Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Դ. ՎԱՐԴԱՎԱՌ

Ա.

Սեւ է գետինը, փողոցն ի վար, դուռներուն առջեւ ու պատուհաններուն տակովը: Շեմերու կողքին, սաքուները՝ խխում, ջուրին մէջ

Պզտիկներ, երկարած՝ քարերուն վրայ, բայց փորով, սպասելով սափորը անձրեւվաթին։ Հարսներ, բացուածքէ բացուածք, արագ նայուածքներով։

Բակերէն, մինակ քիթերը պառաւներուն՝ մեծ–մեծ, կիսախուփ դրան ճեղքերէն։ 

Ու աղմուկը, ատեն–ատեն, պարպուող դոյլերուն, ու պոռալը թրջուած աղջիկներուն, որոնք կը վազեն ուրախ, զով լաթերուն խենթութիւնը հոս ու հոն տանելու, տղոցը առջեւէն։ 

Մենք, վերը, է՜ն վերը, երկուքով, ծովադիր բազմոցի կուշտին, պաշտպանութեանը մէջ հինաւուրց անկիւնին

Տունն է պարապ, պառաւէն, որ գերեզման է գացած լալու եւ խօսելու քիչ մը, ծնողքէն, որոնք քաղաքն են իջած, օժիտը կտրելու հարսնցու Բուբուլին

Վարդավառ։ Վարը՝ բակին մէջ, երբ անոր գլուխէն կը պարպեմ ամբողջ սափորը։ Մանաւանդ տուներէն դուրս, աղբիւրներուն մօտ, ուր հարսները կը կենան արձակ, ու ջուր կը նետեն, երբեմն կրա՛կ, բոլոր անոնց, որոնց ետեւէն պարմանի երազներ ունեցան

* *  *

Ջուր կայ անոր մազերուն, ցրուած ու պզտիկ, ուլունքի նման: Տեղ–տեղ ալ սեփ–սեւ, թաւիշի մը պէս, որուն հիւսքը գզգզուած ըլլայ

Կը սրբեմ անոր երեսներէն ջուրն ու արցունքը, մեղմով, խնայելով գոյներուն ու խնայելով մանաւանդ անոնց ներքեւ նուաղող յուզումին

Յետոյ կը վերցնեմ անիկա։ Կը սեղմեմ սիրտիս վրայ անոր սիրտը, ճիշդ սիրտը։ 

Աղմուկ կայ վարը, փողոցէն, ուր տղայ մը կը թրջեն

Աղմուկ կայ տագնապող սրտին մէջ, որ կը զարնէ լայնցող ու կծկուող կաթիլի մը պէս։ 

Գալ շաբթու հոս չես։

Կը կենամ։ Ձայնը օտար է ինծի, այնպէս դուրս, որ կը զարմանամ։ Ուրկէ՞ գտայ այդ շեշտը:

Ու անոր աչքէն ներս նայուածքը չկայ հիմա: Պարա՛պ յանկարծօրէն, բաժակի մը պէս, ուրկէ հեղուկը կը թափեն։

Ես չեմ, որ աչքերը պիտի նմանցնեմ ծովերուն։ Ինծի կը թուի տեսնել անոր բիբը, որ ետ կու գայ հոգիին անդունդէն, գիծ–գիծ, փրփուրէն ելլող թռչունի մը պէս։ Ու նայուա՜ծք կ՚ըլլայ։ Որ փախչիլ ուզէ։ Որ իյնալ ուզէ։ Ու պղտոր ու մշուշոտ բան մը ետքէն, գոցուելով ինքնիրեն։

Կը բանամ կոպերը։ Ու անոր աչքը կը նմանի մեծ կաթիլի մը, որ կ՚ուռենայ ու կը թրթռայ։ Ու անոր աչքը կը նմանի արծաթ կայլակի մը, որ լեզու ունենար։ Ես տեսեր եմ անոնցմէ՝ մորթուող գառներու գլխուն։

Ու թարթիչներէն, իր կարգին, խոշոր–խոշոր ու հատիկ–հատիկ արցունքը, որ կը քալէ մեղմ, անտարբեր, իբր թէ անդունդէ չի գար ու կայծակ չըլլար, մշուշէն փրթած ու բիւրեղ դարձած կրակը սիրոյ։ 

*  *  *

Գալ շաբթու կը տանին անիկա։ 

Մազերը թեթեւ շոգիի մը մէջ։ Երեսները բռնկած: Կուրծքը թուլօրէն պիրկ։ Շրթունքները ամուր կղպած։ 

