Դ.
Ուրիշ
առիթով
ես
մտադիր
եմ
երրեակին
(Եղիա,
Չերազ,
Պէրպէրեան)
գրական
տարողութիւնը
ենթարկել
վերջնական
վերլուծման։
Իրականութիւն
է
որ
երրեակին
միւս
միութիւնները
մեր
գրականութեան
մէջ
աւելի
քան
համբաւներ
են,
մէկը
շատ
շփացուած,
միւսն
ալ
տարուած
իր
սահմանէն
անդին
արժանաւորութեանց։
Դարձեալ,
իրականութիւն
է
որ
1885ին,
այսինքն
Իրապաշտներու
ծագման
օրերուն,
Մինաս
Չերազ,
Եղիա,
որոշ
չափով
Պէրպէրեան
կը
վայելէին
իրենց
համբաւներուն
աշունը,
այդ
փաղանգը
կազմող
գրողներու
նկատառման
մէջ։
Եղիային
հիւանդութիւնը,
երբեմն
երբեմն
արտակարգ
շողիւններով
ընդելոյզ
փշրանքները,
Պէրպէրեանի
քրոնիկները
այդ
անունները
պահեցին
որոշ
այժմէութեան
մը
մէջ։
Չերազի
Պոլսէն
հեռանալը
չարագուշակ
հարուածը
տուաւ
անոր
գրական
վարկին։
Նոյնիսկ
1910ին
իբրեւ
շատ
բարձր
անձնաւորութիւն
Պոլիս
մուտք
ընող
այս
մարդը
կը
մերժուէր
արեւմտահայ
գրականութեան
բոլոր
շրջանակներէն,
ապաստանելու
չափ
տարեգիրքերու
ցուցափեղկերու
ետին։
Պատմութիւն
է
ատիկա։
Կա՞յ
կէտ
մը,
միջոց
մը
Մինաս
Չերազը
արժեւորելու
արեւմտահայ
գրականութեան
Համապատկեր
ին
մէջ։
Դժուար
է
դրական
փորձ
մը,
տրուած
ըլլալով
այդ
անունէն
մեզի
եկած
գործին
քանակն
ու
որակը։
Կարելի
էր
քանակի
հարցը
աս
ու
ան
միջոցներով
տանիլ
բաւարար
կարգադրութեան
մը։
Ի
վերջոյ
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեանի
յաջողած
քերթուածներուն
թիւը
չ՚անցնիր
Գրական
փորձեր
ու
մէջ
լոյս
տեսած
տաղերու
թիւէն։
Ոչ
ոք
կրնայ
կասկածիլ
Մ.
Պէշիկթաշլեան
քերթողի
մը
վաւերական
փառքէն:
Բայց
Չերազը
կործանողը
որակն
է
ամէն
բանէ
առաջ։
Երկար
վերլուծում
մը
անոր
գործին
երբ
կը
փորձուիմ
քանի
մը
էջերու
մէջ
խտացնել,
կը
ջանամ
այդ
մեծադղորդ
փառքէն
մէկ
երկու
որակաւոր
կտորներու
վրայ
դնել
գնահատման
շեշտ
մը,
վկայութիւն
մը։
Եւ
կը
զգամ
թէ
անկարող
եմ
ատոր։
Գրական
Փորձեր
ու
տաղերը
կարդացող
մը
չի
կրնար
անոնց
ետին
բանաստեղծ
մը
ողջունել։
Ի
վերջոյ
Մինաս
Չերազ
շատ
աւելի
է
քան
այն
մեծահամբաւ
դատարկութիւնները
որոնք
ամէն
ժամանակ
կերպ
կը
գտնեն
իրենց
փառքերը
յօրինելէ
վերջ
զանոնք
մեծ
աղաղակով
ալ
շեփորելու։
Մինաս
Չերազ
Աղեքսանդր
Փանոսեան
մը
չէ,
ոչ
ալ
Ենովք
Արմէն
մը,
որպէսզի
խոհուն,
տրտում
լռութեամբ
մը,
զանցումով
մը
արդարութիւնը
ընէինք
իր
վրիպանքին։
Որքան
ալ
տարօրինակ
թուի,
այս
անունին
կապուած
արժանիքներու
ու
թերութեանց
կշիռ
մը
չի
դադրիր
իրականութիւն
ըլլալէ:
Տօնքիշօթ
մը։
Ինքնապաշտ
մը։
Շուքեր
հալածող
մը,
անկանգնելի
յաւակնութիւններով
ուռեցւորած
հոսհոս
մը։
Ինչո՞ւ
չէ։
Ես
կը
ղրկեմ
ձեզ
այս
ուսումնասիրութեան
սկիզբի
էջին
ուր
ընթացք
ունին
այս
անունին
համար
ու
քիչ
որակականներ։
Վերլուծումը
ցոյց
տուաւ
թէ
այդ
շողշողուն
որակականները
ինչ
կ՚արժէին
իրականութեան
մէջ։
Վերջացնելէ
առաջ
այս
աշխատանքը,
ես
կը
մոռնամ
պահ
մը
վերին
վերագրումներուն
կարելի
արդարութիւնը
եւ
կը
կենամ
իր
յիշատակին
առջեւ։
Աշխատեցաւ,
հաւատաց,
երազեց,
հասակէն
վեր
գործերու
ձեռնարկեց,
բայց
միշտ
պահեց
իր
ըսածին
հաւատաւոր
լրջութիւնը։
Ինչ
գեղեցիկ
վէպի
հերոս՝
տժգոյն
այս
մարդը։
Ինչ
արնաթաթաւ,
եղերական
աշխարհ
մը՝
վէպի
այս
մարդուն,
վաթսուն,
եօթանասուն
տարիներու
ծիրովը
սահմանելի։
Գրուած
է
որ
ոմանք
իրենց
գործը
տան,
ոմանք`
անձը,
ոմանք՝
խորհուրդը։
Չերազ,
առանց
իր
ուզելուն,
հերքումն
է
փորձած
այս
գիրին։
Պատժուեցաւ՝
վրիպելով
հաւասարապէս
անձէն,
գործէն,
խորհրդանշական
իմաստէն։
Բայց
պարտաւոր
եմ
ըսել
որ
իր
անունը
հայոց
գրականութեան
Համապատկեր
ին
մէջ
չէր
կրնար
զանցուիլ:
Աս
ալ
իր
արդարացումը,
իր
փառքը։