ՀՈԳԻՆԵՐՈՒՆ
ՀԵՔԻԱԹԸ
Ու
անհնութեան
մէջէն,
որ
միջոցներ
կը
լեցնէ
ազնիւ
իսկութեան
մը
նման,
աշխարհէ
մը՝
մենք
անըմբռնելի,
ճամբայ
կ՚ելլեն
հոգիները՝
գալու
համար
իրենց
չմեռնող
ճակատագրին։
Անոնք
ուղի
են
ինկած
ժամանակներէ
ի
վեր,
որոնք
մեր
հասողութիւնը
կ՚անցնին,
ու
կը
քալեն
տակաւին
իրենց
գիծը,
առաձիգ,
ծփանուտ
ու,
մա՛նաւանդ՝
կենդանի։
Անծանօթ
է
ոստայնը,
ուրկէ
երկնցան
այդ
թելերը,
առատութեամբ
մը,
որ
դարձեալ
մեր
հասողութիւնը
կ՚անցնի։
Բայց
հեքիաթը
կը
գտնէ
անհրաժեշտ
միջոցը,
կարեւո՛ր՝
անոնց
շարժումին
ու
անոնց
բոլոր
խաղերուն։
*
*
*
Ու
հեքիաթէն
ես
կը
սորվիմ
նայիլ
վեր,
լոյսով
դեղինցած
այդ
միջոցին,
ուրկէ
կախուած
են
հոգիները
բոլոր
մեր
սիրելիներուն
ու
մեր
դահիճներուն,
նոյն
ակօսին
մէջ,
անհուն
ծղօտներու
նման
երկարած
իրարու
մօտիկ,
ամէն
մէկը
իր
ճակատագրին
կնիքովը
դեռ
կապուած
մայր
ոստայնին։
Ի՜նչ
պայծառ
է
մա՛նաւանդ
անլուսին
գիշերներուն,
բոցի
մը
պէս
իջնող
մայր
սլաքը
մեր
ցեղին,
որ
երկրին
սահմաններուն
վրայ,
ոսկի
ջրվէժի
մը
փոխուած
կը
թափի
դէպի
հողը,
տարածուն
շրջանակէ
մը
յորդելով
ու
հին
ու
նոր
ցամաքները
ջրելով,
աղեղի
մը
մէջ,
որուն
կորութենէն
սորվեցան
աղջիկները
քաղցրութիւնն
իրենց
թերագիծերուն։
*
*
*
Հոգիները
մինակ
իջնալը
չէ,
որ
գիտեն։
Անոնք
գիտեն
մանաւանդ
ելքը,
պարապէն
վեր,
օրուան
բոլոր
պատերուն,
առանց
հսկողութեանը
խեղճ
հրեշտակներուն։
*
*
*
Բայց
հեքիաթը
գոհ
չէ
հոգիները
կախելէն
կամ
հալածելէն։
Անիկա
անոնց
ճակատագիրը
եղերական
անզգածութեամբ
մը
կը
յօրինէ
անոնց
մեկնումէն
առաջ,
թերեւս
խորհրդավայրի
մը
մէջ,
որ
յաւէտ
չթափանցուողը
պիտի
մնայ
ու
կը
նետէ
զանոնք,
անոնց
շուքին
պէս,
իրարու
ետեւէ,
վար
կամ
վերերը։
Սրտառուչ
բան
մը
կայ
գիծերուն
ալ
սահումին
մէջ,
անանուն
կապոյտներէն
ու
անբաւելի
խորութիւններէն,
երբ
ասոնք
դառնացած
այդ
անբացատրելի
ճամբորդութենէն,
իրենց
ուղղաձիգ
պրկումին
մէջ,
կը
հակին
աջ
ու
ձախ,
նմաններուն
սարսուռին։
Այն
ատեն
է,
որ
մեր
երկրին
կամարներուն
մօտիկ
ճակատագրին
բոլոր
խստութիւններուն
դէմ
երթալով,
գիծերը
իրարու
կու
գան,
կը
փաթթուին
երկար,
ոսկեգոյն
համբոյրի
մը
մէջ
հալելով,
կազմելու
համար
միակ
գիծը,
որ
կը
կենայ,
սաւառնած
ու
տրտում,
կարճ
կամ
երկար
սպասումով
մը
գամուած՝
պարապին
վրայ,
մինչեւ
որ
վարէն,
թանձրութիւններու
այս
աշխարհէն
ազատի
գերութիւնը
իրենց
շղթայուած
կիտաւորուին։
Ի՜նչ
միամիտ
է
մեր
հեքիաթը։
Անիկա
կ՚ուզէ,
որ
իրարու
պլլուած
այդ
գիծերը
անորոշ
օր
մը,
ժամու
մը
խորանին
առջեւ,
քահանայի
մը
խաչին
թեւերէն
քաղուած՝
իջնան
դէպի
սիրտը
պսակուող
զոյգերուն։
Ի՜նչ
միամիտ
է
հեքիաթը։
Անիկա
կ՚ուզէ,
որ
իրարմէ
քաշուող
մարմիններու
գռեհիկ
ու
հաստ
երեւոյթին՝
