Կայսերական յաղթերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՉՈՒԱՆՆԵՐԸ

Մեր գերեզմանին վրան, հիւանդ բլուր մը կայ, ուրկէ ամէն տարի, կտոր–կտոր, քարերը կը փրթին հանդարտութեամբ, առանց իրենց ոտքի մեռելներուն քունը խանգարելու եւ կ՚երթան լեցնելու պարապը, որ կը զատէ Մայր գերեզմանատունը Անիծուածներուն խորխորատէն։

Բլուրը հիւանդ է շատոնց ու անոր կոպերուն վրայէն փախած է անտառներուն յատկանիշը եղող ծառերու մեծ եղբայրութիւնը։ Քանի մը գալարուն մայրիներ, առանց կանաչի, դեռ կը սպասեն ամայի այդ երեսին վրայ, տեւական հակումով մը դէպի վար, ուր կը քալէ բլուրը՝ թաքուն ուժերէն դէպի վար հրաւիրուած։ Որո՞ւ հոգ անշուշտ, լերան մը կտորին այդ եղերական քայքայումը, եթէ ան չունենայ բացառիկ գոյն գեղացիին համար, որ մեռելներուն աշխարհին մէջն անգամ չէ դադրած իր պզտիկ գեղը փոխադրելու, անոր կիրքերուն ու աւանդութիւններուն բոլոր մեծ ու պզտիկ տրամներովը։

* * *

Ինձմէ առջի սերունդը կը յիշէ զայն, այդ գողտրիկ բլուրը, իր փառքին լիութեանը մէջ, երբ անոր պարոյրը բարի աղեղի մը պէս կը կորանար մեծ լերան կուշտին։

Ու գեղը բոլորող բլուրներէն ամէնէն քաղցրը, մխիթարիչ իր ձեւին գեղեցկութեամբը եւ մշտադալար իր կուրծքին խորհուրդովը, հինէն ի վեր ընդունած է իր ոտներուն, մնացորդները գեղին բոլոր հոգիներուն։

Բլուրը բարի է եղած, իր գիրկը բանալու բոլոր մեռելներուն, որոնց հոգին տէրտէրի մը աղօթին կապուած՝ կ՚արձակուի երկինքին խորերը։ Բլուրը բարի է եղած նորէն չգոցելու իր գիրկը բոլոր այն մեռելներուն, որոնց հոգին նետուած է միջոցն ի վեր, առանց աղօթքի եւ հաղորդութեան թեւերուն, բայց որոնք իրենց աչքերը փակեցին հաւատքի ճամբուն վրայ, կակաչի պէս թափելով իրենց արիւնը իրենց ցեղին համար։

Բայց այդ բլուրը աննկուն մերժումով մը պինդ է գոցած իր բոլոր խորշերը բոլոր այն մեռելներուն, որոնք մահերուն ամէնէն տաժանելին, կամաւորն ու չարչարագինը կ՚ընտրեն ու ձեռք կը վերցնեն իրենց անձին վրայ։ Ինքնասպաններուն համար տեղ չունի ան։

* * *

Ու գերեզմանի բլուրէն շատ վեր, երբ երկու-երեք ձորակ քանի մը անգամ իրենց քարակերտ պատնէշները կը շարեն իրարու ետեւէ, զատելով այդպէս մայր Հանգստարանը գեհենապարտներուն մռայլ փոսէն, մեր ատենը, կը մութնար, երկու ժայռերու մէջտեղը սեղմուած հողի կտոր մը, ուրկէ մեծ-մեծ ապառաժներ վար էին սահած, ձգելով այդպէս պատրաստ խոռոչներ։

Մեզի կու գար շատ վարէն, հատկտեալ գիծերով, տրամը, որ այդ հոգիները վռնտեր էր մայր գերեզմանին խաղաղ փառքէն, ինչպէս զարտուղի յուզումով մը անջատած էր անոնց մարմինները մարդերուն սովորական կենցաղին։

