Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՐՍՏԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ.
ՎԱՐԿԸ

Մեր հասարակութեան բարոյական պէտքերուն հետ պէտք չէ մոռանալ նիւթական պէտքերը։

Ինչպէս որ առողջ միտքը՝ առողջ մարմնով կ’ըլլայ, այնպէս ալ բարոյական նկարագրի բարոքումը նիւթական վիճակի բարւոքում կ’ըլլայ։

Ուստի այս նպատակով ամեն ջանք միշտ սիրով պիտի ողջունուի մեր կողմէն։

Ուշագրաւ տեսարան մըն է որ առեւտրական միջավայրին մէջ, մեր ազգակիցները իրենց առջի դիրքը հետզհետէ կորսնցնելու վրայ են. սկիզբէն ի վեր ես արդէն համամիտ չէի բոլորովին այն վկայութեան որով հայերը վաճառականութեան համար մասնաւոր կոչում ունեցող մարդիկ կը հռչակուէին։

Իմ կարծիքովս մեր հայերը ո եւ է բանի անընդունակ չեն, բայց չեմ տեսած որ յատուկ ճիւղի մէջ բացառիկ ատակութիւն մը ունեցած ըլլան. այս է ճշմարտութիւնը որ ապաքէն ամեն ճշմարտութեանց պէս, երկու հակառակ չափազանցութեանց միջինը եւ ուղիղն էր։

Այսպէս ալ վաճառականութեան համար։ Թուրքիոյ գլխաւորաբար երկրագործ ժողովրդին մէջ հայերը իրենց առուտուրի պարապումովը վաճառականական բացառիկ հանգամանք մը ունենալ երեւցած էին. բայց այս հանգամանքը եւրոպական հրապարակներուն վրայ չէր ապացուցուած։

Մանչէսթրի այ վաճառականներուն գրաւած դիրքը, որքան ալ պատուաբեր ըլլայ մեզի համար, չի բաւեր առեւտրական բացառիկ տրամադրութիւն մը ու արժանիք մը հաստատելու։

Այդ գաղութին գործունէութիւնն իսկ իր սահմանափակ միօրինակութեամբը, իր շահադիտութենէ զուրկ ամփոփումովը, ընդհակառակը, կուգայ ճշդել թէ բուն առեւտրական մարդու խառնուածք չունինք մենք. յանդգնութիւնը, ձեռներէցութիւնը, նորին հետապնդելու ջանքը եւ նոր պէտք մը, ճիղ մը ստեղծելու կարողութիւնը կը պակսի մեզի։ Ասոր փոխարէն ունինք յարատեւութեան, խնայողութեան, տոկունութեան ու պարկեշտութեան առաելութիւնները որոնք նոյնքան կարեւոր ոյժեր են առեւտրական հրապարակի վրայ, բայց արդի մրցումի անլուր պայքարին դիմադրելու չեն բաւեր։

Ասոր համար է որ իրենց յամառ ճիգերուն հակառակ մեր վաճառականները չեն կրցած զգալի յառաջդիմութիւն ընել եւ հազիւ յաջողած են իրենց խախտած դիրքը պահպանել միայն։

* * *

Մեր առեւտուրին տկարութեան պայմաններէն մէկը ու գլխաւորը սա է որ չենք գիտցած օգտիլ այն նոր ոյժերէն զոր սաղանաւորական աշխարհը կ’ստեղծէ ու ամեն օր նոր ձեւերով կ’այլափոխէ։ Ասոնց առաջինը՝ Վարկն է. անուանական ու ենթադրական բան մը որ իրական ու նիւթական ոյժէն անհամեմատ կերպով գերազանց է։

Անցած են այլեւս այն օրերը ուր դրամը ամենէն մեծ զօրութիւնը կը կարծուէր. հիմա Վարկն է ամեն առեւտրական ձեռնարկութեանց հոգին։ Այն մարդը որ իր դրամովը միայն կ’աշխատի երբ ուրիշ մը իր վարկը կը շահագործէ, կը նմանի այն արհեստաւորին որ իր ձեռքին աշխատութեամբ կ’ուզէ շոգէշարժ մեքենայի մը արտադրութեան հետ մրցիլ։

