Կայսերական յաղթերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ՅԱՂԹԵՐԳՈՒԹԻՒՆ

«Գայլք եւ գառինք ի միասին ճարակեսցին …»

ՄԱՐԳԱՐԷ ՄԸ

Հովիտ մըն էր ան։

Լեռներու մէջքին՝ անկամար օրանի մը նման, աղուոր էր հովիտը իր փոքրիկ հասակովը, որ, տարրերուն քարացած փոթորիկէն ետքը, ինկած էր հոդ, շղթային սիրտը, խաղաղութեան ու բարութեան անկիւն մը ճարելով, երկիրը բզկտող աղէտներէն ետքը։

Ան ունէր իր ջուրը, որ վերերէն կը քաշէր իր հէնքը, ըլլալու համար արծաթէ մեծ սկուտեղ մը, կանաչին մէջ գոգաւորուող։

Ան ունէր գիւղակները, ջուրի ափին մտածող արագիլներուն նման բարձրագլուխ եկեղեցիովն ու ծառերուն թեւին տակ քնացող տուներովը։

Ու մարդերը պարզ հոգիներ էին, տուած իրենց բազուկները անոր աղուոր կռնակին ու աղուոր կողերուն։

Ու անկէ վեր, լեռնաշղթա՛ն, ահաւոր իր չարութեամբը։ Ու անկէ վար, լեռնաշղթա՛ն, իր բարբարոս կարծրութեամբը, որ երկինքին հետ կը կռուի ապառաժին շէնքովը եւ կեանքը կը վռնտէ իր վրայէն։

Բայց հովիտը գեղեցիկ էր, սարսափի մէջ ծլած ծաղիկի մը նման, ու զաղաղփո՛ւն, բոլոր այն բաներուն պէս, որոնց գլխին մահը կը կախուի։

Գառներ արածեր էին հոն անշուշտ դարերով։ Ամէն տուն ունէր բարի ու միամիտ այդ ամբոխէն, որ կը սիրէ իր լեզուակը փորձել, համբոյրի համար, դանակէն ետքն ալ։

Բայց գայլե՞րը։ Անոնք չէին պակսած լեռներէն ներս ու իջած էին վար գայլի պէս, բզկտելու, դարձեալ դարերով։

* * *

Ու գառները կ՚արածէին։

Անոնք կորսնցուցած էին գիծերու այն շրջանակը, որ հօտերը կը դաշնաւորէ ու արօտներուն սահման կը կտրէ։ Անոնց մօտիկ իրենց մայրե՛րը, վշտագին ձայնի մը մէջ, ատենը հեղ մը բանալով իրենց բերանները։

Ու հովիտին բոլոր պզտիկ ծալքերուն ետին, պատռտուած մեծ թուղթի մը կտորներուն նման, ճերմակ կենդանիներուն այս տարտղնո՛ւմը, որոնք վրդովուած, առանց հասկնալու խորհուրդը, որ կը զարնէր զիրենք, կու գային ու կ՚երթային, նայելով վեր ու վար, փնտռողի անձուկովն ու վախովը։

Օրը առաջինն էր։

Մեծ կրակներ արդէն սրբած էին գեղերուն խարտեաշ մարմինները ու տակաւին անոնց մուխը կը յամենար հովիտին վրայ, ինչպէս պատարագէն ետքը, սաւառնող ծուխի ներդաշնակ կալերը։

Լճակին եզրը, աշխատանքը կար նորօրինակ մարդերու, որոնց բազուկները նուիրուած էին այլապէս եղերական հունձքի մը։

Ու արիւն կար, երջանիկ հովիտին ամէն ջուրին առջին, արի՛ւն, երբեմն կարմիր, հալած վարդի նման, երբ աղջկան մը կուրծքէն դուրս կու գար։ Երբեմն սե՛ւ, անէծքի մը պէս պղտոր, երբ ալեւոր կոկորդէ մը ինքզինքը կը կայլակիր։

Ու դիակները կային դարձեալ, կրակներու շրթունքին, ահաւոր՝ իրենց պարպուած նայուածքին ծակերովը, ածխացած իրենց ափերուն ու դէմքին պաստառներովը, որոնք կը պատռտէին, միսին ճերմակը գիծ-գիծ դուրս բերելու համար։

Ու դիակները կային դարձեալ, փախուստի պահուն ծունկի ինկածներուն։ Անոնք դեղին էին ու արիւնի ոչ մէկ պո՛ւտ, որ ոճիրը բացատրէր։

Օրը առաջինն էր, որ կը գոցուէր մահուան այս դաշտին վրայ։

* * *

Օրերը շատցան, երկնցան, ամիսներ եղան։

Հովիտը կը շարունակէր մնալ, աղուո՛ր, ինչպէս անկամար պզտիկ օրան մը, ինկա՛ծ՝ լեռներուն սիրտը։

