Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՏԷՐ ՈՂՈՐՄԵԱ…
       –Չէրքէզը տեսա՞ք , Տոքթէօր…։
       –Ի՞նչ չէրքէզ…։
       –Չեմ գիտեր… ինծի այնպէս թուեցաւ… որքան կրցայ հասկնալ իր շարժումներէն, ճի՛շդ այս ժամուն համար ձեզի հետ ժամադրութիւն մը կը խնդրէր։
       –Անունը չարձանագրե՞ց…
       –Գրել չի գիտեր , Տոքթէօր…։
       –Բացատրութիւն մը չտուա՞ւ…։
       –Լեզու չի գիտեր , Տոքթէօր…։
       Չէրքէ՞զ մը, անգիր ու անլեզու, ան ալ Եւրոպայի ճիշդ կեդրոնը…։ Անապատներէն շեղելով քաղաքի մը փողոցներուն մէջ թափառող առիւծ մը աւելի տարօրինակ չէր կրնար ըլլալ։
       Ու ան ի՜նչ առիւծ, ան ի՜նչ շքեղ անասուն, տեսնելիք բա՜ն էր։ Ժամադրավայրին վրայ հեռուէն արդէն որոշեցի զինքը։ Եթէ բիւրաւոր բազմութեան մը մէջ ալ թաղէին զայն, դիտողին աչքը ամէնէն առաջ ու առանց վարանումի, ուղղակի իրեն վրայ պիտի իյնար։
       Լեռնցի հսկայի ահագին կերտուած մը. երկար ծալքերով լայն ու անհատնում վերարկու մը՝ որ արծաթէ նեղ գօտի մը մէջքին վրայ կը սեղմէր. անընկճելի ու հպարտ ուսեր՝ որ չէին ծռած, ու վերէն կ՚իշխէին կորաքամակ քաղքենիներու բազմութեան վրայ. թաւուտ մօրուք մը, որ ամբողջ դէմքը կը ծածկէր։ Ու այս բոլորին վրայ, վերը, մուշտակէ բարձր ու սուր գտակ մը, ուղտի մորթէ։
       Վազվզող փոքրիկ մարդոց հոսանքին մէջ ան կը սպասէր անշա՜րժ, շփոթա՜ծ, արհամարհո՜տ։ Թեւերը իրանին վրայ ծալած էր, հաւնոցի մը մէջ բանտուած արծիւի մը պէս…։
       Ի՞նչ բան ստիպեր էր այս տիտանը Ասիոյ լեռներէն գաղթելու դէպի քաղաքակրթութեան այս կեդրոնները՝ որ կ՚ատէր հպարտ անասունի իր նայուածքին մէջ։
       Իր երեք ձագուկները հետն առած, իւրաքանչիւրին ձեռքին մէյ մէկ ծրարով , Կովկասի չեմ գիտեր ո՛ր անկիւնէն ճամբայ ինկած էր , ու սահմանէ սահման, կայարանէ կայարան, շոգեկառքէ շոգեկառք փոխադրուելով, պատերազմի ղրկուող ձիերու պէս մինչեւ հոս հասած։
       Իրեն ըսեր էին որ այստեղ բժիշկները հրաշք կը գործեն։ Ու ան Լօզան եկեր էր՝ այն հաստատ հաւատքով որ բաւ էր դարտ մը ցուցնել՝ դարման մը գտնելու համար։
       Ուրեմն այս Գողիաթը հիւա՞նդ…։
       –Հապա ինչո՞ւ զաւակներդ միասին բերիր, կը հարցնեմ։
       –Իրե՜նց համար եկայ, բժի՛շկ… թո՛ղ ես մեռնիմ, իմ կեանքս ի՞նչ է… ես մեղաւոր հայր մըն եմ… բայց փոքրիկնե՜րս, բայց փոքրիկնե՜րս…։
       Ու բառերը կը կոտրտէր, կը ծամծմէր, կը դարձնէր ու նորէն կը կրկնէր իր այլանդակ թուրքերէնով։
       Իրա՛ւ ալ, հօր մը համար դիւրին֊դիւրին խոստովանուելիք բան մը չէր իր պատմութիւնը։ Դեռ իր երիտասարդութեան շրջանին՝ բանակին մէջ ֆրանկախտ մը ստացեր , բայց լռեր, գաղտնի պահեր էր բժիշկներէ։ Ու այնպէս կը թուէր որ այդ հսկան հազի՜ւ թէ իր մորթին վրայ զգացեր էր ահաւոր ախտին դրոշմը։ Յետոյ ամուսնացեր, բայց երեք զաւակներ ծնելէ վերջ, կինը մեռեր էր, դեռ քսան տարու…։
