Կայսերական յաղթերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎՐԷԺԸ

Ու կարաւանը կանգ առաւ։

Օրը կէս էր ճիշդ։ Մարդեր, ծանր պայծառութեան մը մէջ, որ յատուկ է ամառ ցերեկներուն, կեցան մէկանց։ Անոնց կարճ ու վճիտ շուքը հազիւ քանի մը թիզ բացուեցաւ անոնց ոտքերէն։

Քաղուած արտեր՝ ամբողջ ճամբան, ուրկէ կու գար այս բազմութիւնը։ Հոս ու հոն պառկող մարմիններ, անփոյթ ցրւումով մը, տեղ–տեղ իրենց մեռելի երկարումին մէջ, ծամածուռ ձեւերով։ Տեղ տեղ ալ մինակ, հողին խարտեաշ գեղեցկութեանը վրայ մութ կամ բոլորովին ճերմակ իրերու նման ձգուած իրենց բախտին։

Աւելի հեռուն, լուսալիր հորիզոնին մէջ անհանդարտ ելեւէջը գէշի թռչուններուն, որոնք իրենց սեւ թռիչներովը թերի կամ կատարեալ բոլորակներ կը ձեւէին կապոյտէն։

Կարաւանը կանգ առաւ։

Կիներ, իրենց պզտիկները պատսպարեցին կրցածնուն չափ, գոցելու համար անոնց նայուածքին դաշտերը ու մատաղ աղջիկները բնազդով գետին գամեցին անուշութիւնն իրենց աչքերուն՝ չտեսնելու համար մերկացուած մեռելներուն ամօթը։

Լո՛յսը կար՝ պայծառ, ծանր ու սպաննող, որ կը թափէր այդ՝ մարդերուն վրայ բարի ու դեղին պատանքի մը պէս, ու վերէն՝ յօշոտող թռչուններուն աճած ու բազմապատկուած ստուերները, որոնք գետնին վրայէն կը թռչտին դանդաղ, լուռ եւ սպառնացայտ։

Սուլիչ մը։ Ու ամբոխին վրայէն քալեց ահաւոր այն հովը, որուն բացատրութեանը չկրցան հասնիլ ջարդուող ժողովուրդներու տարաբախտ արուեստագէտները։ Ամբոխին վրայէն անցաւ անանուն այն հովը, որ թերթերուն ու գիրքերուն մէջէն չորցած աղմուկի մը ձեւովը կը հասնի ազատուած ժողովուրդներու խղճմտանքին եւ որոնց բախտաւոր արուեստագէտները հեռու մնացին անոր անլուր սարսափը երեւակայելէ։ Բան մը կ՚անցնէր վերէն, յիմարօրէն յստակ լոյսին մէջէն, որ վերարկուն է, մեր հաւատքի մեծ Աստուածին, բան մը կը սողար գետինէն վեր, ուր կռնծած հողէն, խոզաններ՝ դեղին-դեղին իրենց ցօղուններուն օրհնուած պատմութիւնը ունին երկրագործ ժողովուրդներուն համար։

Ու լռութեան ու սարսափի այդ հովը, որ չի փչեր սովորական ալիքովը օդէն քալող աներեւոյթ՝ յաճախ բարի, քաղցր ուղեւորներուն, որ ճակատէն ու կռնակէն, գլուխէն ու ոտքերէն փաթթեց անսովոր արագութեամբ մը, երբեմն՝ տուներուն ներսը բանտուած առաքինի բոյլը մեր որդեգրած սուրբերուն, երբեմն՝ Աստուծոյ խաղաղ արեւին տակ իր քայլերը փոխող հազար հազարները մեր այրերուն։ Այդ հովը, հիմա, ցորենի քաղուած արտերուն վրայ կանգ առնող, կիներու, աղջիկներու, տղոց ու ծերերու այդ ամբոխին՝ սիրտը իջաւ մէկէն, սիրտը նոյնիսկ իրենց մօրկանը ծոցէն գլուխ բաժնելու անկարող մանուկներու։ Ու միջոցը մնաց անբարբառ, քար կտրած այդ անանուն ոգիէն։

