Կայսերական յաղթերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ

Ես չեմ ուզեր քիչ մը երկայն պատմել այն գիշերին վրայ, որ Համբարձումը կը բանայ։ Աւելորդ իսկ է թերեւս պտըտիլ այդ իրկունը տանիքներուն տակ, տեսնելու համար մութին մէջ չմարող նայուածքը աղջիկներուն, որոնք նեղ կը գտնեն իրենց անկողիններուն մինակութիւնը ու պզտիկ լուսածակերուն յառած՝ կ՚աշխատին այդ կլոր ու մութ շրջանակէն վառող աստղերը դարպասել։ Աւանդութիւն մը կը պատմէ, թէ անոնք տղու հոգիներ են, որոնք իրենց բեւեռումէն պիտի արձակուին այն գիշերը ու պիտի թափառին մեր աշխարհին սահմաններուն վրայ, դիմաւորելու համար փառքը երկինքները ստեղծողին։

Ի՜նչ փոյթ աւանդութեան կրօնական երանգը։ Աղջիկները միշտ աղջիկ են եղած, գիտեն, թէ մոլորող աստղեր կան, ճամբանին մոռցած տղաք, որոնք իրենց շրջանումին մէջը ինկած են աղջիկներուն թեւաբաց ծոցը ու երբ մահ մը այդ գերագոյն երանութեան կ՚ընկերանայ գրեթէ միշտ, մարդ աղջիկ ըլլալով է միայն, որ պիտի յամառի տակաւին գիշերին անհուն կծիկը հատցնելու, աչքերով լարուած դէպի մարմինը դողդոջուն աստղերուն։

Ատկէ դուրս, բոլոր գեղը գիտէ, թէ այդ իրիկունը չտեսնուող բանուորներու անուն բանակ մը կը խաղայ միջոցին տակ, հաստատութեան մեծ խարիսխին շուրջը զբաղած, հիւսներուն բառովը, քննելու ծխնիները անոր անբաւելի կամարին, որ յաջորդ առտու ճիշդ մէջտեղէն պիտոի ճեղքուի՝ սիրող աղջկան մը սրտին պէս։

Ու նոյնքան ստուար ուրիշ բանակ մը կը պտըտի բոլոր աստղերուն, հաղորդելու անոնց վաղուան հրաշքը, հրաւիրելով զանոնք երկիւղած ու բարի խոնարհութեան, Համբարձողին փառքին առաջ։

* * *

Ու թող ներուի ինծի հետեւիլ միջոցներուն այս մեծ տագնապին հոնկէ, ուր կը ձգէ լայն աւանդութիւնը, որ գրեթէ միշտ գիծերով կը սիրէ գոհանալ։

Պահը չէ ճշդուած։ Բայց ձեր երեւակայութեան կը թողում երկննալ մարդու մը ետեւէն, որ երիտասարդ է եղած, սիրտը մեծ՝ բոլոր երկիրներուն ու երկինքներուն սէրը տաղաւարելու աստիճան, բայց որուն ոտքերը տակաւին կ՚այրին ոսկի մազերուն նեuոսեան գգուանքէն։ Անիկա կ՚ելլէ օդն ի վեր, աստուծոյ մը նման. ու մեր սահմաններուն շատ մօտիկ, հողքերէն, դալարազին երկարումը կը տեսնէ՞ք բոլոր այն աղջիկներուն, որոնց նայուածքը ինկան անոր աչքերուն անպարագիծ ծովին մէջ։ Կը տեսնէ՞ք նորէն, ինչպէս չսպասուած անկիւններէն, չորս ծագերէն, ոգիները կը բխին իրենց տառապող ակերէն ու իրենց ճառագայթումովը կը կենան խաղաղ, երկինքի դուռներուն, որպէսզի յոյսին մեծ Աստուածը տարի մըն ալ չմոռնայ, իրենց ճգնութի՛ւնը, աշխարհներուն ամէնէն դժբախտին ծոցը։

Բայց Աստուածը կ՚ելլէ, կ՚ելլէ դանդաղ ու ձեւերուն մարդկայնութիւնը քիչ-քիչ կը բաժնուի անոր ետեւէն։ Մեր սահմաններուն վրայ բոլոր մեռելներուն հոգիները իրենց հասկցած բարբառովը կ՚օրհնեն զայն։ Ու յետոյ միջոցներուն մեծ երկունքը կը սկսի։

