Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Դ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.

Կուգամ Չերազի այն գործին ուր ներելի է գրական աշխատանք մը կատարել, առանց այցելու ծիծաղելիութեան վախէն։ Ի վերջոյ Գրական Փորձեր ու խակութիւնը, անհարազատ թ են եւ ութիւնը չափով մը արդարանալի են թերեւս տարիքին, բայց մանաւանդ չղջ անին փաստերովը։ Արեւելեան Վիպակներ ը կը պատկանին Չերազի հասունութեան, լիութեան շրջանին։ Գրուած են վիպողի փառասիրութեամբ գրականութեան ընդմէջէն Եւրոպայի հանրային կարծիքը հայ դատին շահագրգռելու խոշոր, անտարազելի միամտութեամբ մը։ 

Արեւելեան Վիպակներ հատորը առաջին անգամ հայերէն լոյս ընծայեց, 1927ին, Արտաշէս Յովհաննէսեան անունով գրասէր երիտասարդ մը որ վարած է Օշական անունով հրատարակչական ձեռնարկ մը, հրատարակելով Օշական Մատենադարան անուան տակ մէկէ աւելի հատորիկներ . Պեշիկթաշլեանի Ընկեր Շահնազար ը, Սեդոննա ն, Չերազի Կենսագրական Միւսիոններ ը, Ազգային Խնդիրներ ը)։ Արտաշէս Յովհաննէսեան Արեւելեան Վիպակներ հատորիկին կցած է ընդարձակ յառաջաբան մը, ժամանակը, միջավայրը, դէմքը ներկայացնող։ Արեւելեան Վիպակներ ը իրենց ֆրանսերէն բնագրին  մէջ լոյս են տեսած 1910ին, Ֆրէտէրիք Մաքլէրի յառաջաբանով։ 

Տասնըվեց վիպակներ են անոնք, թէքնիքով ու տարողութեամբ Իրապաշտներէն կաղապարուած, իրագործուած են արեւմտահայ գրականութեան ամենէն գեղեցիկ էջերը թերեւս  պարունակող սեռի մը նորավէպին։ 

Այդ վիպակներուն մէջ առանձին ուշադրութիւն կը գրաւեն ա) հերոսները, բ) աշխարհը, գ) տռաման, դ) տեղական գոյն եւ արեւելք ։ Այսպէս պարզուած այս վիպակները թերեւս ինծի թելադրեն իրաւ եւ արդար խօսքեր՝ արեւմտահայ գրականութեան աւանդութիւններուն եւ ձգտումներուն որոշ չափով ընտանի եւ հարազատ, բայց հակառակ իմ բոլոր բարի կամեցողութեանս, այդ վիպակները ազատագրուած կտորներ չեն, ինչպէս են մեր նորավէպի վարպետներուն մեզի ձգած կտորները։ Անոնք կը  տառապին որոշ անբաւարարութեամբ մը որ արուեստինն է այս անգամ, ու հոս ոչինչ կայ տարօրինակ: Բացի յոյսէն ու երազէն՝ ուրիշ ամէն կալուածի վրայ Մինաս Չերազի համար հիմնական վիճակ է անբաւարարութիւնը։ Այսպէս, երբ կ՚առնեմ առանձին առանձին վերի ընդհանրացումները, զանոնք կը գտնեմ միշտ այդ անբաւարարութեան կնիքին տակ:

