Հայրենի հրաւէր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՂԲԱՅՐՆ ԻՐ ԵՂԲՕՐԸ

«Ներէ՛, եղբա՚յր, որ այսօր քու սիրտդ եւ հոգիդ
Մահուան գուժով մը փլատակի վերածեմ…
Մեր մայրը մեռաւ այս իրիկուն,
Իր աչքերը պատուհանին դէմ սեւեռուն,
Ես էի, որ, ո՜վ սարսափ, քիչ մը առաջ, ձեռքերովս որդիական
Մեր մօրկանը երկու աչքերը յուսավառ,
Քու ճանապարհէդ հեռաւոր, դէպի մահը փակեցի…
Բայց մինչեւ իր շունչը վերջին,
Յետին սարսուռն հոգեվարքի…
Իր ահաւոր գալարումը կեանքէն ի մահ,
Իր թռիչքն ատելութեան այս աստղերէն
Դէպի ունայնը մթին…
Քու աչքերուդ, քու հասակիդ ի խնդիր,
Այս իրիկուան արեգակին մոխիրին հետ՝
Իր աչքերը մայրամուտին լոյսերովը թաթաւուն,
Քեզ տեսնելով, քեզ յուսալով, քեզ օրհնելով խաւարեցան…։
Եւ ես՝ թշուառս, ես՝ եղբայրդ, իբր զաւակ,
Ես քու տեղդ, խելակորոյս, այդ աչքերն փակեցի…
Եւ սնարին վրայ դրի
Գառնուկներուս ճերմակ ճարպէն
Իր ձեռքերովն անցեալ տարի պատրաստուած
Երկու մոմեր եւ դաւաճա՜ն եւ դողահա՜ր,
Եւ խնկամանը, որով Ծնունդը կը տօնէինք,
Իր արծաթե մազերուն դէմ, գլխուն վրայ,
Ահաւասիկ որ կը ծխա՜յ…։

Ա՜հ, կը խեղդուի՜մ, կը խեդդուի՜մ,
Տունն ամբողջ մահուան բոյրովն ամպոտեցաւ…
Տունն ամբողջ տիեզերք մ՚է մեռելական,
Ուր միմիայն իմ հոգիս կայ կենդանի,
Որ դիակի մը վրան ինկած,
Բարձունքներու մրրկին պէս կը հեծեծէ…։
Մինակ ես՞ ես… տունն ամբողջ ամպոտած է
Մահուան բոյրովն զարհուրելի…
Կէս գիշեր է եւ սոսկումիս մէջ կը գրեմ,
Երբ դրացի, սեւ լաչակով սգաւոր,
Քանի մը կին լացի եկան…
Անոնցմէ մին, այրի կին մը դառնադէմ,
Մեր մեռեալ մօրն անշունչ մարմնոյն վրան ինկած՝
Կտաւի մր կտորէն, յոյսովն երկու մոմերուն…
Անոր պատանքը կը չափէ…
Եւ ժրաջան երկու հարսներ տրտմօրէն,
Մեր մօրկանը վերջին լոգանքը տալու համար,
Շտապելով՝ մեր աղբիւրէն ջուր կը կրեն…։

Վաղն առաւօտ ուռենիէն, որ քու ձեռքէդ է բուսեր,
Երկու ճիւղեր պիտի կտրեմ…
Արտասուքիդ իբր յիշատակ, հողակոյտին տանելու…։
Եւ ես՝ թշուառս, գերեզմանոցէն վաղն առաւօտ պիտի դառնամ
Հին օրերու մեր այս թափուր տնակին…
Երկու թռներն իբր դագաղ,
Ես իմ վրա՜ս, ես իմ վրա՜ս, խենթի մը պէս փակելու…»։