Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Դ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Է ՀԱՄԱԴՐՈԻՄ՝ 

Այս ուսումնասիրութեան մէջ մտայ Եղիայի հէքեաթով։ Զայն կ՚աւարտեմ քիչիկ մը տրտում, կարծես զղջահար՝ հակընդդէմ ազդեցութիւններու ցաւին մէջ։ Անշուշտ իր հէքեաթը իր ժամանակին վրայ դիզած, շեղչակուտած դափնիները, ինչպէս իր ծերացած գլխուն հագցուած փշէ պսակները կը յուզեն զիս, բայց կը մնան անկարող իմ դատումը տպաւորելու: Այդ դատումը չեմ կրկներ սա վերջաբանի մուտքին։ Քսան տարի առաջ Կեդրոնականի մէջ այդ գործին հետ ունեցած իմ շփումը եղեր էր դառնօրէն բախտորոշ։ Ապշեր էի այն անհուն անլրջութենէն չըսելու համար հոսհոսութենէն, որով Եղիա վարուած էր մեր գրականութեան եւ առհասարակ գրականութեան հետ: Զայրացել էի ոչ թէ իր համբաւէն, այլ իր իսկ ներողամտութենէն, հանդէպ իր տկարութեանց եւ անծակ այն միամտութենէն՝ որուն փաստը կար դարէ դար, ժողովուրդէ ժողովուրդ, վարդապետութենէ վարդապետութիւն ոuտոuտող սա հիւանդին մէջ։ Այն ատեն ըսել էի իմ մտածումը, քիչիկ մը ազդեցութեանը տակ շքեղ այդ վրիպանքին եւ շատ աւելի մօտ այն հոգեվիճակին որուն լարերը կուգային Եղիայէն, այսինքն անոր գրականութիւնը կարելի ընող պայմաններէն: Քսան տարիներ են անցած այդ օրերէն։ Արեւմտահայ գրականութիւնը այսօր ուրիշ խորհուրդ, ուրիշ ողբերգութիւն, ուրիշ կործանում է ինձմէ ներս։ Կը նմանի մէկու մը որ իր պալատին քայքայուած աւերակին դիմաց այլեւս չի մտածեր գեղեցկութեան ու փառքին որ այդ սիւները, այդ կամարները, այդ անդաստակներն էին եղեր։ Չի մտածեր խոր ալ յուզումին որով կը թրթռայ այդ ամենուն ներսը եւ եկող կեանքը, խոր, փարթամ ալիքներով։ Հիմա ինծի կուգայ թէ պէտք եմ խանդավառուիլ, առնուազն յիշատակին մէջը քաղցրանալ` մէջքէն կտրած սիւնի մը դիմաց ուր ինծի տրուէր հաստատել կոր մէկ հմայքը մեր ոճին, աւերներու դէզէ մը դեռ պզտիկ գուռին մէջ իր երգը լացող ջուրին թարմ իմաստին: Այս հոգեբանութեամբ, զոր չեմ լայներ, Եղիայի գործը կը շահի ինձմէ ներս իր վիրաւոր փառքին վիրաւոր արժանիքը: Ի վերջոյ ո՞րն է գործը որուն մէջ մնայունը սանկ քանի մը սերունդի ախորժակները դիմաւորէր գէթ իր մէկ միջակ մասին մէջ միայն։ Այս նկատումով է որ Եղիային դէմքը կը դնեմ իր սերունդին ամենէն արժանաւորներուն քով` ու հաւասար։ Ըսի թէ իրմէն կազմուելիք հատորը կը նշանակէ անստգիւտ գեղեցկութեամբ գլուխ–գործոց մը տալ, արժանի մեր ամենէն վաւերական փառքերուն քովիկը դասուելու։ Ատկէ անկախաբար՝ գիրքերը թուղթ ըլլալէ առաջ մարդեր են։ Ոչ մէկ գրագէտի դէմք մեր մէջ այդ տարազը (գրագէտի) հագած էր այն սրտառուչ պայմաններու հանդէսով զոր կը գտնենք Եղիայի սանկ երեսունէ աւելի տարիներուն լուսանցքին։ Անգութ եղան իրեն հանդէպ իրապաշտները, աւելորդ տեղը աճեցնելով անոր անձնականութեան անլրջութիւնը, արուեստի հանդեպ անկայունութիւնը։ Իր բախտը ուզեց որպէսզի այս հալածանքը մշտնջենաւորուի: Իրապաշտներէն ալ վերջը։ Ամենէն աւելի իրմէն սորվողներն էին որ զինքը ջանացին արժեզրկել։ Յ. Uէթեան անունով տաղաչափի մը վրայ Տիրան Չրաքեան հիացումի սիւնակներ նուիրեց, մինչ իր վարպետէն` Եղիայէն իր սեւեռումները մեզի այնքան չկամ, չըսելու համար չարակամ կը թուին այսօր։ 