Աշխարհ պիտի չհասկնայ այս ամէնը։ Ու մեծ ոստաններէն ու բարեպաշտ տաճարներէն եղերական հետաքրքրութիւններ երբեք պիտի չմօտենան ջիղերու այն դժոխքին, որուն բանալին սուլիչ մըն է յաճախ։ Աշխարհ պիտի չըմբռնէ երբեք տաղտապումը հազարաւոր սիրտերու, որոնք սուլիչի մը ընդհատ մէկ երգէն պիտի թրթռան խորտակուելու աստիճան ու արիւնը ջուրի պիտի վերածեն։

Կարաւանը նստեցաւ։

Անոր ետին կը կենային բլուրներ, վճիտ հանդարտութեամբը անզգած գեղեցկութիւններուն։

Անոր առաջին տողի քանի մը թումբեր, քով քովի, կաղապարելով քաղցր հորիզոն մը, որուն խորը հեռացող լոյսը կարմիրի կը զարնէր, եւ երկինքի այդ մասին վրայ պղինձի գոյն բան մը կ՚երկննար։

Ու մակաղած ամբոխին մէջէն ոչ մէկ շարժում թեւի կամ գլուխի, որ անջատուէր անոր երկայն ու բարձր մարմինէն։ Մարդերու այդ պատը պատրանքը կու տար կործանած պարիսպներու բեկորումին։

Նորէն սուլիչը։

Բզկտող կտուցի մը պէս սուր այդ ճիչը, որ կու գար կարաւանին ուղարկաւոր պաշտօնական մարդերու կեդրոնէն, առաջ բերաւ գլուխներու միօրինակ եւ արագ շարժում մը։ Նստողները, բնազդով դարձեալ, հակեցան ձայնին ուղղութեան։

Ու անմիջապէս պաշտօնական մարդերուն խումբը, մէկիկ–մէկիկ քակուեցաւ իր կեդրոնէն ու երկու թեւերու վրայ, հաւասար հեռաւորութեամբ մը գնաց հաւկթաձեւ օղակ մը կապելու նստողներուն շուրջը։

Պաշտօնական էին այդ մարդիկը, սլետութեան մը համազգեստովը սրբացած։ Անոնց գլխարկին վրայ լուսինէն ու աստղերէն առնուած կորութիւն եւ ճառագայթ կը կենար։ Ու անոնց ուսերէն հրացանի փողերը, փայլի գիծի մը պէս՝ կերթային անոնց կէս մէջքէն վար, դանդաղ ծփանքով մը կ՚օրուէին մերկացած սուիններուն արծաթեայ սլաքները, ու անոնց կռնակէն ու մէջքէն, փամփուշտներուն մութ ու դեղին մատները՝ մահուան դարանի մը նման կը փռուէին, սպառնագին ու ցուրտ շողիւնով մը անջատուելով գորշ կերպասի մը մոխիրէն։

Քիչ ետքը հրացանները իջան։ Սուինները, դողահար տագնապով մը, գացին իրենք զիրենք խարսխելու անոնց կատարին։ Փամփշտակալներէն հինգ-հինգ ձեռք փամփուշտ դուրս ելան։

Կեդրոնէն՝ հրաման մը, այս անգամ ձեռքով, կիսածունկ՝ նստեցուց այդ մարդերը, որոնք բացը մնացած իրենց ոտքերը խոզանին խայթումէն ազատելու համար՝ քանի մը անգամ տրորեցին հողին բունծերը։