Ու բոլոր աստղերը, ու բոլոր արեւները, ու բոլոր փշրուած լուսնկաները շամանդաղումը կը թրթռան անոր անպատմելի, անըմբռնելի փառքին առջեւ։ Ու քնացող անհունութիւններէն ու անոնցմէ անդին, նոր ստեղծուած, բայց դեռ անշունչ մեռելութիւններէն, որոնք կ՚երթան իրենց անվերջութիւնը դեռ չհասկցած, կու գայ սպասող յոյսին աղօտ մէկ ճառագայթը, ճիշդ այն աղերսարկու բաբախումով, որով ընկերացաւ անոր մեր աշխարհէն, մեր պզտիկ ցեղին հիւանդ ու հալած սպասումը։

* * *

Գեղին Վիճա՛կը։ Թերեւս անիկա աւելի մարդկային ըլլայ, քան ահարկու այդ քերթուածը, որուն արտայայտութեանը չհասնելուն, աանդութիւնը կը դադրի լուսաւորելէ։

Գիւղին Վիճակը ամէնէն աւելի տպաւորիչ է ապառաժուտ լերան մը սիրտը, որ դժոխքի բերնին պէս կը բացուի հողերէն վար։ Անոր մօտերը մարդկային ոտքերը միշտ փուշի վրայ կը քալեն, բայց այդ օրը, մօտէն կամ հեռուէն ապառաժը մահաբեր է եղած բոլոր ամբարիշտներուն ու թերահաւատներուն։

Հակառակ անոր, որ ծաղիկներուն ամէնէն զմայլելիները անոր քարածերպերը կը սիրեն, հակառակ անոր, որ ոչ մէկ տեղ երկինքը այնքան խոր ու բարձր կը թուի, որքան հոդ, գլխիվայր իր կործանումին մէջ, նորէն Վիճակի աղջիկները զգոյշ կը դառնան ու հին սօսիի մը աղբիւրէն անդին չեն յանդգնիր։ Կատակի օրը չէ օրը, հողը ջուրէն աւելի կակուղ կը դառնայ մէկէն, ու լսուած է պատմութիւնը աղջիկներուն, որոնք ապաժառին սահմանէն ներս անցած ու հալած են մշուշի կտորի մը պէս։

* * *

Ու հեշտագին է Վիճակը, լիճի ափին, երբ օրուան ճիշդ կէսին, բոլոր հովերը ու բոլոր հեւքերը կը դադրին ու երկինքին վրայ ամպերուն գոյնը կը մատնի, կը մարմրի այնքան թեթեւ, այնքան յայտնի, որ ծերունիները մէկէն կը բանան իրենց ծանր գլուխները, թափելով իրենց նայուածքը, որ կրնար, իր մեղքերովը, վիրաւորել Համբարձողին անասելի մաքրութիւնը։

Ու ջուրերուն վրայ, որոնք կը մեռնին, ու աւազներուն վրայ, որոնք լոյսի ու բոցի մէջ կը քնանան, ու եղեգնուտին սիրտը, որ կը դադրի զարնել, ու ձիթաuտաններն ի վեր, որոնք խելօքցած հարսներու նման իրենց շուքերը կը դիտեն, Աստուածին օրհնութիւնը կ՚իյնայ կարծես, մէկէն։ Իրերուն մօտ բարութիւնը պահ մըն է, ինչպէս սէրը՝ մարդերուն մէջ։

Բայց ծերունիներուն հոգիէն ներս կը պատռի երկինքը, տաճարին վարագոյրին նման ու Աստուծոյ Որդին ճիշդ պատկերացումով մը, որ ժամուն խեղճուկ նկարէն կը փրթի, դեղին պսակովը լոյսերուն, կը մտնէ կապոյտին խորը, հանդարտ, բարի ու գեղեցիկ, հարս գացող հրեշտակի մը նման դէպի գահը իր մեծ, ալեփառ Հայրիկին։

