Կայսերական յաղթերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԻՐԱԾՆԵՐԷՍ

Է՛շը։

Ո՛չ անշուշտ՝ թշուառ ու թափթփած այն չորքոտանին, որ կը քալէ գլխահակ, Պոլսոյ փողոցներէն, թուլվարտիք ու թափթփված մարդերու ետեւէն կամ առջեւէն, աչքերուն վրայ՝ դդումի թոռմած տերեւներու պէս, կախելով իր ականջներուն սուր սլացքը։

Է՛շը։ Ա՛ն՝ որ գեղի փողոցներուն մէջէն, չափուած կշռոյթով մը, իր տոտիկները կը նետէ քարէ քար, դուռներուն առջեւ կը սիրէ պոչովը բարեւել ու առջի ոտքերը հաճոյքի շարժումով մը պրկելով, ագին լարած, ականջներուն զսպանակը քաշած, կը վազէ հովի պէս, ուրա՜խ՝ իր ետեւէն հիացող տղոց նման, ու երջանիկ։

* * *

Տղաքը քիչ մը յարգանքի կ՚անցնին, երբ անոր առջեւ կենալ կը սորվին։

Անոր դունչէն բռնելը, փորին կակուղ ստեւը շոյելը, անոր հետ երկու–երեք բերան բառ փոխանակել կարծելը առաջին ապացոյցներն են մարդ դառնալու։

Բայց հպարտ է ան տղան, որ ձեռքերը ետին կապած կը քալէ լուրջ, երբ կենդանիին դունչէն՝ պախուրցին կիսաղեղը, կամաց կամաց, սալերը կը ծեծէ։

Հպարտ է ան տղան, որ կը քակէ անոր կռնակէն փայտէ կազմածը, կը բերէ անոր թիկունքին զոյգ զառիթափերը, կը մտնէ անոր փորին տակէն, միշտ նախնական քերոցի մը միօրինակ երգը փորձելով ու կը համբուրէ անոր ճակատը։

Ատ տղուն համար մայրերը աղջիկ կը պատրաստեն։

* * *

Չկայ վայելք մը քաղցր այնքան, որքան տղունը, որ թիզ մը իր մէջքը՝ կարմիր գօտիի մը փաթաթին յանձնած, անութին տակ՝ սեղմած ճերմակ ու նրբամարմին ճիւղ մը, կ՚անցնի աղբիւրին առջեւէն, ոտքերը յարմարցնելով կենդանիին քայլերուն։

Լեռնէն փայտ բերող տղան, հոգ չէ թէ գլխիկը մինակ աւելնայ աւանակին կռնակէն, իր նշանածը ունի, որ ծածուկ անկիւններէ խոշոր-խոշոր կը նայի իր մանչուն ետեւէն։

Այս բախտը ընդհանուր է գեղին մէջ եւ ինծի պէս քիչեր կարելի է ժողվել ամբողջ փողոցներէն։

Վառեակ մը չունեցողին ե՛րբ քուռակ են տուեր։

* * *

Ողջ ըլլան գնչուները։

Անոնք պակաս չեն մեր գեղին կռնակէն, Մենծ–Արօտէն, ուր ամառ ու ձմեռ իրենց աւանակներուն անհատնում երամակը կ՚արածեն։

Դիւրին բան է հացով ու ձիթապտուղի հատիկներով շուներն ու պզտիկ շուները մանչերը բարեկամ ընել մեզի։

Այն ատեն կը մտնենք երամակին մէջ։

* * *

Տափակ է եղած ինծի համար հօտը ոչխարներուն, որոնք իրենց ձեւերուն ձանձրոյթը կը պտըտցնեն առաւօտէն մինչեւ իրիկուն։

Չարչարանքով եմ արծեր, պզտիկ օրերուս, չարութիւնն ու խենթութիւնը այծերուն, որոնք մօրուքաւոր սատանաներու ամբոխ մը կը ցուցադրեն։

Կարաւա՛նը ուղտերուն։ Երեւոյթ մըն է մեր մօտ, որ քանի տարին անգամ մը կը պատահի։

Այդպէս չէ սակայն երամակը էշերուն։

Անոնք խելոք ու ծանրագլուխ՝ մեր ընկերներն են քիչ մը, իրաւ է թէ չորս ոտքով, բայց խոշոր ու բարի աչքեր ունին։

Ես տեսեր եմ՝ անոնց լացը, երբ քուռակնին կը լզէին կամ չար տղէ մը կսմիթ կ՚ուտէին։

Կան հոն աղուորներ, որոնց կռնակին երկու քովերէն միսերը կը թափին իւղոտ էջքով եւ որոնց գաւակները փառ–փառ կը վառին արեւին մէջ։

Կան նիհարները: Անոնց վանդակին ոսկորները իրենց երկայն կողերը կը ձեւեն անոնց կաշիին վրայէն ու անոնց գաւակէն ցայլոսկրները սպառնացող բռունցքներու պէս դուրս կը խուժեն։

