ԺԴ.
Եըլտըզի
մէջ
իրարանցում
մը
կար.
Մեծ
Եպարքոս
Սայիտ
բաշան
երեք
անգամ
Եըլտըզ
գնաց
ու
Բ.
Դուռը
վերադարձաւ։
Նոյն
օրը,
ռուսական
մեծ
դեսպանը
Բ.
Դուռ
եկած,
քանի
մը
վայրկեան
Մեծ
Եպարքոսին
հետ
տեսակցած
ու
մեկնած
էր։
Կառավարական
բարձր
շրջանակներուն
մէջ
շշուկ
մը
կը
շրջէր,
շշուկ
մը,
որ
երթալով
կը
տարածուէր
հասարակութեան
խաւերուն
մէջ,
բերնէ
բերան
պատմուելով՝
եւ
հետզհետէ
մեծ
համեմատութիւններ
ստանալով։
Ռուսիան
Սեւ
Ծովի
նաւաբաժինը
շարժման
մէջ
դրած
է,
եւ
ասիական
սահմանագլուխը
մեծ
թիւով
զօրագունդեր
կը
թափէ,
կը
փսփսային
ժողովուրդի
գրեթէ
բոլոր
խաւերուն
մէջ։
Քննադատական
էր
կացութիւնը,
օրէ
օր
կը
սպասուէր
պետական
հարուածի
մը։
Դահլիճը
կ’երերար,
Սայիտ
բաշային
անկումը
մօտալուտ
կը
կարծուէր.
Եըլտըզէ
Բ.
Դուռ
եւ
Բ.
Դռնէն
Եըլտըզ
երթեւեկները
կը
յաճախէին,
մեծ
դեսպաններուն
կառքերը
զիրար
կը
խաչաձեւէին
Բ.
Դրան
պողոտային
մէջ,
ռուսական
մեծ
դեսպանը
դուրս
կ’ելլէր
Արտաքին
գործերու
պաշտօնատունէն,
բրիտանականը
ներս
կը
մտնէր,
ասոր
ետեւէն
կը
հասնէր
ֆրանսականը,
եւ
այսպէս,
օրերով,
անընդհատօրէն,
յաջորդաբար,
ու
վերջը
չէր
գար։
Խորհրդաւոր,
ահաւոր
բան
մը
կը
դառնար
Պոլսոյ
մէջ։
Ա՛լ
տարակոյսի
տեղ
չէր
մնացեր,
եւրոպական
միջամտութեան
մը
մղձաւանջը
կը
կախուէր
Համիտի
գահին
վերեւ։
Եըլտըզի
մէջ
քարտուղարները
կը
մնային
մինչեւ
կէս
գիշեր,
երբեմն
ալ
հոն
կը
լուսցնէին։
Խուճապը
կը
տիրէր
ամենուրեք
եւ
համաճարակի
արագութեամբ
կը
ծաւալէր
բոլոր
շրջանակներուն
մէջ։
Մայրաքաղաքին
ու
կայսրութեան
ներքին
գաւառներուն
մէջ,
հրապարակը
գրաւող
առեւտրական
կարեւոր
հիմնարկութիւններ
ու
տուներ,
կը
փակէին
իրենց
հաշիւները,
մէկիկ
մէկիկ
կը
քաշուէին
ասպարէզէն
եւ
գաղտնի
թէ
յայտնի
միջոցներով
փախուստի
ճամբան
կը
բռնէին
դէպի
հեռաւոր
կեդրոնները,
արտասահման,
ուր
կը
յուսային
գէթ
գտնել
կեանքի
ապահովութիւն,
ապրելու
դիւրութիւններ
ու
գործունէութեան
նպաստաւոր
պայմաններ,
քաղաքակրթուած
միջավայրերու
մէջ,
գոնէ
զերծ
մնալով
կողոպտուելու,
կեղեքուելու,
բանտարկուելու,
աքսորուելու
եւ
…
խողխողուելու
ստոյգ
վտանգէն։
Երեք
միացեալ
մեծ
տէրութեանց
կողմէն
նոր
հրահանգներ
հասած
էր
Պոլիս,
յանձնարարելով
իրենց
մեծ
դեսպաններուն
ազդու
դիմումով
մը
վերջ
մը
դնել
ձգձգումներուն,
որոնք
ի
գործ
կը
դրուին
թեթեւցնելու
եւ
նոյն
իսկ
մոռցնելու
համար
Սասունեան
Արհաւիրքին
ծանրակշիռ
հանգամանքը։
Եւ
այս
նոր
հրահանգներուն
վրայ,
երեք
մեծ
դեսպաններուն
կողմէն
Պ.
