ԾՈՎԻ
ԱՂՋԻԿՆԵՐ
Ա.
Տարբեր,
շատ
տարբեր
բաներ
ըլլալու
էին
ասոնք.
քանի
որ
գեղին
մէջ
մատով
իսկ
ցուցնել
կարելի
չէր
եղած
մէկ
հատիկ
մարդ,
որ
տեսած
ըլլար
անոնցմէ։
Գիտէինք
միայն,
որ
անոնք՝
մահուան
գնով՝
երբեմն
կ՚երեւնային,
այն
ալ
ընդհանրապէս
նոր
հարսներու,
երբ
ասոնք
ցերեկուան
ամայի
ու
չար
ժամերուն
աղբիւրին
հետ
մինակ
մնային։
Ու
երբ
հարսնուկը,
տեսնողը,
տղաբերքի
արիւնոտ
անկողինին
մէջ
խղդուէր,
թաղին
բոլոր
հարսները
սրտի
դպող
նայուածքով
գլուխ
կը
թօթուէին
լուացուած
(լուացարան)ին
անկիւնը
իր
փորը
ուռեցուցած
սափորին
վրայ
ու
վախով
կը
փակէին
իրենց
աչքը։
Մենք
պզտիկ
էինք
ու
շատ
ալ
չէինք
սեպեր
աղբիւրին
այդ
մշուշոտ
աղջիկները։
Բայց
միսերէն
ասեղ–ասեղ
սարսուռը
կ՚անցնէր,
երբ
լիճը
իջնայինք,
ամառ
օրերուն
լոգնալու
ու
լողալու։
*
*
*
Տեղերուն
ամէնէն
անուշը,
գեղի
տղոց
համար,
այդ
հաւկիթի
մը
պէս
իր
ծայրերուն
վրայ
տեղացող
կապուտիկ
ջուրը,
որուն
վրայ
առագաստը
քիչ
անգամ
կը
ճերմկնար
եւ
որուն
եզրէն,
ոսկի
եղէգները,
թաւիշէ
փողկապներով,
անպակաս
հովի
մը
տակ,
մեծ
ու
քաղցը
լաց
մը
ունէին,
լացը
ով
գիտէ
ի՜նչ
ցաւերուն։
Եւ
մաքուր
աւազին
վրայ
նստած՝
մենք
աչքով
կը
ցածնայինք
փշրուած
ալիքներուն
տալ
սահող
մարմիններուն,
ծովին
դեղին
այն
աղջիկներուն,
որոնք
գրեթէ
մեզի
հետ
ջուրին
մէջ
կը
դառնային։
Մենէ
շատեր
ջուրին
տակէն
երկնցող
խոտի
մը
թեւը
ճերմկցուցած
են,
երդումով։
Ինծի
այնպէս
կու
գար,
որ
ջուրին
գաղջութեան
եւ
իմ
միսիս
մէջտեղը
ուրիշ
աւելի
փափուկ
բան
մը
կը
խաղար։
Մենք
պզտիկ
էինք,
բայց
ընդհանրապէս
մօր
գրկէն
կու
գայինք,
ու
կիներուն
միսը
մեզի
համար
իր
իմաստը
ունէր,
բոլորովին
բացառիկ,
մասնայատուկ
եւ
զոր
կրնայինք
մէկէն
զատել
մարդերուն
բիրտ
մկաններէն։
Ու
ալ
ինչե՜ր
ու
ինչե՜ր։
Մեզի
կ՚ըլլուէին
տեսնողի
պատմութիւններ,
ուր
տղեկ
մը
կը
յաջողէր
ինքզինքը
ազատել
անոնց
գրկէն,
երկու
խաչով,
ճիշդ
ատենին
հանուած,
ուրկէ
հալածական՝
աղջիկները
կը
ձգէին
իրենց
ընտրած
սիրունիկ
տղան։
Ինչ
որ
տարակոյսէ
դուրս
է
հիմա
ինծի,
սա
է՝
թէ
ամէն
տարի
լողացողներէն
մէկ–երկու
տղայ
ջուրին
տակը
կ՚երթային
ու
ա՛լ
չէին
դառնար,
ապրելու
համար
այդ
աղջիկներուն
հետ,
ինչպէս
կը
սիրէր
կարծել
մեր
երեւակայութիւնը։
Հիմա,
երբ
այս
տողերը
կը
գրեմ,
լճի
ափին
կը
տեսնամ
մայրերը,
որոնք
ձեռքերնին
իրենց
գլուխին
զարկած՝
կը
հարցնէին
փլչող
ու
նորէն
շինուող
ալիքներուն.
