Դ.
ՔԵՐԹՈՂԸ
Մինչեւ
իր
մտքին
վերջնական
խաւարումը`
Եղիա
անձանձիր
դարպասն
է
ըրած
մուսաներուն։
Հոս
ոչինչ
կայ
ինծի
համար
անսովոր:
Արեւմտահայ
գրականութեան
առաջին
երկու
սերունդները
արժանապատուութեան
հարցի
էին
վերածած…
ոտանաւոր
գրելը,
որ
տեսակ
մը
կարծես
կը
կրկնէ
հիներուն
քերթողաբար
գրած
ըլլալու
փառասիրութիւնը։
Չեմ
գիտեր,
Նիկողոս
Զօրայեան
կրցա՞ւ
արդեօք
խուսափել
այս
դիւթանքէն։
Մնացեալները,
մէջն
ըլլալով
նոյնիսկ
յեղափոխական
Ռուսինեանը,
բոլորն
ալ
բանաստեղծութիւններ
ունին
ստորագրած։
Այս
հաստատումէն,
որ
աւելի
է
քան
պարզ
մատենագրական
նկատողութիւն
մը,
դէպի
բանաստեղծական
հարազատ
խառնուածք
մը,
միջոցը
երկար
է
բաւական,
շատ
շատերու
համար
անանցանելի
ըլլալու
աստիճան։
Միեւնոյն
ատեն,
տեսակ
մը
խղճահարութիւն
կը
զգամ
Եղիայի
քերթուածները
բեռցնելու
այն
վակոնին`
ուր
կը
հանգչին,
խաղաղ
եւ
անայց,
օր
մը
յոխորտ
պսակաւոր
քերթուածները
Պէրպէրեաններու,
Սէթեաններու,
Թէրզեաններու,
Չերազներու,
եւ
ինչո՞ւ
չէ՝
նաեւ
Ալիշաններու։
Իբրեւ
տաղաչափ,
յանգերու
յարդարիչ,
Եղիա
ոչ
աւելի
եւ
ոչ
պակաս
է
այդ
անուններէն։
Բայց
ահա
տարբերութիւնը։
—
Եղիա
Տէմիրճիպաշեան
գրագէտի
շատ
վաւերական
խառնուածք
մըն
է:
Այն
ատե՞ն։
Այսինքն՝
հաւանական,
կարելի
շե՞շտ
մը
այդ
խառնուածքէն`
անոր
տողերուն
ներսը։
Այս
հարցումին
պատասխան
մը
ճարելու
համար
էր
որ
վերստին
ընթերցումի
մը
ենթարկեցի
Եղիայի
գրիչէն
լոյս
եկած
գրեթէ
բոլոր
քերթուածները։
Ահա
քանի
մը
վկայութիւն։
ա)
Ընդարձակ,
զանազանակ
է
Եղիայի
քերթողական
աշխարհը:
Այս
հաստատումը
անշուշտ
մինակ
չի
պատշաճիր
Եղիայի
քերթողութեան։
Գիտենք
թէ
այդ
օրերուն
բանաստեղծութիւնը
տեսակ
մը
քրոնիկ
է,
մուսաներու
բարբառով,
անպատասխանատու
արձակութեան,
ուր
գրաբար
շատ
լաւ
գիտցող
ամէն
վարժապետ
իրեն
կը
ներէ
փառասիրութիւնը
իր
մատերուն
վրայ
չափել
հայոց
լեզուն
ամենէն
շողշողուն
բառերը,
տաղաչափական
կաղապարներու
մէջ
զանոնք
յաղթականօրէն
զետեղելու։
Այլապէս
ի՞նչ
անուն
տալ
այն
քմայքին
որով
Գ.