       Ինք չէր ըսեր ու չէր կրնար գիտնալ թէ ինչէ՞ն մեռեր էր այդ անմեղ կինը։ Բայց տարիներու ընթացքին մէջ, սոսկումով կը դիտէր որ իր երկու մանչերուն ականջները քիչ֊քիչ կը խցուէին, կապարի պէս կը ծանրանային։ Ուխտատեղի, աղօթք, դեղ , անօգո՛ւտ։
       Ինչո՞ւ։ Ճարահատ բժիշկ մը իրենց արիւնը քննելով, տեսաւ որ հօրը հիւանդութիւնը զաւակներուն երակին մէջ կը շրջագայէր. այնպէս որ իրենց փոքրիկ սրտին իւրաքանչիւր զարկը ուրիշ բանի չէր ծառայեր՝ բայց միայն այդ ահաւոր թոյնը մարմնին զանազան բջիջներուն մէջ աւելի՛ եւ աւելի՛ մտցնելու…։
       Հիմա աղջնակն ալ սկսեր էր թեթե՜ւ, շա՜տ թեթեւ խուլութիւն մը ցոյց տալ. ու հօրը ամբողջ սարսափը այն էր որ մի՛ գուցէ այս վերջինն ալ…։
       –Այդ ապագան գուշակելը դիւրին է , ընդմիջեցի , բա՛ւ է իր արիւնն ալ քննել։
       –Ո՛չ, ո՛չ , բացագանչեց դեղնելով…, թող այդ մէկին ապագան ալ անյայտ մնար…։ Խուլ տղաքներ ունենալ, այն չէ՜ ցաւը գլխաւոր, բայց գիտնա՛լ թէ անոնք խուլ են միմիա՛յն իմ մեղքովս, անոր համար որ տասնհինգ տարի առաջ օ՜ր մը տե՛ղ մը ես շնացի՜… շնացի՜…։
       Աչքերը թրջեցան, փայլեցան։ Ակռաները կճրտացին բերնին մէջ մանրախիճեր փշրելու պէս։ Բայց որո՞ւ բարկանար։ Այս նախնական մարդը՝ որուն համար վրէժխնդրութիւնը կեանքին գերագո՜յն հպարտութիւնն ու օրէնքն էր՝ այժմ իր վրէժը ուրիշ մէկէն չէր կրնար լուծել, բայց մի՛այն իր անմեղ զաւակներէն…։
       –Աստուա՜ծ, Աստուա՜ծ… քու արիւնէդ երախաներ չունի՞ս դուն… մանուկներուն փշուր մը գութ չունի՞ս դուն…։
       Ու գլուխն երերտկալէն ու հասակը ճօճելէն՝ երբ սկսաւ հեռանալ, ես դե՜ռ անշարժ մնացած կը դիտէի լեռնցի տիտանի իր ահագին կերտուածը…։ Գաճաճ թէ հսկայ, մարդ որքա՜ն փոքր է բնութեան անյեղլի ու ահաւոր օրէնքներուն առջեւ։
       Այս տեսակցութիւնը տեղի կ՚ունենար երէկ։ Այսօր, կիրակի, իր հասցէին կը դիմէի։ Այդ առիւծին ձագուկները իրենց բոյնին մէջ տեսնելու հետաքրքրութիւնը քայլերս կը փութացնէր։ Բայց այս ի՜նչ մութ փողոցներ, այս ի՜նչ նեղ տուներ։ Այդ օտարական մարդը ինչպէ՜ս գտեր էր այս թշուառութեան օճախները։
       Առիւծներու բո՞յնը։ Ցած սենեակ մը, մերկ ու գորշ պատերով։ Սենեակին չորս անկիւնները՝ չորս տախտակէ անկողիններ, չորս դագաղներու պէս, գետնէն թիզ մը բարձր։ Սենեակին մէջտեղը՝ փոքրիկ սեղան մը, նոյն տախտակէն կտրուած։ Սեղանին վրայ՝ քարիւղի եփոց մը։
       Հիմա կը հասկնամ թէ ինչո՞ւ երէկ կը քաշուէր զիս տուն հրաւիրելու։
