վարդապետ Նար-Պէյ գիրքերու ճամբով չէր կրնար հասնել այդ հրաշքին (մեր ռոմանթիք թատրոնին բոլոր պարսիկները սուտ ու փուտ մարդեր են։ Իրենց առիթով թերեւս սրբապղծութիւն պիտի ըլլար յիշել անգլիական եւ ֆրանսական ողբերգութիւններու մօտ հելլէն եւ հռովմայեցի իշխաններու անձնաւորութիւնները ոչ թէ նման բաղդատութիւն մը հեղինակէ հեղինակ դժնդակ ըլլալուն, այլ այն մեծ մեղքին համար որ թատերական գրականութիւնն է մեր մէջ, մանաւանդ պատմական խաղերու վրայ: Քոռնէյլի յոյներն ալ հարազատ յոյներ չեն, բայց առնուազ մարդեր են։ Հայոց թատրոնին մէջ գործող պարսիկները դուրս կը մնան մարդկային ամէն կարելիութենէ)։ Սակայն Արշակ Երկրորդ ը մարդ մըն էր առնուազն, իր ժողովուրդին ջերմութեամբը, ճեղքերովը, ողբերգութեամբը բազմահարուստ։ Զայն բեմի վրայ ապրեցնելու համար (խաղը կը կայանայ Դրաստամատ ներքինիի անոր մէկ այցելութեանը վրայ, Անյուշ բերդին Մէջ), Նար–Պէյին կը մնան բեմական եղանակներէն ամենէն դժուարը. յիշատակներու ընդմէջէն մարդկային կեանքի մը հանդէսը։ Կ՚երեւակայեմ թէ ի՞նչ ահաւոր դժուարութեան պարտաւոր է հանդուրժել գրող մը երբ ներկային մէջ գործելու տեղ, ամէն րոպէ անցեալով է հարուածուած։ Թատերական արուեստին հիմնատարրը ներկայ տագնապ մըն է միշտ։ Յիշատակները ներկայի չափ ու թերեւս աւելի ուժով ընծայելը դարձեալ բացառիկ հանճարներու յատուկ հրաշք մըն է, եւ մենք գիտենք թէ որքան կասկածելի է տաղանդը Նար–Պէյին։ Իր աւագ անձնաւորութեան մէջ թատերագիրը ոչ մէկ րոպէ մեզ իր հետ չունի, ոչ թէ անոր համար որ Արշակէն մեր գիտցածները մեզ կը նախապաշարեն, այլ որովհետեւ այդ Արշակէն մեր գիտցածները անհունապէս աւելի իրաւ են, խոր են տեղաւորուած մեր ներսը եւ Նար-Պէյի թագաւորը դպրոցական հանդէսներու մէջ ոտանաւոր արտահանող խամաճիկ մըն է։ Բայց խաղին ամենէն ծանր կորանքը ես կը հաստատեմ Դրաստամատ ներքինիին յօրինմանը մէջ։ Հէքեաթը, պատմութիւնը, արիւնը, հին դարերու մշուշը եւ իսկապէս հայ իշխանի մը հոգեկան frameը ներկայ են այդ անձնաւորութեան մէջ՝ Փաւստոսի մէկ էջին վրայ։ Անոր առիթով դժուար չէր այս ժողովուրդին մէկ քանի հիմնական, կարկառուն առաքինութեանց արտահանումը, կենդանի անձնաւորութեան մը շրջափոխութեան ընդմէջէն։ Նար—Պէյի խաղին մէջ Դրաստամատը իր թագաւորէն ո՛չ աւելի է, ո՛չ պակաս։ Անիկա ոտանաւոր արտասանող մըն է, իր բերանը դրուած բառերը սպառող խեղճ մարդ մը։ 

Խորէն Նար–Պէյր սա վրիպանքը դատապարտութիւնն է ամբողջ սերունդի մը թեթեւաբարոյ, չըսելու համար թեթեւսոլիկ կեցուածքին ընդդէմ գրական շատ բարձր սեռի մը։ Վեց եօթը հոգիներ երբ կը փորձեն նիւթ մը նուաճել, բայց իրարու ճամբով կարծես իրարու փառքը նախանձելով, մինակ ողորմելի cabotiոներ չեն (գրելն ալ իր կեղծ դերասանները ունի), այլեւ փաստ մը շատ աւելի ծանր խաթարումներու: Գրական յղացքին, արուեստի զգայարանքին բացարձակ պակասն է ասիկա Զարթօնքի սերունդին շատ մը անձնաւորութեանց համար հաւասարապէս իրաւ: Ըսի թէ երբեմն բանաստեղծներ էին անոնք, բայց ատիկա ըսել չէ թէ ամէն բանաստեղծ արտօնուած է ամէն յիմարութիւն, ցնդաբանութիւն բղաւելու մեր երեսին։ Շատ աւելի խեղճ մարդ մը, ան ալ իր կարգին վարժապետ, իր դպրոցական հանդէսներուն մէջ ներկայացուցելու համար` Ռոմանթիքներուն պէս խաղեր է յօրինած: Արշակ Երկրորդ էն երեսուն տարի վերջը՝ Էնդի Դէմէն ը առնուազն հայոց բարքերու անմահ մէկ հանդիսարանն է եւ լիուլի կը քալէ մեղքը թատրոն չըլլալուն։ Թլկատինցիի գործը կը կարդացուի, պիտի կարդացուի, առանց ներկայացուելու անշուշտ։ 1922ին երբ փորձեցինք Պ. Դուրեան ներկայացնել Պոլիս, հանդիսականները խոր տրտմութեամբ խաղը կործանեցին, առաջին արարուածէն վերջ այլեւս ետ չդառնալով իրենց տեղերը։ 

Անշուշտ Դուրեանի Սեւ Հողեր ն ալ Արշակ Երկրորդ ի սեռին կը պատկանին։ Փորձեցէք սակայն գոնէ կարդալ այդ դպրոցէն մեզի եկած որեւէ թատերական գործ։ Կա՞յ աւելի վճռական վրիպանք մը սերունդի մը թեթեւութենէն, չըսելու համար յիմարութենէն։ Ո՛չ մէկ յետին նպատակ, օգտապաշտ ձգտում՝ անբաւական կուգան այս կորանքը ազատագրելու