հագցնէ՝
աստեղատիպ
առասպելին
աննիւթ
իմաստութիւնը,
եւ
իրարու
մէջ
թափող
սրտերուն
գաղտնիքը,
զոր
ոչ
մէկ
ատեն
գիտցաւ
լուծել
իմաստութիւնը
մարդերուն,
այնքան
բանաստեղծութեամբ
բացատրելի
դարձնէ՝
մեր
տագնապոտ
տառապանքին։
Մեր
տառապանքին՝
որ
կը
կտրէ
մեր
ուժերուն
ամբողջ
արիւնը,
պարզ
աղջկան
մը
հոգիին
դէմ,
երբ
մեր
նայուածքին
ամբողջ
կրակը
ու
ամբողջ
պաղատանքը
ետ
կը
դարձուին
մեզի։
Մեր
տառապանքին՝
երբ
սիրուած
կնկան
մը
հոգիին
դէմ
մեր
իրաւունքներուն
ունայնութիւնը
ու
մեր
անցեալին
ամօթալիր
կեղծիքը
կը
հաստատենք։
Մեր
տառապանքին՝
երբ
խենթեցա՛ծ,
խենթեցա՜ծ,
մենք
կը
տարուինք
շրջանին
մէջը,
ձեւերուն
կախարդանքին,
ու
մեր
բիբերը
կլոր
գագաթով
անողորմ
բեւեռներու
տակ
կ՚անշարժանան
հեգնութիւնո՜վը
ուրիշին
գրկէն
մեզի
նայողներուն։
*
*
*
Հեքիաթը
շինուած
ըլլալու
է
մարդերէն
շատ
առաջ։
Անիկա
կ՚անգիտանայ
իսկութիւնն
իսկ
մեր
տառապանքին
ու
ան
չըմբռներ
ահաւորութիւնը
մեր
դաւերուն,
մեր
վրիպումներուն,
մեր
կամաւոր
շեղումներուն։
Ու
պահի
մը
համար
ես
կը
կախեմ
կամարէն
վար
հոգին
աղջկան
մը,
որ
սիրուեցաւ
կատաղութեամբ,
երբ
ճակատագիրը
արդէն
զայն
սահմանած
էր
ուրիշ
բազուկներու,
որ
հագաւ
ոսկի
ճառագայթը
քահանային
խաչէն
ու
զզուանքով
մտաւ
խորանին
տակը
քողին,
որ
առագաստը
տարաւ՝
անկողիններուն
աղտոտութենէն
հեռու
նետելով
իր
սիրտը,
իր
սիրածին,
երբ
իր
արիւնը
յամառեցաւ
վազելու
պիղծ
սեղանի
մը
մարմարին
վրայ,
սրբագործուած
օրէնքէն։
Ու
կը
շարունակեմ
նայել
այդ
թելին
ետեւէն:
Անոր
կը
մօտենան
ուրիշներ՝
երկուքի
ծանրութիւնով։
Թող
հեքիաթը
արգիլէ
անոնց
փաթթըւուքը,
բայց
անիկա
անկարող
է
եղած
անոր
թրթռագին,
եղերական
վազքը
կեցնելու
դէպի
եկողը
եւ
եկողները։
Ու
տրտմութեամբ
կը
գոցեմ
աչքերս՝
չտեսնելու
համար
շարանը
վիրաւոր
թելերուն,
որոնք
մարդերու
սիրտերէն
կը
ձգուին
վեր,
լարուած՝
փրթելու
աստիճան,
ու
կ՚առկախուին
անոր
մէջքին,
հիւսք–հիւսք,
սուղ
ժամերուն
շքեղ
փայլովը,
երբ
վարէն
անոր
կծիկը
բռնող
ձեռքը,
երջանկութեան
ապուշութիւնը
կը
քաշէ
ու
կը
քաշէ
իր
խաբուիլը
չճանչնալով։
Բարի
է
մեր
հեքիաթը։
Անիկա
կը
պատմեն
պառաւները,
հալաւէն
ետքը,
երբ
հարսը
կը
տանին
ու
մնացող
պզտիկներուն
համար
հարկ
կայ
երկինքները
խառնելու։
Դիւրին
բա՞ն
է
տղայ
աղաւորելը։
Հարսնիքին
հետ
իր
աղերսովը,
այս
քաղցր
պատմութիւնը
գերազանցապէս
մարդկային
կը
դառնայ,
երբ
տարիներու
շրջանէ
մը
վերջ,
ճառագայթները
կը
քակէ
իրարմէ,
այս
անգամ
մահուան
ոսկորէ
մատներովը։
Ու
կ՚ուզէ,
որ
առաջ
մեկնողը
սպասէ
կամարին
վրայ,
մինչեւ
որ
Գրողին
կամքը
ինքզինքը
իրագործէ
մարդկային
կեանքի
մը
սրբութեան
կամ
խայտառակութեան
ծոցը,
մինչեւ
որ
իր
պատեանէն
ազատող
թելը
իր
ճամբան
բռնէ,
գտնելու
