Նամակք սիրային Եղիա Տեմիրճիպաշեանի. 1886-1889

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԻՆԱՍ ՉԵՐԱԶԻՆ

Պէշիկթաշ, 24 Մայիս 1878

Բարեկամդ իմ Մինաս (Չերազ),

Կ‏՚ուտեմ, կը ննջեմ, դեղ կ՚առնեմ, քիչ կը խօսիմ, բժիշկին հազարաւոր պատուէրներէն այն է, զոր միայն առանց դժկամակութեան կը կատարեմ. կ՚երազեմ ցայգ եւ ցերեկ (հի՜ն սովորութիւն) եւ գիշերուան, ինչպէս եւ տուընչեան երազներուս մէջ յաճախ Յակովբայ նման հրեշտակի մը հետ կը կռուիմ։

…Հասգիւղ կ՚ենթադրեմ երկուքնիս, նո՛յն յարկին տակ, նո՛յն սենեակին մէջ, ափիդ մէջ ափս, եւ կը խօսինք` ի՛նչ բանի վրայ որ երբեք չեն խօսակցիր հասարակ բարեկամք, այսպէս հաւատալու պէտք ունիմ շատ անգամ, եւ այս պատճառաւ, մա՜յր իմ, շատ անգամ փակուած կը տեսնես աչքերդ որդեկիդ. թէ ընդմի՜շտ փակուէին, աւելի անճառ տեսիլներ պիտի պարզուէին նոցա առջեւ։

…Նախնի ժամանակաց արժանի մեր անքակտելի բարեկամութիւնն հանելուկ մը պէտք է թուի աշխարհի առջեւ։ Տարբեր ժամանակներ կը ներկայացնենք դու եւ ես. դու` մեծութեան դարերու զաւակ, ես` անկման, այլ ճգնաժամի դարերու զաւակ. դու «Պլուտարքի մարդ», ես` un enfant du Siècle։ Անցեալ օր առանձին էինք. մայրս, Իսկուհին եւ ես. յանկարծ գաղափար մը ծնաւ մտքիս մէջ, Սաղմոսն իբր բախտագիտութեան գիրք համարելով` ամէնուս ալ բախտն հարցնել Արքայ-Թագաւորին. ուստի ձեռք առի մօրս մաշած փոքրիկ Սաղմոսն, որ բարձի վրայ դրուած էր, եւ նախ ինձ համար դիպուածաւ էջ մը բանալով` աչքերս սա տողերուն վրայ ինկան. «ի ծովու են ճանապարհք քո, շաւիղք քո ի ջուրս բազումս, եւ հետք քո ոչ երեւին»։ Յետոյ քեզ համար բացի եւ կարդացի. «Հայեցար յերկիր` արբուցեր զնա, եւ բազում արարեր զմեծութիւն նորա»։ Իսկուհիի բա՜խտն ալ նայեցայ. «Խաղաղ նորա խաղող դառնութեան, եւ ողկոյզ նորա ի դառնութեան լեզւոյ»։ Խորհրդաւոր զարմանուհւոյս հետ առանձին գտնուեցայ յաճախ, այլ չեմ համարձակիր հարցնել իրեն. «ինչո՞ւ համար կ՚արտասուես հիւանդութենէդ ազատուելուդ համար, ինչպէս կ՚արտասուէ Եղիան 1874էն յետոյ ապրելուն համար»։

Քոյդ Ե. Տէմիրճիպաշեան

(Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյցը, 1924, էջ 36)