Կային այդ փոսերուն մէջ անուններ, որոնց սերունդէն ամէն հետք ջնջուած էր շատոնց, բայց որոնց մեղքը արոյրէ վահանի մը պէս, միշտ կախուած կը մնար անոնց վերեւ անտես սաւառնումի մը մէջ, ապրո՛ղ, յանկուցի՜չ այդ մեղքը մեզի համար, որ ա՛լ վրայ տուած էինք գեղին միամիտ մաքրութիւնը եւ մարդերը դէպի մահ նետող խենթութիւններուն դիմաց խաչ հանելով գլուխը մէկ կողմ դարձնողներէն չէինք։

Ամբողջ անգիր պատմութիւն մը, բերնէ բերան զուրցուած, կամաց, վախկոտ բառերով, միշտ հիւանդ մայրիի մը շուքին, որուն վրայէն սեւցած գագալոճները ատեն–ատեն կը փրթէին՝ մահուան համար հասունցած մարմիններուն նման։

Շատը աղջիկ էին հոդ աքսորական հոգիներէն, որոնց կեանքը գրեթէ կը վերջանար չուանին ծայրը, տանը մեծ գերանն ի վար, գիշերուան մը մթութեանը ծոցը, երբ ամբողջ տունը կը ննջէր լուռ զանգակի մը նման ու դուրսէն մահուան քայլերը կարելի կ՚ըլլար լսել։

Շատեր նորէն իրենց հետ կը տանէին ցաւը, անաղարտ, անճանաչ, ու փրկուած մարդերուն աղտոտ հետաքրքրութենէն ու կու գային այդ փոսերէն մէկուն մէջ յանձնելու, իրենց մեղքին յայտարար նշան, իրենց մարմինը։

Ու տարօրինակ բան։ Տակաւին մինչեւ իմ օրս, ծերունիները, երբ պատահմամբ մոլորէին այդ անիծուած մեռելներուն կայանը, կը հանէին իրենց փոսերէն մէկիկ-մէկիկ բոլոր աղջիկները, ամէնքն ալ զմայլելի գեղեցկութեան մը լուսապսակովը հոդ պառկած։

Անոնք չգտնուած, խելօք, լոյսի պէս աղջիկներ էին, բոլորն ալ նշանած, բոլորն ալ հարսնիքի տարին չուանը ելած, անծանօթ սատանայի մը կողմէն, որ այդպէս խելքը կ՚առնէր աղջիկներուն։

Ծերունիները իրենց գիտցածը կը պատմէին։ Բայց ուրիշ մանրամասնութիւններ կառչած կը մնային քանի մը հողքերու, որոնց եղերական գեղեցկութիւնը կը բաւէ հիմա՝ լուսաւորելու համար իմ աչքիս անծանօթ Սատանան։

Հողքեր կային հոն, ուր աղջիկին գիրկը տուած էր պատմութիւնը նոր ծնած տղեկ մը, չուանին տակէն վերցուած, անշուշտ թերի կազմով եւ որ սակայն կը բաւէր մեկնելու համար չուաններուն այդ մռայլ առիջումը սեւ գերաններուն տակ, սեւ գիշերներուն։

Ի՜նչ հարկ պղտորելու հանդարտ մահը այդ տրամներուն։ Անիծուածներուն գերեզմանը վայրի սարսափ մը կը նետէր իրմէն դուրս, վերէն նայելով գեղին մեծ, բարի, սովորական մեռելաստանին, ուր քարերը ճերմակ ու քառանկիւն վիշտերու նման կը մտածէին կանանչներուն մէջ, ուր ամէն գիշերուան դէմ լացողներուն ստուերները կ՚երկնային անհամաչափ ու խունկին մշուշէն բրդուճներ կը փախչէին մինչեւ վերերը անայց, խոտորած մեռելներուն հոգին գտնելու համար։

* * *

Հիմա, մեր գերեզմանը ինքն ալ կը մեռնի, այնքան հարիւրով տարիներ դիմանալէն վերջը։ Անոր վերի մասին կեանքը շատոնց խոյս է տուած ու քանի մը կծկտած մայրիները չեն կրնար կանաչին պատրանքը դիմացնել այդ մարզերուն վրայ։