Ան չի տար ու չ՚առներ համբոյրը, որմէ կը վախնայ։

Բայց անիկա կը սիրէ այնպէս լուռ, այնպէս մինակ ու միամիտ։ 

Ան չի հասկնար տառապանքը ու չի հասկնար մանաւանդ համը շրթներուն։

Ան կը թողու, որ իմ մատները քալեն իր միսերուն վրայէն, որ իմ ափը պառկի իր այտերուն։ Անիկա կը սիրէ իմ գիրկը, աչքերը գոց, աչքերը տուած բազուկիս։ 

*  *  *

Կտոր–կտոր, օր օրի ան տուաւ ինծի իր մարմինէն այնքան, որքան ուզեց գրքերու տղու իմ յիմարութիւնը

Ու այդ նուաճումը քայլ առ քայլ, թիզ–թիզ, պահերու մէջ, երբ աղջիկներուն հոգին գրեթէ տեսանելի շղարշի մը պէս տաղաւար կը բանայ անոնց մարմինին, տեղերու մէջ՝ երբ աշխարհէն գիծ ու գոյն կը հոսին աղջիկներուն երազներուն կերպասէն։ Ու այդ նուաճումը, երբ պատանիները Զատկուան խմորին պէս կակուղ կը դառնան աղջիկներու մատին տակ ու անոնց նայուածքը՝ գինիի աղբիւր, պարապ սիրտերուն բաժակին երկարած։ 

Ըսի՞ ձեզի, թէ անիկա ընկերն է իմ մանկութեան, թէ՝ շատ կանուխ ես ձգեր եմ գեղը, քաղաքներուն աղտին մէջ հացը փնտռելու համար։ Թէ՝ ինկեր ու ելեր, խենթեցեր ու խելօքցեր։ Ու հիմա, գեղ դարձիս, անիկա հասուն է ու խորունկ, վէպի աղջկան մը պէս։ 

*  *  *

Յիմար այս վէպը:

Տասը տարիներ մեզ կը զատեն այն օրէն, երբ անիկա նշանեցին։ 

Անկէ ասդի՜ն։ Իմ ուսերուս ես դրի բեռը տասը աշխարհներուն: Ուղեղիս՝ յիմարութիւնը հարիւր դարերուն։ 

Անիկա՞։ Կամաց–կամաց ելեր է վեր իր ծունկերէն, հետզհետէ լեցուն ու մատղաշ։ Հետզհետէ քաղցր ու սլացիկ։ Ու անոր կուրծքին ինկեր են պզտիկ պարոյրներ, դասական խարիսխով։ Ու շիներ է ան ճակտին տակովը երեսներ, որոնք սիրտ կ՚առնեն դիմացին։ 

*  *  *

Մէկիկ–մէկիկ, ես կը բարձրանամ սանդուխի աչքերէն։ Անոնց մէջ կայ խելքը, որ, ոտքիդ տակը, գաղտնապահ իր լռութեամբը կը դիմաւորէ սրտիդ տագնապը: Կայ շատախօսը, որ պզտիկ հպումիդ կը մղկտայ, գեղի հաւին պէս, ու սիրտդ կը կեցնէ։ 

Մութ։ Բայց բարակցած՝ լոյսով ալեւոր, որ սրահին բացերը ձեւի կը բերէ, բայց տկար է պատերուն տակով։ 

Պառաւին դուռը։ Կուղպ, չես հասկնար ինչու։ 

Դարձեալ սանդուխ։ Ու նորէն, մէկիկ–մէկիկ, գրեթէ խօսելով, ու երբեմն աղաչելով տախտակներուն, ես կը բարձրանամ երկրորդ յարկը։ Ծանր բան մը, գլուխէս մինչեւ ոտքերս, կը ճնշէ վրաս ու ես կը լսեմ դողը իմ միսերուն։ 

*  *  *

Բա՛ց, լա՛յն՝ երեսին վրայ, դուռը Բուբուլին։ 

Սեմէն՝ ես կը նայիմ մեծ պատուհանին, ուրկէ վար աւրուած երկինքը կը հեռանայ, եւ ուրկէ ներս լոյսը կու գայ տժգոյն ու նիհար: Պատերը` ճերմկած կիրով, ու անոնցմէ կախ առարկաները` մատիտով գծուած։ 

Տախտակամածին, անկողինը, անգոյն ու տձեւ։ 

Ու կը կենամ։ Տունը, ինքնիր մէջ կը զարնէ, անհուն զանգակի մը պէս, որ լեզու չունենար։

