Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Դ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՏԹԷՈՍ ՄԱՄՈՒՐԵԱՆ  (1830-1901) 

Ամբողջ յիսուն տարի գրեթէ Մատթէոս Մամուրեան ապրեցաւ արեւմտահայ գրականութեան մէջ ծիրանաւոր գրագէտի մը փառքը։ Մահուընէն տարի մը առաջ այդ փառքը լուսապսակող յոբելեանը չեմ արհամարհեր, տրուած ըլլալով մեր երջանիկ բարեմտութիւնը՝ մեր վաստակաւորները այդպէս շուրջառուած գերեզման ղրկելու: Ինչ որ յուզիչն ու տարօրինակը այս միակտուր փառքին մէջ` ան ալ ընդունուած ըլլալը հեղինակին իսկ կողմէ, որ ունայնամիտ մը չէր ամէն պարագայի, ոչ ալ գրական հոսհոս մը։ Մ. Մամուրեան, Զարթօնքի սերունդի ամբողջ լրջութեամբը սպառազէն, օգտապաշտ ձգտումներով հպարտ, սկսող գրականութեան մը սպասին մէջ ամէն նորահաւատի նման քիչ մը մոլեռանդ, ճիշդ երեք սերունդի հոգեբանութիւն ու հանգանակ պտտցուցած է իր երկար տարիներու շարանին եւ եղած՝ գրագէտի ինչպէս վերը ըսուեցաւ տարօրինակ որքան բացառիկ տիպար մը։ 