Դեռ կը մնային կառքեր, լծուած շքեղ ձիերէ։ Ու անոնց առջին, պաշտօնական մարդերու ձեւովը զինուած, բայց գլուխնին այլապէս ահաւոր արուեստով մր փաթուորած ուրիշ մարդեր կը սպասէին։ Անոնց ուսերուն վրայ, ոսկի ծոպերով գլխակալներուն ծայրերէն կը փայլէր փունջը դեղնաւուն մետաքսին։ Անոնց բազուկները դուրս կ՚իյնային ծիրանի մետաքսէ թեւնոցներէ, կիստուած, բայց կոճկուած ոսկեգոյն գնդիկներով։ Արիւնի պէս աչք առնող գօտի մը կը կերտէր անոնց խրոխտ մէջքը, ուր դաշոյններու ամբողջ շարք մը կիսաղեղ մը կը ձեւէր նկարուն կոթերու։ Անոնց փոթուռ ները կաղապարի պէս կը ճեղէին անոնց ահաւոր զիստերը, որոնք աւելի վարերը կը մտնէին ձիգ սեղմումին մէջը երկարափող մոյկերուն։

Բայց մա՛նաւանդ անտանելի էր ծանրութիւնը անոնց նայուածքին։

Անոնք կը սպսսէին տառապագին անձկութեամբ մը, անկարող բաժնելու իրենց աչքերը գետին խռնուած ամբոխէն, որ դղրդած էր հիմա իր խարիսխին մէջ ու ծփալ էր սկսել։

Երկրորդ սուլիչ մը։ Բզկտո՛ղ, որպէս թէ փրթած ըլլար վայրի հաւու մը կտուցէն։

Փոթաւոր գլուխով մարդերը կռթնցուցին հրացանները անիւներու յեցերուն։ Յետոյ՝ մէկիկ–մէկիկ, բայց քայլերու տիրական բախումով գացին լեցնելու համազգեստներու օղակին բացուածքները։ Անոնց երկու ձեռքերուն մէջ ալ, շեղ ու քիչ մը դէպի վեր՝ կը կենային հսկայ դաշոյններ, փայլուն եւ նոր հարսի պէս գեղեցիկ։

Ու կիսաբաց կառքի մը մէջ, բարձր աթոռի մը վրայ բազմած էր նոր օրերու իշխան մը։ Անոր գլուխէն կը վազէր կիսագլան ու կարմիր այն կերպասը, որ այնքան ոճիրներ զգեստաւորեց, տաղաւարեց եւ դեռ կը պտըտի Աստուծոյ լոյսին տակ։ Անոր վիզը դիւրութեամբ կը տանէր ժամանակակից քաղաքակրթութեան յայտարար նշանակը, մաքուր ու ճերմակ օձիքը։ Եւ հա՞րկ կայ աւելցնելու, անոր հասակը պաշտպանութեանը տակն էր մտած նոր օրերու այն զգեստին, որ Արեւմուտքը կը ներկայացնէ այս երկրին մէջ։

Մէկն էր անիկա այն հին աստուածներէն, որոնք դարերուն գերեզմանները կը ձգեն ով գիտէ ո՛ր դժոխքէն վռնտուած ու կու գան մարմին հանելու։ Անոնք կը պահեն բարբառի եղերական աղերսը անապատներու մեծ քարոզողին հետ ու իրենց աստուածութիւնը կամ առաքելութիւնը՝ արիւնի բաժակի մը առջեւ որ անպաշտպան տղոց ու կիներունն է եղած շարունակ կ՚աղաղակեն ու կ՚երգեն։

Փա՜ռք այն ցեղին, որուն մայրերը այս տեսակ աստուածներ պահեցին իրենց արգանդին խորը։

Երրորդ ու երկար ճիչը սուլիչին։ Երկար այնքան՝ որպէս թէ ոգեկոչման փող մը ըլլար ան ու երկրին ընդերքները խուզարկելու ղրկուէր։

Որ երբ ահարկու այդ երգը լռեց, կարաւանը օղակող շղթան հողաթումբերուն կողմէն պատռեցաւ։

Ու մէկէն քաղցր ու վէտէտուն։ Հորիզոնի գիծին վրայ յայտնուեցան նոր մարդեր։

Բ.