Ու այդ լռութեան վրայ, աներեւոյթ ծաղիկի մը պէս, անոր շունչը, որ կը բացուի ու կը գոցուի, այնպէս խելօք, միօրինակ, կարծես թէ չանցնէր սրտի մը քովէն։ 

Ծունկի, բարձին առջեւ։ 

Ու կէս–մութին մէջ, անոր երեսը թեթեւ լոյս կու տայ։ Ու կէս մութին մէջ, անոր թեւերը, վերմակէն դուրս, մեծ ու տարօրինակ ծաղիկներու կը նմանին։ Ու խորհուրդը ճերմակ երիզով բաժնուած կուրծքին։ 

Քո՞ւն։ Բայց այսքան խելօք՝ քունը հարսնցու աղջիկներուն, երբ տղոցը ուղեղէն հրդեհը կը վազէ աղջիկներուն։ 

*  *  *

Ափս կը բանամ, երեսին վրայ, շատ կամաց, կարծես հոգի փռելու նման։ Մեղմ կրակ մը կայ, խելք ու միօրինակ։ Մաղմաղ ըսելս կու գայ

Պատուհանէն մեծ աստղ մը, որ կը թրթռայ ու աչքի մը վախը կը բերէ ինծի։ Կարելի է մտիկ ընել լռութիւնը, որ տունին մէջ, կամաց ու խոր, կը կոտտայ

Բուբո՜ւլ։

Ձայն ըլլալէ աւելի հեւք մը, ականջին դուռնէն, դէպի անոր ոգին։ Հեւք մը, բայց կրակէ գիրերով։ Ինծի կը թուի տեսնել անոր գալարումը դեպի ներս։ Ու կը սպասեմ։ Ափէս կարմրած թել մը կը պրկեն։ Ու անոր այտերը կրակ են առած։ 

Բուբո՜ւլ։ 

Ես կը լսեմ բառը, որ կ՚ելլէ ինձմէ ու կը վարանի։ Որ կը դողդղայ: Անիկա չտեսնուող աղջիկն է, որ կը բխի հոգիէս ու մարմինը կը փնտռէ։

Բայց աղջիկը կը քնանայ։ Բարի ու խելօք։ Ընելիք չունեցող պառաւ մը ըլլար։ 

Բուբո՛ւր։

Կը ցնցուի։ Կը բռնեմ շրթները ու կը խօսիմ շատ կամաց։ 

Բայց անիկա նստած է արդէն, բարձի եզերքին ու կը նմանի անդրիի մը, որ մէկէն կը բխի հողէն ու կեանք կը հագնի։ 

Ու դո՜ղ կը դողայ: Ու ակռաները իրարու կու գան, հակառակ իր կամքին։ Ու կապ է լեզուն։ 

Դուրսէն, խենթ ամպ մը, որ ձեւ կը փոխէ։

Պատուհանէն, ծաղկամանը, որ ճիւղերը կը շարժէ։

Ու աղջիկը կը թրթռաց, բազուկներուս մէջ, երգեհոնի կտորի մը պէս։ Ու աղջիկը կը թրթռալ, ծունկերուս վրայ, կրակին դէմ բռնուած ծաղիկի մը պէս

Կապ, կապ է լեզուն։ 

Տունէն դուրս։ փողոցէն դուրս՝ պարտէզներուն մէջ։ Ան կը հետեւի ինծի, մատղաշ, բարի, ճիշդ Բուբուլին պէս

Ու անիկա կը համբուրէ պատանի վճիտութիւնը իմ աչքերուն: Ու անիկա կը համբուրէ քաղցր ու յստակ կրակը իմ շրթներուն

Բայց անիկա հոգիս դուրս կը հանէ ինձմէ ու կը փաթթուի անոր, երկար, ուժով ու խանդագին

Ու կը համբուրէ բարութիւնը իմ հոգիին։ 

*  *  *

Վարդավառ:

Գիշերը կը լուսնայ։ Աստուածները կը քաշուին իրենց անկիւնները։ 

Աղջիկները կ՚արթննան չայցելուած գիշերներէն։ Բուբուլը բաց ճակատով աղբիւրը կերթայ։

Պատանի՞ն։ 

Թող անիկա վազէ անտառ։ Թող կանչէ աստուածուհին ու երկարի անոր համբոյրին։ 

*  *  *

Երանի՜ անոնց, որոնք երազը համբուրեցին։