Օտեանի
պէս
պատկառելի
պետական,
քաղաքական
մարդ
մը
պիտի
չվարանի
ծովուն
մէջ
խեղդող
աղջկան
մը
մահը
քերթելու։
Ուրիշ
խնդիր
անշուշտ
զգացման
բաժինը
այդ
քերթուածին
մէջ,
օրինակի
մը
համար։
Ուրիշ
բան
է
բանաստեղծութիւն
ըսուած
շատ
դժուար,
խորունկ,
իրաւ
տառապանքը,
ճշմարիտ
ստեղծումին
արիւնոտ
երկունքը,
որ
շատ
քիչերու
մարմինէն
սպասելի
հերոսութիւն
մը,
նահատակութիւն
մըն
է
գրեթէ։
Երբ
Մկրտիչ
Աճէմեան
շէնքի
վրայ
աշխատող
ու
լաստակերտէն
թաւալգլոր
սալայատակ
փռուող
բանուորի
ողբերգութիւնը
…
կը
չափաբերէ,
լրագրական
քրոնիկ
մը
յօրինելու
քաղցրիկ
հաճոյքին
մէջն
է
հաւանաբար։
Նոյնն
է
Եղիայի
հոգեբանութիւնը
երբ
Եունկ
գործաւորին
մահը
առիթ
կ՚առնէ
խոշորկեկ
քերթուած
մը
թխմելու:
Այսպէսով
է
որ
օրուան
ընկերային,
քաղաքական,
ազգային,
պատմական,
հանդիսական,
հանդիսաւորական,
ամէն
առիթ
հոս
ու
հոն
թելադիրը
պիտի
ըլլան
մեծակառոյց
բայց
փքոցուռոյց
քերթուածի
մը:
Եունկ
ը
օտար
գործաւոր
մըն
է,
Մայտա
ն
(Օտեանի
երգած
աղջիկը)
ամերիկուհի
մըն
է։
Բայց
Երկրագունտ
ներուն,
Շարժում
ներուն
եւ
այն
ամէն
տեղերուն
մէջ
ուր
երեւցած
է
Եղիա,
իր
խայտաբղէտ
ծածկանոններով,
հանդիպելի
են
քերթուածներ
աս
ու
ան
ընտանիքէն
մեռնողին,
ծնողին,
նշանուողին,
պսակուողին
չնաշխարհիկ
արժէքները
փառաբանող։
Անշուշտ
նորութեան
մը
մէջ
չեմ,
երբ
այս
գանգատները
բանաձեւ
եմ։
Դուք
տեսաք
հոգեկան
եւ
իմացական
սա
բարեխառնութիւնը
…
դեռ
մեծն
Ալիշանի
օրերէն։
Ինչ
որ
դառնութիւն
է
ինծի`
Եղիայի
խառնուածքին
ինծի
թելադրած
կսկիծն
է։
Ինչո՞ւ
մեր
ամենէն
օժտուած
գրագէտներէն
մէկը
պիտի
ըլլար
հասարակաց
սա
անլուրջ
հանդէսին
ոչ
միայն
պաշտպան,
այլեւ
մասնակից
դերակատար։
Եղիայի
քերթուածներուն
մէջ
հաստատուած
սա
նիւթերու
ընդարձակութիւնը,
զանազանութիւնը
մեր
բանաստեղծութեան
մէջ
բեռն
է
անընթեռնելի
էջերուն։
Անշուշտ
մտքէս
չանցնիր
իրական,
անմիջական
աշխարհը
փակել
քերթողներու
եւ
անոնց
առջեւ
բաց
ձգել
միգամածային
գաւառները
անլուրջ,
թացիկ,
անյարիր
եւ
անարգաւանդ
երազանքին։
Բայց
արուեստի
գործը
իր
ժամանակին
անպայման
բիւրեղացմամբը
միայն
կ՚ազատի
այդ
ժամանակի
փտութենէն
եւ
դիրտէն։
Այդ
բիւրեղացումն
է
որ
պակսած
է
չարաչար
կերպով
Եղիայի
սա
ընդարձակ
աշխարհին.