Իրարու ետեւէն, հողէն բխող նորատեսիլ ոգիներու նման այդ մարդերը ցցուեցան կիսակարմիր երկինքին մէջ։

Անոնց ձեռքերուն կարող նախնական գործի՛քներ, ու անոնց թանձր մէջքէն աւանդական դանակը, որ գօտիին մխուած հսկայ նետի մը պէս, զարդարանքի երանգ մը կը հագցնէ Արեւելքի կարգ մը ցեղերուն։

Երկու ականջով ու կէս գրկաչափ հասակով երկաթի այդ փայլուն ու քիչ մըն ալ կոր շեղբը, որ դարերով ասպետները պաշտպանեց ու երկաթէ շապիկ հագնող մարդերուն վրայէն կարմիր կայծեր ու կարմիր արիւն վազեցնել սորվեցաւ, այսօր անցած էր բռունցքին մէջը անոնց, որ հաւէ մը աւելի անպաշտպան ու ձուկէն աւելի մերկ մարմիններուն վրան անոր զօրութիւնը կը փորձէին։

Այդ մարդերը ունէին տակաւին իրենց կռնծած դէմքին՝ սարսափը շեշտող ու գոյնզգոյն օձի մը պէս գալարուն լաթեր, որոնք անոնց գդակները կը հիւսէին չբացատրուող վայրագութեամբ մը։ Ու անոնց աչքերուն խորը բան մը կը բռնկէր այնքան յայտնի, ինչպէս կ՚ըլլան ապակիի կտորները, երբ անոնց վրայ կրակի թել մը իյնայ մէկ տեղէ։

Անոնք յայտնուեցան հետզհետէ աւելի շատ ու ցորենի դաշտերուն ամայութեանը վրայ, սեւ ագռաւներուն հետ, որոնք վերն էին, սեւ պատնուած ձեւերու լռիկ գնա՛ցքը, քիչ մը ամէն կողմէ։ Անոնց շատին գիրկէն կապոյտ ուլունքներու ու կրիայի անրակներու բժժանքովը վայրենացած գազանադէմ մանուկներ, որոնք իրենց լեզուն գամած իրենց կոկորդին խորը, կը հակէին քիչ մը առաջ, նստող կարաւանին ընդարձակ գիծը՝ նայուածքով պարագրկելու։

Շատ կիներու փէշերէն քալող ուրիշ պզտիկներ, անոնք ալ զինուած երկաթի սանկ ու նանկ բեկորներով, բայց բոլորն ալ իրենց տղու ձեւերուն մէջ համառօտելով սառնասիրտ ու յիմար կատաղութիւնը իրենց հայրերուն։

Բայց կարաւանը կորսնցուցած էր ա՛լ սարսափին թմբիրը ու նստող պարիսպը տարտղնեցաւ մէկէն, երբ կացինները իրենց գլուխին չափ վերցուցած, մարդերը քալեցին հողաթումբին ուղղութենէն։

Մարդերը կը քալէին, իրենց կացինները վեր, իրենց կզակները պինդ սեղմած իրարու, իրենց աչքերը պրկած՝ գալարուն սոսկումի տարափին համար։ Ու անոնք մտան կիներուն մէջը։

Կատաղութիւնը անցած էր ա՛լ մորթողներուն ձեւերէն։

Հիմա հանդարտ, արարողութեան մը չափն իսկ չունեցող գլխատում մըն էր, որ տեղի կ՚ունենար օղակին ներսը, որ գոցուած էր դարձեալ ու կը մնար միատարր, առանց ճեղքի ու հետզհետէ սեղմելով իր վառարանը։