Կան ծերերը, ակռանին թափած, հաստ պեխերով, շրթունքով մը, որ խոտերուն վրայ կը պտըտի ու կը պտըտի անկարող մարդու մը բերնին նման։

Կան երիտասարդները, անառակ ու ջղուտ, որոնք իրենց ահաւոր ձայնը կը նետեն, անհանդարտ ու կատաղի եւ կը վազեն հոն՝ ուր կ՚արածին մատակները։

* * *

Ողջ ըլլան գնչուները։

Անոնք ինծի ծախեցին էշ մը, չորս ոտքով ահագին էջ մը։ Զմելի մը կու տամ փոխարէն։

Իշուկս պառկած է գետինը։ Երկու առջեւի ոտքերուն կը կռթնի խոշորցած գլուխը։

Սուր չեն անոր ականջները, բայց որո՞ւ հոգը։

Անոր ոսկորները մէկիկ–մէկիկ կը համրուին, ստեւը թափած մորթին տակէն, բայց մորթելու չեմ ես անիկա։

Աչքերը դժուարութեամբ կը բացուին ու իրարու վազող ճմռթկած կոպերուն մէջտեղ դեղին գիծ մը կը քաշեն։ Ես կը վռնտեմ ճանճերուն ամբոխը, որ թարթիչներու ցանցէն կ՚աշխատի ներս սպրդիլ։

Ի՜նչ տխուր է անոր կռնակը, ճաղատ, ծերուկի գլուխին գոյնովը։ Ու արիւնոտ ա՜կը վէրքերուն, ուր կանանչ ճանճերը կ՚իյնան ու կ՚ելլան։

Անիկա նստեր է գետինը ու անոր շրթունքը կղպուած դուռներուն կը նմանի։

* * *

Խոտի կ՚երթամ։

Մտքովս տուն կը քաշեմ իշուկս, հպարտ, նշանուած տղոց նման։ Կը տանիմ անիկա անտառ, կը ձգեմ թաւ խոտերուն մէջ, կը բեռնամ՝ փայտ ու կ՚անցնիմ աղբիւրին առջեւէն։ Նշանա՞ծ մը։ Պզտիկ եմ. ան ալ կու գայ։

Անոր կը դնեմ հնչուն անուն մը եւ վիզէն կապոյտ ուլունքներուն շարոցը։ Անոր պախուրցին լարերը կը հագուեցնեմ գոյն–գոյն ապակիով եւ անոր ճիտէն կ՚երկնցնեմ փղոսկրէ փայլուն յուռութքը։

Մեր տունն ալ տունի կարգ կ՚անցնի ու բակին պակսող այդ մեծ ընկերը կը շատցնէ ու կը շէնցնէ ամայութիւնը փլչող տուներուն։

* * *

Մենծ-Արօտին մէջ մինակ եմ իշուկիս հետ։

Բոլոր տղաքը իրենց բազուկները մէյ–մէկ հեղ փորձեցին անոր պոչին ու ականջներուն վրայ, ոտքի հանելու համար անոր ոսկորներուն շէնքը։

Ըսուած է, որ քչերը յամառ կ՚ըլլան։

Դուք տեսնալու էիք մերինին էշութիւնը։ Հարիւր ձեռք կէս օր մը ամբողջ աշխատեցան։ Ու էշը մնաց անշարժ իր ոտքերուն վրայ ծալուած։

Անոր աչքերուն մէջ դեղին գիծը հատկտուն բան մըն է ու չ՚երեւար արդէն։

Լեռնէն բոլոր հօտերը գեղ իջան ու բլուրին ետին արեւը շատոնց ինքզինքը թաղեց։

Մինակ եմ Մենծ–Արօտին մէջ։

Կը ցաւիմ, ո՛չ իմ զմելիիս վրայ, որ ուղտապանի մը քովէն թռցուցած էի, այլ՝ խեղճ իշուկին վրայ։

Ի՞նչ քիչ է խելքը, այդ ահագին գլուխին մէջ։։

Չի խորհէ՞ր, որ գիշերը գայլը իջնէ պիտի դէմի կիրճերէն ու փորը պիտի բանայ։

Չի վախնա՞ր։

* * *

Բահէն ուշ դարձող բանուորները կը բռնեն թեւերէս ու բռնի տուն կը քաշեն զիս։

Իշուկը կը մնայ հոն։

Անոնց խօսքովը՝ գայլերը չիջած՝ մեռած կ՚ըլլայ ան։

Ո՜վ գիտէ ինչպէս պիտի տայ իր հոգին։

* * *

Գիշերը քունիս մէջ անտառ գացի անոր հետ։

Աղբիւրէն անցայ բեռնով ու պզտիկ աղջիկ մը ծակէ մը ինծի կը նայէր։

Ինչո՞ւ տղաքն ալ խենթ կ՚ըլլան երբեմն։