Իր երիտասարդութեան, այս մարդը գաղիացիներուն բառովը` blanc bec (ճերմակ կտուց) մեծութիւն մըն էր կարծես, ինչպէս էին, աւելի փառահեղ չափով մը, այդ մեծութիւնները՝ Եղիա, Չերազ, Պէրպէրեան, բոլորն ալ, գրեթէ քսանամենի, զինուորագրուած՝ այս ժողովուրդին գրականութիւնը, ընկերային կեանքը, կրօնական հասկացողութիւնը, քաղաքական մակարդակը ենթարկելու խոր ու հիմնական փոփոխութեանց։ Մ. Մամուրեան ուղղակի չի պատկանիր անշուշտ երեք հրացանակիրներ ու շատ համբաւաւոր խումբին: Իր Եւրոպան, քիչիկ մը երէցի (տարիքով) հանգամանքը, ու մեր անսահման միամտութիւնը, ռոմանթիզմը, իրար չեն հերքեր սակայն երբ Բարիզի շաղը վրանին՝ մեր երիտասարդները կուգան մթին արեւելք, այդ Եւրոպան յօրինելու, պազիրկեան էսնաֆներու, սանկ ու նանկ պաշտօնատարներու, դեռ ակռանին չթափած ամիրաներու համախմբում մը եղող համայնքի մը մէջ որուն անունն է Պոլսոյ հայութիւն: Անոնք որ պիտի ուզէին Մ. Մամուրեանը իր փառքին հետ հաշտեցնել, պարտաւոր են խորհիլ, հանդուրժել այն պայմանները որոնք մեր Ազգային Սահմանադրութեան ծնունդին եւ առաջին զարգացման շրջանները կը յատկանշեն։ Մինակ քաղաքական արարք մը չէ այն պայքարը զոր մեր ժողովուրդը կ՚ընէ ինքիր մէջ, ամուր ճակատներու բաժնած իր ափ մը ուժերը երբ մէկ կողմէն իր դարերու մթերքը մեր պատմութեամբ, եկեղեցիով ու ճակատագրով հաւաքուած հոգեկան խարիսխը կը զգայ սպառնալիքի տակ, ներքին պառակտումներու չարիքին (իրմէն բաժնուած էին կաթոլիկները, բաժնուելու վրայ էին բողոքականները, շատ աւելի գէշ սպառնալիքով մը կը ներկայանային նորերը որոնք յանուն նոր գաղափարներու մեծ փոփոխութիւններ կ՚առաջարկէին, իրենք զիրենք հազարամէ տեւողութեան մը արժեւորած գաղափարներու), միւս կողմէ` արեւմտեան կեանքի մեծ նուաճումներուն որոնք կը փորձէին անոր ընտրանին ինչպէս հարուստ դասակարգը։ Իրողութիւն է որ Մ. Մամուրեան, որ 1866ին նորակազմ ու նոր կազմակերպուած պատրիարքարանի մէջ դիւանապետի այսօրուան շատ համեստ բայց այն օրերուն նախարարութեան մը չափ հեղինակաւոր պաշտօնը կը վարէր, հոգեբանութեան մէջն է ճշմարիտ նախարարի մը։ Խորունկ բաղխումներու օրեր են եւ Մ. Մամուրեան՝ երիտասարդութեան խորհրդանշանը։ Իր քրոնիկները, 1865ին եւ ուրիշ քիչ մը աւելի վերջ տարիներուն, անշուշտ գրականութիւն չեն պարունակեր այսօր (թէեւ Հայկական նամականի ն, որ ամփոփումն է անոնց, ոչ միայն այդ յաւակնութիւնը ներած է իրեն, այլեւ ապագային ալ պարտադրած է ինքզինքը, քանի որ 1922ին տպուած գիրքի մը մէջ ( Դիմաստուերներ, Հ. Ասատուր) այդ բարիքը կը պանծացուի մեզմէ քիչ մը դժուար հասկնալի բարեմտութեամբ մը), բայց այդ օրերուն մեր հրապարակագրութեան ամենէն առողջ, չըսելու համար համեղ սկիզբը կրնան նկատուիլ։ Ուրիշ չէ վճիռս իր Անգլիական Նամականի ին համար։ Այն ատե՞ն։ Այսինքն մեծ գրագէտի միակտուր փա՞ռքը այս մարդուն: Չեմ կրնար զբաղիլ իր դասագիրքերով, որոնք, որքան ալ արդիւնաւէտ, նոյնիսկ խելացի, կը մնան գրականութեան պարունակէն հիմնովին դուրս: Արեւելեան Մամուլ ին երեսուն տարիներու հաւաքածոն, Իզմիրի մէջ, կրկնութիւնն է Բազմավէպ ին, ասոր չափ միամիտ, գրական զգայարանքէ աղքատ, քիչիկ մըն ալ քաղաքական հետաքրքրութեանց, մանաւանդ ազգայինճիութեան հանդէսով մը հազիւ ինքզինքը զատող Շտեմարան Պիտանի Գիտելեաց, որուն համար կը հիմնուէին արդէն հայոց հանդէսները, անցնող դարուն։ Ի՞նչ կը մնայ անդին։ Uեւ Լերին Մարդը, անշուշտ, որուն մասին իր տեղը պիտի խօսիմ հանգամանօրէն։ Հոս ըսելիքս այդ սուտ ու փուտ վէպին անկարելի փառքն է միայն։ 