ա) Հերոսները. Յայտնի է որ Չերազ զանոնք յօրինած է մասամբ իրականութենէն առնուած գիծերով, մասամբ իր կողմէ երբեմն յաջող` աւելի յաճախ ձախող յաւելումներով։ Իր  ամենէն աւելի հաւնած հերոսը, Արմեն (որուն համար իր տկարութիւնն ալ խոստովանած է, մասամբ այդ տիպարին մէջ դրած ըլլալուն շատ մը բան իր անձէն), չի պատկանիր ո՛չ Պոլիսին, ո՛չ ալ գաւառացի հոգեբանութեամբ Պոլիս հասնող երիտասարդութեան մը: Անիկա գրի առնուած է իբր հանգանակ հաւատոյ, անշուշտ իր մէջ խտացնելով Չերազի դաւանանքը իր ժողովուրդէն, մարդկութենէն, կեանքէն։ Այսօր տարօրէն հինցած, տափակ, ծիծաղելի կը թուին այդ հանգանակին էական տարերքը ոչ թէ անոր համար որ արդարութիւնը, ազատութեան երազը, երկնքին վրայ հաւատքը, իր ժողովուրդին երջանկութեան հսկայ իր ցնորքը դադրած են իրենց կշիռէն, սփիւռքի նսեմաuտանի համար` հեգնութեան մը պէս անդրադառնալով, այլ անոր համար որ թէ՛ այդ երիտասարդը, թէ՝ անոր ծովամոյն մահը երեւակայուած են այդ ամէնը մեզի քշելու մանկամտութեամբ։ Վիպակը ապրումի տեղ մըն է ու կը տառապի խորհրդածութենէ, մանաւանդ երբ այդ խորհրդածութիւնները չտարբերին ընթացիկ, լրագրական, հասարակ տեղիքէն։ Արմէն նորավէպին երկրորդ տարրը, պոլսական դաշտանկարը, տարօրէն ցուրտ է այսօր մեզի, քանի որ գիտենք թէ ինչ անճարակ նկարող մըն է Մինաս Չերազ դեռ Գրական Փորձեր էն։ Դիտելի է որ մէկէ աւելի են այն պատմուածքները ուր գրողին անձը միջամտէ։ Ատոնցմէ ամենէն կարեւորը, Շահսէնէ, մեզի կուտայ վիպողին անձնաւորութեան դարձեալ վարդեջրուած մէկ նկարը: Յետոյ, ուրիշ զանազան տեղեր ( Տանկուտի, Արմէնաքի ) փշրանքներ կան Պոլսեցի պատանիէն։ Երբ նկատի ունենանք որ այդ վիպակները գրուած են Պոլսէն հեռու, խորունկ կարօտի մէջ երազայնացած հայրենիքի մը, ա՛լ անդարձ մեկնող պատանութեան մը շատ քաղցր, փխրուն յուշերուն սխրանքին ընդմէջէն, մենք չենք կրնար հաշտուիլ Արեւելեան Վիպակներ երու վրիպանքին, գէթ Մինաս Չերազ մարդը սեւեռելու հիմնական պարտականութեանց մէջ։ Առանց գրագէտի շնորհին իսկ երբ տարիներէն կոխուած գրիչ մը ձեռք կ՚առնէ, տալու այդ երջանկութեան տարիները իր պատանութեան, չի կրնար ձախողել։ Ստոյգն այն է որ Մինաս Չերազ դիմած է իր վիպակներուն աւելի քան մեծ փառասիրութիւններով։ Ու հարց կա՞յ, տրտմօրէն դիտել տալու որ այդ տղուն անբաւարարութիւնն է դարձեալ որ կը միջամտէ սեպհական անձը տալու արարքին։ Միւս կողմէ՝ չմոռնալ որ Արեւելեան Վիպակներ ը գրական գործ ըլլալէ աւելի՝ բրօբականտի եւ հետեւաբար ձգտումի արդիւնք կառոյցներ են ինչ որ համազօր կու գայ կեանքին միսերը որոշ ակնոցի մը տակ տեսնելու եւ տալու արարքին։ Իր անձէն դուրս՝ միւս վիպակներուն մէջ կան իրաւ մարդեր։ Տանկուտի, Օհան Րէիզ, Լեւոն, Արմէնաքի, Տէօնմէ Էմինէ, Շահսէնէ թիփ եր են, որոշ խտութեամբ, որոշ կարկառով։ Իրաւ գրագէտի մը գրչին տակ անոնք կրնային իրենք զիրենք ըլլալ եւ իբր այդ մեզ տպաւորել: Բայց բրօբականտիստի մը մտահոգութեանցը մէջ անոնք շատ քիչ անգամ առիթը գտած են ըլլալու իրենք զիրենք։ Շատ մօտիկն եմ ընդունելու որ Ծեր Լեռնականը ին հերոսը Զէյթունցի իրաւ իշխան մըն է։ Կը հաւատամ որ իր հերոսական ազնուութիւնը, գթասրտութիւնը կարող են մաս կազմել իր ժողովուրդի առաքինութիւններուն։ Որպէսզի իր մէկ հատիկ առիւծ զաւկին սպաննումին վրէժը լուծելու համար գերի բռնուած թուրք մը այդ մարդը զգուշանայ իր ձեռքովը մորթելէ եւ բաշխէ անոր կեանքը սա շատ սրտառուչ խօսքերով. «Քեզ կը բաշխեմ կեանքդ։ Վերադարձիր հայրենի տունդ, զի ես ինքս շատ տառապած ըլլալով՝ չեմ կարող չգթալ հօր մը…»: Մարդկային որքան հայկական սա ազնուութիւնը մեղք որ ըլլայ աղօտած նախնական այդ վսեմը, հոգեկան գեղեցկութիւնը արատաւորող պատերազմական պատկերներու հանդէսէ մը։ Նոյնն է պարագան Օհան Րէիզ ին, ամենէն յաջողը Արեւելեան Վիպակներ էն։ Հոն բոլոր անձնաւորութիւնները ունին զմայլելի կարկառ, գիծերու հարազատութիւն, խորհրդանշական տարողութիւն։ Անոնց ցեղային ստորոգելիները գտած են վերջնական նկարագիր, ցայտեցնելով ու ցայտելով ինչ որ մարդոց ու ցեղերուն անփոփոխելի հոգեհյատակը կազմած է։ Բայց երբեմն մեր դժբախտութիւնն է որ կը ծանրանայ մեր ցանկութիւններուն վրայ, երբ չորս հինգ էջի վրայ կը փորձենք խտացնել քանի մը տասնեակ դարերու բիւրեղացումը։ Օհան Րէիզ ը առնուազն մեծաշունչ վիպակի մը մէջ միայն ի վիճակի պիտի ըլլար իր կարելիութիւնները իրագործելու: Մանրանկարային այդ անձնաւորութիւնները որքան ալ կատարեալ՝ իբրեւ արուեստի յօրինում, կը տառապին սեռին իսկ տառապանքը։ Ինչ որ կը զատէ մանրանկարը մեծ նկարէն, ի զօրու է նոյնութեամբ Չերազի անձնաւորութեանց համար ալ։ 