համար
իր
սպասումովը
լուսաւորուած
տարաբախտ
ճառագայթը։
Չեմ
գիտեր
ինչպէս
իրարու
կու
գան
կրկնապէս
օրհնուած
այն
թելերը,
որոնք
առաջին
սպասումը
քիչ
կը
գտնեն
իրենց
ճակատագրին
ու
չորս–չորս
կամ
աւելի
կեդրոններով
իրարու
մտած
կը
բարձրանան։
Ապահով
եմ,
այս
անգամ
վիշտով,
ակամայ,
զրկուած
մեռելներուն
խաղաղութենէն։
*
*
*
Հեքիա՛թ։
Դուք
գիտե՞ս
պատմութիւնը
այն
թելերուն,
որոնք
միջոցներուն
ամբողջ
ամայութիւնը
տարին
իրենց
նրբին
իրանին
վրայ
եւ
կամարէն
վար
վիժեցան
մեր
ցեղին
մայր
երակէն,
անուշ
ու
աղուոր,
դեռ
պահելով
գալարները
զիրենք
խանձարուրող
խորհուրդին,
խոյակի
մը
պէս
զսպանակուած
իրենց
կեդրոնին
վրայ
ու
չհասան
ուրիշ
սիրտերէ
քաշուելու
բախտին։
Դուն
գիտե՞ս,
թէ
ո՛ր
աստուածը,
ապաժամ
խաղի
մը
համար,
քակեց
անոնց
ծիլերը
իրենց
լուսաբիբ
ոստայնէն
ու
մատաղ-մատաղ,
չբացուող
ծաղիկներուն
մարտիրոսութեամբը
կարմիր
արցունքներու
մէջ
խեղդեց
զանոնք։
Կեցիր,
ո՛վ
մեր
գեղին
ազնիւ
ու
լոյս
հեքիա՛թը,
ու
հետեւէ
մեր
կամարին
վրայ
իրարու
սահմանուած
ոսկի
թելերուն
մեծ
ճակատագրին,
հետեւէ
անոնց
գալարումին,
անոնց
եղերական
ծփանքին,
իրարու
պլլուելու
իրենց
երազովը
թրթռալէն,
ու
նայէ,
թէ
ինչպէս
կարմիր
մանգաղ
մը,
Մահէն
աւելի
ճարտար
մատներէ
ղեկավարուած
կը
քաղէ
անոնց
շառաւիղումը
մեծ
կարժառի
մը
վրայ՝
շինելու
համար
արիւնոտ
ու
բզկտուած
պաստառը
յօշոտուած
կմախքին
բոլոր
այդ
կեանքի
ու
գեղեցկութեան
առէջները,
որոնք
հանգոյցէ
հեռու՝
չապրած՝
թաղուեցան։
*
*
*
Անուշ
է
մեր
հեքիաթը։
Անիկա
հոգիները
ոսկի
թելերով
իրարու
կը
հիւսէ,
տակաւին
զանոնք
աշխարհ
չբերած։
Անիկա
հարսնիքներուն
խորհուրդը
կը
քողէ
թափանցիկ
ամպի
մը
նման,
կուսական
շղարշի
մը
նման,
որոնց
տակ
աղջիկներուն
դէմքերը
խորանի
պէս
օրհնաբեր
կը
դառնան։
Անիկա
պարզամիտ
է
ու
տգէտ։
Որքա՞ն
պիտի
ուզէի,
որ
մեր
հեքիաթը
գոնէ
օր
մը
միայն
վաւերական
ըլլար
մեր
տարաբախտ
երկրին
վրայ
ու
Գրողին
կնիքը
այլայլող
ձեռքերը
իրենց
դաստակներուն
վրայ
կարկամած
չորնային։
Որքա՜ն
պիտի
ուզէի,
որ
կամարներուն
վրայ
գամուած
ճառագայթներուն
սրբութի՜ւնը
խնամուէր,
գոնէ՝
ելքերու
պահուն։
Ես
կը
կասկածիմ
նոյնիսկ
երկինքէն:
*
*
*
Գիշերը
գնաց
ու
առտուան
լույսերը
աւելի
բարեբախտ
չգտան
մեր
որբերը
ու
մեր
մեռելները։
Երկուքին
ալ
թելերը
կը
տառապին
կամարներէն
առկախ։
Մեռելները
կը
սպասեն
խաչէն
ու
տէրտէրէն
օրհնուած
իրենց
ճառագայթին,
որ
հիմա,
գերի
խաչափայտին
նման՝
հեթանոս
մատներու
բրտութեանը
տակ,
շողացած
ատենն
անգամ
իր
խաւարումը
կ՚ապրի։
Մեր
որբերը
կը
սպասեն
անանուն
ծակերուն
խորը,
անհարազատ
ճառագայթներէ
պաշարուած,
անձկագին
փնտռելով
կամարին
վրայ
իրենց
հոգիներուն
լուսեղէն
քոյրերը։
Հեքիա՜թ,
լսէի՜ր
անոնց։