մեզի
համար
դժուար
է
(նոյն
դժուարութիւնը
իր
ժամանակի
բոլոր
տաղաչափներուն
համար
ալ
ի
զօրու)
այդ
քերթուածներէն,
այդ
աշխարհը
վերակազմել
։
Բայց
ձեզ
կը
ղրկեմ
Հեթանոս
Երգեր
ուն
(Դ.
Վարուժան)
Այս
հատորին
մէջ
անշուշտ
(1900–1910)
շրջանին
հաւատարիմ
նկարագիրը
չենք
կրնար
պահանջել:
Հարիւրաւոր,
հազարաւոր
խռովքներ
կ՚ակօսէին
մեր
հոգիները
այդ
օրերուն։
Ասոնցմէ
ծուէններ,
կայծեր
ինկած
են
սակայն
Վարուժանի
գրքին
խորը։
Նոյնքան
ընդարձակ
է
Հեթանոս
Երգեր
ուն
աշխարհը,
բայց
գիրքէն
երեսուն
տարի
ետքը
հոն
բիւրեղացած
վիճակները
հարազատ
վկայութիւններ
են
առնուազն
շատ
հզօր
յուզումներու։
Եղիայի
քերթուածներէն
նման
հաստատում
մը
ոչ
միայն
մխիթարութիւն,
այլեւ
բարիք
մը
պիտի
կազմէր
կէս
դար
յետոյ
այդ
ամենուն
խորունկ
կերպով
հետաքրքրուած
մեր
իմացականութեան
համար։
Ընդհակառակը,
աշխարհի
սա
ընդարձակումը,
սա
տարտղնումը
խնայած
են
այդ
քերթողութեան
նոյնիսկ
այդ
միջակ
բարիքը,
չըսելու
համար
արժանիքը,
որով
զգեստաւոր
են
իրենց
մոմիայի
փառքին
մէջ
(օրինակի
համար՝
Ստուերք
Հայկականք
ը
(Խ.
Նար-Պէյ),
Առաջին
Տերեւք
(Ռ.
Պէրպէրեան),
Յուզման
Ժամեր
ը
(Յ.
Սէթեան),
նույնիսկ
մեծահռչակ
բայց
փոքրատարազ
Գրական
գործեր
ը
(Մ.
Չերազ),
իր
ոտանաւոր
մասերուն
մէջ)։
Բոլոր
այս
տաղարաններուն
կը
շնորհեմ
առնուազն
հատոր
մը
ըլլալու
ընդհանուր
հանգիտութիւն
մը,
հոգեկան
միութիւն
մը։
Եղիա
զուրկ
է
այս
իսկ
բարիքէն։
բ)
Հասարակ,
տափակ,
նոյնիսկ
բռնազբօսիկ
է
երբեմն
Եղիայի
քերթողական
թէքնիքը:
Եղիան
այն
բանաստեղծն
է
որմէ
այսօր
անկարելի
է
քերթուած
մը…
աւարտել:
Հոս
անիկա
կը
բաժնէ
ճակատագիրը
բոլոր
տաղաչափներուն,
իր
ինչպէս
ամէն
ժամանակներուն։
Չեմ
զարմանար։
Ինչ
որ
անհասկանալի
է
սակայն
երեսուն
տարիներու
վրայ
երկարող
այդ
վաստակին
մէջ՝
այս
մարդուն
վաստկած
հոյակապ
վարկն
է
մեծ
բանաստեղծի:
Եթէ
նկատի
ունենանք
որ
արուեստի
ձեւերէն
ամենէն
շատ
դիմացողը,
իրաւ
բանաստեղծութիւնն
է,
այն
ատեն
ստիպուած
ենք
բանաստեղծ
Եղիայի
մը
համբաւը
հիմնովին
այլափոխել,
անգամ
մըն
ալ
զայն
փաթթելով
քղամիդին
մէջը
բոլոր
ժամանակներու
տաղաչափներուն։
Այս
վճիռը
գինն
է
այն
հազարաւոր
տողերուն
որոնց
ետեւէն,
Ներսէս
Շնորհալի,
Երեմիա
Չելեպի,
Հ.