Եթէ Պոլսոյ ու առհասարակ Թուրքիոյ ամեն կողմը հայերը արհեստներու մէջ իրենց առջի ճարտարութիւնը չի կրցան պահպանել, պատճառը ուրիշ բան չէ, բայց եթէ գիտութեան հնարած նոր ոյժերէն օգտուելու անկարող ըլլալնին։ Առեւտրական աշխարհին մէջ ալ, լոկ իր նիւթական դրամագլխովը գործ տեսնող վաճառականը վերջ ի վերջոյ տեղի պիտի տայ անոր առջեւ որ Վարկին անհաշուելի զօրութեամբ կը մրցի իրենց դէմ։

Հայերը միշտ խորթ ու վտանգաւոր բան մը համարած են Վարկը։ Դրամ չունեցող մարդոց մէկ նարքը։ Եւ տեսակ մը պատուոյ խնդիր ըրած չմօտենալ այս միջոցին. միշտ միամիտ պարծանքով մը հռչակած են թէ իրենք Վարկին կարօտը չեն։

Որքա՜ն մեծ սխալ ու մեղանչում մը տնտեսական օրէնքներուն դէմ։

Հարկաւ Վարկը գործածութիւնը վարժ ու ճարտար ձեռքերու կարօտ մեքենայի մը պէս, միշտ վտանգաւոր եւ փափուկ բան մըն է. բայց հա՞րկ է այս պատճառով երես դարձնել անոր. ո՞ր նոր հնարուած մեքենան իր պայթումը կամ իր բեկանումը չունի. շոգեկառքը իր պատահարները ծովու ճամբորդութիւնը իր փոթորիկները պիտի ունենայ. պատճառ մը չեն ասոնք որ հետիոտն քալենք միշտ։

* * *

Ուրեմն Վարկի տիրանանք վաճառականութեան մէջ եւ գիտենանք ստեղծել այն միջոցները որոնցմով Վարկը կ’ստացուի, վասն զի այնքան միամիտ ըլլալու չենք՝ կարծելու համար որ Վարկը մեզի գալու համար կը բաւէ միայն կոչում մը ընել իրեն. ո՛չ, ասիկա ամենէն անմերձանալի բանն է աշխարհիս մէջ, եւ զինքը ստանալու համար, շատ աւելի մեծ դարպաս եւ նրբութիւն պէտք է քան թէ ամենէն անմատչելի գեղուհւոյն հանդէպ։

Առաջին պայմանը ասոր համար ինքզինքը ծանօթացնելն է։ մէկդի դնելու է ուրեմն առուտուրի մէջ այն համեստութեան եւ ինքնամփոփումի նահապետական ձեւերը ինքզինքը խոնարհ ու պզտիկ ցուցնելու առաքինութիւնը, ուրկէ աւելի մեծ երձուած չեմ երեւակայեր վաճառականութեան մէջ։

Պէտք է ինքզինքը հռչակել ու ծանուցում ընել իր անձին համար. տեսէ՛ք որքան ներհակ են հոս պահանջումները սովորական ըմբռնումի կանոններուն։

Ոչ ոք սակայն իր անձին համար կրնայ միջնորդել եւ երկրորդ անձ մը անհրաժեշտ է որ գովէ եւ հռչակէ ձեր Վարկի արժանաւորութիւնը. այդ երկրորդ անձը չի կայ եւ պէտք է ստեղծել ի չգոյէ, եւ որովետեւ անոր միջնորդութիւնը այնքան աւելի ազդեցիկ պիտի ըլլայ որքան ինքն իսկ զօրաւոր ու դրամատէր մէկն է, հարկ է որ ստեղծուելիք այդ միջնորդը զօրաւոր ու ազդեցիկ ըլլայ։

  Հիմա կը մնայ բացատրել թէ ինչպէս կարելի է ստեղծել այս նախախնամական արարածը, որ զօրաւոր ու դրամատէր մէկը ըլլալով հանդերձ պիտի հաճի միջնորդի, ծանուցում ընողի խոնարհ դերը կատարել մեր վաճառականներուն համար։

Ասիկա խիստ պարզ ու դիւրին բան է. կը բաւէ որ այստեղ քսան վաճառական խօսք մէկ ընեն որպէսզի ստեղծեն այս հրաշալի էակը, որուն բանը գործը պիտի ըլլայ միայն եւ միայն իրենց օգտին ու շահին աշխատիլ, ամեն դուռ բանալ, ամեն դրութիւն գտնել, ամեն վարկ շնորհել տալ իրենց Եւրոպայէն, կը բաւէ որ Պանքա մը հաստատեն, հայ վաճառականներու Պանքան։