Նէլիտօֆ
ներկայացած
էր
Ապտիւլ
Համիտի,
ուրբաթի
սէլամլըգէն
վերջը,
եւ
բաւական
բուռն
լեզուով
մը
սպառնացած
էր
հակառակ
պարագային,
ճնշողական
միջոցներու
դիմել,
եւն…։
Ռուսական
մեծ
դեսպանը
մեկնած
չը
մեկնած,
Ապտիւլ
Համիտ
Եըլտըզ
արտասովոր
նիստի
հրաւիրած
էր
նախարարները,
կացութեան
վրայ
խորհրդակցելու
դարման
մը
գտնելու
համար։
Այս
արտասովոր
նիստին
ներկայ
էր
նաեւ
Արտաքին
Գործերու
նախարարի
խորհրդական
Տատեան
արթին
բաշան,
նախարար
Թուրխան
բաշան,
նոյն
պահուն
գերմանական
դեսպանատունը
գացած
ըլլալով
Սուլթանին
կողմէն
մասնաւոր
յանձնարարութեամբ
մը։
Սուլթանը
կը
նախագահէր
նիստին,
օրակարգին
գլուխը
դրուած
ըլլալով
Հայկական
խնդիրը,
Որ
Սասունի
Դէպքին
հետեւանքովը
կ’արծածուէր
անգամ
մըն
ալ,
եւ
կը
սպառնար
յանգիլ
եւրոպական
բռնի
միջամտութեան
մը։
Նիստին
սկիզբէն
փրթաւ
աղմուկը,
երբ
Մեծ
Եպարքոս
Սայիտ
բաշան,
պահ
մը
մոռնալով
Տատեան
Արթին
բաշայի
ներկայութիւնը,
հայ
պետական
բարձր
անձնաւորութիւններու
հասցէին
անմարսելի
լուտանքներ
տեղացուց,
որակելով
ամենքն
ալ
ապերախտներ,
դաւաճաններ,
լրտեսներ,
Եւրոպայի
թագուն
դիտումներու
գաղտնի
գործակալներ։
Տատեան
Արթին
բաշան
յանկարծ
ոտքի
ելաւ
ու
մոռնալով
Հիւնքեարին
ահեղ
ներկայութիւնը,
Մեծ
Եպարքոսին
երեսին
պօռաց։
–
Սայի՛տ
բաշա,
որո՞ւ
կ’ուղղէք
այդ
ստոր
հայհոյանքները,
ո՞վ
է
լրտեսը,
ո՞վ
է
դաւաճանը։
Հայերը՞
թէ
Դուք,
որ
մէկ
աթոռի
համար
աճուրդի
կը
հանէք
երկիրը,
չը
խօսի՞ք,
ո՞վ
է
Եւրոպայի
գաղտնի
գործակալը։
Սայիտ
բաշա
սառած,
մնաց
թիկնաթոռին
վրայ
գամուած,
իսկ
նախարարները
լուռ,
ընդհարումի
ելքին
կը
սպասէին։
–
Արթի՛ն,
միջամտեց
Հիւնքեարը,
մի՛
յուզուիր,
Սայիտ
բաշան
քեզի
համար
չըսաւ,
հանդարտէ՛,
հանդարտէ՛,
ես
կը
ճանչնամ
կայսրութեանս
հաւատարիմներն
ու
դաւաճանները,
դուն
հանգիստ
եղի՛ր,
քու
մազիդ
դպչող
չըլլար։
Սակայն
Տատեան
գերագրգռուած
էր։
Իսկ
Մեծ
Եպարքոսը,
Հայու
մը
հանդէպ
Խալիֆայի
կողմէն
շռայլուած
ա՛յսքան
մեծ
վստահութեան
բեռին
տակ
ընկճուած,
կը
կատղէր
եւ
կ’ուզէր
իսկոյն
յարձակիլ
Տատեանի
վրայ
եւ
իր
ձեռքով
գոցել
անոր
բերանը։
Դարձաւ
ըսաւ
Տատեանի.
–
Ի՜նչ
կը
յոխորտաք,
Արթի՛ն
բաշա…
Վեհափառ
Փատիշահին
ներողամտութիւնը
չարաչար
կը
գործածէք.
դուք
չէի՞ք
որ
Աշըգեան
Խորէն
Պատրիարքին
ձեռքով
Եղիշէ
վարդապետ
Դուրեան
մը
ղրկեցիք
Եւրոպա,
հայ
յեղափոխականները
հաւատարմութեան
յորդորելու
պաշտօնով։
–
Է՜,
ընդմիջեց
Տատեան,
շարունակեցէ՛ք,
նայինք,
ի՜նչ
է
եղեր…
–
Ի՜նչ
պիտի
ըլլար,
պոռչտաց
Մեծ
Եպարքոսը,
այդ
վարդապետը
գիտէ՞ք
ի՛նչ
գրեր
է
Եւրոպայէ.