Երիտասարդները զրկուածներն են օրուան։ Արգիլուած է անոնց թափառիլ աղբիւրներուն մօտ, ուր աղջիկները կ՚երգեն իրենց բախտի երգերը։ Արգիլուած են անոնց ուխտատեղիները, ուր մայրեր գլուխնին կու տան ցուրտ քարերուն կամ այրի կիներ վշտաբար գգուանքով մը կը փաթթուին նորազարմ տունկերուն։ Անոնք գեղէն դուրս կը վախնան քալելու, մա՛նաւանդ մինակ ըլլալնուն։ Այդ օրը անոնց սիրածները, նոյնիսկ երեւակայութեան մէջ, դուրս կը մնան անոնց հասողութենէն։ Ու ի՜նչ տխուր է տղան, որուն թեւէն, իրական կամ երեւակայական՝ չի կախուեր թեւը մատղաշ աղջկան։

* * *

Ի՜նչ հարկ։ Համբարձումի տօնը կու գայ ու պիտի գայ ով գիտէ որքա՜ն տարիներ։ Միշտ պիտի գտնուին մարդեր, որոնք այդ օրը, հետաքրքիր նայուածքով պիտի հարցաքննեն հորիզոնները, տարտամ ու եղերական յոյսովը անմահութեան այդ գեղեցիկ առեղծուածին։

Աւանդութեան մէջ յիշատակուած Ցաւը սակայն նորէն կու գայ ինծի ու ես պէտքը կը զգամ գացող Աստուածին պատմելու անոր ահաւոր, անոր անկարելի մեծութիւնը։

Ամէն տարի իջնող ու համբարձող Աստուա՛ծ, դուն որ ամէնէն ողբերգական ձեւովը մերը եղար, ու քու գեղեցկութեանդ ու երազիդ համար մեզ գամեցիր խաչերուն ամէնէն երկարին, դուն գոնէ կը լսե՞ս մեր պզտիկ ցեղին հսկայ Ցաւը, ցաւերուն ցաւը, որ բոլոր աշխարհներուն համար թերեւս չոր բառ մըն է, քանի որ մեր փոքրիկ հողագունտին զանազան կէտերուն վրայ կան մարդեր, միլիոններով ու ցեղերով ամբողջ, որոնք չեն հասկնար, չեն հասկնար անիկա։ Դուն գիտե՞ս, թէ ինչ կսկիծ կը փաթթէ մեր հոգիները, երբ նորէն քու հեռակայ, հեռերկրեայ նշուլումիդ համար մեր պզտիկ ցեղը իր ամբողջութիւնը ողջակէզ ըրաւ, եւ այսօր մեզ կը նետեն իրարու կռնակին, ու մեր բոլոր արիւնը, ու մեր բոլոր ազնուականութիւնը, մեր ցեղին ամբողջ քերթուածը ամբարիշտ դատի մը շուրջառին մէջը կը խեղդուի։

Համբարձող Աստուա՛ծ։ Դուն հետդ կը տանի՞ս մարդերուն արդարութեան այս հսկայ յիշատակարանը, որուն գիրերը արիւնով յօրինուեցան, որուն ճակատը քու մահաբեմիդ խորհրդանշանը արձանացաւ տարիներ առաջ ու այսօր բոլոր ոսկի նախադասութիւններուն վրայէն անկարեկիր ձեռք մը գիծ է քաշած, ջնջելով, կտրելով, ափ մը բան անգամ թողելու վախնալով խոստումի այդ մեծ քանդակէն։

Մեր ժողովուրդը քեզ մինակ չէ տեսած։ Ու երբ տօնական այս օրն ալ ան կը ղրկէ քեզի ու արքայութեանդ վայելքին, ան, մեր յուսաբեկ ժողովուրդը, կը պաղատի, որ հետդ տանիս խոստումներուն այդ նշանաւոր տախտակը, դնելու համար մեծ ու միակ աչքին տակը քեզ Ղրկողին։

Մեր իմաստութիւնը կարճատես է, ու յուսահատութիւնը միշտ ալ անիմաստ չէ եղած։ Գուցէ տախտակը խորտակելու գլուխ մը կը փնտռեն հիմա անոնք, որ անոր պարունակութիւնը գրելու ատեն այնքան մարգարէաշունչ խօսած էին։

Հոգիիդ բարի լոյսին տակ, երեքդ մէկ քննէիք դուք մերիններուն արդարութեան այդ դժբախտ յուշարձանը։