Կազմուած էին շատ մը կէտերու վրայ պզտիկ այն դէզերը, որոնց կեդրոնը միշտ վեր կը մնայ։ Անոնք մարդու մարմիններ էին ընդհանրապէս իրարու վրայ ինկած։ Բոլորն ալ իրենց վիզին կամ գլուխին վրայ կը կրէին կացիններուն մեծ բերանները։ Անոնց շատին աչքերը գոց՝ արիւնի մէջ խղդուած, անոնց երեսներուն սարսափը կը փրկէին։ Մանուկները բացառաբար գեղեցիկ մահով մը կը զատուէին այդ ջղագալար կործանումով անշնչացած դէզերուն վրայ։ Անոնց դէմքին անարիւն տժգունութիւնը անաղարտ մաքրութեամբ մը ազատ կը մնար այն լրծուն կարմիրէն, որ ներկուած մազերուն եղերական վրձինը անակնկալ սոսկումով մը կը գծագրեր կիներու երեսին։

Մորթողները ձգած էին ա՛լ իրենց տապարները ու կ՚աշխատէին դանակներով։

Մորթուողները մոռցեր էին իրենց ոտքերը, մոռցեր՝ իրենց ձեռքերը ու ա՛լ ընտանի թուայող մահէն չվախցող սառնութեամբ, կը սպասէին, որ մէկը մօտենայ իրենց։

Այդ մէկը կու գար, կ՚առնէր խաղաղ մատներով, զոհին գլուխը ծունկին վրայ, կը պրկէր քիչ մը անոր վիզը, մինչեւ որ խռչակին փոքրիկ վրանը յայտնուէր, ու բազուկի արագ հարուածէ մը ետք, որ կ՚անցնէր դանակին, կը ձգէր գետին։ Յետոյ զգուշանալով ժայթքող արիւնէն, կիսահակ՝ պղտիկ փնտռտուքէ մը ետքը գտնելով մտքովը սրտին տեղը, դանակը կը մխէր ձախ ծիծին մէջտեղը։

Մորթուողները թերեւս կը տառապէին ամէնէն աւելի վերջին այդ հարուածէն, վասնզի մէկէն, ամբողջ իրանը ինքզինքը գետնէն կը վերցնէր, ծունկերը եւ թոքերը հաւու տոտիկներուն նման կը բաբախէին տենդագին, ու վիզին ճեղքէն ուշացող գիծ մը արիւնի թանձր ժայթքումով, կը բարձրանար հրթիռի մը նման, թափելով վար իր կաթիլներուն կարմիր անձրեւը։

Իրարու վրայ դիպուողները շուտով կը հասնէին հանգիստի։ Պատահեցան դարձեալ սոսկումով հալածական ծերեր, որոնք իրենց խելագարութեանը մէջ վազեցին կարաւանը շղթայող երկաթեայ օղակին։ Հոն անոնք ունեցան մահերուն ամէնէն եղերականը, քանի որ պաշտօնական գործիքները փափկանկատ գտնուեցան մեծ սպանդի ամբողջ տեւողութեանը վրայ։ Ոսկեզօծ գլխակալով մարդերը միշտ կտոր–կտոր սկսան մահուան։

Անոնք դաշոյնի հարուածով մը գետին կը տապալէին իրենց վրայ յառաջացող մարմինները։ Յետոյ՝ մէկը ծունկի կ՚իջնար, նոյն դաշոյնով կը սկսէր կտրել ականջներուն դիւրաբեկ կրճիկները։ Դաստակին ու մատներուն որեւէ ճիգ խնայող այդ շարժումը կը կրկնուէր մա՛նաւանդ աչքերու խոռոչին վրայ, ուր դաշոյնը կը մտնէր որոշ խորութեամբ, քանի մը հեղ կը դառնար ինքն իր վրայ ու, մէկ կողմին ծռելով՝ փտած սալորի մը նման դուրս կը նետէր աչքին պտուղը:

Այս ցաւին տակ ոռնացող բերանը զսպելու համար՝ պետական մոյկերուն երկաթապատ կրունկները կը խորտակէին կզակներուն սարքը ու ա՛լ անկէ դուրս պոռթկացող աղաղակը կը կորսնցնէր մարդկային շեշտին սրտակեղեք հանգամանքը։ Երբեմն պէտք եղաւ խոչակըն ալ ծակծկել՝ արգիլելու համար օդին այդ բարկութիւնը։