տակաւին
մեր
Վեհափառ
Սուլթանը
տեղեկութիւն
չունէր,
հոգ
չէ՛,
հիմա
պարզեմ
որ
ամէն
բան
երեւան
ելլէ։
Նախարարները
խրթին
ակնարկներ
կը
փոխանակէին
իրարու,
մինչ
Արթին
բաշան
կը
ժպտէր
հեգնոտ
շրթունքներով։
Իսկ
Ապտիւլ
Համիտ,
յանկարծ
այլափոխուած,
վեր
ցատկեց
գահէն
եւ
Սայիտ
բաշայի
դառնալով։
–
Պատմէ՛
նայիմ,
գոռաց,
Սայի՛տ
բաշա,
ի՜նչ
է
գրեր
այդ
վարդապետը։
–
Վեհափառ
տէր,
յարեց
Մեծ
Եպարքոսը,
ինչպէս
որ
ծանօթ
է
Ձեր
Վեհափառութեան,
նախարարներու
այսպիսի
արտասովոր
նիստի
մը
մէջ,
որ
տեղի
ունեցաւ
թուականէս
գրեթէ
հինգ
տարի
առաջ,
դարձեալ
այս
դահլիճին
մէջ,
որոշուած
էր
արտասահման
ապաստանող
կարգ
մը
յեղափոխականներու
պետերը
յորդորելու
պաշտօնով
Եւրոպա
ղրկել
վարդապետ
մը,
որ,
միեւնոյն
ժամանակ,
պիտի
հրաւիրէր
այդ
փախստականները
որ
դադրին
այլ
եւ
այլ
գրգռիչ
հրատարակութիւններ
ընելէ
ու
Եւրոպայի
հանրային
կարծիքը
գրգռելէ
մեր
կառավարութեան
դէմ։
–
Կը
յիշեմ,
այո՛,
ընդմիջեց
Համիտ,
ատանկ
բան
մը
կը
յիշեմ,
Խորէն
Պատրիարքին
օրով
էր,
աղէ՛կ
յիշեցուցիր,
Սայիտ
բաշա,
ի՞նչ
արդիւնք
ունեցաւ
այդ
վարդապետին
այցելութիւնը։
–
Բոլորովին
հակառա՜կը
մեր
սպասածին,
Վեհափա՛ռ
Տէր,
յարեց
Մեծ
Եպարքոսը,
որովհետեւ
յիշեալ
վարդապետը,
Սկիւտարցի,
Պաղլար
Պաշիէն,
ծնունդով
ու
խմորով
յեղափոխական,
կ’երթայ
գօմիթէի
պետերը
կը
գտնէ,
եւ
գիտէ՞ք
ի՛նչ
խորհուրդ
կուտայ.
կը
թելադրէ
որ
հրաժարին
հայ
լեզուով
հրատարակութիւններէ,
եւ
միայն
եւրոպական
կարեւոր
թերթերու
մէջ
քննադատեն
ձեր
կայսերական
կառավարութեան
արարքները,
բարենորոգումներ
պահանջեն,
մանաւանդ
Պէրլինի
61րդ
յօդուածին
գործադրութիւնը,
եւրոպական
մամուլը
զբաղեցնեն
հայկական
խնդիրով,
եւ
վերջապէս
ջանան
առաջ
բերել
տալ
միջամտութիւն
մը…։
–
Ի՞նչ
կ’ըսես
ասոր,
Արթի՛ն
բաշա,
իրա՞ւ
են
այս
խօսուածքները.
–
Կը
խօսի՜,
Վեհափա՛ռ
Տէր,
յարեց
Տատեան
հեգնոտ
շեշտով,
լեզուն
ոսկոր
չունի,
մանաւանդ
երբ
մեր
Սայիտ
բաշայի
բերնին
մէջ
կը
գտնուի
ան.