Ղեւոնդ
Ալիշան,
իրմէն
սերող
դպրոցը,
մեզ
կը
տառապեցնեն
այսօր
եւ
թերեւս
միշտ
պիտի
տառապեցնեն:
Հասարակ
խօսքը,
գռեհիկ
բառը,
զարդարուն
աղմուկը,
չզգացուած,
չապրուած
խօսքերու:
Ի՞նչ
փաստ
նոյն
ատեն
ճակատագիրը
այն
միւս
քանի
մը
հարիւրը
չանցնող
տողերուն,
որոնք,
դարձեալ
նոյն
անուններէն,
կը
պահեն
ջերմութիւնը,
շեշտը,
իրաւ,
խորունկ
ապրումին։
Այսպէսով
է
որ
հասարակ
տաղաչափ
Շնորհալիէն
մեր
գրականութիւնը
ըլլայ
ժառանգած
անմահ
գեղեցկութեամբ
պատառիկներ:
Անհուն
շատախօս
Խրիմեան
գտնէ
քանի
մը
տասնեակ
տողերուն
մէջ
հարազատ
գեղեցկութիւն,
ասիկա
ճիշդ
է
Ալիշանի
ինչպէս
մեր
Ռոմանթիքներուն
համար։
Եղիան,
իբրեւ
բանաստեղծ,
անարժան
պիտի
ըլլար
ինձմէ
առնելու
սա
էջերը,
եթէ
երբեք
հսկայ
կորանքը
իր
քերթողութեան
չըլլար
պաշտպանուած,
նոյնիսկ
հակառակ
իրեն,
մէկ
քանի
իրապէս
խոր,
թէեւ
անհաւասար
քերթուածներով,
որոնք
Հրայրք
Մութին
վերնագրին
տակ
երեւցան,
երբ
իր
միտքը
գրել
է
կալանաւոր
էր
ստուերներուն
ուժերէն:
Այս
մէկ
երկու
յաջողուածքներն
են
որ
ինծի
կ՚արտօնեն
զիջում
մը,
Եղիայի
մէջ
տեսնելու
բանաստեղծ
մը։
Այսպէս
արժեւորած,
իր
փառքէն
մերկացուած,
իր
մեղքերէն
սրբագրուած,
Եղիա
գրեթէ
բանաստեղծ
մը
կ՚ըլլայ,
այս
անգամ
արեւմտահայ
գրականութենէն
բոլորովին
օտար
ազդեցութեանց
ենթակայ:
Նիւթ,
ներշնչում,
ճարտարապետութիւն,
ամէնն
ալ
հանելով
իր
մտքին
արգանդէն
եւ
իր
տողերուն
տալով
մշտապէս
այցուած
իր
մտքին
զարհուրագին
վէտվէտումը,
պատկերներու
փայլակներով
փեռեկուած
խտղտումին
անհանդարտ
անձուկը։
Այսպէս
կը
տպաւորուինք
երբ
կը
կարդանք
իր
Անգեղն
Երգը,
Խօսք
ընդ
Աստուծոյ,
Հրայրք
Մութին,
քերթուածները։
Անկարելի
է
ուրանալ
ատոնց
ներսը
եթէ
ոչ
բանաստեղծի
հարազատ
խառնուածքի
մը
իրականութիւնը
(որ
իր
խռովքը
սեպհական
ճարտարապետութեան
կնիքովը
նուաճած՝
ազատագրէր
ժամանակէն,
միջոցէն,
ինչպէս
կ՚ըսէր),
գէթ
այլապէս
ծալաւոր,
մթնաշառայլ
երեւակայութեան
մը
ալքերէն
վերբերուած
ուրուացումներ,
պատկերներու
փշրանքներ,
ցնորակոծ,
ցնորագին,
որոնք
խաղային
իրենց
մթին,
բարդ,
խոշոր
լոյսերէ
երբեմն