Ասոնց մէջ կան սեւեռումներ։ Տանկուտի ն իրաւ անձնաւորութիւն մըն է, քաղուած՝ հաւանաբար հեղինակին մանկութեան յիշատակներէն։ Ձեզ կը ղրկեմ Սիլիհտարի Պարտէզները հատորին (Տիկին Եսայեան), զգալու համար տարբերութիւնը վաւերական եւ սանկ ու նանկ գրողի մը միջեւ։ Տիկին Եսայեանի Խաչիկ հօեղբայրը անմոռանալի մարդ մըն է, ինչպէս էր, կը հաւատամ, իր գիծերուն շէնքովը այդ աղջնակին մանկութեանը վրայ ամբարձիկ։ Չերազի Տանկուտի ն կորսնցուցած է այդ իրականութիւնը, այդ կարկառը, այդ շքեղ գեղեցկութիւնը, քանի որ գործածուած է… բրօբականտի ճշմարտութիւններ ջատագովելու

Հերոսներու յօրինումը գրագէտի մը տաղանդին փորձաքարը կարելի է նկատել: Չկայ աւելի դժուար բան մը քան մարդեր տալու նախնական արարքը։ Այս է պատճառը որ կը հրաժարիմ Չերազի մարդերուն վրիպանքը տանելու ծանր իր հետեւանքներուն։ Չեմ արդարացներ որ մարդիկ իրենց հասակէն վեր ճիգեր փորձեն։ Բայց երբեմն սրտառուչ է այդ ճիգը երբ գիտակցութեան տեղ հաւատքով է պաշտպանուած։ Որո՞ւն համար գաղտնիք է որ Մինաս Չերազի մէջ ամէն բան կը մնայ ենթակայ այդ հաւատքին հրամայականին: Գրագէտը, այսինքն վիպողը, անոր մէջ նուազ յոյզեր միայն թելադրած է: Այսպէս ոչ կամ կանուխ այդ գրագէտը տիրակալած կ՚ըլլար գործիչ մը։ Այսպէս չէ պարագան, վասնզի Չերազի գրական զգայարանքը խղդուած է շատ կանուխ անոր ուրիշ մտահոգութեանց բեռանը տակ։ 