Այն շրջանը որ Մամուրեանի հասունութիւնը կը սկսի, յանգելու համար անոր ծերութեան (1901), Արեւելեան Մամուլ ին կը պատկանի ամբողջութեամբ։ Անշուշտ այդ հանդէսին ետին մարդ մը կայ, չըսելու համար գլուխ մը։ Զայն կարդացող ու պաշտպանող հասարակութիւն մը։ Զայն լեցնող բազմատեսակ խնդիրներ։ Ասոնք բոլորը մէկ սակայն դժուար թէ հաշտուին գրագէտի յղացքին հետ որ այլեւս տարտամ բառ մը չէ մեզի համար: Ի՞նչ է այն ատեն Մամուրեան անունը։ Մի աճապարէք. - գրեցէք Արփիար Արփիարեան: Բարի եղէք այդ անունին հետ, ետեւէն ձեր մէջ արթնցող մտածումներուն, տպաւորութիւններուն, արժէքներուն եւ ուրիշ նման զգայութիւններուն, պիտի տեսնէք որ գործունէութիւնները, լրագիրը, ազգային կեանքի հանդէպ տենդը, քաղաքական կեցուածք, պայքարի խառնուածք իրար պիտի պաշտպանեն, երկու անուններէն ալ երբ փորձէք մերձեցումը։ Բայց մասնաւորուեցէք գրականութեան շուրջը, ու ահա ձեր գտնելիքը։ Անոնք որ օր մը մեծ բարիքը պիտի ընեն համախմբելու Արփիար Արփիարեանի Օրուան Կեանքը ները, ո՛չ միայն այն ժողովուրդին ամենէն գեղեցիկ ու սրտառուչ նամականին տուած պիտի ըլլան իր մօտիկ պատմութենէն, տագնապներէն, այլեւ հայ գրականութիւնը պիտի ըլլան օժտած անխորտակելի կոթողով մը։ Այդ բարիքը ըրած են Մ. Մամուրեանի համար, որուն քրոնիկները Հայկական Նամականի առանձին հատորով ունին իրենց փառքի rayonը… քիչ մը միամիտ անցելապաշտներու գուրգուրանքին մէջ։ Հրանդ Ասատուր արեւմտահայ գրականութեան մեծ գիրքերէն մէկը կը դաւանի այդ նամականին. հաւատք` կազմուած սանկ 1870ի շուրջ, երբ նամականիին հեղինակը իր լուսապսակին մէջ կը ճառագայթէր, տպաւորելու համար սկսնակ երեւակայութիւնները։ Աւելի յետոյ՝ Անգլիական Նամականի ն, աւելի հասուն մարդու գործ, - աւելի քիչ գրագէտ կը պարունակէ, տրուած ըլլալով Մ. Մամուրեանի ուժերուն ամբողջութեամբ գործածուիլը հրապարակագրական կարիքներուն։ Արեւելեան Մամուլ ը, երեսուն տարիներու կեանքով մը, աւելի է քան պարզ հանդէսի մը կշիռը: Այդ հանդէսը ճիշդ ու ճիշդ կը պատկերէ արեւմտահայ իմացական ընտրանիին ոչ միայն ախորժակները, կարելիութիւնները, այլեւ  «ընթերցող հասարակութիւն» որակուած շրջանակի մըն ալ հանգամանքը: Ի՞նչ պէտք, պիտի առարկէք, գրագէտի մը, աշխատանքի մը համար ուր աւելի օգտակար են վարչական, կազմակերպչական հաստատ տուրքեր։ Յետոյ մի մոռնաք սակայն որ Մ. Մամուրեան այդ հանդէսին հետ, քովն ի վեր կատարած է ուրիշ կարգի աշխատանք մը, դարձեալ դժուար որակելի։ Վերը ակնարկեցի դասագրական, ուսուցչական իր զբաղումներուն եւ ատոնց արդիւնք հատորներուն։ Աւելորդ է ըսել թէ այդ գիրքերը դուրս կը մնան մեր հետաքրքրութենէն։ Բայց ի՞նչպէս հասկնալ այն ախորժակը զոր այս պատուական մարդը շարունակ կենդանի պահեց իր մէջ մինչեւ ծերութեան դռները իր թարգմանութիւնները ֆրանսական ռոմանթիք վէպէն: Ստոյգ է որ ընթերցող հասարակութիւն մը կազմելու ցանկութեան ամենէն աւելի գործնական մէկ իրագործումը տալն էր անոնց կարդացուող գիրքեր: Մեր միջին ընթերցողին տրամադրուելիք ազգային գործերը հետզհետէ կը դառնային նորույթէ զուրկ։ 1870ին Ալիշանը կը գովէին, բայց հազիւ կը կարդային։ Պարտաւոր եմ խոստովանիլ որ գիրքի վրայ թափուած առաջին արցունքներս Ամորի ին վրայ եղած են։ Այն ատեն ինծի համար հեղինակի հարց մը, թարգմանութեան տագնապ մը չունէին անշուշտ գոյութիւն։ Շատ ավելի ուշ գիտցայ թէ անիկա թարգմանութիւն մըն էր, Մամուրեանի կողմէ կատարուած, Ալեքսանդր Տիւմայէն։ Պատանիի աչքերէս իջնող սա արցունքը կը խորհիմք թէ գրական ճշմարիտ յուզում մը չէր մեծերուն համար, գէթ կարդալու տագնապ մը կը նշանակէր բոլոր անոնց մէջ որոնք անցեր էին պատանութենէն եւ մեր հասարակութեան մէջ կարդալ մը կը ներէին իրենց։ Այդ թարգմանութիւններով Մ. Մամուրեան արեւմտահայ աշխարհաբարին ծաւալման, ընդհանրացման, զտումին մէջ իր որոշ բաժինը ունի, Իւթիւճեանին համահաւասար եթէ ոչ աւելի

