Նամակք սիրային Եղիա Տեմիրճիպաշեանի. 1886-1889

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՐԱՆՏ ԱՍԱՏՈՒՐԻՆ

Պէշիկթաշ, 30 Դեկտ. 1883

Քաղցր իմ Հրանտ Ասատուր Բարիզ),

Դուք, Ֆռանսացիքդ, տօնեցիք արդէն ամանորն, եւ մենք դեռ պիտի տօնենք. որքա՜ն յետադէմ, որքա՜ն ենք դանդաղ յամենայնի։ Հին աշխարհին մէջ ապրելով եւ իր օրինաց ու սովորութեանց ի հարկէ հետեւելով` այսօր կու գամ մաղթել քեզ երանաւէտ ամանոր։ Շատ չը մնաց, Հրանտ իմ, որ բանիւ բերանոյ միմեանց պիտի յայտնենք մեր մաղթանքներն ու մեր հառաչանքներն…։ Այո՛, հառաչանքներն ալ, որովհետեւ յաւիտեան մենք պիտ՚ ունենանք հառաչանքներ` Սիրանուշին ու մեր մօրն Հայաստանին համար, եւ հառաչանքներ, մանաւանդ, չը գիտեմ` ի՛նչ բանի մը համար, ոյր չը գիտենք անունն, ոյր վրայ չունինք ու կարող չենք ունենալ պայծառ գաղափար, այլ ում կ՚անձկանք մեր Սիրանոյշին ծոցն ու հայրենի հողին վրայ, ո՛ւ խորոց մէջ, ո՛ւ բարձանց վրայ…։ Ի՞նչ ենք, ո՛ Հրանտ իմ, եւ ի՞նչ է այն Անծանօթն. է՞ր չը գիտենք, եւ է՞ր մարդիկ կան, որք մեր վրայ կը ծիծաղին, երբ նայուածքի մը ներգործութեամբ քուն չը քնանանք գիշերն, երբ անհունի՜ն անձկանօքն հալինք ու մաշինք։ Եւ ես ինքս է՞ր կը ծիծաղիմ իմ վրայ… (կատուս եկեր դրան առջեւ կը մլաւէ. երթամ բանամ դուռս ու շարունակեմ ապա գիրս)։ Ես կատու մ՚ունիմ, դուն ի՞նչ ունիս. Չերազ ալ կատու մ՚ունի, Վահրամ թռչուն մը, թռչնոց երամ մ՚ունի. դուն ի՞նչ ունիս, ըսէ ինձ, խնդրեմ. ոգիիդ անունն ինձ յայտնէ՛ ու նկարագրութիւնն ըրէ՛. զի աշխարհի վրայ` չնչին համարուած բաներուն վրայ խօսելէ աւելի իմաստասիրական բան չը կայ։

…Գիտե՞ս Հրանտ, որ նորէն իմ հաւանութիւնս առին Երկրագունտի Տնօրէնութեանն համար. Պարոնեան, ոչինչ ընելով, իբր 50 ոսկիի գումար մ՚առաւ` հասոյթին 80%ին իրաւունք ստացած ըլլալով` ըստ պայմանագրութեան. ես 10ն ալ պիտի նուիրեմ ընկերութեան` շահու բաժինս 70%ի վերածելով, եւ պիտ՚ աշխատիմ թերթին ե՛ւս առաւել բարգաւաճման։ Միւս կողմէ պիտի շարունակեմ Շարժումս, համեստ հաւաքածոյս, եւ իցի՜ւ թէ ապրուստի համար հարկադրուած չըլլայի Երկրագունտի Տնօրէնութիւնն ստանձնել եւ ապագայի դատաստանն իմ վրայ հրաւիրել. զի ես ոչ գիտուն եմ, ոչ գրագէտ։ Գրականութեան սիրող մ՚եմ. Գրասէր մ՚եմ, նաեւ կը սիրեմ Եւրոպիոյ գիտական իմաստասիրութեան գաղափարաց վրայ խօսիլ. ահա իմ բոլոր տիտղոսներս. բա՞ւ են սոքա գրական ու գիտական հանդէսի մը Տնօրէն-Խմբագրապետն ըլլալու համար։ Խիղճս ժխտական պատասխան կու տայ. հացիս համար խղճիս դէմ կը գործեմ. ներէ ինձ, թո՛ղ ապագան ալ ինձ ներէ։ Որովհետեւ Շարժումիս վրայ կը խօսիմ, կը յիշեմ երկտողդ, որով կ՚աւետէիր, թէ Լուսինեան իշխանն հաճի պիտի Journal des Economistesն ինձ նուիրել։ Այդպիսի նուէր մը չեմ ընդունած Պոլսոյ մէջ գրականութիւնը սիրող ձեռնհաս ազգայնոյ մը կողմէն։ Անհո՜ւն կերպով կը սիրեմ այն անձերն, որք հրապարակագրի մը մտաւոր պիտոյքն հոգալ կը մտաբերեն. ամէն պարագայի մէջ` ինձ ծանր է նպաստ ընդունիլ, այլ իմ աղքատութիւնս ինձ ծանր չգար. ինձ ծանր եկողն է մեր ազգին մէջ ընդհանրապէս հայրենանուէր անձանց աղքատութիւնն։

Քոյդ
Ե. ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ

(Թէոդիկ, - Ամէնուն Տարեցոյցը, 1914, էջ 40)