բ) Աշխարհը. Մեծ չափով Պոլիսը։ Բայց Պոլիս մը ուր քիչ մը խառն բարքեր, մտայնութիւններ, աւանդական մթնոլորտ, վերջապէս մօտիկ արեւելքը, ուրուաձեւ, միշտ անբաւարար կարկառով եւ խտութեամբ։ Անոնք որ 1850ի այդ աշխարհը այդ պատմուածքներուն մէջէն կը ջանան մտապատկերել, կը զգան այն նոյն դժուարութիւնը՝ որով հերոսներու յօրինումը կը տառապէր։ Ի վերջոյ չմոռնալ որ պատմուածքի մը հինգէն տասը էջը որքան ճիղճ մակարդակ մըն է իր վրայ ընդունելու համար մէկէ աւելի քաղաքակրթութեանց, ցեղերու նոյնիսկ տարրական կիրքերը, գիծերը, ապրումները։ Օհան Րէիզ պատմուածքին մէջ քանի մը հարիւր տարուան անցեալով բիւրեղացած աշխարհի մը մանրանկարը, այո՛, կայ, բայց որքան անհատական այդ աշխարհը թելադրելու: Շահսէնէ ին մէջ՝ արեւելքէն Պոլիս բերուած գերի գեղեցկուհիներու թուրք ընտանիքէ ներս զգացական գերութիւնը եւ ասոր հակազդեցութիւնները։ Որքա՜ն պիտի սիրէինք թուրք ընտանիքը ճանչնալ, այդ օրերուն այնքան տարբեր, այնքան ինքզինքը, այնքան հակառակ՝ մերիններուն: Քառսուն Կին Ունեցող Բաշան միամիտ մարմներգութիւն մըն է Հազար ու մէկ Գիշերներ ու հէքեաթէն փրցուած կարծես։ Վերջին Պարը, Լեւոն, Ծեր Լեռնականը, Կաղանդն ի Հայաստան, Քարիբդէն Սկիլլա, Կաղանդի Գիշեր, Եա՜ Սուրբ Կարապետ, այսինքն երեք չորրորդը այդ պատմուածքներուն կը խօսին իննսունական թուականներու հոգեբանութենէն։ Կը հետեւի թէ հայ յեղափոխութեան զուգընթաց խժդժութիւններ, ջարդը եւ արեւմտահայ գրականութեան մէջ ասոնց անդրադարձ ծանր, դժուար տարազելի գրական միւս տագնապը ստիպուած ենք հաստատել այդ աշխարհին երեսին։ 1900ին, Եւրոպացիները այդ արեւելեան պատկերներով յուզելու, մեր դժբախտութեամբը Եւրոպայի արգահատանքը մեր վրայ հրաւիրելու մտայնութիւնը իրարու կ՚եղբայրացնէր արտասահման ապրող եւ իրենց հայրենիքը մտովի ոգեկոչող մեր գրագէտները։ Բայց Սուրէն Պարթեւեան մը գլուխ–գործոց մը հանեց այդ նիւթէն ( Քայքայում Լեւոն Բաշալեան՝ քանի մը հզօր պատմուածքներ։ Արշակ Չօպանեան՝ գրական իր քննադատութեան արտայայտիչ փառքը ( Քուչակ, եւ ֆրանսերէն հատորները, հայ գրականութեան գործերը ծանօթացնող)։ Ունինք Արփիարեանը՝ իր Կարմիր Ժամուց ովը, Սիամանթոն, սկսող Վարուժանը։ Զուիցերիայէն գրող Աւետիս Ահարոնեանը։ Ատոնց բոլորին գործին մէջ արուեստի ելած սեւեռումներ կան այդ աշխարհէն։ Չենք կրնար կարդալ այդ պատմուածքները, ճանչնալու համար ջարդերով սնած աշխարհի մը ներքին ալքերը։ Հոն գործող թուրքերն իսկ եէնիչերիներու օրերէն քիչ բան կը թուին փոխած ըլլալ իրենց հոգիին խորը: Կը մտածեմ որ այդ պատմուածքները գրի առած ատեն հեղինակին աւագ մտահոգութիւնը ի՜նչ զսպանակներէ կը շարժէր։ Չորս էջի մէ՜ջ։ Թուրք մտայնութիւնը, մեր ժողովուրդին իմացական ինչպէս բարոյական զգայարանքը մեր զոհաբերումին, ծանր ճնշումը, հատորներու կարօտ նիւթեր են իրենք զիրենք սպառելու համար։ Ահա թէ ինչու Չերազի վիպակները իբր աշխարհ, իբր ձգտում, իբր մտայնութիւն չեն պաշտպանուիր իրենց երեւումէն քառորդ դար մը վերջ։ Այսօր Հայուհին (Սուրէն Պարթեւեան) մեզ կը նեղէ ճիշդ հակառակէն տկարութիւններով։ Հոն ալ իր չապրած վիճակները երեւակայելու անբաւարար տաղանդ մը գրականութեան կ՚ապաստանի այդ պակասը դիմաւորելու: Մինաս Չերազ կը կարծէ այդ պակասը դիմաւորել իր կարգին գրականութիւնը հիմնովին հալածելով։ Արդիւնքը երկուքին համար ալ նոյնն է: Առանց համբերատար ու պարկեշտ պրպտումներու, կեդրոնացման, անցեալը (ամէն բարք անոր մէջ բիւրեղակերպ կը պառկի, ընդունակ՝ կեանքի գալու երբ զօրաւոր մատներ ընդունակ ըլլան պեղելու անոր ընդերքը) մեզ կ՚արհամարհէ: Ո՛չ արեւելք կայ իբր միտք, ո՛չ անոր գոյները (տեղական), ոչ ալ անոր բանաստեղծականութիւնը։ Այդ արեւելքը զուրկ է նոյնիսկ Տիկին Եսայեանի մը քիչիկ մը թացիկ արեւելքին առաւել կամ նուազ հարազատութենէն, չըսելու համար նկարչագեղ հրապոյրներէն: Հասկնալի է որ չմտածեմ օտարներէ փորձուած ( Լամառթին, Ռընան, Բիեր Լօդի, Բլos Ֆէրար, Մաքլէր, յիշելու համար քանի մը յատկանշական անուններ) եւ որոշ նուաճումներու առիթ տուած éxotique երակի մը: Մինաս Չերազ, իբրեւ գրականութիւն, օտարներէն՝ Հիւկոյէն անդին չէ անցած։ Այնպէս որ ֆրանսացիներուն մատուցուած այդ արեւելքը [1] ի՞նչ կրնար արժել

