ՄԻՆԱՍ
ՉԵՐԱԶԻՆ
Բարեկամդ
իմ
Մինաս
(Չերազ),
Կուրծքիս
ցաւովն,
եւս
աւելի
սրտիս
վիշտերովն
զբաղած
լիովին,
բնաւ
ուշադրութիւն
չեմ
ըներ
այն
մեծամեծ
դէպքերուն,
որք
կը
տարուին
շուրջս.
պետութիւն
մը,
որ
կը
սպառնար
երբեմն
Եւրոպան
նուաճել,
վայրկեան
մ՚ալ
եւ
ահա
աներեւոյթ
պիտ՚
ըլլայ
աշխարհի
տեսարանին
վրայէն.
անհամեմատ
կերպով
կ՚ընդարձակուին
սահմաններն
ուրի՛շ
պետութեան
մը,
որ
ո՛չ
անցեալ
ունի,
ոչ
ապագայ.
եւ
այս
ուժգին
երկրաշարժն,
որ
կը
դղրդէ
Արեւելքն,
իւր
չորեքդարեայ
մահաքունին
մէջ
կը
խլրտէ
ժողովուրդ
մը
(աշխարհի
ժամանակակից),
ոյր
համար
չգիտեմ
ո՛ր
պատգամն
ըսած
է,
թէ
պիտի
չմեռնի։
Նախազգացում
մ՚ունիմ,
ազգ
մը
փրկելու
չափ
մեծ
այն
չորս
մարդերէն,
որք
աշխարհի
վրայ
երեւցան
վերջին
տասը
տարուան
մէջ
(Պիզմառք,
Թիէռ,
Միտհատ,
Չերազ),
Միտհա՛տ
միայն
պիտի
ըլլայ
դժբախտը։
Քոյդ
Ե.
ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ
(Թէոդիկ,
Ամէնուն
Տարեցոյցը,
1924,
էջ
36)