Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՔՄԱՅՔ.
ԶԱՆԳԱԿԻ ՄԸ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Ա.

Մեր Ժողովին նախագահական զանգակը արծաթախառն պղինձէ ձուլուած, սովորական, պարկեշտ ու քիչ մը զուարթախոհ ամենուս գիտցած զանգակն է որ ատեն ատեն կը հաճի իր խորհրդածութիւնները, իր հոգեկան տագնապները ինծի հաղորդեր։

Վասն զի պէտք է գիտնալ որ մեր յարգելի Ահմէտ Րիզա պէյի զանգակը ոչ միայն լեզու մը, այլ ինչ որ հազուագիւտ է նոյն իսկ Օսմ. երեսփոխաններուն մէջ, հոգի մը ունի, ստոյիկ հոգի՝ որ ամենէն մեծ պատահարներուն առջեւ աննկուն կը մնայ, բանաստեղծի հոգի՝ որ բոլոր Օսմ. ցեղարուն խուլ տրտունջներէն, դիւային ծիծաղներէն կամ զայրոյթի աղաղակներէն ամեն օր նոր երգ մը, նոր եղանակ մը <կը> յօրինէ։

Նախագահական զանգակը ամեն ոք չընդունիր իր մտերիմներուն անձուկ շրջանակին մէջ, բայց ժամանակէ մը ի վեր մասնաւոր համակրութիւն մը կը ցուցնէ դէպի ինծի։ Նոյն իսկ այն պահուն ուր խօսքս խափանելու համար կը հնչէ, քաղաքավար ու քաղցր ձայնով մը զիս համոզելու փորձեր կ’ընէ կարծես.

- Կը խնդրեմ Պ. երեսփոխան, մի՛ նեղանաք, խօսք չունիք, ի՞նչ օգուտ արդէն…

Չեմ համոզուիր, բայց կ’ամփոփուիմ։

Նիստը վերջանալուն, երբեմն կը խօսակցինք. տպաւորութիւններ կը փոխանակենք։ Հինգ ամսուան դաստիարակութենէ մը վերջը կատարեալ խորհրդարանական զանգակ մը դարձած է այլեւս։ Մեր առեղծուածային կեանքին ամենէն թաքուն գաղտնիքներուն թափանցող մըն է։ Ցեղային, կուսակցային կռիւներու հետամուտ մը, փորձ ռազմագէտ որ իր ենթադրական չէզոքութեանը մէջ ամեն պայքարի ելքը իսկոյն կը գուշակէ։ Երբեմն խրատներ կուտայ որոնք հասուն դատողութեան մը դրոշմը կը կրեն։ Երբեմն կատակներ կ’ընէ։

- Միութեան եւ Յառաջադիմութեան կուսակցութեան դէմ պայքարնիդ դադրեցուցէք, ըսաւ ինծի առջի օրը։ Զինադադա՞ր թէ Պատուաւոր հաշտութիւն, այն հաշտութեան պէս որ ասկէ մօտ 35 տարի առաջ այնքան նիւթ եղան Մասիսի եւ Մանզումէի էֆքեարի մէջ։

Տարօրինակ զանգա՜կ որ Պոլսի հայ օրագրութեան պատմութիւնը այսօրուան շատ մը խմբագիրներէն աւելի աղէկ սորված է։

- Պարոն զանգա՛կ, պատասխանեցի իրեն, դուք ձեր բարձր դիրքին բերմունքովը, վասն զի միշտ նախագահական սեղանին վրայ էք, շատ լաւ գիտնալու էք որ այդ կուսակցութիւնը բարեշրջման մէջ է այս պահուս. իր նախկին սխալներուն, եթէ ոչ բոլորը գէթ մէկ քանին ճանչցած է արդէն։

Օսմ. զանազան տարրերուն ինքնորոյն գոյութիւննին պահելու ու զարգացնելու իրաւունքը վերջապէս հասկցած է։ Պզտիկ յաջողութիւն մը չէ աս մեզի համար։ Հարկաւ դեռ շատ մը հարցեր կան որոնց մասին հայեացքի հիմնական տարբերութիւններ ունինք. կարգ մը շարժ ու ձեւեր ունի որոնք քաղաքական վայելուչ վարմունքի գերագոյն ձեւը չեն կրնար սեպուիլ։ Բայց Օսմ. հայրենիքը այսօր տագնապալի օրերուն մէջն է։ Մեզի համար պարտականութիւնը՝ բոլոր ազատական ոյժերը միացնելն է մինչեւ որ վտանգը անհետի։

Յետոյ այս ամենը չարգիլեր որ այդ կուսակցութիւնը իր մէջ մեծ արժանիքի ու սրտի տէր անձնաւորութիւններ պարունակէ։ Սելանիկի երեսփոխան Ճաւիտ պէյին պէս, որուն նախարար անուանելուն ամենքս ալ կը ծափահարենք։

Նախագահական զանգակը շարժում մը ըրաւ, որ մեղմ ու փայփայիչ ճնշումով մը թարգմանուած, համամտութիւն մը զկը նշանակէր։