բոլոր
այդ
պատմուածները
շինծու
առասպելներ
են,
հիմա
կը
խնդրեմ
որ
Ձեր
Վեհափառութիւնը
բարեհաճի
լսել
իրողութիւնները։
Ահա՛
թէ
ինչպէս
կատարած
է
Դուրեան
վարդապետ
իրեն
յանձնուած
պատուիրակութեան
պաշտօնը։
Այո՛,
ճիշտ
է,
գացած
գտած
է
գօմիթէի
պե
կարգի
բերելու
եւ
Կայսերական
Վեհափառութեան
կառավարութեան
հանդէպ
զանոնք
հաւատարմութեան
տերը,
մտերմութիւններ
մշակած
է
անոնց
հետ
եւ
հրաւիրած
է
որ
հրաժարին
աւելորդ
հրատարակութիւններէ,
որոնք
կրնան
վտանգել
օսմանեան
զանազան
կետերուն
վրայ
ցանցնուած
հանդարդ,
անմեղ
ու
պարկեշտ
հայ
բնակչութեան
գոյութիւնը,
եւն։
–
Ինչո՞ւ
չէք
յիշեր,
Արթին
բաշա,
ընդմիջեց
Մեծ
Եպարքոսը,
այդ
վարդապետին
Պատրիարքարանը
ղրկած
տեղեկագի՜րը,
ինչո՞ւ
կը
պահէք
ճշմարտութիւնը,
չը
խօսի՞ք։
–
Վեհափա՛ռ
Տէր,
յարեց
Տատեան,
Սայիտ
բաշան
կը
ստիպէ
զիս
որ
ամէն
բան
մերկապարանոց
երեւան
հանեմ,
այնպէս
չէ՞։
–
Անտարակո՜յս,
ըսաւ
Հիւնքեարը,
այս
դահլիճին
մէջ
ամէ՜ն
բան
պէտք
է
պարզուի,
Արթի՛ն
բաշա։
–
Վեհափա՛ռ
Տէր,
յարեց
Տատեան,
ես
հոս
ո՛
եւ
է
պաշտօն
մը
չունիմ
բացակայի
մը
դատը
պաշտպանելու,
սակայն,
քանի
որ
Ձեր
Վեհափառութիւնը
կը
հրամայէ
եւ
քանի
որ
խնդիրը
կը
վերաբերի
օսմանեան
կայսրութեան
բացարձակ
շահերուն,
ստիպուած
կը
զգամ
ինզինքս
ամէ՜ն
բան
հրապարակելու։
Ահաւասիկ
ճշմարտութիւնը։
–
Ձեր
Վեհափառութեան
բարձրագոյն
իրատէովը
գացած
գտած
էի
մեր
պատրիարք
Խորէն
էֆէնտին,
եւ
իրեն
առաջարկած
էի
որ
բանիմաց,
եւրոպական
քանի
մը
լեզուներու
հմուտ
ու
պերճախօս
վարդապետ
մը
ղրկէր
Եւրոպայի
զանազան
կեդրոնները,
Արտասահմանի
հայ
ժողովուրդը
հովուելու
արտաքին
պատրուակով
եւ
գօմիթաճիները
հանդարտութեան
յորդորելու
իսկական
պաշտօնով։
Դուրեան
վարդապետը
կը
մեկնի
Եւրոպա,
հանդիպելով
նախ
Պալքանեան
երկիրները,
կ’այցելէ
Զուիցերիա,
Ֆրանսա
եւ
ուրիշ
կեդրոններ,
խղճամիտ
ու
մանրակրկիտ
ուսումնասիրութիւններ
կը
կատարէ
եւ
ի
վերջոյ
սա՛
եզրակացութեան
կը
յանգի
թէ՝
Եւրոպայի
զանազան
կեդրոններուն
մէջ
գործող
հայ
յեղափոխականները
չպիտի
դադրին
յուզելէ
ու
գրգռելէ
եւրոպական
հանրային
կարծիքը,
հազարումէկ
թռուցիկներով,
թերթերով,
հրապարակային
գումարումներով
ու
համախմբումներով,
մինչեւ
որ
Ձեր
կայսերական
երկիրներուն
մէջ
չը
գործադրուին
Պերլինի
դաշնագրին
61րդ.
յօդուածին
տրամադրութիւնները։
Ա՛յս
է
ահա՛
Դուրեան
վարդապետին
այսքան
աղմուկ
հանած
տեղեկագրին
իմաստը…։
–
Եթէ
այդքա՛ն
է,
ընդմիջեց
Հիւնքեարը,
չարժեր
ժամավաճառ
ըլլալ
ատով,
մեր
գործին
նայի՛ք։
Տատեան,
չկրնալով
ինքզինք
զսպել,
–
Սայի՛տ
բաշա,
Սայի՛տ
բաշա,
պօռաց
Մեծ
Եպարքոսի
երեսին,
ի՞նչ
հասկցաք
չնչին
բանի
մը
շուրջ
ա՛յսքան
աղմուկ
յարուցանելէ,
ինծի
նայեցէ՛ք,
Վեհափառ
Փատիշահիս
ներկայութեա՛նը
կը
յայտարարեմ,
Ձեզի
պէս
սօնրատան
կէօրմէները
չե՛ն
որ
պիտի
կասկածի
տակ
կարենան
դնել
տալ
Տատեան
դարաւոր
տոհմի
մը
մեծամեծ
ծառայութիւնները,
ես
կրնամ
պարծենալ
իմ
նախնիքներովս,
դուք
ինչո՞վ
իրաւունք
ունիք,
չըսէ՞ք,
ինչո՞վ…։
–
Հանդարտէ՛,
Արթի՛ն
բաշա,
միջամտեց
դարձեալ
Հիւնքեարը,
փակե՛նք
այս
խնդիրը,
մենք
ուրիշ
կարեւոր,
խիստ
կենսական
ու
ստիպողական
խնդիրներ
ունինք
լուծելու։
Հիւնքեարի
այս
բացարձակ
յայտարարութեան
վրայ,
վերահաստատուեցաւ
հանդարտութիւնը
դահլիճին
մէջ,
թէեւ
Սայիտ
ու
Արթին
բաշաները
մէկզմէկու
դէմ
ակռաներ
կը
կրճտէին։
–
Խօսէ՛
հիմա,
Սայի՛տ
բաշա,
հրամայեց
Հիւնքեարը,
խօսէ՛
համարձակ,
կարծիքդ
ի՞նչ
է,
ռուսական
միջամտութեան
մը
վտանգը
կայ,
ի՞նչ
պէտք
է
ընենք
այդ
վտանգը
վանելու
համար.