երբեմն
ողողուած,
բզքտուած,
եւ
որոնց
տակը
եթէ
ոչ
զգացում
մը,
գէթ
մտածում
մը
բաբախէր։
Այսպէս
հասկցուած
ու
դասաւորուած՝
Եղիայի
այս
քերթուածները
կերպով
մը
կը
կրկնեն
կարծես
ճակատագիրը
իր
այն
էջերուն
որոնք
իր
տպաւորապաշտ
դէզերուն
մէջէն
տարօրէն
կենդանի
իրենց
գեղեցկութիւնը
դեռ
կը
պահեն
անայլայլ
ահա
կէս
դար
կայ
իրենց
ծագման
օրերէն։
գ)
Ինքնատպութիւն,
որ
կը
տարածուի
ոչ
միայն
իր
աշխարհը
ընդգրկող
քիչ
մը
սովորականէն
վեր
նիւթերու,
այլեւ
զանոնք
մշակելու
եղանակին
վրայ
հաւասարապէս:
Վերը
դիտել
տուի
թէ
Եղիայի
քերթողութիւնը
որոշ
չափով
կնիքին
տակն
էր
իր
ժամանակին։
Թէ
առնուազն
քերթողական
խառնուածքի
մը
շեշտը
իր
մէջէն
հաշտ
էր
այն
միւս
պատանիներուն
շեշտին
հետ
որոնք
կոչուեցան
Պէրպէրեան,
Չերազ,
Սէթեան,
նոյնիսկ…
Օր.
Զապէլ
Խանճեան
(Սիպիլ)։
Բայց
ահա
այն
քանի
մը
յատկանիշները
որոնք
Եղիայի
ինքնատպութիւնը
կը
յօրինեն,
ամենէն
առաջ
ի
վնաս
իրեն,
յետոյ
ի
վնաս
հայ
բանաստեղծութեան։
1.
Անոնց
ապերասանութիւնը
թէ՛
իբրեւ
նիւթ,
թէ՛
իբրեւ
գործադրութիւն՝
Ագռաւ
մը
(ինք
զայն
դիւրութեամբ
պիտի
անուանէ
անգղ),
փողոցէն
անցնող
գնչու
մը,
գերեզման
իջնող
տղեկ
մը,
Գողգոթայի
Խաչուածը,
ծովը,
հրեշտակը,
թաշկինակը,
կոյր
պապուկը,
հրաշագործ
երէցը,
տողեր՝
որոնք
կշռութաւոր
են
քիչ
մը
ամէն
բանի
շուրջ,
վերացական
բառեր
(ինչպէս՝
բանաստեղծութիւն,
անմահութիւն),
մինակ
քերթուածներու
վերնագիրներ
չեն
Եղիայէ
ստորագրուած,
այլեւ
նիւթեր
որոնք
անոր
հոգիին
հետ
չեն
ունեցեր
արդար
աղերս,
ապրեր
անկէ
ներս
(ինչպէս
է
պարտքը
ըլլալ
բոլոր
յաջող
քերթուածներուն),
այլ
չես
գիտեր
ինչպէս
ինկեր
են
անոր
ուշադրութեան
նախ
իբրեւ
բառ
եւ
յետոյ
թեւերուն
վրայ
անոր
բառերուն
քմայքին՝
գացեր
են,
իրենք
իրենց,
հոն
ուր
քմայքը
վարեր
էր
զիրենք։
Այս
հաստատումը
անշուշտ
մէկ
գծով
կը
կոտրէ
բանաստեղծ
Եղիայի
հէքեաթը,
բայց
դժբախտութիւն
թէ
բարեբախտութիւն,
թափառակոծ
այդ
գնացքի
ընթացքին
յաճախ
հանդիպում
մը
պիտի
ընենք
պատկերներու,
մտածման
փշրանքներու,
նոյնիսկ
իր
հոգիի
մեծքերուն,
որոնց
հարազատութիւնն
ալ