գ) Տռամա եւ յարակից հարցեր. Տեղական գոյնի Պոլիսը ։ Ամէն վիպող պարտքին տակն է իր հերոսները գործողութեան մը մէջ ղեկավարելու: Խոշոր չէ թատերական բառը, տռամա ն, այս արարքը բնորոշելու համար: Տրուած ըլլալով Մինաս Չերազի հռետորական, բանաստեղծական, խորհրդածական համակրութիւնները, դժուար չէ հասկանալ թէ ինչու անոր վիպակներուն մէջ տռաման մնացած է նախնական, չըսելու համար դարձեալ անբաւարար։ Երեւակայութեան տկարութիւն մը չափով մը  կրնանք հեղինակ ընդունիլ այս նուաղման: Բայց արտօնուած չենք ամէն ինչ ծանրաբեռնելու այդ թերութեան կռնակին։ Մինաս Չերազ ունի բառերու երեւակայութիւն մը, ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս քան ռոմանթիք բանաստեղծներն ու թատրերգակները։ Մեզի ծանօթ է թէ ինչ անճարակ պատմող մըն է Ալիշան, Յուշիկք ներուն մէջ, հակառակ անոր որ ամեն ինչ տրամադրուած են իրեն այդ դրուագներէն, կատարեալ տռամաներ լաստակերտելու համար եւ Մինաս Չերազ որոշ չափով օգտուած է իրականութենէն։ Առնուազն իրեն մատուցուած են տիպարները եւ անոնց աշխարհը։ Իրողութիւն է որ Արեւելեան Վիպակներ ուն երեք չորրորդը, ըլլալու տեղ շարժական ստեղծում, են կայական (statique) պատկերացումներ: Ճակատագիրը շատ տարբեր է երկու եղանակներուն։ Dynamique ստեղծումը կրնայ շատ բան զանցել, հերիք է որ պաշտպանուի դէպքերու հեղեղ է մը որ մեզի ատեն չի տար անդրադառնալու, բռնավար մեզ մղելով տռամաթիք մթնոլորտի մը մէջէն դէպի լուծում։ Մինաս Չերազի որեւէ պատմուածքը չի կռթնիր այս տեսակ իրողութեան մը: Միւս կողմէ, դարձեալ, որեւէ պատմուածք մեզ չի բաւարարեր կայական առաքինութիւններով, - բարք, հոգեբանութիւն, վերլուծում, խորացում, եւ այլն։ Տեսնել, այդ վիպակներուն մէջ, պատմելու սեռէն բացարձակ նուաճումներ (ինչպէս ըրած է զանոնք տպող բարեմիտ երիտասարդը, Արտաշէս Յովհաննէսեան, չվախնալով Ֆլօպերի եղանակին հետ մերձեցման մը յանդգնութենէն իսկ), կը նշանակէ շատ միամիտ, շատ պարզապաշտ մէկը ըլլալ։ Ինծի համար պարզ է տռամայի զգայարանքին սա պակասը Չերազի մօտ այնքան որքան են իր միւս զգայարանքներուն տկարութիւնները։ Ի՞նչ ըրած է այս մարդը աւարտուն, անթերի, որպէսզի վարէր իր վիպակներուն գործողութիւնը պահանջելի maitriseով։ Ճիշդ է որ արեւմտահայ պատմուածքը առաւելապէս կայական շնորհներու հանդիսարան մըն է, բայց լայնօրէն մեզի գոհացում կուտայ մեր բարքերուն վրայ լայն իր սեւեռումներովը։ Տասէն աւելի այդ պատմուածքներուն հերոսները, աշխարհը կը պատկանին նոյն ժողովուրդին։ Արեւելեան Վիպակներ ը կարդացող հայ մը ոչ մէկ նորութեամբ պիտի աւելնար իր ժողովուրդին վրայ, իր գիտցածին մէջ։ Կը տեսնէք որ չեմ խօսիր միւս պարտականութենէն, այս անգամ արուեստէն եկող, արուեստին համար, վասնզի ոչ մէկ բարքերու ցուցակագրող այդ իսկ արժանիքին համար չի կրնար գրական պանթէոն մը առաջնորդուիլ: Մինաս Չերազի Արեւելեան Վիպակներ ը արուեստի չեն ելած։ 