Պ.
Նէլիտօֆ
հոս
էր
քիչ
առաջ,
կայսերական
ունկնդրութեանս
արժանացած
էր։
Յետոյ
ուղղելով
խօսքը
միւս
նախարարներուն.
–
Ձեզի
պարզեմ
ամէ՜ն
բան,
շարունակեց
Համիտ,
գիտէ՞ք
որքա՛ն
նեղեց
հոգիս,
նոյնիսկ
համարձակեցաւ
սպառնալից
լեզու
մը
գործածել,
առանց
ակնածելու
ներկայութենէս.
ահա՛
իր
վերջին
խօսքերը,
որչափ
որ
կը
յիշեմ.
–
Հակառակ
պարագային,
եթէ
Բ.
Դուռը
յամառի
տակաւին
եւրոպական
պատուիրակները
մերժելու
Սասունի
Դէպքին
քննութեան
համար,
պիտի
ստիպուիմ
Վեհափառ
Ցարիս
կառավարութեան
հեռագրել
թէ՝
Նորին
Կայսերական
Վեհափառութիւն
Սուլթանին
կառավարութիւնը
բացարձակապէս
կը
մերժէ
ամէն
արտաքին
միջամտութիւն
Սասունի
Դէպքին
քննութեան
մէջ…
եւն։»
Ներկաները
սահմռկած,
չարաշուք
նշոյլներ
կը
նշմարէին
Հիւնքեարին
նայուածքին
մէջ
եւ
անսովոր
արտայայտութիւն
մը
դիմագծերուն
վրայ,
որոնք
խաւարային
մտածումներէ
կը
չարչարուէին։
–
Ինչո՞ւ
չէք
խօսիր,
շարունակեց
Ապտիւլ
Համիտ,
դուն
ի՞նչ
կ’ըսես
Սայի՛տ,
ի՞նչ
միջոց
կը
խորհիս
այս
անել
դրութենէն
կայսրութիւնս
ազատելու
համար,
խօսէ՛
նայիմ,
թափէ՛
տեսնեմ
դիւանագիտական
ճարտարմտութիւններդ։
–
Վեհափա՛ռ
Տէր,
ըսաւ
Սայիտ
հեգնոտ
շեշտով
մը,
թո՛ղ
ներէ
Ձեր
Վեհափառութիւնը,
եթէ
դիտել
տամ
թէ՝
մեր
օսմանեան
յաւերժական
կայսրութեան
արտաքին
քաղաքականութեան
ղեկը
մեր
Արտաքին
գործերու
նախարար
Թուրխան
բաշայի
ձեռքերուն
մէջ
կը
գտնուի.
ահա՛ւասիկ
անոր
խորհրդականը,
Տատեան
Արթին
բաշան,
ի՛նք
է
որ
ամէն
օր
կը
տեսակցի
դեսպաններուն
հետ.
մանաւանդ
որ,
Պ.
Նէլիտօֆի
մտերիմ
բարեկամը
կը
ճանչցուի,
եւ…
–
Ինծի
նայէ՛,
Սայի՛տ,
ընդմիջեց
Համիտ
սպառնական
ձայնով
մը,
ես
քեզի՛
կը
հարցընեմ,
Արթին
բաշան
մի՛
խառնիր
գործին
մէջ,
ես
քո՛ւ
կարծիքդ
կ’ուզեմ
իմանալ։
–
Վեհափա՛ռ
Տէր,
յարեց
Սայիտ
ստրուկի
մը
համակերպութեամբ,
քանի
որ
Ձեր
Վեհափառութիւնը
կը
հրամայէ,
ես
ստիպուած
եմ
խօսիլ
ինչ
որ
կը
խորհիմ.
կացութիւնը
քննադատական
է.
այս
շաբթուան
մէջ
պիտի
պայթի
փոթորիկը.
եթէ
ժամ
առաջ
միջոցներ
ձեռք
չառնուին.
խոնարհ
կարծիքովս,
Պ.
