Նամակք սիրային Եղիա Տեմիրճիպաշեանի. 1886-1889

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Ժընէվ, 3 Սեպտ. 1897

Սիրեցեալ բարեկամ,

Ճամբէ ճամբա՜յ… դեռ չը գտայ ճամբա՛ն օթեւանի՜ն, ուր խօսեցեալս պիտ՚ ընդունի զիս գրկաբա՜ց. անդիի երեսն օթեւանին, ա՛յն երեսն, որ աշխարհքի վրայ չը նայիր, հո՛ն պիտի բնակինք քարայրի ձեւով խուցի մը մէջ, որոյ ստուերք հոգեզմայլա՜նք կը ծամեն։ Անդիի՜ այն երեսն անդրագոյն օթեւանին` ովկէանոսին վրայ կը նայի, զոր փայլակունք կը լզեն ու փոթորիկք կը յուզեն. հրաշալի՜ ովկէան մը, որ յաւէտ հոսանուտ, ձեւ կը փոխէ յաւէտ` առաձգութեան բազմազան եւ անվախճա՜ն խաղերու մէջ. կը բոլորի մերթ, ու, մերթ ձուաձեւ, տիեզերաց ծագման խորհուրդը կը կերպարանէ. կաթ է մերթ համակ իր մակարդակն, եւ մերթ կապուտակ երանգ-երանգ. աջ թեւը բարձ ըրած ու վարսանքն` անկողին` ննջող կոյս մ՚է երբեմն երկնածին, եւ երբեմն առիւծ մ՚է անսահման, որ անծանօ՜թ որսի մը կը սպասէ` աչուին յառեալ հորիզոնին. իր ալիքներէն որորեալ` փայլակնացայտ աչերով տենչասպիտակ հաւ մը կը ծփայ մերթ իր մակերեւոյթին ամպարագիծ ամայութեանը վրայ, եւ է՛, զի խաչ մը միայն հոն, եւ է՛, զի քնար մը միայն. մարդկային նուագ մ՚երբեք գաղափար չը կրնար տալ անդրաշխարհեան ովկէանին ծոցէն բղխող մեղեդիին կամ համերգութեան, որուն… ունկն պիտի դնեմ, երբ օթեւանն հասնիմ. ե՞րբ. խօսեցելոյս գրկացը մէջ։ Խօսեցեալս ինքն իսկ Նիրվանա՜ն։

Բայց այնքա՛ն գեղեցիկ է այս Ժընէվ քաղաքն, որ երեւակայութենէս հեռացաւ վայրկեան մը գերաօթեւանն։ Երգեալ ա՜յն լուսափայլ Լեման լճին եզերքն` հանդէպ Մօն-Պլանին եւ առ Ռուսօի արձանին, դրախտային այս քաղաքին մէջ պահ մը տենչն ունեցայ անմահութեան, ե՜ս, sombre amant de la mort pâle… Léopardi ! Չէ՛, սակայն, չէ՛, Հրա՛նդ, չը պիտի կրնամ հաշտուիլ կեանքին հետ, ո՛ւր ալ ըլլամ։ Միշտ ճամբան փնտռող մարդը պիտի ըլլամ, անմոռա՜ց Մաքրուհի մօրաքեռաղջկանս նման։ Սիրած վայրս հոս` Սէն-Ժանն եղաւ, որ լճէն վեր` գետին շուրջ, հովանաւոր ճաշարան մ՚է բարձանց վրայ. գետին անդիի եզերքին վրայ գերեզմանատուն մը կայ. բացօթեայ սեղանիս շուրջ կամ ներքեւ հաւերը կ՚ածեն, եւ ես կը մտածեմ, ածած հաւկիթներն ուտելով, եւ, սեղանիս ծառայող շնորհագեղ աղջկանց հակառակ, Նիրվանայի՜ն անձուկովը մաշելով։ Ճաշարանէն գետը չերեւար. բլրին մէկ ոտքը գետը կը թրջէ, միւսն երկաթուղին կ՚ակօսէ. ջրոյ տեսլենէն զրկուած` ճաշած պահուս հրոյ տեսիլն արագ կը վայելեմ։ Շոգեկառքն հիմայ շատ կը սիրեմ, թէեւ գլխարկս գողցան Վեննայի շոգեկառքին մէջ. շոգեկա՛ռքն ինձ յայտնեց Գերմանիոյ անտառաւէտ լեռներն ու Զուիցերիոյ ձիւնապսակ կատարներն։ Եթէ ողողումն աւերք եւ արհաւիրք սփռած չըլլար ուղւոյս վրայ, եւ եթէ սիրտս, mein Herz! տրտո՜ւմ սիրտս` ըստ երգին, միշտ արտասուօք ողողուած չըլլար, ի՜նչ հաճոյք, որքա՜ն աւելի մեծ հաճոյք պիտ՚ առթէր ինձ այն անբիծ ու բազմերանգ կանաչութիւնն, որ երկինքէն գոգցես կը հոսէ Գերմանիա, որպէս ներդաշնակութիւն, ըստ Միւսէի, երկինքէն կը հոսէ Իտալիա։ Հոս հոն Հայերու կը հանդըպիմ, որպէս ամպո՛տ երկնքի մը մէջ աստղերու։ Հիմայ այլեւս ինձ համար ամէն բան կը պլպլայ, աւա՜ղ, ոչինչ ա՛լ կը շողայ։

Ե. ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ

(Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյցը, 1911, էջ 23)