Նամակք սիրային Եղիա Տեմիրճիպաշեանի. 1886-1889

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

***

Աւագ Հինգշաբթի, 1906
(ըստ օրացոյցին)
Աւագ Ուրբաթ

Սիրելի հօրեղբօրորդիս Գարեգին,

Ահա արտասուքս, որ սեւցա՜ւ` ցաւատանջ հոգւոյս ցոլքերն հափափելու համար, անշուշտ։ Թուխ այդ դա՜ռն մելանով գրած տառերս ալ` սիրողիդ հեծեծանացս ձայնին կ՚ուղարկեմ, տօնական ուրա՜……խակցութեանցս եւ սրտագին ողջագուրանացս հետ։ Եթէ մոռացիր զիս ծաղիկ մը բուսցընէր գարունը, պիտի ղրկէի զայն քեզ, որպէս իմայնոց բոլոր, հակառակ յուշատենչ խորտակեալ սրտիս աղաղակին մի՛ մոռնար զիս…։

Քոյդ
Ե. ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ

(Թէոդիկ, Ամէնուն Տարեցոյցը, 1925, էջ 95)