Նամակք սիրային Եղիա Տեմիրճիպաշեանի. 1886-1889

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Ժընէվ, 13 Սեպտեմբեր 1897

Սիրեցեալ բարեկամ,

Ա՜յն բարեկենդանին գիշերը։ Հիւրասրահդ, հիւրասէր սրահդ այն գիշերը վրանի փոխարկուած էր ազնիւ թիկնաթոռներու վրայ հողի տաքութիւնը կը զգայինք, շնորհիւ արուեստական ա՛յն գնչուհիին, որ բուն գնչուն կը տեսլականացնէր. Հռոմէական գնչուհիդ փողոցի ֆալճիներուն քով ա՛յն էր, ինչ որ Փիդիասի արձաններն ասորական արձաններուն քով։ Ռամիկ հաճոյք մը չէր, որ մեզի վայելել տուաւ այն գիշեր, այլ բարձրագոյն արուեստագիտուհիներու` Ֆանի Էլսնէրներու առթած գեղագիտական հաճոյքը։ Արժանի չէ՞ր, որ իր կառքին լծուէինք, որպէս յԱմերիկա ծերակուտականք ըրին անմահ Ժիդանային. Վրանն առաւօտուն փոխարկուեցաւ ցուրտ հիւրասրահին, ուր հսկայ հայելին` դիւթիչ պատկերէն այրի, երկինք չունեցող ծովու մը տպաւորութիւնն առաջ կը բերէր։

Այնքա՜ն ախորժ կիսաձմեռ մ՚անցնել տուիր ինձ այն տարի. այնքա՜ն փոփոխ հաճոյքներ ինձ վայելել տուիր. եւ քա՜ղցր բարեկամութիւնդ ամէն ախորժէ ու հաճոյքէ գերիվեր։ Սակայն, ճշմարտութիւնն ըսելով, սրտիս մակերեւոյթն էր, որ կը գգուէր։ Կասկածներն, որոնց առարկայ էի, յայտնի կամ գաղտնի, սիրտս կը խոցէին։ Այդ առեղծուածը չկրցայ լուծել։ Կա՛մ այն է, որ մարդիկ անմիտ եւ անխիղճ են, կա՛մ այն է, որ ես արտակարգ խելագար մըն եմ։ Աստուած ներէ՜ անոնց, որոնք զիս թշնամանեցին ու կը թշնամանեն։

Գատըգիւղ կ՚երթա՞ս։ Մօտայի տեղ հոս Լեման կայ, Ողիմպոս լերան փոխան կայ հոս Մօն-Պլան. բայց հոս մամաս չկա՜յ…։ Եւ արդէն Մօտայի նման տեղ մըն ալ, մինչեւ Սիւիս որ հասայ, դեռ չտեսայ։ Հոն` ուրիշ գեղեցկութիւններու մէջտեղ, հո՜ն` ի Մօտա կը տեսնես, Մօտա-Պրունիէն միայն կրնաս տեսնել այն անբաղդատելի՛ պատկերն` արեգակն, որ երկու մինարէներու մէջտեղ կը պառկի Գիշերավարին հանդէպ, որպէս քրիստոնեայ ննջեցեալն` երկու ճերմակ մոմերու մէջտեղ` սեւ ծածկոցին ներքեւ. միւէզզինը կ՚ելլէ ննջեցելոց սաղմոսը նուագել, մինչդեռ աստեղք, որոնք իր գլխուն վրայ կը բազմապատկուին, հոգւոյ անմահութեան վրայ կը խօսին լուսեղէն պերճախօսութեամբ։ Անմահ Ռուսոյի արձանին դիմաց` ծառի մը յեց, կը խորհիմ յաւիտենական խնդիրներուն վրայ, զորս յուզեց, զորս յուզեցին եւ ժխտմամբ լուծեցին` բացի Ռուսոյէն, այն մեծ, այլ ուրացամէտ դարուն իմաստասէրք։ Կը խորհիմ, ու, մեր յաւակնոտ խորհրդածութիւնները բաղդատելով կենաց անթափանց խորհուրդին, կը ծիծաղի՜մ…։

Խեղճ Աղեքսանդրն, երբ Լոզանին առջեւէն անցայ, կ՚օրհասէ եղեր։ Եթէ գիտնայի միայն, որ Լոզան կը գտնուի։ Կը խենթենար վրաս եւ ես կը հասկնայի զինքն։ Աննիկն ինձմէ պաղեցուց Մէրեէմ-Գուլին, որ իրեն ուղղած գիրերս մասունքի պէս կը պահէր եւ խօսքերս գոց կ՚ընէր։ Հայկական թատեր հիմնադիրն էր Առաքել Ալթուն-Տիւրրիին հետ, գիտես. առաջին ներկայացման Ֆուատ Փաշան հրաւիրած էր։ Երբ զգաց Աղեքսանդր, որ կենաց ծաղիկը կը թառամի յինքն, երկու վարդագոյն տուն շինեց ի Շիշլի` իբր անո՜նց վրայ տեսնելու համար երիտասարդութեան շարունակութիւնն, եւ կամ ուրի՜շ խորհուրդով…։ Աղջիկ մ՚ունէր, վարդագե՜ղ աղջիկ մը` Ատրիանա…։ Բայց թուղթս կը վերջանայ, որպէս վերջացաւ բարեկամիս կեանքն, եւ որպէս ամէն բան պիտի վերջանա՜յ։

Ե. ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ

(Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյցը, 1925, էջ 92)