ՀԱՅՐԵՆԻ
ՀԵՔԻԱԹՆԵՐԷՆ
Տե՜ղ
ոսկի
տեղայր
ի
փեսայութեան
Արտաշէսի,
Տեղայր
մարգարիտ
ի
հարսնութեան
Սաթինկան։
Զիս
սրբապիղծի
մը
տեղ
պիտի
չընդունին
ապահովաբար
մեր
հին
երգիչներուն
յուսավրէպ
ստուերները,
որոնք
իրենց
խորտակուած
բամբիռներուն
վրայ,
դարերով
կապուած
սուգի
մը
լռութեանը
վարժուեցան,
երբ
այսօր
յետադարձ
հայեացքով
մը
իրենց
մէկ
եղանակը
ոտքի
հանեմ
կուտակուած
անշարժութեանց
ընդերքէն։
Այսքան
հոյակապ
ու
անսահման
սուգերէ
ետք,
առատութեան
ու
օրհնութեան
սրտառուչ
այս
բանաձեւը,
որ
դիմացաւ
անգիր
օրերուն
անվերադարձ
կողոպուտին,
ու
իր
ձեւին
քանդակովը
մտաւ
մեր
դպրութեանց
ընդունարանը,
ես
կը
կանչեմ
կեանքի,
նոր
օրերու
նոր
մարդերուն
ականջին։
Ու
քաղցր
է
ինծի
համար
հետեւիլ
ծիրանաւոր
ստուերներուն,
որոնք
կրակէ
երիվարներու
վրայ,
ոսկիին
ու
մարգարիտին
անձրեւին
տակէն,
թագուհիներ
վազեցուցին։
Հիմա
հարսնիքը
չունի
աւանդավէպին
ոսկի
խորքը,
մարգարիտէ
լայնքով
պալատը
ու
հարսնեւորները
զուրկ
են
լոյսին
ու
ճառագայթին
երկնատուր
անձրեւէն։
Մեր
մատները
չափազանց
արիւնոտ
են՝
մօտենալու
համար
հեքիաթին
կանացի
ու
զաղփաղփուն
գեղեցկութեան։
Հիմա
կարաւանը
այլապէս
մռայլ
է
եւ
ահաւոր։
Մեր
սերունդը
հարսնիքի
չ՚երթար։
Ան
կ՚երթայ,
թունդ՝
ինչպէս
ժայռերը
իր
լեռներուն,
դէպի
երկիրը
իր
երազին,
զոր
դարաւոր
աղջամուղջ
մը
իր
անառաւօտ
գիշերին
մէջ
աշխատեցաւ
խղդելու
ու
անկարող
եղաւ
ատոր։
Ան
կ՚երթայ
ու,
իր
ետեւէն
ու
առջեւէն՝
բեկորնե՜րը
կեանքի
բոլոր
ձեւերուն։
Անոնք
ուխտաւորներուն
կը
հետեւին
անաղմուկ,
մեծ
ալիքի
մը
ընկերացող
ծփանքներուն
նման
ու
անոնց
առջեւ
եզերքը՝
լոյսով
ծիրանի՝
կը
սպասէ
անոնց
հանդարտ
համբոյրին։
Ան
կ՚երթայ,
մեր
տարաբախտ
սերունդը,
ազատագրումի
նուիրական
աշխատանքին։
Անոր
հետն
են
բոլոր
անգերեզման
հոգիները,
բոլոր
որբերը՝
որոնք
վանդակուած
պատուհաններէն
թռչուններուն
կը
նախանձին,
բոլոր
մեր
աղջիկները՝
որոնց
մարմինին
շուշանները
ցեխերու
վրայ
թափուեցան,
բոլոր
մայրերը՝
որոնց
բազուկները
օրերով
դագաղի
վերածուեցան։
Մեր
սերունդը
կ՚երթայ
երկիրներուն
ամէնէն
ապաբախտին,
հոն
փոխադրելու
համար
զուարթ
խարտեաշութիւնը
ցորեանին,
մաքուր
ճերմակութիւնը
շէնքերուն։
Ան
պիտի
սրբէ
հոնկէ
դարերուն
աղտը,
որով
ճենճերացաւ
երկիրներուն
ամէնէն
գեղեցիկներէն
մէկը,
ու
ան
աւերուած
ու
խաթարուած
մարմարը
պիտի
ազատագրէ
մեր
ցեղին
ճերմակ
Հոգիին։
Ահաւոր
է
կարաւանը,
որ
կ՚երթայ։
Ու
չեմ
գիտեր
ինչու,
չեմ
գիտեր
ինչպէս,
հին
հեքիաթին
տողերը
կու
գան
իմ
շրթներուս,
ու
ես
կ՚ուզեմ,
որ
անբարբառ
գացողներու
այդ
թափօրին
վրան
թափի
ու
տեղայ
մայր
Երգին
անթառամ
օրհնութիւնը։
Չեմ
գիտեր
ինչո՞ւ
կը
փափաքիմ,
կը
պաղատիմ,
որ
մեր
նոր
գացողներուն
վրան,
որոնց
տարօրինակ
զանգուածին
մէջ
թագ
ու
պսակ
կը
նոյնանան
աշխատանքի
համեստ
գործիքներուն
հետ,
տեղայ
անդադար,
տեղայ
անսպառ
անձրեւը
մեր
ոսկիներուն։
Ինչո՞ւ
հեքիաթները,
ինքնայարոյց
մեռելներու
նման,
կ՚երեւան
յանկարծ
ու
մարդ
ինչո՞ւ
տկար
է
անոնց
անբարբառ
աղաղակին
հանդէպ։