Տեղական գոյնի հարցը դարձեալ բարեբախտ ձեւով մը չէ լուծուած Արեւելեան Վիպակներ ուն մէջ։ Վերը խօսեցայ անոր անբաւարարութենէն։ Աւելորդ է պաշտպանել փորձել վրիպանք մը իր բուն կալուածին վրայ այնքան պարզ ու վերջնական (L'Orient Inédit գիրքը)։ Երուխան, Բաշալեան, Զօհրապ, Տիկին Եսայեան, Չրաքեան, նոյնիսկ բանաստեղծներ (Թէքէեան, Մեծարենց) այդ Պոլիսէն մեզի տուած են կենդանի ապրումներ տեղական զօրաւոր գոյնի հանդէսին մէջ։ Չերազի վիպակներուն թեթեւ հրապոյրը թերեւս կուգայ քիչ մը հինցած եւ ատով հնութեան համ մը, հոտ մը թելադրող աշխարհէ մը։ Այս հրապոյրը բա՞ւ՝ որպէսզի Մինաս Չերազ ունենար իր անառարկելի փառքը մեր վիպողներու շարքին: Չեմ կարծեր: Միւս կողմէ՝ ո՞րն է գիրքը որ այս անունը ամենէն քիչ մեղքով յանձնարարէր, եթէ ոչ հարկադրէր արեւմտահայ գրականութեան։ Անկասկած Արեւելեան Վիպակներ ն է ատիկա։ 

* * *

Վերջացնելու համար գործերու այս վերլուծումը, քանի մը խօսք Կենսագրական Միւսիոններ հատորին վրայ։ 