Նէլիտօֆի
սպառնալիքները
լուրջ
են,
Բեթրսպուրկէն
հասած
գաղտնի
հրահանգներո՛վ
է
որ
կը
շարժի
ան,
հետեւաբար,
ուշագրաւ
են
իր
խօսքերը,
եւ
այս
անգամ,
Ռուսիան
առանձին
չէ՛,
իր
հետ
ունի
Ֆրանսան,
իր
դաշնակիցը,
եւ,
Անգլիա՛ն
ալ,
հոգ
չէ՛
թէ
այս
վերջինը
դարաւոր
թշնամին
ըլլայ
մոսկովեան
շահերուն.
մէ՛կ
միջոց
միայն
կայ
փրկութեան…
–
Խօսէ՛,
ընդմիջեց
Համիտ,
խօսէ՛
լմնցո՛ւր,
ի՞նչ
է
այդ
միջոցը։
–
Պէտք
է
անմիջապէս,
շարունակեց
Սայիտ,
Գում
Գաբուի
Հայոց
Պատրիարքարանին
կողմէն
պատգամաւորութիւն
մը,
կրօնական
եւ
քաղաքական
ժողովներուն
ազդեցիկ
անդամներէն
բաղկացած,
ներկայանայ
Պ.
Նէլիտօֆի,
Սասունի
մասին
տարաձայնուած
բոլոր
զրպարտութիւնները
պաշտօնապէս
հերքէ,
վկայելով
թէ՝
կատարեալ
անդորրութիւն
կը
տիրէ
ներսերը,
թէ՝
քանի
մը
հայ
անիշխանականներ
այդ
կողմերու
հանդարտ
բնակչութիւնը
գրգռած
ըլլալով
ապստամբութեան,
Բ.
Դուռը
զէնքով
յաջողած
է
զսպել
ապստամբութիւնը.
այդ
պատգամաւորութիւնը
պէտք
է
խնդրէ
մեծ
դեսպանէն
որ
Բեթրսպուրկի
Արտաքին
Գործերու
պաշտօնատան
հեռագրէ
Պատրիարքարանին
այս
դիմումը,
եւ
միեւնոյն
ժամանակ
յիշէ
թէ՝
Վեհափառ
Սուլթանին
շնորհիւ՝
օսմանեան
երկիրներուն
մէջ
ապրող
բովանդակ
Հայ
ժողովուրդը
գոհ
է
Նորին
Վեհափառութեան
կառավարութենէն,
եւն։
–
Դուն
ի՛նչ
կ’ըսես,
Արթի՛ն
բաշա,
հարցուց
Հիւնքեարը,
Սայիտ
բաշայի
թելադրութիւններէն
կէս
մը
համոզուած։
–
Ներեցէ՛ք,
Վեհափա՛ռ
Տէր,
ըսաւ
Տատեան,
այդ
կարգի
պաշտպանողականներուն
մօտան
անցած
է.
Բեդրսպուրկի
դահլիճը
մէկդի՜,
հոս,
մեր
քիթին
տակ
ապրող
աղուէսը
կը
հաւատա՞յ
Հայոց
Պատրիարքարանի
յայտարարութեան,
եթէ
երբէք
տեղի
ունենայ.
խնդիրը
միջազգային
հանգամանք
առած
է
արդէն,
Սասունի
Դէպքէն
ի
վեր,
եւրոպական
դահլիճներէն
ոչ
մէկը
պիտի
կրնայ
կարեւորութիւն
ընծայել
այդպիսի
յայտարարութեան
մը,
քանի
որ
իրենց
հիւպատոսներուն
տեղեկագրած
իրողութիւնները
կարելի
չէ՛
ծածկել.
Անգլիոյ
Կապոյտ
Գիրքին
ու
Ֆրանսայի
Դեղին
Գիրքին
էջէրը
սեւցուցեր
են
անոնք։
Ի՜նչ
կ’ըսեմ,
պաշտօնական
վաւերաթուղթե՜ր
են,
վաւերաթուղթե՜ր…։
Ներկայ
նախարարները,
բացի
Սայիտ
բաշայէն,
գլուխնին
կը
շարժէին
հաւանութեան
նշաններով,
մինչ
Համիտ,
լարուած
ուշադրութեամբ
մը
կը
հետեւէր
Տատեանի։
–
Արթի՛ն,
ըսաւ
Հիւնքեարը,
պէտք
է
ամէ՛ն
գաղտնիք
պարզես,
բա՛ռ
մը
մի՛
պահեր.
–
Ինչո՞ւ
պիտի
պահեմ,
Վեհափա՛ռ
Տէր,
յարեց
Տատեան,
ես
կրնա՞մ
լռել
երբ
երկրին
շահերը
վտանգուած
կը
տեսնեմ.
լռութիւնը,
այս
տագնապի
վայրկեաններուն
մէջ,
վատութի՜ւն
է.
դաւաճանութիւն
չըսելու
համար.
