Նամակք սիրային Եղիա Տեմիրճիպաշեանի. 1886-1889

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

7 Մայիս, 1893

Սիրեցեալ Միքայէլ,

…Անձնական խազն ո՜րքան հզօր է բանաստեղծական արտադրութեանցս մէջ։ Տիեզերքն իմ եսիս ընդմէջէն կը տեսնեմ։ Աստուծոյ ձայներն ու դաշտաց տեսարաններն երբեք ուղղակի չեն արձագանգ գտներ գրուածոցս մէջ. պէտք է հոգւոյս մէջ ցոլանան անոնք, երկնից կամ երկրի տեսարանք, դալարայատակ ծաղկունք կամ կապուտայատակ աստղունք. եւ պէտք է, որ անտառակին նուագք կամ ալեակին կողկողունք գգուեն կամ գելուն սիրտս։ Բնութեան ձայնից անանձնականութիւնն յայնժամ կ՚անհետանայ ու կը խտանայ. բնութեան տեսարանաց անտարբերութիւնն ի շահագրգռութիւն կը փոխարկուի։ Յայնժամ ճի՜չ մը կը լսուի նուագին մէջէն, եւ վէպ մը կամ եղե՜ռն մը կը պատմէ պատկերը։ Նկարագրական կամ զգայութեան բանաստեղծութիւնն ա՛յն է քնարերգական կամ զգացման բանաստեղծութեան` ինչ որ ոչ-եսն է եսին, ի՛նչ որ հունաւորն անհունին, ի՛նչ որ ստուերը` մարմնոյն. ըսե՞մ, ի՛նչ որ Փանոսեան` Դուրեանին։ Կատարեալ, բարձրագոյն բանաստեղծութեան մէջ, բնութիւնն ո՛չ թէ կը զոհուի, այլ կը ստորադասուի։ Շարժումն, յուզումն, յափշտակութիւնն, Աստուա՛ծ, հոգւոյն մէջն է, մարդկային եսին մէջն է. եւ այդ կենսաւէտ աղբիւրին մէ՛ջ է, որ պէտք է լոգանայ ու կենդանանայ բնութիւնը` նախ քան արտայայտուիլն ի բանաստեղծութեան։

Բանաստեղծութիւն մը, պէտք է որ, կամ աւելի ճիշդ` բանաստեղծութիւնը պէտք է որ (գեղարուեստից զարգացման կարգաւ զանոնք յիշելով) ճարտարապետութենէն փոխ առնու գիծն, արձանագործութենէն` ձեւը, պատկերահանութենէն` գոյնն, երաժշտութենէն (ու պարէն) եղանակն ու կշռութիւնն, իսկ սրտէն… արի՜ւնը։ Միացո՛ւր քերթուածի մը մէջ Լըգոնթ տը Լիլի գիծը, Պօտըլէռի ձեւն, Հիւկօի գոյնը, Լամառդինի երաժշտութիւնն ու չափականութիւնը. միացո՛ւր` ինչ որ կրնայ բացատրել երանգանրբութիւն` աշխարհիս ամենէն հարուստ լեզուն. պիտի արտադրես սքանչելի ոտանաւոր մը` ձեւարուեստական հրաշակերտ։ Պալզագի անծանօթ գլուխգործոցն. այլ թէ` բանաստեղծութիւն մը, ո՛չ։

Աչքէդ թող կաթիլ մը կաթէ կրակէ, սրտիդ արեան մէկ գնդակիկն հոն թող մտնէ, գիծ ու գոյն ու թանձրութիւն չունեցող այն բանն, որ հազիւ թէ ձայն մ՚է, թո՜ղ հառաչանքն (անթոյր, անծաւալ բոցն հոգւոյն) վառէ, վաւերէ քերթուածդ, եւ կենդանի բան մը ունիս, շնչող ու նայող մարմար մը, որոյ լանջքը կ՚ուռի ու ճակատը կ՚արտախորհի, որոյ երակք ո՛չ ներկով, այլ արեամբ գունաւորուած են։ Այո՛, ճշմարիտ բանաստեղծութիւն մ՚ունիս հիմա. յոյն աստուածուհի՜ մը, խաչին հպմամբ կենդանացած ու քրիստոնէութեան մելամաղձութեամբ գեղաշնորհուած, յստակութիւնն իր շրջագիծին մէջ, տարտամութիւնն իր նայուածքին մէջ, յափրանքն իր շրթանց վրայ, բաղձանքն իր կրծոց վրայ, մահն իր գարշապարին տակ, անմահութիւնն իր ցուցամատին ծայր, իր ցուցամատին` մշտաձիգ մագնեստիկ զմայլմանց։

Եթէ բանաստեղծութեան մէջ հազիւ ուրեք իրանալի մտատիպար մ՚է այս, սակայն այդ մտատիպարին մերձեցումն, այդ մտատիպարին յաւէտ կամ նուազ կատարեալ իրացումն ալ դոյզն արժանիք մը չէ։ Բանաստեղծն առ այդ պէտք է ձգտի։ Այս ձգտումն` արուեստական ինչ երբեք ունենալ պէտք չէ։ Ո՛չ աշխատիլ, այլ ամփոփուիլ։ Վայելման կամ վշտակրութեան պահուն ուսումնասիրել յանզգայս. եւ ձեռքն յանզգայս կը ձգի գրչին ու կը շարժի թղթոյն վրայ. բաբախմանցդ հետ կ՚ելեւէջէ գրիչդ, եւ արտասուացդ հետ կը գլորին պարբերութիւնք։ Ո՛չ բառ գոց ըրած էիր, որպէս կը պատուիրէ Պանվիյլ, ոչ ալ բառարան նայեցար, որպէս կը թելադրէ Գիթառ։ Հոգւոյդ մէջ կամ սրտիդ մէջ բա՜ն մը կար, որպէս իրիկնամուտին բա՜ն մը կայ երկնքի մէջ. չկաթող ոսկի արտասուքն, որ յերկինս կը գոյանայ, յորժամ ստուերք յերկնի տարածուին իրիկնամուտին. անմարմին, անմահ մասնկունք են, որոնք ի մարդն կը գոյաբերին, յորժամ յուզուի հոգին, եւ որոնք կշռութեամբ, կոհակաց նման, կը կաթին աչքէն ու կը հոսին սրտէն, երբ Պէշիկթաշլեան է մարդ կամ Պետրոս Դուրեան։

Բանաստեղծի դաւանանքս ահա յայտնեցի։ Եթէ տաղերս իմ տառապանացս արձագանգն են, եթէ կը տաղերգեմ ի՛նչ որ եսիս ընդմէջէն կը տեսնեմ, անտարակոյս չեմ յաւակնիր բացարձակ, բարձրագոյն հրաշակերտից հեղինակն ըլլալ։ Բոլոր, ի՛նչ որ արտադրած եմ բանաստեղծութիւն, կու տայի, նաեւ բոլոր գրելիքներս ալ, բոլո՛ր, Լա Մալիպռանին կամ Պայռընի Մերձ ի մահին… մէկ տունին փոխարէն։

Ե. ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ

(Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյցը, 1923, էջ 62)