Անոր կանանչը կը խնդար նորէն ջուրերուն ափին։ Վերէն իջնող թելերը թէեւ նիհար, բայց արծաթէ բան մը կը բերէն միշտ, լճակին ծոցը։

Ու միշտ շարան-շարան մարդեր, տարուած հոն դժբախտ երկրի մը հեռաւոր անկիւններէն, կը կրկնէին լայն ու երջանիկ պատարագը, օր ցերեկով, առանց վախի կամ աճապարանքի, հատիկ-հատիկ, հովիտի մուտքին։

Ու մեռելները իրարու քով, եւ իրարու վրայ, իրենց գիծը կը քաշէին ջուրն ի վեր ու ջուրն ի վար։ Անոնցմէ ոմանք լուացուած ալիքներէն, կը պառկէին արեւին տակ, խաղաղ քունի մը մէջ, ոտքերնին կէս մը գտած գերեզմանը, որ զլացուեցաւ իրենց։ Թռչուններ, ամայի լճափներու, սեւ հովանոցներու նման կը բացուէին անոնց երեսներուն։

Ու հորիզոնը կը մնար բարի, երբ կը համբուրէր հեռաւոր աղեղը լեռնաշղթային, սարսռալից՝ երբ մօտի ժայռերը անոր կողմերը փարատէին։

* * *

Ու գառները կ՚արածէին։

Անոնք շատցած էին երկուորներու բազմութեամբ մը, իրենց տէրերուն նման քալած էին, զանազան լեռների, դէպի հովիտը, որուն երկու ծայրերուն սպառազէն մարդեր կը հսկէին։

Հովիտէն ներս, ընտանի կենդանիներէն դուրս ոչ մէկ կեանք։

Ու կենդանիները իրենց գլուխին, դանդաղ քալուածքով կը չափէին ջուրէ ջուր ձգուած բացատները, իրենց շուքերը խառնելով իրարու։

Անոնք միշտ կը հանդիպէին մարդերու, որոնց թաւ միսերը թափած էին ու թեթեւ մը գունաւոր ոսկորներ կը մնային, լինելով կմախք մը, թերի ու կարկտուած։

Բայց կային դէզերը, որոնք ժայռերու ոտքին կը լայննային դէպի վեր… դէպի առաջ։ Ու դեղին լռութեան մէջ, որ մինչեւ լիճը կ՚երկննար, ակռաներու չոր սղոցում՝ մը, յանկարծական բախիւնով մը կը կտրէր մեռելութիւնը։

Ու անմիջապէս վերջը, վախկոտ երամը կանանչ ճանճերուն, որոնք կը նետուէին մեռելներուն գուցէ սրտէն, պղտոր բզզիւն մը կը գծագրէին, որ տակաւ կը մատնէր, կ՚իյնար դարձեալ վար։

Նոյն չափով տպաւորիչ էր դարձեալ կտուցներու դոփիւնը, որ խուլ ու բթացած շեշտով մը կը ճեղքէր միօրինակ պարապութիւնը տեսարանին։

Ու բոլոր կենդանիները կային։

Քով քովի, ագռաւն ու արծիւը, կրիան ու բարի լորտուն, աղուէսն ու գայլը, իւրաքանչիւրը իր գործին, իրենց թաթերուն վրայ փռելով իրենց երջանկութիւնը։

Քով քովի մանաւանդ, երկար օրերու սովորոյթէն ետքը, գայլերն ու գառները։ Առաջինները կորսնցուցած իրենց շարժումներուն խստութիւնը, խնայելով իրենց թաթերուն, ցռուկնին պինդ մխած անսպառ դէզէն ներս, ուտելով ու պառկելով, անոնք մոռցած էին ճիգը, որ ապրելու պայքարը կը դնէր իրենց վիզին։ Ու անոնք կը ներքին, որ գառները անցնէին իրենց մօտիկէն, դունչերնին խոտի մը վրայ, երկարօրէն նայելով։

Անոնք չշարժեցան, երբ սպառազէն մարդեր եկան անցնելու իրենց քովէն ու առանց նեղուելու տեսան հեռացուիլը գառներուն։

Ու կը մնային հոն միւսներուն հետ, բոլոր կենդանիները դարձեալ, «միասին ճարակելու» քաղցր երազը ցուցադրելով աշխարհին, որ գիրքերուն մէջ միայն փնտռեր էր այդ օրերուն օրը։

* * *

Ու մարգարէին պէս, ես կը սպասեմ այդ օրին, երբ հրաշքը ինծի պատմուած է այդ լեռնէն ներս թափառական տղոցմէն, որոնց ուրիշ հրաշք մը՝ ա՛լ անիմաստ դարձող կեանք մը խնայեց։

Աշխարհ պիտի հաւատա՞յ։