Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Բ ՔՈՎ ՔՈՎԻ

Գիշեր։ 

Անոնցմէ, որոնք տարիին մէջ ցանցառ կը բացուին։ Քիչ ամպերով երկինք մը, որ աւրուիլ կ՚ուզէ ու չի կրնար։ 

Ծառեր՝ մեր գլխին ու կուշտին, կտրատուն ստուերներէ շինւած, որոնք ատեն–ատեն կը խօսին, կամաց, վախնալով։ 

Ծաղիկներ՝ թաղարէ կամ գետինէ, որոնց ձեւը, սեւ՝ կ՚երերայ մութ խորքին վրայ։

Քով քովի, մենք։ 

* * *

Քով քովի։ 

Դէմէն դուռը կը բացուի։ Խոշոր կտոր մը լոյս, մութը կ՚անկիւնէ, խորքէն, ու կը թափի մեր ոտքին։ 

Տարտամօրէն դեղնած կօշիկներուն վրայ, քանի մը ճառագայթ, կոտրտուելով, կը թռին չորսդին, կը մեռնին ու նորէն կը ծնին։

Լոյսը խելօք չի կենար: Ան յամր ու ոսկի ալիքի մը պէս կ՚ելլէ վեր, կ՚առնէ մեր ծունկերը իր մէջ։ Ու անոր ձեռքը կարմրած ու տարօրինակ ծաղիկի մը պէս կը բացուի մութ իր գոգնոցին վրայ

Իմ թեւերէն մէկը նստարանին քամակէն, վայրահակ, բայց յառաջացող գիծով մը, կը հետեւի անոր կռնակին, առանց մօտենալու ու առանց բացուելու։ 

Երբեմն տղաք իրենց սիրտերը կը սիրեն տեղափոխել. ափ մը, երկարող բազուկ մը ամբողջ մարդը կայան կ՚ըլլան։ 

Ու իմ բազուկս, տախտին վրայ կը տառապի գլուխէս աւելի, ու սիրտէս աւելի

*  *  *

Գիշերը աղուոր է։ 

Բոլոր սեւ բաներուն պէս։ 

Մենք շատոնց է, որ կը խօսինք։ Անոր ձայնը մշտատեւ գիծ մըն է կակուղ ոսկիի, որ ինձմէ ներս կ՚երկննայ ու լոյս ու քաղցրութիւն կը հիւսէ։ Անոր ձայնը թելն է գարունի ջուրին, որ ժայռի մը շրթունքէն կը փակուի ու իր քալած տեղերուն՝ ծաղիկ ու օրհնութիւն կը բանի։ Բարակ է անիկա՝ ինչպէս մետաքս դերձանը, որ սիրտէ սիրտ կը ձգուի։

Մեր բառերը պարզ են։ Միամիտ ու տղա՛յ՝ ինչպէս իր հոգին, վանկերը առաջին շփումէն կու գան իր մօտ։ Հեռաւոր ու ծեր, վանկերը ինձմէ կը զատուին կրկին խորքերէ: Ու անոր հարցումը միշտ 

Ինչո՞ւ մութ կը խօսիս։

Որքա՜ն տղայ է այս հարցումը։ Սեւ գոգնոցով աղջնակը չի գիտեր, թէ բառերը յաճախ պատանք ունին ու մարդերուն շատը երեւոյթէն անդին չի տեսներ։ 

Ես իմ բառերս կը հանեմ ներսէս վարշամակուած մանուկներու նման, որոնք մեռած կը ծնին ու ստեղծող շունչի մը կը սպասեն։

Բայց խորհուրդը մեր շուրջը, լոյսէն արիւնած թրթռուն շղարշի մը պէս, որ կը դողայ մեր վանկերէն, որ անոր կուրծքին կը փռուի, կոկոններուն վրայ գոգաւորող որմանկարի գմբէթներուն նմանելով։ 

* * *

Լոյսը կը գոցուի մէկէն։ 

Ամպերը, վերէն, պատառ–պատառ կը հալին ու մեր վրայ կ՚իյնայ լուսնկան, ծանրութիւն չունեցող ջուրի մը պէս, որ կ՚արծաթնայ անոր այտերուն վրայ