–
Ի՛նչ
ըրիք
տղաս,
ջուրե՛ր,
ի՛նչ
ըրիք
իմ
տալիանս
։
Բայց,
մահուան
հետ
խաղալով,
գեղէն
ոչ
մէկ
տղայ
օր
մը
երբեք
մտքէն
չանցուց
լքել
այդ
ջուրերուն
աստուածային
վայելքը։
Հոն
իջանք
մենք,
ամէն
Կիրակի,
ամառ
օրերուն,
երբ
աւազին
վրայ
հաւկիթը
կ՚եփի,
ու
եղէգներուն
բեկորները,
լուացուելով՝
նշխարի
պէս
կը
ճերմկին։
Հոն
իջանք
մենք,
անպայման
աշուններուն,
երբ
այգիներէն
ոսկին
մինչեւ
ջուրերը
կ՚երկննար,
եւ
անոնց
քաղցրութիւնը
եւ
անոնց
բիւրեղէ
ամպոտութիւնը
ալիքներուն
վրայ
օրհնութեան
մը
պէս
կ՚արձագանգէ։
Բ.
Ու
այդ
տղայ
օրերէն
իմ
մէջ
մնաց
անկորնչելի
այդ
հակումը
դէպի
ջուրը։
Ճիշդ
այնպէս՝
ինչպէս
մարդ
կ՚ունենայ
դէպի
մէկը,
որմէ
կը
վախնայ
եւ
որմէ
քաշուելու
քաջութիւնը
չի
փորձեր
երբեք:
Ջուրերուն
տարփաւորն
էի
հիմա,
երբ
գեղէն
երկար
տարակայութենէ
մը
վերջ,
կը
դառնայի
նորէն
հոն,
կռնակս
անցուցած
տարազը
քաղաքին
ու
միտքս
խղկած,
ծովի
աղջիկներուն
հին
հեքիաթին
տեղ,
ժամանակակից
արուեստին
կարգ
մը
յիմար
երազներովը։
Ու
տարտամ,
անխոստովանելի
փափաք
մը,
իմ
մէջ,
այդ
ջուրերուն
վրայ
կրկին
տեuնալ
կարենալու
հոյլը
աղջիկներուն,
այս
անգամ
առանց
վախի,
համարձակօրէն,
թեւս
տուած
անոնց
ողորկ
մէջքին
ու
երթալով,
երթալով…
Ծովն
ալ,
ափն
ալ
շատ
բան
էին
փոխած
իրենցմէ։
Եզերքին
ամէնէն
վտանգաւոր
կարկառին
վրայ,
հսկայ
սօսիին
քիչ
մը
վերօքը,
մորենիներուն
անտառը
մեռած
էր
ու
նորընձիւղ
պարտէզներուն
տափակ
տարածութիւնը
տրտմութեան
պէս
բան
մը
կը
բանար
այդ
տեղերուն
վրայ։
Այնքան
դժուար
է
մեր
նախնական
զգացողութիւններուն
կռնակ
դարձնելը
մեզի
համար։
Ու
քարերուն
վրայ,
որոնք
ամէնէն
դիմացկունները
կը
մնային
նորէն,
ես
կը
սպասէի
ժամերով,
ձուկերուն
գորշ
պարէն
տարուած,
կամ
հեռաւոր
ագռաւի
մը
փիլիսոփայ
գլխի
հակումին
ուշադիր։
Տղայ
օրերուն
նորէն,
տաղաւարներուն,
այդ
ափերուն
վրայ
մենք
կը
յիշենք
կարաւանը
լուացւոր
կիներուն։
*
*
*
Իրիկուն։
Ջուրերուն
վրայէն
անտեսանելի
ձեռք
մը
քիչ-քիչ
կ՚առնէ
ոսկին
ու
տեղը
լեղի
մոխիր
մը
կը
նետէ
կարծես,
մօտիկ
գիւղերէն
լոյսերը
կը
բուսնին,
կարմիր,
տարածուն,
ու
ջուրերուն
վրայ
արիւնոտ
վերքի
մը
պէս
վարդեր
կը
վառեն։
Անուշ
բան
է
նստիլ
քարերուն
վրայ,
երբ
ոտքիդ,
ալիքներուն
խելօքցած
գլուխներէն
ձայնի
տեղ
հեւք
մը,
ողորմուկ
ու
սրտառուչ
հծծիւն
մը
կ՚երկարի,
ամբողջ
ափն
ի
վար
անհուն
տառապանքի
մը
պարոյրը
ոլորելով
լիճին
շուրջը։
Անուշ
բան
է
մա՛նաւանդ
սպասել,
որ
ջուրերուն
վրայ
յայտնուի