- Ոչ-իսլամներու զինուորագրութիւնն այս տարիէն սկսելը որոշուեցաւ ահաւասիկ. ձեր Դաշնակցութիւնը պէտք է գոհ ըլլայ իր ջանքերուն պսակումը տեսնելով։

- Ճշմարիտ է, պատասխանեցի զանգակին այս դիտողութեանը։ Ուրախալի է որ Հիլմի փաշայի դահլիճը վերջապէս անսաց մեր դիտումներուն։ Աղէկ միտքս ինկաւ, երկուշաբթի խօսք պիտի ուզեմ այս նիւթին վրայ. կը խնդրեմ որ թոյլ տաք կարծիքս ազատօրէն յայտնելու։

Զանգակը ժպտեցաւ, այնպէս ինչպէս զանգակները կը ժպտին։

- Դուք, Պ. երեսփոխան, հակառակ կուսակցութեան մը կը պատկանիք, աւելցուց անիկա։ Բաւական նրբամիտ էք հասկնալու համար որ ես, իմ բնական կոչումովս, իբրեւ յարգելի Ահմէտ Րիզա պէյի ամուր ափին մէջ սեղմուած ոք, աւելի Միութեան եւ Յառաջադիմութեան երեսփոխաններուն զանգակն եմ քան թէ ձերինը. ասով հանդերձ պիտի ջանամ, ձեռքէս եկածը ընելու որպէսզի ձեզի ալ հաճելի ըլլամ. վասն զի ով գիտէ վաղը ինչեր կրնան պատահիլ եւ բարեկամ վաստակիլը անօգուտ չէ երբեք։

Այս լուրջ կարծիքէն վերջը զանգակը խոնարհութիւն մը ըրաւ ինծի, այս հնչիւնը հրաժետ կը նշանակէր ու բաժնուեցանք իրարմէ։

Բ.

Նախագահական զանգակին երեսը, մետաղէ երես մը, կարգ մը երեսփոխաններու երեսի պէս, կը ժպտէր. հազուագիւտ ու խաբուսիկ ժպիտ զոր անկարելի էր չողջունել։ Շատ մը ըսելիքներ կային իր փոքրիկ սեւուկ լեզուին ծայրը։ Անհամբերութեան նշաններ ցոյց կուտար, ընդհատուած թրթռումներով։

Յարգանքով մօտեցայ իրեն.

- Պա՛րոն երեսփոխան, ըսաւ ինծի դաշն ձայնով որ իր սովորական խրոխտ շեշտին բոլորովին հակառակն էր, տասը օրէ ի վեր որքա՜ն նորութիւններ, չէ՞…

Զանգակը Մօնմառթռական ոճեր, պչրանքներ կը դնէր իր ասացուածքին մէջ։

- Հայերդ, աւելցուց, մեծ յաջողութիւններ ունեցաք ու կարեւոր ձախողումները կրեցիք։ Եղիշէին հետ կրնաք ըսել.

«Է ուրեք զի քաջապէս յաղթեցանք թշնամեացն եւ է ուրեք զի նոքա մեզ յաղթեցին»,

Միայն թէ չպիտի կրնաք աւարտել պարբերութիւնը,

«Բայց բազում այն է զի յաղթող գտաք եւ ոչ պարտեալ»։

Զինուորագրութիւնը վաստակեցաք, բայց Սէնտիքաները կորսնցուցիք։

Յետոյ. դիւանագէտի հովեր առնելով.

- Վարդգէսն ու դուք կ’ելլէք ընկերվարական կը հռչակէք ինքզինքնիդ. ի՜նչ անխոհեմութիւն. հրաժարա՞ծ էք նախարար ըլլալու ամեն փառասիրութենէ. ինչ որ ըլլայ. կանխահաս պահանջումներով կը վրդովէք մեր Ժողովին պարկեշտ ու անքոյթ մթնոլորտը. մեր երկրին արդի վիճակը չի հանդուրժեր այ տեսակ խիզախումներու։ Մենք հեռատես, շրջահայեաց հանդիսացանք մերժելով զանոնք։

Զանգակը ակներեւ կերպով մեր նախագահին՝ Ահմէտ Րիզա պէյին զգացումները կը թարգմանէր այսպէս խօսելով ու ձեռք բերուած յաղթանակին վրայ կը հպարտանար։

- Սիրելի նախագահական զանգակ, պատասխանեցի իրեն, խոստովանեցէք որ Գործադուլի օրէնքին վիճաբանութեան միջոցին շատ մը խաղեր խաղացիք մեզի դէմ։ Սէնտիքա կազմելու իրաւունքը ընդունուած էր մեծամասնութեամբ՝ երբ մեր յարգելի նախագահը կրկին քուէի ենթարկեց զայն եւ այս անգամ փոքրամասնութեան մէջ ձգեց զմեզ. իրաւունք չունէր վճռուած խնդիր մը նորէն վէճի տակ ձգելու. դուք ալ անձնապէս ամեն ջանք ի գործ դրիք ձեր անդուլ միջամտութեամբը մեր ձայնը խափանելու համար. մէկ բառով՝ անկողմնակալ կերպով չի վարուեցաք։