Այն ատեն իմ բազուկս կը դողայ, առաջ կու գայ գտնելու տաքութիւնը անոր կռնակին։ 

Վարդ մը, հովէն քշուած, կը հակի անոր ուսին, կը դողայ ու ետ կը քաշուի թառելու վախցող անօրինակ թռչունի մը պէս։ Տերեւներ անոր մազերուն վրայ ձեւաղեղծ սիրտերու նման կը գալարուին ու կը հեռանան։ 

Ու այդ տարտամութեան մէջ մեր ձեւերը իրարու կը քաշուին ուժով մը, որ անուն չունի։ 

Մաղմաղ կրակի կտորի մը պէս անոր թեւը դպած տեղը կ՚այրէ։ Ուժով կրակի մը պէս անոր ափը մատներուս մէջը կը դողայ։

Մեր սիրտերը իրարու կը դառնան երկու ճամբորդներու նման ու անոնցմէ առանց բառի դաշնակութիւն մը կը մեկնի։ 

Մենք մութին մէջ իրարու կը նայինք ու անոր հոգին տաճարի մը պէս լուսաւոր է ու մինակ, որ իր աստուածին կը սպասէ։ 

* * *

Թռչուն մը, իր երգին մէջէն։ 

Ո՞ւր է ան։ 

Ու խազերը յստակ, հեղուկ արծաթի նման, ու կայլակաւոր ու տաք, որպէս թէ արիւն փոխադրէին միջոցէն անդին, կ՚ելլեն, կ՚իջնան սրտառուչ, ա՛յնքան՝ որ լռութիւնը կը հալի մեր շրթներուն վրայ։ 

Ի՞նչ կ՚ուզէ։ 

Որքա՜ն տղայ հարցում։ 

Ի՞նչ կ՚ուզեն լռութիւնները, Մայիս գիշերներուն, լուսնով ժանեակուած հարսնեւոր ոգիները, որոնք իրարու կ՚երկարին ու անտես գիծի մը առջին կը սպասեն ու կը սառին։ 

Ի՞նչ կ՚ուզեն իրարու հիւսուած մատները, որոնք իրարու մտիկ կ՚ընեն ու թաց կրակներու մէջ իրար կը պագնեն։ 

Ի՞նչ կ՚ուզեն լուսնով քողազարդ մատղաշ ձեւերը, որոնք իրարու կը հակին ու իրար կը բռնեն, կը կասեցնեն՝ իրարմէ սարսափած։ 

*  *  *

Գիշե՜ր, ծերացած ու ծերացնող գիշեր։ 

Նստիլ պարտէզին մէջ, լուսնալ դէմէն ու վերէն, տաքնալ ափով ու թեւով, օրհնուիլ եկող ու գացող վարդին համբոյրէն

Իրարու նայիլ, նայիլ անբարբառ, իրար հասկնալ ու իրար տեսնել, մերկացնել իրարու հոգին, բայց կապել շրթունքները։

Իրարու խօսիլ, թռչունի ձայնէն, ու լոյսին անձրեւէն, պատնել վանկերը իրականութեան խանձարուրովը ու բառերուն մէջէն երկրորդ լեզու մը փորձել։ 

Չըսել իրարու, վախնալ իմաստէն, բայց փնտռե՞լ զայն։

Ինչո՞ւ, այս գիշերը։ 

* * *

Կը տանին անիկա

Ու մինակ անոր ձեւին հետ, ես կը շինեմ անոր իրանը ու կը հաստատեմ վրան՝ անոր գլուխը

Ու այդ անգոյ ձեւին հետ, ես կը փորձեմ, այս անգամ ճշմարիտ, իրական լեզուն։

Ու այդ ձեւին կռնակէն իմ բազուկներս կը կորանան ու իմ շրթունքներս կ՚երկննան ու կ՚երկննան։ 

Ես կը վախնամ համբոյրէն։

Երբեմն ձեւերը աւելի հարազատ ու հզօր եղան։