Եւ սակայն այս մարդը վէպ գրած է. Սեւ Լերին Մարդը ։ Ոչ միայն հետաքրքրութիւն, այլեւ աղմուկ ստեղծած։ Ոչ միայն գրականութիւն ըրած այդ վէպով, այլեւ քաղաքական կեցուածք պարզած։ 1880ին որոշ հոսանք մը, ուր մինչեւ իսկ պատրիարքներ իրենց մասնակցութիւնը բերած են, որդեգրած էր Մամուրեանով բանաձեւուած քաղաքական այդ կեցուածքը։ Կորիզը այդ վարդապետութեան, խորշիլ ռուսերէն։ Շրջեցէք տարազը եւ դուք կ՚ունենաք սա տարօրինակ եւ սրբապղծութեան մը պէս հնչող նախադասութիւնը, փաթթուիլ թուրքին: Աւելի անդին վէպին վերլուծման առիթով, ես կուտամ մանրամասնութիւններ հարցին շուրջ։ 

Բացի հատորի մտած քրոնիկներէն, Մ. Մամուրեան անթիւ առաջնորդողներ, ազգը յուզող հարցերու շուրջ նոյնքան անթիւ լուսաբանութիւններ, վկայութիւններ ստորագրած է: Տրուած ըլլալով հրապարակագրական ու գործունէութեան պարբերաթերթային (périodique) նկարագիրը, անիրաւութիւն պիտի ըլլար սպասել այս մարդէն այն վարկը, ազդեցութեան ընդարձակ ծիրը, որով պատուած են Արփիարեան մը, Չօպանեան մը, Լեւոն Բաշալեան մը, նոյնիսկ Բ. Քէչեան մը։ Ըսի թէ վէպն իսկ չէր արհամարհած՝ քաղաքական կեցուածք մը արժեւորելու: Ըսել կ՚ուզէի թէ իրեն պէս մտածող մարդեր կային: Ստոյգը այն է որ զանգուածները կը գործեն իրենց յատուկ օրէնքներով եւ Մ. Մամուրեան երբեք զանգուածին մարդը չուզեց ըլլալ, թերեւս անոր համար որ չէր կրնար։ 

Քառասունէ աւելի տարիներ միշտ պատնէշին վրայ, վարող, կազմակերպող, խմբագրող, սորվեցնող, թարգմանող, վիպող, ազգային կեանքի բոլոր հարցերուն շուրջ իր խօսքը համոզում, շեշտ ունեցող սա մարդուն մեր կողմէ շնորհուած մեծ գրագետի տիտղոսը, այսօր, իր մահէն մօտ կէս դար վերջ, երբ կրկին կը դնեմ կշիռը, սրտի սեղմում կը զգամ։ Այս սեղմումը չզգացի Զարթօնքի սերունդին միւս դէմքերուն հետ։

Նահապետ Ռուսինեան մը սրտի հանդարտութեամբ կրնանք նետել ազգային պատմութեան շքեղ պարտէզը, կռնակին տալով իր անդրին։ Մ. Մամուրեան կը խորհիմ թէ պիտի տառապէր նման անսրտութեան մը առջեւ: Բայց մեռելներուն տառապանքը մեր օրերուն անտեղի Ռոմանթիզմ է կարծեմ։ Իրողութիւն է որ այս մարդը վէպ մը գրած է ու երկու հատոր քրոնիկ։ Յետագայ էջերը այդ գործին տարողութիւնը ունին նկատի