Ութը կենսագրականներ են անոնք, զանազան տեղեր լոյս տեսած։ Առաջին անգամ խմբուած հատորով, դարձեալ Արտաշես Յովհաննեսեանի հրատարակութեամբ։ Ներսէս Վարժապետեան, Գրիգոր Օտեան, Եղիա, Սերվիչէն, Ռուսինեան ուղղակի մեր գրականութիւնը եւ մեր ազգային կեանքը հետաքրքրող մարդեր են: Կարապետ Շահպազը տռամաթիք անձնաւորութիւն մըն է որ իննսունական թուականներուն մեծապէս զբաղեցուցած է հանրային կարծիքը, կնոջ մը համար իսլամութիւնը ընդունելով։ Կարապետ Երամեան, Յարութիւն Տատեան վաթսունական թուականներու մարդեր են։

Այս հատորը, հակառակ անոր որ չի պատկանին դարձեալ բուն գրականութեան, կրնանք ընդունիլ Չերազի ամենէն յաջող գրուածքը։ Ասիկա անոր համար՝ վասնզի հատորիկը կազմուած է բացառաբար անձնական վկայութիւններով։ 

Հիմա որ տժգոյն է մեր ազգային կեանքը եւ այնքան շուքով քիչ` մեծ մարդերը մեր մէջ, ինչպէս թիւով, մելամաղձոտ հաճոյք է հետեւիլ Չերազի գրչին տակ այդ անձնաւորութեանց գիծերուն, կարկառներուն, այնքան հեռու, խոշորցուած, բայց այնքան ալ իրաւ։ Արդէն այդ անձնաւորութիւններուն  կեանքը, դերը, արժէքը կը պատկանէին արեւմտահայ ազգային ինչպէս գրականութեան պատմութեանց։ Չերազ չէ յաւակնած սպառել օրինակի մը համար Վարժապետեանի կենդանագրին փարթամ թելադրանքները։ Չէ յաւակնած դարձեալ վերլուծել Եղիան զոր կը ճանչնար իր անձին չափ։ Օտեանը՝ որուն հետ կապուած եղաւ սրտագին կապերով։ Ռուսինեանը՝ որուն կորովը շքեղ իմացականութիւնը, անխոնջ աշխատասիրութիւնը զինքը տպաւորած էին ի տղայ տիոց։ Եւ սակայն ինչ որ ըրած է՝ շահ մըն է մեր ժողովուրդի ընդհանուր հարստութեան ԺԹ. դարուն վերջին կէսին բարքերէն, հոգեբանութենէն։ Ճիշդ անտիպ արեւելքը, այս անգամ շրջուած եւ իրաւ: Իր կեանքի վերջին շրջանին գրի առնուած այս կենդանագրերը թաթախուած են քաղցր տրտմութեան մը մէջ որ կ՚աղուորցնէ այդ նկարներուն ինքնին խորհրդաւոր իմաստը։ Կը հասկնամ զինքը հեռաւոր Ֆրանսայի մէկ խորշին մէջ, իր ժողովուրդին կործանած դատին կսկիծը ներսը, քիչիկ մը տարածուող անտարբերութեան, չըսելու համար սառումին դիմաց որ մեր հոգիներունն էր այդ դատին կործանումէն վերջը՝ զայն յիշեցնող ամէն արարքի, զայն վարել յաւակնող ամէն անհատի դէմ: Մինաս Չերազ քաղցր սփոփանքի մը գինով է որ թուղթին յանձնած է այդ կենսագրականները։ Առաջին եւ վերջին անգամ այս մարդը կը յաղթէր իր հիմնական անբաւարարութեան, ձգելով հայ գրականութեան կենդանի, մնայուն արժէքով իր հատորիկը, Կենսագրական Միւսիոններ ը։ 

Մինաս Չերազի վրայ սպառիչ գիրք մը ունի Արշակ Ալպօյաճեան, որ կենսագրած է զայն իրեն ընտանի թուագրական պարկեշտութեամբ մը, որոշ չափով ապրեցնելով նաեւ այն խորհուրդը որուն համար ապրեցաւ կարելի է լսել Մինաս Չերազ. ատիկա հայկական հարցն էր, այլ բառով՝ 61րդ յօդուածը։ 

Կը յիշեմ Արտաշէս Յովհաննիսեանի Արեւելեան Վիպակներ ուն ալ յառաջաբանը: Կը յիշեմ Չրաքեանի մէկ բանախօսութիւնը Պէրպէրեանի վրայ, 1911ի Ոստան ին մէջ, ուր ճիգ մը կայ իր դէմքը` ճշդելու

 


 



