Կայսերական յաղթերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՂԱՆԴԸ

Պզտիկ աղջիկ մըն է Արմինէն։

Աղուո՞ր։ Անշուշտ, իր խոպոպներովը՝ որոնք, հեռաւոր ծաղիկներու ծղօտէն հիւսուած ու մեղրէ անցած՝ կը կախուին իր քունքերէն ու գալար կը կապեն անոր ճակատին։ Իր աչքերովը՝ որոնց ձիւնին մէջ հեռաւոր մանեակները կան դեղնած աստուածուհիներու։

Գիտէ՞ք դարձեալ, որ անիկա որբ է։ Ու հեռաւոր աշխարհի մը սուգն ու քերթուածը կը բերէ սա աւազներուն։

* * *

Անիկա կը հագուեցնեն պուպրիկի մը պէս։

Ու պզտիկ աղջիկ՝ անիկա գիտէ իր փէշին նայիլ, ու հեշտութեամբ շօշափել ժապաւէնին մեծ ծաղիկը, որ գլխուն կը բացուի։

Բայց անիկա տխուր է, շատ շատերուն պէս օրուան այն պահերուն, երբ զարդին ու վայելքին ընդմէջէն, անոր նայուածքը վարժուած իր ճամբան կ՚ընէ դէպի ետ։

Ինչերնուդ պէտք, թէ ինչ կը տեսնեն մեր որբերը։

* * *

Անոր մայրը ի՜նչ դիւրութեամբ սորվեցաւ տարիներով մոռցուած այս բառը նորէն կը սիրէ լաւ հագուած պզտիկները։ Անիկա իր մեքենային առջեւ, օրն ի բուն, կերպասներէն գոյն ու ձեւ կը շինէ՝ զարդարելու համար կիներն ու աղջիկները։

Խարտեաշ է ան ալ ու մազերը կը հանէ իր գլխուն՝ հանգիստի գացած լորի մը նման։

Որբուհին կը սիրէ անոր ճերմակ մատները, որոնց հասակին կ՚ոլորուին վառող քարեր, ոսկին ու արծաթը, մարմարն ի վեր բանուած ծաղիկներու պէս։

Բայց անիկա կը սիրէ ամէնէն շատ հայրիկը, ու անոր խանութը, մա՛նաւանդ իրիկունները, երբ ձեղունէն ու պատերէն լոյսերը կը կլորնան ու, իրենց անկափարիչ տուփերուն մէջ՝ քնացող պուպրիկները դեղին շղարշով մը կարծես կը փաթթեն։

Անիկա չի կշտանար աչքովը շոյելէ, գրեթէ համբուրելէ ան տղան, որ ապակեփեղկին մէջ կը կենայ խելօք, քիչիկ մը տրտում։

Ինքն է, որ մտքովը տուած է թուղթէ այդ մանչուն՝ անունը տղուն, որուն հետ անոնք ըրին իրենց խաղերը, առաջին անգամ, շատ հեռու քաղաքի մը մէջ։

Ու լուռ, ապակիին դէմ, անիկա կը խօսի թուղթէ մանչուն հետ աչքերուն լեզուն…

* * *

…Հեռու, հեռու է քաղաքը։ Ու աղուոր է տունը։ Ու լայն է անոր բակը, ու լայն՝ պարտէզը։ Ու անոնք ծունկ ծունկի, Կաղանդ կը խաղան եղեւինին տակ, նախ՝ իրարու ձեռք, յետոյ՝ երես, համբուրելով…

Ու անոնց քովիկէն ուրիշ պատկերներ…

Ահա հայրը, հեռու քաղաքին իր տարտամ հայրը, որ գիշեր մը գնաց ու դեռ պիտի գայ։

Իր եղբայրը, որ եղեւինին տակ կեցաւ ան առտուն, գիրկն իր մամային, երբ ճերմակ դանակ մը ներս խաղաց անոր լաթերէն։

Ու իր մայրը, հեռու քաղաքի իր ոսկի մայրը նորէն, որուն վիզը փրցուցին, եղեւինին տակ, աչքերուն առջեւ, ճիշդ ինչպէս կ՚ընեն տղաքը, երբ ծաղիկի մը գլուխը կոթէն կը բաժնեն իրենց մատներով

Ու մէկը չի գիտեր անունը տղուն, որ, դարձեալ ան առտուն, անցաւ իր առջեւէն, անոնց խումբին հետ։

* * *

Արմինէն չի կշտանար, աչքով շոյելէ, գրեթէ համբուրելէ ան տղան, որ ապակեփեղկին մէջ կը կենայ խելօք, քիչիկ մը տրտում։