Արեւ կար, յստակ, պայծառ ու այնքան բարի՝ սկսող հովին տակ։

Տակաւ, բոլոր փախուստները վերջացան, կարաւանէն զատուած աղջիկները կը սպասէին շքեղ կառքերուն առջին, կռնակնին դարձուցած սպանդի դաշտին։

Ու հանգչեցան բոլոր ձայները, որոնք քանի մը ժամ անընդհատ լեցուցած էին միջոցը։

Ու քրտինքի մէջ, երեսնուն վրայ տեղ-տեղ արիւնի մեծ արատներով, իրենց բոսիկ ոտքերուն՝ ակամայ հասնելով մռայլ ծիրանին ցեղերուն ամէնէն լքուածին, մորթողները մաքրեցին իրենց կացիններն ու դանակները դիակներու մերկ միսերուն վրայ եւ ուղղուեցան դէպի աղջիկները։

Գ.

Ու անփոյթ շարժումով մը, դաշոյններուն ծայրովը անոնք մէկիկ–մէկիկ դպան աղջիկներուն այտերուն, կամաց, տեսակ մը վայրենի պչրանքով, խօսելու ու հրամայելու նոր ձեւ մը փորձելով անոնց խենթեցած աչքերուն։

Ու աղջիկները մահուան չափ սուր այդ համբոյրէն ետքը կը ձգէին խառնակոյտը ու կը քաշուէին քիչ մը բացը սպասող սեւազգեստ ու մինչեւ աչքերը ծածկուած կիներուն մօտիկ, որոնք ընդհանրապէս տղեկով մը, իրենց առջեւ դիզուած զգեստներուն կը նայէին, սպասելով, որ իրենց մարդերը քիչ մը աճապարանք դնէին իրենց ընտրութեանը մէջ։

Անմիջապէս, զատուող աղջիկը այդ սեւ դժոխքէ մը մեկնող նայուածքին տակը կը դողդղար, եւ առանց գիտնալու, թէ ինչպէս, բազուկները կը բանար, թոյլ, կոտրած, բայց կը բանար առնելու համար անոնց երկիւղած աղեղին մէջ ոճիրին այդ դառնադէմ ձագուկները։

Կառքերը, լեցուած բոլորն ալ հակերով ու ծրարներով, որոնք խառնիխուռն կը բարձրանային, սկսան իրենց փոքրիկ ճռինչին ու անոնց կատարին միշտ ալ դէպի դիակոյտերը դարձող գլուխնե՜րը աղջիկներուն, որոնք հանդարտ իրենց բռնուած երեսներուն ու շղթայած ականողիքին անըմբռնելի հանդարտութիւնը կ՚արձանացնէին ու կ՚երթային իրենց նոր ճակատագրին։

Ու եղան տակաւին աղջիկներ, որոնք դանակի փրկարար համբոյրէն ետքը վռնտուեցան սեւազգեստ կիներէն, ով գիտէ ի՛նչ վայրենի թելադրութեան մը տակ։ Ու անոնք, ամէնէն հասակովները ու ամէնէն քաղցրադէմները եղան։ Այդ ատեն բացը մնացող այդ աղջիկները ինկան ձեռքերուն մէջը անպեխ ու գլխաբաց տղոց, որոնք արիւնոտ մատներով ու գազանային տենդագրգռութեամբ մը մերկացուցին անոնց սառած մարմինները ու իրենց թանձր շրթունքները սկսան պատառ-պատառ յօշոտել նշխարի պէս մաքուր ճերմակութիւնը անոնց իրաններուն ու անոնց զիստերուն։