դուրս
է
կասկածէ։
Այն
ատե՞ն։
Դժուար
է
խոշոր
կեղծիք
մը
որակել
սա
անպատասխանատու
տագնապը
ամենանուրբ
զգայնութեամբ
արուեստագէտի
մը
որ
արդէն
ու
թերեւս
աւելի
շքեղ
կերպով
մը
սա
վիճակին
փաստը
իրագործած
է
մանաւանդ
իր
արձակներուն
մէջ։
Տպաւորապաշտ
իր
էջերը,
տարիներու
վրայ
երկարաձգուող
իր
օրագիրները,
յուշագիրները,
իր
տրամասութիւնները
(գիտական,
բնազանցական
հարցերու
շուրջ)
կը
մատնեն
այս
նոյն
վէրքը,
աւելորդով,
երկրորդականով
ծանրաբեռն,
անընթեռնելի
յօրինումներուն
մեղքը,
որոնց
մէջ
երբեմն
էջ
մը,
երբեմն
կէս,
աւելի
յաճախ
տողեր
սքանչելի
գեղեցկութեամբ
գոհարներու
նման
կը
տպաւորեն
ընթերցողը:
Այս
կերպ
տեսնուած
իր
ինքնատպութիւնը
մի
մօտեցնէք
քերթողի
վաւերական
ինքնատպութեան։
Tour
de
force
մըն
է
Նոճաստան
ը,
բայց
արդարանալ,
քանի
որ
զայն
կազմող
հնչեակներուն
organique
միութիւնը
առնուազն
հաստատելի
է
գրքոյկին
ներսը
եւ
փորձեցէք
համախմբել
Եղիայի
քերթուածները
հատորի
մը
մէջ,
այն
ատեն
պիտի
հասկնալի
ըլլայ
Տէմիրճիպաշեանի
տարօրինակութիւնը,
չըսելու
համար
այլանդակութիւնը։
Տարօրինակը
հոն
է,
որ
այս
ինքնատպութեան
անիկա
կը
հասնի
գրեթէ
միշտ
…
տաղաչափութեան
սայլակով
մը,
իրեն
ընկեր
ունենալով
այդ
օրերու
գրաբարով
ընձեռելի
շատ
սուղ
նպաստ
մը
(աւելորդ
չըլլայ
հոս
բացատրել
եւ
ճիշդ
դատապարտումի
ենթարկել
այն
աճպարարութիւնը
որով
1880ին
բանաստեղծները
կը
զեղծանեն
այդ
օրերու
ընթացիկ,
թացիկ
ազատութիւններով։
Համաձայն
վանկին՝
մեր
հայերը
փոխ
կ՚առնեն
գրաբարը,
մեր
գոյականները
կը
հագնին
իրենց
գրաբար
պատմուճանները,
մեր
ածականները,
որոշ
սեթեւեթով,
իրենց
յարաբերութիւնները
կը
ճշդեն
գոյականներու
հետ,
արտօնելով
ոտանաւորի
գործաւորները
որպէսզի
կառուցանեն
իրենց
…
թուղթէ
դղեակները։
Տաղաչափութեան
մեղքէն
վեր
զեղծանում
մըն
է
ասիկա,
մատերով
տող
չափելու
պահանջին
համեմատ
լեզու
գործածելու
անհեթեթութիւն։
Այս
մեղքով
զառածող
ամենէն
մեծ
մեղաւորը
Եղիա
Տէմիրճիպաշեանն
է
արեւմտահայ
գրականութեան,
եւ
հասկանալի
է
ասիկա,
քանի
որ
ամենէն
քիչ
խառնուածքը
անորն
է
եղած)։
2.
