ՄԻՆԱՍ
ՉԵՐԱԶԻՆ,
Աւագ
հինգշ.
1891
Բարեկամդ
իմ
Մինաս
(Չերազ),
Յորմէ
հետէ
չեմ
կարդար
օրագիրդ,
Անգլիան
ինձ
աւելի
հեռու
կը
թուի,
ովկէանոսէն
անդին,
մշտնջենական
մշուշներու
մէջ
կորսուած։
Ձայնդ
կը
լսէի
գրեթէ
գրուածո՜ցդ
մէջէն,
կ՚ազդուէի
շեշտէդ,
արփենի
ճառագայթի
մը
հանգունակ,
ուր
երկնային
գերատարր
զօրութեանց
ու
ներդաշնակութեանց
մասնիկներ
կը
խտանան
լուսերամ։
Այժմ
ոչինչ
կը
հասնի
քենէ
ունկանս,
ոչինչ`
հոգւոյս,
անունդ
երբեք
երբեք
շրթանց
վրայ
կը
տեսնեմ
ուրուագրեալ,
այլ
եւ
ո՛չ
բերան
մը
կը
համարձակի
զայն
արտաբերել։
Բանտ,
բերդարգելութիւն,
մահ.
ահա
ինչ
որ
կը
սպառնայ
L՚Arménieի
խմբագրին
քաղաքական
մտերմաց,
առ
հասարակ
եւ
ամէ՛ն
մտերմաց
անո՛ր,
ում
ոչինչ
կը
պակսի,
ո՛չ
քաղաքագիտութիւն,
ո՛չ
պերճախօսութիւն,
ո՛չ
խնդրոյն
աւելի,
քան
ոչ
ոք
ի
մօտոյ
տեղեկութիւն,
մեծագոյն
ախոյեանն
հանդիսանալու
համար
ազգային
դատին,
զեղծ
կառավարութեան
ահաւորագոյն
թշնամին,
որքան
պաշտօնական
բարձրագոյն
շրջանակներէ
դուրս
գտնուելով`
կրնայ
մարդ
ահ
ազդել
կառավարութեանց։
Ընդարձակագոյն
չեմ
ուզեր
խօսիլ
այս
մասին,
դող
ի
սիրտ
արդէն
կը
տողեմ
ներկայս։
Անպատում
եղաւ
յուզումս`
տեսնելով
թերթիդ
մէջ
Մեծին
Կլատսդօնի
նամակն
առ
խմբագրութիւնդ.
մտաբերեցի
հեռագրաւ
յայտնել
քեզ
խնդակցութիւնս։
Այլ
աւելի՛
մեծ
խնդակցութեանց
արժանի
չե՞ն
այն
դիւցազնական
ջանքերդ,
ոյց
շնորհիւ
ուր
ուրեմն
հայ
լեզուին
ու
գրականութեան
ուսումն
յԱնգլիա
մուտ
գտաւ։
Սովորամոլութեան
արգելագործ
այս
անիծապա՜րտ
զօրութիւնը
դղրդելու
համար
ո՛չ
Մաքս
Մուլլէրի,
այլ
Չերազի
բազուկն
հարկ
էր։
Ի՜նչ
լաւ
ներշնչում
ունեցած
ես`
ձեռնարկներուդ
պատմութիւնն
հրատարակելով,
հանդերձ
պաշտօնական
թղթակցութեամբք.
զի
ապագայք
հաւատալ
պիտի
չուզէին
ազատ
Անգլիոյ
բարձրագոյն
գիտական
մարմնոյն
այդ
կաշկանդմտութեան։
Քոյդ
Ե.
ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ
(Թէոդիկ,
Ամէնուն
Տարեցոյցը,
1924,
էջ
38)