Հորիզոնը, լա՜յն՝ կը փախչէր միշտ դէպի ետ՝ կառքերուն երաժշտութիւնը, լսուելէ աւելի՝ կը գուշակուէր հեռաւոր արտերուն խորէն ու պահէ պահ վայրագ յստակութեամբ բոմբիւն մը, կապոյտ մուխի մը բանաստեղծական պարոյրէն ետքը, որ խունկի մը դալարը կը նետէր կատարուող մեծ պատարագին, միշտ հեռուէ հեռու, փախչող զոհի մը ա՛լ չճշդուող թաւալումին։

Մեռելի դաշտին վրայ վերէն կը դառնային ու կը դառնային մեծ թռիչները գէշի թռչուններուն, տարտղնած գիծ մը կամարելով գետինէն դէպի երկինք։ Ու շատ էին անոնք։ Անոնց սեւ մարմիններուն անկատար խաչը դիակոյտերուն վրայ սաւառնած պահուն, երկինքին խորը իր թեւերը կը գամէր թրթռուն անշարժութեամբ, յետոյ կը խոնարհէր քիչ մը դէպի առաջ, ու միշտ դառնալով, կը պզտիկցնէր իր շրջանակները, մինչեւ որ հատանէր քանի մը թեթեւոտն ոստումներու վրայ։

Ու թռչունները շատ ալ չէին վախնար սեւազգեստ կիներէն, որոնք կոկոզած՝ մեռելներուն վրայ, տքալով, հայհոյելով կը կողոպտէին մորթուածները։

Գրեթէ անոնց բոլորն ալ իրենց մէկ ձեռքին մէջ ամուր կը պահէին իրենց մարդերէն առնուած պզտիկ կոթով կացինները, որոնք անհրաժեշտ էին մա՛նաւանդ ուսերուն կարծրացած արգելքները կոտրելու համար։ Անոնք պէտք ունէին դարձեալ երկաթին նպաստին, երբ փորը բացուած դիակ մը կը շարժէր մէկէն, թեթեւնալով իր վրայ դիզուածներուն ճնշումէն, ու, կիները, դաժան անէծքով մը իրենց փափուկ ձեռքերէն կը ձգէին երկաթին անտարբեր հարուածը շարժողին գլխուն, վիզին, քանի մը անգամ, իրարու ետեւէ, հետեւելով իրենց լայն բացուած աչքերովը աղիքներուն եղերագին ալեկոծումին, ոտքերուն մահատիպ բախումին։

Եղան դիակներ, որոնք նստեցան մէկէն, մէկ ուսին վրայ իրենց գլուխը կէս մը պառկեցուցած, ու աննայուածք իրենց աչքերովը հորիզոնը փնտռեցին՝ քալելու համար։ Ու ինկան։

Եղան դիակներ, որոնց ճեղքուած արգանդէն աղիքներ՝ դաւաճան օղակումով մը փախչող ոտքերուն շղթա՜յ նետեցին ու սողոսկուն օձերուն նման գետին փռեցին անոնց վերջին թռիչը։

Բայց սեւազգեստ կիները աշխատեցան անձանձիր ու անոնք մերկացուցին բոլոր սպաննուածներուն վերջին պատանքը։ Ու շարան-շարան բաժնուեցան սպանդի դաշտէն, ծռած ու դժուարաքայլ, ծանրութեանց տակ արիւնոտ զգեստներուն։

Անոնք գացին, անոնք եկան։ Անոնք` նորէն գացին ու նորէն եկան։

Օրը հատնելու մօտ էր։ Արտերուն ընդարձակ հորիզոնը կը տարտամնար ու շուքը փաթթած էր արդէն բլուրները։ Թռչունները հանդարտ իրենց աշխատանքին նուիրուած, ատենը հեղ մը գլուխնին կը վերցնէին միջոցը հարցաքննելու ձեւով մը։ Որ մէկն ալ, մայր մը ապահովաբար, կը բարձրանար՝ իր կտուցէն կախած երկար գիծ մը, որ կը ծփար ու կ՚երթար։