Խժութիւնը,
որը
բացառիկ
իմաստ
մը
կ՚առնէ
իր
արձակին
մէջ,
այնքան
հեշտալուր,
քաղցրանուագ,
սա
մարդուն
ոտանաւորին
մէջ։
Այս
պարագան
մասամբ
զգալի
է
դարձեալ
իր
սերունդին
ամենէն
տիտղոսաւոր
եղերերգակներուն
մօտ։
Թովմաս
Թէրզեան
մեղաւոր
է
այս
մեծ
մեղքով,
ինչպէս
են,
որոշ
չափով,
միւսներն
ալ,
իր
ընկերները,
որոնց
անունը
ա՛լ
չեմ
տար։
Բանաստեղծի
մը
ամենէն
ուժգին
մէկ
զգայարանքը
նկատուող
(որոշ
իրաւունքով)
ձայնականին
հանդէպ
սա
զառածումը,
մեղանչումը
թերեւս
չի
պաշտպանուիր
ուրիշ
բանով
եթէ
ոչ
իր
մտքին
անհուն
խաժամուժովը։
Ըսեր
եմ
կանխող
էջերուն
մէջ
թէ
Եղիա
պահերու
մարդ
մըն
էր,
ինչ
որ
հոմանիշ
է
բանաստեղծութեան։
Բայց
ահա
տարբերութիւնը։
Այդ
պահերը
Եղիան
կը
գտնեն
իր
արձակներուն
մէջ,
գրեթէ
իմացական,
մտածական
կաթումներու
ձեւով։
Անոնց
մէջն
է
որ
անիկա
կը
սպառէ
ինքզինքը,
իր
նիւթը
նուաճելու
արարքին
մէջ
դնելով
խեղճ
իր
մարմնէն
ճարուելիք
ամէն
ուժ:
Միւս
կողմէն՝
իր
մոլութիւնը,
գրելը
նկատելու
իբր
խաղարկութիւն,
ցուցամոլութիւն,
շատ
քիչ
անգամ՝
զգացական
վիճակներու
վերլուծում,
պատճառ
է
որ
իր
տողերուն
պակսի
իր
հոգիին
ձայնը,
այս
անգամ
այս
բառին
տալով
մեղեդային
իր
իմաստը,
այն
բխումը
որով
պարուրուած
մեր
բառերը
կ՚ըլլան
մեր
հոգիին
մէկ
արտաքնացումը,
կերպարանքը։
Իր
ինքնատպութիւնը
անօգուտ
բանի
մը
վերածող
սա
վէրքը
իր
ոտանաւորին
մէջ
պիտի
մնար
անքաւելի:
Իր
քերթուածներէն
կազմուած
հատոր
մը,
ուրիշ
շատ
մը
թերութիւններ
է
առաջ,
պիտի
վտանգուէր
սա
տկարութեամբ:
3.
Իմացապաշտութիւնը,
որ
կը
ձգտի
թարգմանել
իր
զգայնութենէն
նպաստ
չգտնող
մարդու
դժբախտութիւնը։
Աշխարհի
սկիզբէն
մինչեւ
այսօր
քերթուած
մը
յուզումի
հանդէս
մըն
է։
Տեսիլներու,
ձայներու,
խռովքներու
տեսակ
մը
համադրութիւն։
Շատ
քիչ
անգամ՝
մտածելու
արարքի
մը
փաստը։
Չէք
մոռնար
անշուշտ
իմաստասէր
Եղիան,
որ
քիչ
մը
շատ
լրջութեամբ
առած
է
իր
տիտղոսը,
աշխատած
է
զայն
արժեւորել
գրեթէ
ամէն
տեղ
‒
աղջիկներու
օրագիրներուն,
կատուներու
յուշագիրքերուն,
ընկերաբանական
տեսութիւններու
տռամասութիւններուն,
նոյնիսկ
ազգային
հարցերու
բառարաններուն
մէջ։
Կը
հետեւի
թէ
անիկա
մասնաւոր
ախորժով
մը
պիտի
ջանար
ըլլալ
այդ
իմաստասէրը
նաեւ
իր
