Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Դ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե ՎԻՊՈՂԸ 

Անլրջութիւն է Եղիայի առիթով արեւմտահայ վէպը ենթարկել ուսումնասիրութեան, հոն տեսնելու համար եթէ ոչ Եղիայի տաղանդին նոր մէկ փաստը, գէթ այն կարելի տիպարները, զգայութիւնները, առնուազն աշխարհի ուրուաստուերը որոնք իրականութիւն են անձնախոնարհ վիպողին համար ալ։ 

Տասը չանցնիր թիւը Եղիայի վիպակներուն։ Երեսուն տարիներու վրայ երկարած վաստակի մը մէջ անշուշտ զանցառելի՝ իբրեւ քանակ։ Նոյն զանցառումն է սակայն որ տիրական է դարձեալ անոնց որակին համար ալ։ Ուշադրութեան արժանի պարագայ: Իր վիպակները կը սկսին իբրեւ շքեղ յաղթանակ մը, Իրապաշտներէն շատ առաջ, զարմանալի կերպով բնական եւ իրաւ, այնքան որ լաւագոյն հաճոյքը մարդ կը պատրաստուի առնել շքեղ այդ սկիզբէն յուսապատար։ Բայց ահա անխուսափելին։ Երկրորդ էջին իսկ սկիզբ կ՚առնէ divagationը: Կարծես յոգնած այդ փոքր ճիգէն, Եղիայի միտքը կը զառածի, փնտռելով իր վարժութիւններուն եւ ինչո՞ւ չէ` տաղանդին սովորական ակօսանքը։ Եւ կ՚ունենանք վէպի տեղ քիչ մը ամէն բան։ Այդ ամէն բանին մէջ են մեծ ու պզտիկ փիլիսոփաներ, առնուազն Շօփէնհավըրը, Նիրվանան, Յիսուսը, բայց մանաւանդ անխուսափելին Ե. Տէմիրճիպաշեանը։ Չենք զարմանալ որ իր բոլոր վիպակներուն հերոսները եկած ըլլան այդ արիւն թքնող, տող չափող եւ երազ հալածող Ֆաքիր էն։ Եղիան անկարող էր իր անձէն դուրս ելլելու: Պէտք կա՞յ, դիտել տալ որ վիպողը այն մարդն է որ կը զոհէ ինքզինքը, ուրիշներու կաշիին մէջ մտնելու զիջումը ներելով իրեն, իր գրագէտի խղճահարութեան, եւ կուտայ մարդերը այնպէս ինչպէս որ են։ Այս է պատճառը թերեւս որպէսզի իր վիպակներուն մէջ մեզի չտրուի բախտը նոյնիսկ հարազատ ինքնապատկերացման մը, քանի որ Եղիայի հիւանդութիւնը այդ անձնաւորութեան տարտղնումն է, այլափոխումն է տարիէ տարի։ Պիտի կրնանք, փոքր ներողամտութեամբ մը, իր քերթուածներուն մէջ երբեմն հաստատել տողին յաջողուածքը, խմբագրականներուն մէջ՝ մտածման մը կորովը` քանի մը էջի վրայ ինքզինքը ամուր պահած, բայց իր վէպերուն մէջ միշտ պիտի մնանք շուարուն, մոլորած։ Սպասելի էր որ այդ վիպակները քով քովի բերուելով մեզի թելադրէին սանկ 1870ի, 1880ի դռներուն Եղիան: Ընթերցումը մեզ կ՚ընէ յուսախաբ եւ ահա մենք կունենանք պատկերը տղու մը որուն տաղանդը մահախաղութիւն է, սիրային զառանցանքները, իմացական անձուկն ու վրդովումները, պատառ պատառ, մէկ վիպակէն միւսը մատուցում։ Կը ղրկեմ ձեզ Երկրագունտ ի վերջին թիւի (1888) Աղախնեակն վիպակին։ Պարտիզակցի սպասուհի մըն է ասիկա, արեւմտահայ վիպակին մէջ լաւ ծանօթ, որ բռնի կ՚առնուի իր գիւղէն, կը բերուի Պոլիս որպէսզի Եղիայի թիփը ներկայացնող Պոլսեցի պատանիի մը վրայ հաստատէ այն բոլոր տարօրինակութիւնները որոնք անոր ո՛չ միայն պատանութիւնը, այլ թերեւս ամբողջ կեանքը ըրին տակն ու վրայ: Չենք հասկնար թէ ինչո՞ւ այդ խեղճ կինը կ՚ընենք այդպէս անհանգիստ, քանի որ մեր պատմումին մէջ անիկա դուրսէն վկայ մըն է մեր վերլուծումներուն, եւ սակայն, ինչպէս վերը դիտել տուի, վիպակին մուտքը զմայլելի իրապաշտութեամբ անթերի գործ մըն էր, Եղիայի գրչին տակ քիչ անգամ հանդիպելի

Վիպումը իր հիւանդ անձնաւորութեան զանազան երեսները միայն կերպարանելու երբ այնպէս կը յատկացուի, կը դադրի այլեւս իր սեռին պատկանելէ, ըլլալու համար անորակելի, անտարազելի զբաղանք մը։ Ի վերջոյ որոշ վերապահութեամբ ընդունելի է խմբագիր Եղիան։ Ի վերջոյ ո՞վ բանաստեղծ չէր 1870էն մինչեւ 1900 մեր գրողներուն մէջ, որպէսզի այդ դժբախտութիւնը զլանայինք Եղիային ալ: Քերթուած գրելը մաս կը կազմէր գրագէտի անխուսափելի, անխորտակելի սնափառութեանց։ Բայց վիպո՞ղը։ Ամէն մարդ ստիպուած չէր կամ պարտքը չունէր մեծ կամ պզտիկ ստեղծագործական էջ մը ստորագրելու ուր մեր անձէն դուրս ու մեր խելքէն դուրս մեր դիտողութիւնը կանչուած է յաճախ տիրապետող դառնալու: Երեսուն տարի այս մարդը իր խելքը եւ իր անձը միայն կեդրոն ունենալ սիրեց իր ստեղծագործումին։ Ոչ մէկ վիպակ կ՚անցնի Եղիայէն արեւմտահայ գրականութեան ժառանգութեան։ Կ՚ըսեմ ասիկա առանց ցաւի։