հեքիաթին
քերթուածը,
դեղին
աղջիկներուն
զմայլագին
պարը։
Ու
ատկէ
աւելի
քաղցր
է
անշուշտ
սպասել,
կնիւններուն
մութին
մէջէն,
որ
ջուրն
իյնայ
մօտիկ
պարտէզին
անբացատրելի
աղջիկը,
զոր
նոր
կը
ճանչնաս
եւ
որուն
միամիտ
գեղջկուհին
գեղեցկութիւնը
հոդ,
այդ
պահուն,
ստուերներուն
լեզու
ելած
ատենը,
գիտէ
քեզ
տպաւորել։
*
*
*
Ու
ինչ
որ
հեքիաթին
մէջ
իմ
միտքս
այցելած
էր,
իմ
միտքս
հրապուրած,
գրեթէ
գերի
վարած
–
գաղջ
ջուրի
մը
մէջ
թարմ
աղջկան
մը
միսին
զգլխիչ
փափկութիւնը
–
իրականութիւն
մըն
է։
Ամէն
բան
կարելի
է
մեզի
համար,
երբ
մեր
տարիքը
քսանը
չ՚անցնիր։
Երբ
ջուրերուն
ծոցը,
մեր
միսերը
ալիքներուն
յանձնած՝
մենք
կը
փաթթուինք
իրարու,
ինծի
կու
գայ,
թէ
քիչ-քիչ
վար
կը
քաշուինք,
աւելի
խորունկները,
դէպի
ոսկի
պալատները,
ուր
իջնողները
կը
պահեն
չմեռնող
երիտասարդութիւնը։
Խաղ
մը
ինծի
համար,
թեւերուս
մէջ
թրթռացող
այդ
աղջիկը,
նման
այնքան
ուրիշներու,
որոնց
կը
հանդիպինք
մենք
մեր
ճամբուն
առջի
հանգրուաններուն։
Տրա՞մ։
Ոչ
անշուշտ։
Բայց
ես
քիչ
մը
ծանր
յուզումով
կ՚ոգեկոչեմ
հիմա,
կէս
լուսնկայի
մը
տակ,
թեթեւօրէն
ադամանդուած
անոր
միսերուն
վրայէն
սահող
շրթերուս
տակ
նուաղուն
սիրտ
մը,
սիրտը
առջի
անգամ
սիրող
աղջկան,
որ
բաբախելու
տեղ
կը
թրթռայ,
ու
կը
սպառնայ
դուրս
նետուիլ,
մտնելու
համար
քուկինիդ
մէջը։
Գ.
Կեանքը
ինծի
տուաւ
ցաւերուս
մօտ
խորունկ
վայելքներ։
Բայց
ամէն
անգամ,
որ
գիրկ
փոխելու
տրամը
դրուեցաւ
իմ
առջիս,
ես
քեզ
միայն
յիշեցի,
ո՛վ
գեղացի
միամիտ
աղջնակ։
Քեզ
միայն
տեսայ
արցունքներուդ
մէջ
աղուորցած,
գիշերուան
աստուածուհիի
մը
նման,
որ
ծառերուն
տակը
կը
հալի
քիչ-քիչ,
երբ
վերջին
անգամ
մը
դուրս
ելար
իմ
ճամբէս,
յիմարի
մը
յիմար
ճամբայէն,
անցք
տալու
համար
խենթերու
ճամբորդին։
–
Ինծի
պէս
սի՞րտ,
–
չես
գտնար։
–
Չգտայ,
ճիշդ
է,
մօտէն
կամ
հեռուէն
քու
պզտիկ
կուրծքերուդ
կրակովը
գի՛րկ,
ո՜վ
գեղի
աղջիկ։
Չգտայ
քեզ
բոլոր
այն
կործանումներուն
մէջ,
զորս
միսերը
կ՚ունենան
քաղաքի
կիներուն,
ու
հիմա
կանխահաս
ձմեռէն
տրամահար,
երբ
հին
տետրակները
կը
թերթեմ,
ամէնէն
առաջ
քու
պատկերդ
մարմին
կ՚առնէ
մատներուս
տակ,
ու
կը
բռնեմ
քու
սահուն
մէջքիդ
փղոսկրէ
մաքրութիւնը,
ուր
ոչ
մէկ
աղօթող
իր
համբոյրը
դրաւ
ինձմէ
առաջ։
Մեզի
պէս
մեղաւորներուն
համար
սրբութիւն
է,
նոյնիսկ
յուշքի
մը
մէջ,
մխիթարանք
մը
հիմա։
Չեմ
գիտեր,
եթէ
տրուի
ինծի
ձմեռը,
ձիւնին
մէջէն
իմ
տարիներուս,
ինչպէ՞ս
պիտի
իջնամ
քու
մարմինիդ
ձիւնին։