- Կուսակցական զանգակի պարտքս միայն կատարեցի։

Այս անկեղծութիւնը հիացուց ու յուզեց զիս. ասպետական բան կար այս հայտարարութեան մէջ. որքան մարդիկ կը ճանչնամ որ այս մետաղի կտորին չափ իրենց տկարութիւնները խոստովանելու արիութիւնը չունին։

- Շատ լաւ, միայն թէ դիտել տուի իրեն, քիչ մը աճապարեցինք՝ յայտարարելով որ Սէնտիքաները արգիլուած են եւ մենք՝ պարտուած։ Գիտցէք ուրեմն որ Սէնտիքաները պիտի շարունակեն գոյութիւն ունենալ ըստ առաջնոյն. վասն զի անունը արգիլուեցաւ, այո՛, բայց գործը ո՛չ։

Զանգակը թերահաւատի պզտիկ հնչիւն մը արձակեց։

- Շուտով կարող եմ զձեզ համոզել, Գործադուլի օրէնքին 7րդ յօդուածին վերջին պարբերութիւնը անխտիր իրաւունք կուտայ ամեն գործաւորներու Խնայողութեան սնտուկ հաստատել. արդ, բովանդակ Սէնտիքան ասոր մէջն է։ Վիճաբանութեան ջերմութենէն յառաջ եկած շփոթութեան մէջ այդ հատուածը փրկեցինք ընդհանուր կոտորոծէն, որ ինչպէս գիտէք, կառավարական մեթոտ մըն է այս երկրին մէջ։ Փրկեցինք այդ համեստ պարբերութիւնը եւ դիտաւորութիւն չունինք Մերսինի անգլիական Հիւպատոսին պէս ձեզի վերադարձնելու զայն՝ որպէս զի փճացումի գործերնիդ լրացնէք։

Նախագահական զանգակը իր ապշութիւնը չծածկեց.

- Կը զարմանամ թէ ինչպէս իմ յարգելի տէրոջս հետախոյզ ակնարկէն վրիպեր է այդ վնասակար ու յեղափոխական հատւածը. կարելի չէ՞ միթէ Ատանայի Զինուորական Ատեանին ղրկել զայն իր խռովարար նշանակութեանը համար. ո՛չ, կատակը մէկդի, տեսնենք ի՛նչպէս պիտի մեկնէ Կառավարութիւնն այդ հակասութիւնը։ Ահաւասիկ Գործադուլի օրէնք մը որուն մէկ տրամադրութիւնը՝ Սէնտիքան կ’արգիլէ եւ միւս գործաւորներու թոյլ կուտայ Խնայողութեան Սնտուկ հաստատելու։ Ես, հաւատացէք, Պարո՛ն երեսփոխան, իմ անձնական համոզումս եթէ կ ’ուզէք, Սէնտիքաներու թոյլատրելու կողմն եմ. բայց ինչ կ’արժէ զանգակի մը անձնական համոզումը. բայց անցնինք ուրիշ նիւթի. ի՞նչ է հայ երեսփոխաններու կարծիքը, Ատանայի համար մտածուած ընդհանուր ներումի մասին։

- Ներում կայ եւ ներում ալ կայ, սիրելի զանգակ. գիտեմ որ մաս մը իսլամներ ջարդէ, կուսապղծութիւններէ, բռնի կրօնափոխութիւններէ, հրաձիգութիւններէ, թալանէ ձեւացած կրակի ու արիւնի հորիզոնին վրայ անպատճառ հաշտութեան ծիածանը տեսնել կ’ուզեն։ Ոմանք, եղբայրութեան զգացումը ծայրագոյն իր սահմանին տանելով, կ’սպառնան մնացորդ Հայերը երկրորդ ջարդի մը ենթարկել՝ եթէ չփութան իրենց մտքէն ջնջել գործուած ահաւոր ոճիրը։

- Երկրորդ ջարդէ՞ մը կը վախնաք ուրեմն, հարցուց զանգակը տրտում ձայնով մը։

- Ափսո՜ս, երկրորդէն ալ կը վախնանք, երրորդէն ալ, չորրորդէն ալ։ Եւ որպէսզի ցոյց տամ որ ես ալ իրեն չափ գրական պաշար մը ունիմ՝ Պէշիկթաշլեանը հանեցի Եղիշէին դէմ. Մոլեռանդութիւնը ցորչափ մնայ այս երկրին մէջ, զանգա՛կդ իմ սիրելի, երբեք ապահովութիւն չի կրնար ըլլալ Հայերուն համար. Աղէտը պիտի ուշանայ, մութին մէջ պիտի սպասէ, ակնդէտ պիտի սպասէ իր յաւիտենապէս արիւնաներկ դաշոյնը երերցնելով՝

Թուէր ոգւոյն ամպրոպաց զ’սրանշոյլ սուր իւր ճօճել։