ես,
իբրեւ
Օսմանեան
հզօր
կայսրութեան
ամենահաւատարիմ
մէկ
ծառան,
տարիներու
ընթացքին
մէջ
վարած
պաշտօնիս
փորձառութեամբը
զինուած,
Ձեր
Վեհափառութեան
ներկայութեանը
պարտք
կը
զգամ
յայտարարել
թէ՝
վտանգը
ստոյգ
է
եւ
անխուսափելի,
դեռ
երէկ,
բրիտանական
մեծ
դեսպանը
կը
հաղորդէր
ինծի
իր
կառավարութեան
վերջնական
որոշումը.
գիտէ՞ք,
ի՛նչ
ըսաւ
ու
կրկնեց
մէկ
քանի
անգամներ.
–
Հակառակ
Վեհափառ
Դշխոյին
կառավարութեան
աւանդական
բարեկամութեանը,
որ
մէկէ
աւելի
կնճռոտ
պարագաներու
մէջ
ապացուցած
է
Օսմանեան
կայսերական
կառավարութեան
հանդէպ,
Անգլիան
կամայ
ակամայ
պիտի
հետեւի
Ռուսիոյ
եւ
Ֆրանսայի
քայլերուն,
որոնք
հաւասար
եւ
թերեւս
աւելի
մեծ
չափով
շահեր
ունին
Արեւելքի
մէջ.
Անգլիան,
Կիպրոսի
Դաշնադրութեամբ
պարտաւորուած
է
վերջ
մը
դնել
տալ
Թուրքիոյ
հայկական
նահանգներուն
մէջ
մասնաւորապէս
տիրող
մշտատեւ
անիշխանութեան,
որ
վերջերս
ա՛յնքան
ընդվզեցուցիչ
ծայրայեղութիւններով
հրապարակ
եկաւ…։»
–
Արթի՛ն,
ընդմիջեց
Հիւնքեարը,
կարճ
կապէ՛,
մէ՛կ
բառով
ըսէ՛,
ինչ
պէ՞տք
է
ընենք.
ռուսական
միջամտութիւն
մը
հաւանական
կը
գտնե՞ս.
եւ
այդ
պարագային
ի՞նչ
արգելիչ
միջոց
կը
խորհիս.
–
Ներեցէ՛ք,
Վեհափառ
տէ՛ր,
շարունակեց
Տատեան,
ա՛յսքան
լուրջ,
ա՛յսքան
կենսական
խնդիր
մը
պէտք
է
լուսաբանել,
այսօր
երեք
մեծ
տէրութեանց
հաւաքական
ճնշումին
տակ
կը
գտնուինք.
ես
համոզուած
եմ
թէ՝
Անգլիան,
Ֆրանսան
ու
Ռուսիան
վերջնապէս
վճռած
են
գործել
Արեւելեան
Խնդիրը
լուծելու
համար.
եւ
այդ
խնդիրը՝
կայսրութեան
կեանքի
եւ
մահուան
խնդիրը
կը
նկատեմ
ես.
երկու
ճամբայ
կայ,
պէտք
է
ընտրենք
մէկը.
կա՛մ
երեք
մեծ
տէրութեանց
դէմ
պատրաստուիլ
կռուելու,
եւ
կա՛մ
այդ
երեքին
միացեալ
ուժին
առջեւ
խոնարհիլ.
ուրիշ
ճամբայ
մը
չե՛մ
տեսներ
ես.
Եւրոպայի
մնացեալ
երեք
մեծ
տէրութիւններէն,
որոնք
Երրեակ
Զինակցութիւնը
կը
կազմեն,
կրնա՞նք
յուսալ
կամ
սպասել
ո՛
եւ
է
պաշտպանութիւն,
եթէ
երբէք
պատերազմի
բռնուինք
միւսներուն
հետ….
–
Դուք
ի՞նչ
կ’ըսէք,
հարցուց
Համիտ
միւս
նախարարներուն։
Նախարարները
չէին
բանար
բերաննին,
ամէնքն
ալ
անշարժ
արձաններու
կը
նմանէին,
իրարու
քով
շարուած
թիկնաթոռներու
մէջ,
բռնապետական
շրջանին
հաստատուն
սիւները,
Եըլտըզի
ապականութեան
ու
ոճիրներու
դպրոցին
ընթացաւարտներէն
տիտղոսակիր,
նշանաւոր
մակաբոյծներ,
որոնք
ամսուան
օրե՜րը
միայն
կը
համրէին,
իրենց
ճոխ
թոշակները
գանձելու
եւ
նոյն
ամսուան
մէջ
իրագործուած
կաշառքներն
ալ
վրան
բարդելով՝
հարէմի
զեղխութեան
ու
մեղանքին
մէջ
թաղելու
համար
իրենց
գարշելի
գոյութիւնը։
Սակայն
Ապտիւլ
Համիտի
ջիղերը
կը
զայրանային
տակաւ։
Տատեանի
յայտնութիւնները
քաղաքական
հորիզոնին
վրայ
սեւ
ամպերու
կուտակումը
գուշակել
կուտային։
Եըլտըզի
Բնակիչը
կը
սկսէր
դողալ,
իրեն
նեղ
կուգար
իր
Որջը.