ոտանաւորին
մէջ։
Ինչ
որ
ըսինք
իմաստասէր
Եղիայի
մասին,
իր
տեղը,
չեմ
կրկներ
հոս։
Անոր
մտածումները,
այդ
քերթուածներուն
ինքնատպութիւնը՝
դարձեալ
կը
խորտակեն
ոչ
միայն
իրենց
հասարակութեամբը,
այլեւ
անհեթեթութեամբը,
թերեւս
իրենց
անիմաստութեամբը
ըլլալով
փայլակներ,
այդ
քերթուածի
ընդհանուր
մռայլին
մէջ
զիկզակող,
բայց
անբաւարար՝
այդ
մթութիւնը
շէնքի
վերածելու:
Բանաստեղծ
Եղիայի
մը
հէքեաթը
երբ
իր
ճիշդ
եզրերուն
կը
վերածուի,
մեզի
կը
ներկայանալ
ո՛չ
աւելի
եւ
ոչ
պակաս
քան
այն
միւսները
որոնք
իր
ընկերներունը
եղան:
Այս
մարզին
վրայ
ալ
Եղիա
կը
բաժնէ
անոնց
ճակատագիրը,
որ
տասը
չանցնող
յաջողակ
քերթուածներու
բախտն
է,
գրեթէ
մեծ
քնարերգակներու
համար
ալ
իրական։
Տեղ
մը
ըսեր
եմ
թէ
Լամառթինի
անունէն
աշխարհ
ունէր
ժառանգած
տասնըհինգ
քերթուած,
հարիւրներու
մէջէն:
Ուրիշ
չէ
պարագան
Մեծարենցին,
եւ
թերեւս
վաղը՝
Վարուժանին,
եւ
ով
գիտէ՝
թերեւս
Թէքէեանին
համար
ալ:
Եղիա
ունի
երեք
չորս
հատ
եթէ
ոչ
ուղղափառ,
ամրակառոյց,
գէթ
իր
մտքի
հարստութիւնը
փաստող,
իր
զգայարանքներուն
նրբութիւնը
փրկող
եւ
մեր
լեզուէն
իր
maîtriseը
ապացուցանող
քերթուածներ:
Ի՞նչ
մեղք՝
որ
ատոնք
անբաւական
ըլլան
իրենց
ճարտարապետը
մեր
մտքին
մէջ
պարտադրելու
այնպէս
ինչպէս
է,
օրինակի
համար,
այդ
պատկերը
Պէշիկթաշլեանի,
նոյնիսկ
Թէրզեանի
համար։
Արտասանեցէք
այդ
անունները
եւ
հետեւեցէք
այն
զգայութիւններուն,
մտածման
խաղերուն
եւ
յոյզերուն
որոնք
պիտի
արթննան,
այդ
անուններուն
ետեւէն,
ձեր
մտքին
ինչպէս
հոգիին
խորերը։
Թերեւս
կանխած
չեմ
ըլլար
ձեր
տպաւորութիւնները
եթէ
յայտարարեմ
թէ
այդ
անուններուն
ետեւէն
ձեր
մէջ
յառնողը`
այդ
մարդոց
կեանքէն,
գրագէտի
փառքէն
եւ
համբաւներէն
տարբեր
պատկեր
մըն
է:
Պէշիկթաշլեանի
համար՝
շատ
որոշ,
Թէրզեանի
համար՝
քիչ
մը
տարտամ,
բայց
բանաստեղծի
վաւերական
պատկեր
մը:
Ըրէք
փորձը
Եղիային
համար
եւ
պիտի
գտնէք
դուք
ձեզ
անորակելի
քաոսի
մը
առջեւ:
Եղիայէն
բանաստեղծ
մը
ո՛չ
մէկ
քերթուածով
չի
ծանրանար
մեր
զգայութեան։
Կ՚ըսեմ
այսպէս՝
վասնզի
ամէն
բանաստեղծ
մեր
զգայնութեան
մէկ
երկարաձգումն
է
մեզմէ
դուրս։
Բանաստեղծները
մենք
է
որ
կը
շինենք։
Եւ
Եղիան
դուրս
է
մեզմէ։
Անով
ոչ
մէկ
հայ
պատանի
չէ
ապրած։