Նամակք սիրային Եղիա Տեմիրճիպաշեանի. 1886-1889

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԻՆԱՍ ՉԵՐԱԶԻՆ

Պուտաբեսդ, 13 Ապրիլ 1898

Սիրելիդ իմ Չերազ,

Քանի՞ տարի է, որ քեզ համար ալ եղանակք նոյնացան, Ապրիլն ու Մայիսը ջնջուեցան։ Ապագայի վրայ կը խօսին…։ Կ՚աղաչեմ, ի՞նչ պիտի ըլլայ ապագան, կամ ապագային մէջ ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Հայերն ազա՞տ պիտի ըլլան. բայց ո՞ր ազգն ազատ եղաւ, որ Հայն ազատութիւն կ՚երազէ դեռ։ Դրամին տիրապետութիւնը կամ բլուդօգրասին օր աւուր կը զօրանայ. 89-ն արժէք ունի միայն, եթէ ոսկի կը ներկայացնէ. իրաւունք դրամատէրին կամ, աւելի ճիշդը, դրամինն է, դրամն աւելի տուողինն է կամ, մանաւանդ, դրամ աւելի շորթել կրցողինն է։ Պառնաթան կրցաւ թագաւորել ազա՜տ Ամերիկայի մէջ, իբրեւ հանքահարուստ հողերու վրայ, եւ աղքատ գործաւորին խնայութիւնները գրպանէն քաշել` կառավարութեան գիտութեամբ։ Ո՞ւր է Բառի ան Ամեռիգի հեղինակն. ինքզի՞նքը խաբեց Լապուլէյ, թէ ընթերցող հասարակութիւնը։

Հիմայ սօսիալիսդները ելեր են ընկերութիւնը կերպարանափոխելու։ Երբ ընկերվարութիւնն յաղթանակէ, ուր ուրեմն, երբ ընկերվարականք (ոյք յաճախ անիշխանականաց կամ ոչնչականաց հետ կը նոյնանան) իշխանութեան տիրանան, ա՛լ աղքատ հարուստ չը պիտի ըլլայ աշխարհի վրայ, խաղաղութիւնը պիտի թագաւորէ երկրի վրայ ընդմէջ դասուց ու ժողովրդոց, եւ եղիցի մի հօտ եւ մի հովիւ։ Դրական իմաստասիրութեան հիմնադրին եւ ընկերվարականութեան հիմնադրին հաւասարապէս երազն ու գուշակութիւնն էին մարդկութեան այդ վիճակն, եւ Օկիւսդ Գօնդի ու Սէն-Սիմօնի համեմատ մինչեւ դարավերջ չը պիտի տեւէր ազգաց միութիւնն, որոյ միայնոյ պետի մը կամ գէթ դաւանանքի մը ներքեւ։ Աւա՜ղ, որքա՛ն դեռ հեռու կը գտնուինք նաւահանգիստէն։ Անտարակոյս, ինչ որ Աւետարանին մէջ գրուած է, պիտի կատարուի. սակայն ե՞րբ, որո՞ւ ձեռամբ եւ ի՞նչ եղանակաւ։ Ինչպէս անգամ մ՚ալ գրեցի քեզ խանդավառութեան օր մը Վիեննայէն, Աստուծոյ խորհուրդներուն մենք չենք կրնար թափանցել։ Ինչ որ ստոյգ է սակայն, մարդկային ազգը չի կրնար կերպարանափոխ ըլլալ ա՛յն մարդոց ձեռքով, զորս կը ճանչնանք, եւ որոնք ընկերվարական կամ ռամկավար-ընկերվարական կը յորջորջեն ինքզինքնին։ Մարդս բան մը կարենալ ընելու համար` բանի մը պէտք է հաւատայ. գրպանը մինակ չոր հացագին մը մնացած օրը դանակը վզիդ դնող մարդը բա՛ն մը չի կրնար ընել, բայց միայն քաղաքային կռիւներով բոլորովին բնաջինջ ընել քիչ մը բարի բան, որ դեռ կը մնայ տառապեալ մարդկային ընկերութեան։ Մեր հին փիլիսոփային պէս կը մտածեմ ես ալ. կառավարութեան ձեւն ի՛նչ ալ ըլլայ, ընկերութիւնն ի՛նչ կազմաւորութիւն որ ունենայ, երբ մարդիկ չար են, ամէն բան գէշ կ՚երթայ։

Եւ ես յուսահատած եմ որ մարդիկ բարի ըլլան։ Եւրոպա այս ուղեւորութիւնս լմնցուց զիս բարոյապէս. ա՛լ հաւատք չը մնաց քովս` բայց միայն Աստուծոյ ամենակալին վրայ։ Մենք ի Պոլիս ինչպէ՞ս գիտէինք Ժընէվն եւ ինչպէ՞ս կը ճանչնայինք Զուիցերիացիներն։ Ազատ ես դու Հելվետիան Եւրոպայի դրախտն անուանել յաւէտ. այլ թերթդ գրեց` միեւնոյն ժամանակ Պուլղարիայէն Զուիցերիա բերուած երեք հայ որբերու` այդ դրախտայի՜ն ու հրեշտակային Հելվետացւոց ձեռքէն քաշածը պատմելով. «IIs sont impatients de se soustraire à pareille philanthropie». Նոյն թղթակիցդ Երուսաղէմի գերմանական որբանոցին յանձնուած հայ որբին համար ալ կ՚ըսէր. «II y est mort ne pouvant supporter les lourdes charges dont on l՚avait accablé».

Քոյդ
Ե. ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ

(Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյցը, 1922, էջ 49)