Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆԻ ՏԵՂ

ՔԱՅԶԷՐ ՎԻԼՀԷԼՄԻՆ

Այս պատմուածքներուն նախնական պատկերները ինծի եկած են Եղեռնի տարին, երբ ամենակարող կայսեր մը ծիրանի պատմուճանը կը վարագուրէր մէկը այն աննախընթաց նախճիրներէն, որոնցմով աղտոտած ըլլայ երբեք մարդերուն պատմութիւնը։

Հիմա անփառունակ իր թաքստոցին մէջ իր յիշատակները հալածող կիսաստուածը այդ օրերուն աշխարհին ճակատագիրն ունէր իր մականին տակ ու մեզիպէսներուն համար ամբողջ երկիր մը գլուխ ծածկելու անկիւնն իսկ շատ կը տեսնար: Այդ օրերուն ես երազեր եմ քու փառքդ երգելու, քու բանակներուդ հսկայ դիւցազներգութեան մօտիկ կցելու աննշան լուրը պզտիկ մեր ցեղին։

Մի տրտմիր, որ այս ողբերգը քեզի չի գտներ գահիդ պայծառութեան մէջ, խեղդուելու համար փառքի եւ յաղթանակի շռինդին մէջ, որ քու բանակներուդ յաղթերգութիւնը յատկանշեց։

Ու մեր եղերգը նորէն քեզի կու գայ, քու վրայէդ իջնալու համար քու ցեղիդ, որ հանդուրժեց չըսելու համար փառաբանեց ոճիրներուն ամէնէն անորակելին։

Ինչ որ մարդերը չտեսան իրենց պատմութեան բոլոր գեհեններուն ատենն անգամ, կայսերական, քու աստուածավախ անդրիիդ շուքին տակ թաւալեցաւ ամիսով ու տարիով ու դուն վայելեցիր անպարագրելին, մեր մտքերուն սահմաններէն դուրս մնացող ոճիրը, հանդարտ, գուցէ երջանիկ։

Բայց փառքերուն բոլորին մէջն ալ անխուսափելի է առազին հատիկը։ Մի տրտմիր, վասնզի պատմութիւնը ունիս քու ոտիդ եւ այնքան վայրագօրէն նահատակուած մեր ցեղին մեծ ու պզտիկ բոլոր, բայց բոլոր հոգիներուն արգահատանքը քու ետեւէդ։

Մեր ցեղը չի հեգներ: Չի կրնար ատել: Իր պատմութեան մէջ ան ամէնէն աւելի մեծ քցած է։

Ու ցեղին շառաւիղը պիտի չմերժէր իր աւանդութիւնը։