Իր մահէն յետոյ Եղիայի վարկը կ՚ընկղմի շատ արագ է, Այս խորացումին պատասխանատուն թերեւս խոր այն փոփոխութիւնն է որով կը ներկայանայ մեզի 1910ի գրական ճիգը, ձգտումը, տակաւ կորսնցուցած իր անձնաքմայական ախորժակները, ըլլալու համար առնուազն ընկերային երեւոյթ։ Մինչեւ մեծ պատերազմ՝ մեր համբաւաւոր գրագէտները, հանրային, աւելի ճիշդ՝ ազգային կեանքին բոլորանուէր սպասին մէջ կը դառնան անտարբեր անձնական զեղումներու որ այնքան տիրական էր եղած Ռոմանթիքներուն մօտ։ Յետ–պատերազմեան սերունդը իր անհուն պատրանաթափութեանը մէջ երբ քաւութեան նոխազներ փնտռեց, իր դժբախտութիւնները անոնց քամակը բառնալու, Եղիան մշտապատրաստ զոհը կը հանդիսանար։ Դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ ոչ միայն անոր գեղեցիկ համբաւը (որ` բաւական զօրաւոր էր խենթութեան հետ շփոթուող իր տարօրինակութիւնները ստուերի մէջ պահելու), այլեւ այն ամբողջ տագնապը, չարչարագին նուիրումը, որ գրականութիւնն էր եղած այդ մարդուն, ֆութպոլի, պասկէթպօլի, թէնիսի գործնական, բողոքական առաքինութիւններու կամ թթուօրէն կաթոլիկ կրօնազգած ապուշութիւններու դարպաս ընող երիտասարդութիւն մըն էր, որ օտար հաստատութիւններու մէջ կազմուած՝ կռնակ կը դարձնէր հայ գրականութեան: Մարդիկ քիթով պոչով կը կարդային մեր մեծագոյն քերթողները։ Եղիան վճռապէս ինկած էր թանգարան։

1922ին Խորհրդային Հայաստանի ներկայացուցիչները առաջարկ բերին ինծի Եղիան հատընտիր հաւաքածոյի մը մէջ զետեղելու, իր գործին լայն վերլուծմամբ, եւ իր գրագէտի դէմքին պայծառ ու ճշգրիտ պատկերացմամբը։ Դէպքերը քալեցին մեր առաջադրութիւններէն տարբեր ճամբով մը։ Խորհրդային Հայաստանի պատուիրակներուն առաջարկը կը մնայ միշտ առաջարկ բոլոր անոնց համար՝ որոնք հայ գրականութեան նուազագոյն զգայնութիւնը տակաւին կը կրեն իրենց մէջ։ Ըսի թէ իր օրագիրներուն մէջ, տպաւորապաշտ յօդուածներուն մէջ անհաւասարելի գեղեցկութեամբ կտորներ կային։ Կ՚աւելցնեմ որ 1868էն մինչեւ 1902 թուականներուն մէջ սեղմուած քառասունի մօտ տարիները կը պատկանին արեւմտահայ գրականութեան տարօրինակ մէկ շրջանին։ Անոր առաջին քերթուածէն մինչեւ Լճակ (1871) ու մինչեւ Ապագայ ն (Եղիշէ Դուրեան) տասնէն աւելի տարիներ կ՚անցնին որոնց ընթացքին Եղիա կը գրէ, կը քերթէ, կը խորհրդածէ, կը հիանայ ու կը հայհոյէ, ինչպէս կարծես թէ ընել էր պարտքը շրջանի բոլոր գրիչ ճօճողներուն: Եղիայի այդ տարիներէն ընտրեալ կտորներ իմ կարծիքով կը կազմեն գերազանցապէս հաւատարիմ՝ վաւերաթուղթեր` շրջանի իմացական, զգացական խառնուածքէն: Մարդ կ՚ապշի ամբարտաւանութեան ու միամտութեան սա չափերէն, երբ կը կարդայ Շահնազարեանի մը Խղճին Պարզ Քննութիւնը անորակելի պրակը։ Հասկնալ ատիկա իբր շրջանի մը մենագար մեծամտութեան փաստաթուղթ` պիտի նշանակէր հասկանալ մեր գրականութեան (արեւմտահայը ունիմ նկատի) սկզբնական մեղքը։ 1890ին Արեւելք ի մէջ լոյս տեսած Մոնազն ստորագրութեամբ իր վերլուծումները հեռուէ հեռու կը  թելադրեն Ներաշխարհ ը (1900)։ 1900ի իր քերթածները ( Խօսք ընդ Աստուծոյ ) կը պատկանին հայ գրականութեան, այս անգամ առանց թուականի։ Այս ցուցմունքներուն ընդմէջէն պա՞րզ` արժէքը հատորին որ մեզի պիտի տար ոչ միայն մարդ մը, ընկերութեան մը ուրուաստուերը, այլ մանաւանդ գրականութեան մը յեղաշրջումը, գրական ճաշակի մը գնացքը, փոխակերպումները, անհաւասարելի վայրատպութեամբ։ Անոնք պիտի ըլլային կտորներ, տարօրէն թելադրող, իրաւ, ինչպէս կ՚ըլլան անգամ մը մոխիրի մէջ թաղուած ու յետոյ հրաշքով ազատուած բեկորները կործանած քաղաքի մը քաղաքակրթութեանը։

Ոչ ոք Եղիային չափ մեզ պիտի ձգէր երախտապարտ սա գետնին վրայ