[1]        Հոս կ՚անդրադառնամ իր միւս հատորին (L'Orient Inédit), լոյս տեսած 1912ին: Հէքեաթներ, աւանդութիւններ, բարքի փշրանքներ, քիչիկ մը տեղական գոյն, ֆօլքլօր, ընտանեկան սովորութիւններ, բոլորը բարեխառնուած երբեմն երբեմն անձնական ապրումի վկայութիւններովը։ Մարդ կը հարցնէ ակամայ, ինչո՞ւ գրուած են այդ կտորները։ Խօսեցայ հատորին մէջ ամենէն երկարաշունչ աշխատանքին մասին, ան որ Հայկական դիցաբանութեան վրայ Նօթեր վերնագիրը ունի։ Հոն հազիւ հազ քանի մը արժող փշրանքներ որոնք հայ հեթանոսական շրջանէն կայծեր պարունակեն, արդարացնելու համար խոշոր այդ վերնագիրը, բոլորովին անբաւարար: Նոյն անբաւականութիւնը թրքական, յունական ֆօլքլօրի մասին իր հաւաքումներուն մէջ։ Ինծի կուգայ թէ մէկ ու հիմնական մեղքն է որ զարկած է այս մարդը, եւ ատիկա՝ իր պատանութեան ետին վայելած շփացնող վարկը: Մինաս Չերազ կարծած է թէ կարելի է քանի մը կցկտուր ծանօթութիւններով, յուշերու փշրանքներով դառնալ բանասէր։ Ասոր փաստը դառնութեամբ տարածեցէք բոլոր իմացական իր կրթանքներուն ալ վրայ, եւ դուք կունենաք այս վրիպանքին բանալին։ Ֆոլքլօր ը անհուն գիտութիւն մըն է, մասնաւորուած աշխատողներու միայն մատչելի եւ ներելի: Հոն գործ չունի խմբագրողը, բանաստեղծը, գործիչը, որքան ատեն որ այդ ամենէն վեր համբերատար պրպտումներու ոգի մը չպաշտպանէ նման մասնագիտութիւն պահանջող ձեռնարկ մը։ Հատորին միւս հէքիաթները, ուղղակի փոխադրութիւն ժողովուրդին բերնէն, դարձեալ չեն զօրեր զիս երախտապարտ զգալու հանդէպ փրկուածին։ Սրուանձտեանց մը մինակ մեր ժողովուրդէն իր հաւաքումներով՝ անմոռանալի երախտիք է արժած ոչ միայն մեր գրականութեան, այլ նաեւ մեր ժողովուրդին։ Կընդունիմ որ L'Orient Inéditի պարունակութիւնը հաւաքումի մը արժանիքը կրնայ պարունակել, բայց Մինաս Չերազի գրական վաստակին համար ոչ մէկ կշիռ ունի։ Ըսի թէ զայն կարդացող Եւրոպացին պիտի չբաւարարուէր տրուածով։ Սանկ ու նանկ հատոր մը ուրեմն, գրուած՝ առանց յաւակնութեան եւ հետեւաբար առանց վտանգի։ կը յիշեմ Միսթրալ ը եւ հարաւային Ֆրանսայի ըրած իր հաւաքումները հոն ոչ միայն բարքեր փրկուած են, այլ ժողովրդական պատմումները։ Զրոյցները անցած են այդ մեծ գրագէտին զգայնութենէն, առնելով ասոր համն ու ջերմութիւնը։ Չերազի արեւելքը նման ոչ մէկ զգայութիւն կ՚արթնցնէ իմ մէջ։ Հոն թերեւս դեր ունի սա շատ յատկանշական պարագան: Այդ L'Orient Inéditն, խմբագրուած ֆրանսերէն, այդ իսկ պատճառաւ զուրկ է մնացած անտարազելի այն հուրքէն, ոգիէն, իսկութենէն զորս մենք կը զգանք, կ՚իրագործենք, արուեստին կը տանինք արեան ճամբաներով, այսինքն մայրենի լեզուով։ Թարգմանելը՝ մէկ ձեռքով առնել միւսով տալն է, տեսակ մը բառերու չէզոք առեւտուր: Եւ աշխարհի սկիզբէն ի վեր ոչ մէկ թարգմանիչ գրագէտի փառասիրութիւն է հետապնդած։