Ու մարդերը կու գան։

Մեծ փորով, թանձր պարոններ, որոնք գաւազաններով պուպրիկ կը գնեն։

Մեծ գլուխով, երկար տիկիններ, որոնք կառքեր ու ձիեր, փիղ ու արջուկ կը տանին։

Անկիւնոտ դէմքով, բարակ պարմաններ, որոնք հարս ու աղջիկ կը հաւնին։

Ու բաց, կարճ մազերով դեղին աղջիկներ, որոնք տղայ կը զատեն։

Կաղանդի շաբաթն է, ու խանութին մէջ, տանջանք է տեսնել, պզտիկ Արմինէն ինչպէ՜ս կը դողայ, ամէն իրիկուն, երբ դեղին, դեղին աղջիկներ, ցուցափեղկին առաջ, կը նային տղուն, խելօք ու տրտում, խաւաքարտ տղուն։

Քանի՜ անգամներ ան մտքէն անցուց սեւ լաթ մը նետել անոր ուսերուն։

Քանի՜ անգամներ ան մտքէն անցուց խնդրել հայրիկէն, որ հանէ անկէ խելօք ու տրտում խաւաքարտ տղան։

Բայց ոչինչ ըսաւ։

Ու տարին ան ալ, Կաղանդէն առաջ, դեղին աղջիկներ, դեղին մազերով։

Ու փաթթեցին անիկա ճերմակ թուղթի մէջ ու պառկեցուցին այդպէս պատանքուած մեծ տուփի մը խորը ու դրին սեւ մարդու մը ուսին…

Ու երբ, դեղին աղջիկները ելան դուրս ու հալեցան դէմի մութին մէջ, ինկաւ Արմինէն իր աթոռին, աչքերը մարած չելլող արցունքէն։

* * *

Կաղանդի իրիկուն։

Պզտիկ եղեւինը սենեակին խորը։ Վրան՝ ձիւնը բամպակին։ Վրան՝ ոսկի ու ադամանդ գունդեր։ Ու գոյն–գոյն ցօղունները կարճուկ մոմերուն։ Ու պզտիկ աղջիկներ ու պզտիկ մանչեր, իրենց կախօրրաններով։

Ու բազմոցին անկիւնը, Արմինէ հիւանդ։

Ու անոր զառանցանքէն՝ խաւաքարտ տղան, սեւ իր մազերով, տրտում ու խելօք։

Ու անոր զառանցանքէն հեռաւոր տղան, ա՛ն՝ որ առտու մը գնաց անոնց խումբին հետ։

Ու կրակը միշտ, որ ոսկի եղած՝ կ՚այրի անոր այտերուն։ Ու կրակը միշտ, որ արիւնէ մշուշի մը պէս կ՚այրի անոր աչքերուն։

Ու բառերը միշտ, որոնք մանչ եղած՝ կը վազեն բերնէն, տրտում ու խելօք։

Ու քովն է մաման։ Ան գիտէ ահաւոր պատմութիւնը։ Ան գիտէ խաւաքարտ տղան ու կը նայի իր որբին։ Ու անոր աչքերէն՝ անարատ ու անհուն բարութիւնը, որ ջուրէն բուսնող կայծակին նման կը վառի մեր բիբերէն ներս, կ՚երթայ ու նորէն կու գայ, երբ վարը, շատ վարը, սրտին գաւառներուն վրայ արցունք կը բանին յուզումին ամպերը…

Ու օրն է երրորդ։ Ու Կաղանդ գիշեր։

* * *

Դուռը կը բացուի։ Հայրիկը, շքեղ խանութին բարի պաշտօնեան։

Ու անոր ետեւէն… հեռաւոր տղան, ա՛ն՝ որ անոնց խումբին հետ գնաց ան առտուն։

Թող նային իրարու, պառկած աղջիկը, նոր մտնող տղան։ Թող ճանչնան իրար ու դառնան մէկանց գաճաճ մայրիին։ Ու թող լան անոնք, ու չհամբուրուին…

Ասդին, կինը, ա՛ն՝ որ առաւօտէն մինչեւ գիշեր ասեղ կը նետէ ուրիշներուն վայելչութիւնը հանելու համար։

Ասդին, հայրը, ա՛ն՝ որ առաւօտէն մինչեւ կեսգիշեր մեծ խանութին մէջ պատրանք կը ծախէ քաղաքին տղոց, քիչ մըն ալ ինքնիրեն։

Թող երկուքը մէկ կենան ու նային սա պզտիկ զոյգին, արիւնէն բուսած սա երկու տղոց…

Ու թող թարմանան, պարմաններ դառնան։

Ու յիշեն օրը, հիմա շատ հեռու, երբ իրարու թեւ մտած՝ տուն դարձան ժամէն, քողով, նարօտով…