Ինչո՞ւ։

Վասնզի գերեզմանը սրբապղծեցին, վասնզի ինչ որ չուանէն իջնար, պիտի չմօտենար անոր գեղջուկ, բայց սրբազան շրջափակին։

Ու գերեզմանին ծոցէն բռնի տեղ տուին մեռելի մը, դարձեալ չուանէն վար առնուած, եւ որ անիծուածներուն թաղը երթալու տեղ, իր մօրը կուշտին, շքեղ դամբարանի մը ճերմակ պաշտպանութեանը փաթթուած՝ արհամարհեց մեռելներուն սրբութիւնը եւ ողջերուն հաւատքը։

Ես կը յիշեմ անոր ողջութիւնը, երկու Երուսաղէմէ բերուած զմայլելի սափորներով անոր աղբիւր իջնալը։ Ես կը յիշեմ անոր դեղին մազերը, որոնք կռնակին վրայ կը լայննային ցորենի ընտիր ու նուրբ որայի մը նման, Զատկին ու Ծնունդին, երբ պարտէզին մէջէն վազեցնէր իր աննման աղուորութիւնը։

Վա՜խ մարդերուն անկայուն սրտին։ Վա՜ խ մա՛նաւանդ աղջիկներուն անպաշտպան սրտին։

Մեծ գերանէն օրուեցաւ ան վերջին անգամ, իր ճիտէն, երբ շաբաթ մը առաջ ձգեր էր այդ տունը՝ հարս երթալու ուրիշ տուն մը։

Այն ատեն լեզուի տակէն անուններ գացին ու գացին ամբոխին ենթադրութեանցը վրայ։ Բայց ոչ մէկ անուն երջանիկ չեղաւ այնքան, որ գոնէ գերեզմանէն անդին կարողանար տէր դառնալու այդ աննման աղջկան։

Ինչերնո՜ւդ պէտք տրամին ցուցադրումը, երբ, երիտասարդ մահ մը գեղեցկութեան մը կախարդանքով երկրորդուած, բաւական եղաւ փոխելու հին սովորութիւնը եւ հակառակ ծերերու բողոքին, հակառակ հին քահանային երկիւղին՝ թաղեցին հարսնուկը մայր գերեզմանին մէջ, մօրը կուշտին, խունկով ու մոմով, կոչնակով ու պատարագով։

* * *

Վայրի ծառերը կը փաթթեն անիծուածներուն այլեւս խաղաղած փոսերը ստուերով, լռութեամբ ու խորհուրդով։

Ինծի այնպէս կու գայ, որ մայր գերեզմանէն փախստական բոլոր տունկերը հոն են ուղղած իրենց քայլերը, պաշտպանելու համար իրենց գորովին տակ խումբը այն աղջիկներուն, որոնց հոգին մետաքսի թելի մը նման կը դողայ ամէն անգամ, որ գեղին կոչնակը մեռելները ճամբայ կը հանէ, իր ոսկի գանգիւնին վրայ վերջացած անոնց հոգիները, դէպի մեծ հանգիստը։

Ու աղօթքէ, ու խունկէ, ու համակրող ոտքերէ զրկուած, խեղճ աղջիկները ամէն իրիկուն, մէկ–երկու ժամ, լուսնկային, կելեն, ծառերուն հետ գիրկ գիրկի, փորձը ընելու այն համբոյրին, որ զիրենք չուանը տարաւ։

Ես այսպէս եմ տեսեր անոնք։

Բայց հիները միշտ տեսած են այդ տառապանքի բարունակները, թրթռագին փայլի մը մէջ, կա՜խ՝ ծառերէն նոյն չուանով, ուրկէ ճօճեցաւ իրենց մեղապարտ մարմինը։ Անոնք ամէն իրիկուն կը կախուին տեղ մը, սովորաբար այն պահուն, երբ գեղը, տուներուն սիրտը, սենեակներուն խորը, լոյսերը կը հանգչին ու մութէն կ՚արթննայ այն անանուն, այն անպատմելի հեւքը, որուն ծայրը շատ անգամ չուանին վրայ կը մարի՜։