եթէ
արտաքին
գործերու
նախարարի
հայ
խորհրդականին
պատմածները
ճիշդ
էին,
կը
խորհէր
Համիտ,
անստոյգ
էր
ուրեմն
վաղորդայնը,
իր
րոպէները
համրուած
էին
ուրեմն,
եւ
իր
կայսրութեան
վերջին
ժամը
պիտի
հնչէր.
ի՞նչ
կը
մնար
ընել
իրեն.
կա՞ր
փրկութեան
ելք
մը,
բաց
ի
փախուստէն.
բայց
ո՞ւր
պիտի
փախչէր,
ո՞ւր
պիտի
ապաստանէր.
ո՞ւր
պիտի
կրնար,
որո՞ւն
ձեռքերուն
մէջ
պիտի
կրնար
վստահիլ
իր
կեանքը,
իր
հարէ՜մը…։
Փախո՜ւստ,
դէպի
ո՞ւր…։
Սեւ
Ծովին
բերանը
պիտի
գոցուէր.
ռուսական
նաւատորմիղը
կազմ
ու
պատրաստ,
դարանակալ
կը
սպասէր
հոն.
Տարտանելի
բերանը
բռնած
էր
Անգլիան.
իսկ
ֆրանսական
վիթխարի
մարտանաւերը
Սիւրիական
ջուրերուն
մէջ
կ’արշաւէին…։
Ահաւո՜ր,
զարհուրելի՜,
ճգնաժամայի՜ն
րոպէներ…։
Պահ
մը,
աչքերը
պաղած,
մթին
նայուածքներ
կը
պտըտցնէր
նախարարներուն
վրայ.
ի
վերջոյ
կանգ
կ’առնէր
Տատեանի
վրայ,
որ
իր
ահաբեկիչ
հարցականներով
ու
անգութ
երկսայրաբանութիւններով
կը
լլկէր
ու
կը
խոշտանգէր
անոր
հիւանդ
ըղեղը։
Վերջապէս,
անհամբեր՝
լսելու
հայ
դիւանագէտին
եզրակացութիւնը,
–
Արթի՛ն,
ըսաւ
Հիւնքեարը,
շարունակէ՛,
եթէ
պատերազմի
բռնուինք
կ’ըսէիր,
միւս
երեք
տէրութիւններուն
հետ,
ի՞նչ
պիտի
պատահի։
–
Վեհափա՛ռ
Տէր,
յարեց
Տատեան,
Երրեակ
Զինակցութիւնը
պաշտպանողական
է
եւ
ո՛չ
յարձակողական.
երբէք
չեմ
կրնար
ենթադրել
թէ՝
Գերմանիան,
Աւստրօ
Հունգարիան
եւ
Իտալիան
ա՛յնքան
յիմար
եղած
ըլլան
որ
իրենց
բանակները
հանեն
Անգլիոյ,
Ֆրանսայի
ու
Ռուսիոյ
դէմ,
պաշտպանելու
համար…։
–
Է՜,
է՜,
հասկցա՜նք,
ընդմիջեց
Համիտ,
ըսել
կ’ուզես
թէ
իրենց
տեղէն
չեն
շարժիր։
–
Այո՛,
Վեհափա՛ռ
Տէր,
յարեց
Տատեան,
գոնէ
ես
այդպէս
կը
կարծեմ,
անցեալէն
դատելով։
–
Հետեւաբար,
յարեց
Համիտ,
քու
կարծիքովդ,
պէտք
է
համակերպինք
եւ
ընդունինք
որ
երեք
միացեալ
մեծ
տէրութիւնները
միջամտեն
կայսրութեանս
ներքին
գործերուն։
Տատեան
ա՛լ
չը
խօսեցաւ,
աւելի
առաջ
երթալ
չէր
կրնար,
յետոյ
ինքզինք
կասկածի
կ’ենթարկէր,
մանաւանդ,
Սայիտ
բաշայի
մասնաւոր
ատելութեան
առարկայ
դարձած,
իրաւունք
ունէր
զգուշաւոր
ընթացք
մը
բռնելու։
Եըլտըզի
մէջ
գումարուած
արտասովոր
նիստը,
առանց
շօշափելի
արդիւնք
մը
ձեռք
բերած
ըլլալու,
փակուեցաւ։
Նախարարները
մեկնեցան
եւ
Ապտիւլ
Համիտ
քաշուեցաւ
իր
առանձնասենեակը։