Նամակք սիրային Եղիա Տեմիրճիպաշեանի. 1886-1889

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

12 Հոկտեմբեր 1900

Սիրեցեալ Բարեկամ,

Իր պատճառած ահագին ժամանակի կորստեամբն ու պահանջած առանձին ուսումնասիրութեամբք` յոգնամահիճ հիւանդանոցի մը ներքին հիւանդութեանց բժշկապետի պաշտօնն այլեւս ժամանակ պիտի չթողուր բժշկի մը սոսկական հիւանդներ դարմանել, թող բազմաճիւղ երկասիրութիւններ պատրաստել։ Արդարեւ, նշանաւոր գործունէութիւն եւ օրինակելի՛ աշխատասիրութիւն։ Պէտք է հաւատալ, որ դուք կը ստեղծէք ժամանակն, որովհետեւ անհնարին կը թուի գտնել ա՛յնքան ժամանակ Ազգ. Հիւանդանոցի բժշկապետ-ուսուցչի զբաղմանց մէջ, որոնց վրայ պէտք է յաւելուլ ներքին բարեկարգութեան հոգն ալ, զոր ստանձնած էք աշխատակցաբար Հոգաբարձութեան ու Տնօրէնութեան։ Դուք կ՚արժանանաք կատարեալ բժիշկ յորջորջման, ըստ որում հիւանդը մահիճէն հանելէ յետոյ` չէք ձգեր զայն։ Մէկ կողմանէ կ՚աւանդէք իրեն (ա՛յնքան ընդարձակութեամբ, որքան եւ ոչ մէկ հայ առողջաբան մ՚ըրած է ցարդ զայն) ողջպահիկ պատուէրներ, որոնց հետեւելով` բժշկական նոր դարմաններու պիտի չկարօտանար։ Միւս կողմանէ, ինչ որ ի սկզբանէ անտի Ձեր նախասիրական աշխատութիւնն է, մարդոյն կը ծանօթացնէք զմարդն իւր սաղմնային անկերպարան վիճակէն մինչեւ կատարելակազմ իւր կերպարանումն։ Այն սահուն աշխարհաբարով եւ այն պայծառ ոճով, որով կը կատարէք այս աշխատասիրութիւնն, հայ ընկերութեան ամէն դասերուն ալ մատչելի կը կացուցանէք մարդկային կազմախօսութեան ա՛յն կարեւոր ու մեծ գիտութիւնն, որ հիմն այսօր կը նկատուի Հոգեբանութեան։ Մարդկային գիտութեան սոյն բարձր ճիւղին վրայ Ձեր գործոց շարքն, ոյր ամբողջութիւնը բնախօսական հանրագիտութիւն մը պիտի կազմէ, մեր գիտական գրականութեան մէջ եզական դիրք մը Ձեզ պիտի տայ։ Յետ այնորիկ ձեռնամուխ լինիք թերեւս հիմունքն արկանել առ մեզ բնախօսական հոգեբանութեան։ Գիտական իմաստասիրութեան յուզիչ սկզբնաւորութիւն մ՚ըրիք արդէն Երկրագունտի մէջ։ Անցողաբար ուրախակից կը լինիմ Ձեզ ջերմապէս Ձեր գիտական բառարանին համար, որոյ քննադատք, գաղղիերէն բժշկական բառարան մ՚աչքէ անցընելով, աւելի խորթ բառակազմութիւններ պիտի գտնէին հոն. եւ ո՛չ միայն հոն, այլ եւ գիտական հանդիսից ու գրեանց մէջ գործածուած, յեղյեղուած այդ բառերը, զորս երկարութեան ու խորթութեան մասին կը գերազանցեն գերման համապատասխան բառերն։ Իմ ընդհանուր ջերմագին ուրախակցութեանցս հետ Ձեր բազմասերունդ հրատարակութեանց համար, կը կցեմ եռանդագին խնդակցութիւններս ալ` Ազգին Տան մէջ ներմուծած Ձեր օգտաշատ նորութեանց համար, որոնք ապագային ա՛յնքան ծախքեր կը խնայեն։ Եւ կը մաղթեմ Ձեզ ո՛չ աւիւն եւ ո՛չ գիտութիւն, քանզի շատ ունիք։ Ձեզ առողջութիւն ի բոլոր սրտէ կը մաղթեմ, քանզի կը տեսնեմ, որ քանի մը հոգիի գործ կը կատարէք հայ ժողովրդեան մէջ։

Ե. ՏԷՄԻՐՃՊԱՇԵԱՆ

(Թէոդիկ, Ամէնուն տարեցոյցը, 1925, էջ 96)