Ու մեռելները կը պառկէին մերկ, կը պառկէին անգլուխ ու առանց թեւի։ Կը պառկէին ծալուած կամ երեսի վրայ։ Բոլոր տեղերը տարտղնուած էին ու բոլոր մերկութիւնները իրարու փոխանցած՝ արիւնի այն մեծ արատները, որոնք միասին ճերմակութեանը վրայ տարօրինակ ձեւեր կը տանին, երբեմն լայն, պտղած, սարսռալից, որովայնին տակն ու վրան, երբեմն քնքուշ, պզտիկ ու գեղեցիկ ապրող կուրծքին վրայ, իրենց թերթերը բաժակող վարդերուն նրան։

Մութը եկաւ։ Սեւազգեստ կիները, վերջին անգամ ըլլալով ծռեցան իրենց բեռներուն տակը ու հալեցան հեռաստանին խորը։

Ու մեռելներու դաշտին վրայէն անցաւ իրիկուան անուշ հովը, որ կարեկցող քրոջ մը պէս իր փայփայանքը պտըտցուց դիակներուն վրայէն, ով գիտէ ի՛նչ փնտռելով։

Ու անոր համբոյրին տակ, անոր զով, անոր բարի համբոյրին տակ ղեկ մը, որուն ճակատէն մեծ ճեղք մը կը սեւնար, բացաւ իր թարթիչներուն կապարէ քունը։

Ան նստեցաւ ու աչքերը շփեց։

Մութ էր ա՛լ։ Ուր բլուրները մեծցած էին՝ լեռներու վերածուելով։

Տղեկը ելաւ։ Այնքան ուժը փախած էր իրմէն, որ դժուարաւ փոխեց սրունքները։ Լուռ էր չորս դին։ Ու մութին մէջէն ճերմակ մեռելները կ՚երկննային անշարժ ու խաղաղ։

Արտին ակօսները քանի մը անգամ դաւեցին իր ոտներուն ու ինկաւ։ Ու նորէն ելաւ։

Մէկէն քար կտրածի պէս կեցաւ։ Մօտիկէն պզտիկ, տարուընակ երեխայի մը լացը կու գար։

Կատաղի, ուժգին լաց մըն էր այդ ճիչը հիմա, որ կը բխէր մութին արգանդէն ու ահաւոր խորութեամբ մը կը տարածուէր, կը լայննար։

Ու տղեկը քալեց։ Զգեստի դէզերուն վրայ կծիկ եղած բան մը կը շարժէր։

Տղեկը մօտեցաւ: Ձեռքերովը շոյեց լացող բերանը ու մէկէն սարսռաց։

Անոնցն էր, անո՜նցը։ Ճիտէն կախ կէս լուսնկան կը յայտնէր անոր ցեղը։

Տղեկը չկրցաւ հասկնալ, թե ինչ կ՚ընէր հոդ այդ պահուն իժերուն ծնունդը, չխորհեցաւ անոր մօրը հաւանական գալուստին վրայ, որ գեղ էր գացած՝ կողոպուտը փոխադրելու ու իր ծոցին զաւակը ձգած երեսի վրայ։

Եւ առանց գիտնալու, թէ ի՛նչ կ՚ընէ, իր թուլցած մատները մխեց անոր բաց պուկէն ներս, ներս, միշտ աւելի ներս, փրցնելու համար անոր սիրտէն անիծուած այդ հագագը, որ ոճիրին համար հանդերձուած պիտի մնար։

Երբ իր մատները դուրս հանեց, կծիկը անշարժ էր բոլորովին։

Տղեկը լայն շունչ մը առաւ։ Մութը շատ էր ա՛լ ու զինքը կը գոցէր լոյսին վատութենէն։

Նոր կորովով, ճեղքուած ճակատով, բայց թեթեւցած սիրտով ան իր քայլերը յանձնեց գիշերին ու մտաւ խորհուրդէն ներս։ Ան ալ կ՚երթար իր ճակատագրին։

Ցեղը կը լուծէ՞ր իր վրէժը։