       –Ներեցէք ինծի, պարո՛ն բժիշկ։ Եթէ մեր երկիրն ըլլար, հարկաւ այսպէս չէի ընդուներ ձեզ։ Պանդխտութեան վիճակն է այս։ Այս դագաղներն ու այս սեղանն ես եմ շիներ։ Տեսէ՛ք, մատներս հազար տեղէ արիւնած են ու ձեռքերս սառ ջուրի մէջ ճաթռտելէն կը մզմզան։ Կերակուրնին, կարկտաննին , լուացքնին ալ ես կ՚ընեմ…։ Որբուկներուս մայրութի՜ւն…։
       Ու այս բոլորը ինչո՞ւ. ժառանգական ախտի մը համար՝ որուն դարմանն անհնարին էր։ Սխալը անգամ մը գործուելէ վերջ՝ անկարելի՛ էր սրբել։ Ա՜լ ուզածին չափ մայրութիւն ընէր, տղայութեան սխալը մի՛շտ աւելի պիտի կշռէր նժարին մէջ…։
       Դատաւորներու օրէնքին պէս բժշկութիւնն ալ իր օրէնքներն ունի, բայց որքա՜ն աւելի ահաւոր, անդրդուելի, անյեղլի, վրէժխնդիր օրէնքներ։
       Մէ՛կ բան կը մնար ինծի ընել, իրեն խորհուրդ տալ որ ժամ առաջ երկիր վերադառնար։ Բայց ան որքա՜ն գէշ կը հասկնար իմ միտքս. իրեն այնպէս կը թուէր որ իր աղքատութեա՛ն համար կը մերժէի դարմանս։
       –Փո՜րձ մը, բժի՛շկ, փո՜րձ մը ըրէք…։ Բժշկութիւնն ինչո՞ւ մեզի դեղ մը զլանայ…։ Եթէ ունեցածս չի բաւեր՝ ամբողջ կեանքովս ես ձեր գերին, ձեր ստրուկը, ձեր պահապանը ըլլամ… փո՜րձ մը, բժի՛շկ, փո՜րձ մը, փո՜րձ մը…։
       Յանկարծ լռեց. որովհետեւ դուրսէն դուռ բացուելու ձայն մը լսուեցաւ. տղաքներն էին։
       –Յովհաննէ՜ս… Կարապե՜տ… Մարիա՜մ…, գոչեց հայրը։
       Թաշկինակին ծայրով աչերը չորցուց ու անգամ մըն ալ ձայնը բարձրացուց.
       –Յովհաննէ՜ս… Կարապե՜տ… Մարիա՜մ…։
       Սեմին վրայ երկչոտ գլուխ մը երեւցաւ, յետոյ ուրիշ մը, յետոյ պզտիկ աղջկան գլուխ մը…։ Առիւծին ձագերը…։ Բայց որքա՜ն խղճալի, որքա՜ն ճռզած, որքա՜ն անարիւն էին այս հսկային զաւակները։ Խուլութիւնը՝ իրենց արտայայտութեան զգուշաւոր երկչոտութիւն մը տուեր էր։
       –Մի՛ վախնաք, զաւակնե՛րս… նե՛րս մտէք… բժիշկին ձեռքը պագէք… Յովհաննէ՛ս… Կարապե՛տ… Մարիա՛մ։
       Բայց անոնք տեղերնէն չէին երերար։ Հայրը գնաց, ձեռքերնէն բռնեց, ներս մտցուց, ծունկերուն վրայ նստեցուց, շոյեց , համբուրեց։
       Այսպէս, քիչ֊քիչ դուրսը մութն իջեր էր արդէն. պատուհանները սեւցեր էին, տղաքներուն պառկելու ժամն եկեր էր։
       –Այսօր կիրակի է, զաւակնե՛րս աղօթքնիդ մի՛ մոռնաք։
       Երեք որբուկները քով քովի շարուեցան՝ հասակի կարգով, ճիտերնին ծռեցին , աչերնին վեր դարձուցին, ու սկսան աղիողորմ երգել.
       Տէ՜ր ողորմեա, Տէ՜ր ողորմեա,
Յիսո՜ւս փրկիչ, մեզ ողորմեա՜։
       Այս ի՜նչ երգ, այս ի՜նչ երգ, Աստուա՜ծ։ Ու քանի՜ տարի է չէի լսեր այս բարի ու ահաւոր մեղեդին։ Վերէն ի վար սարսուռ մը անցաւ վրայէս, մարմինս փուշ֊փուշ եղաւ։ Ի՜նչ տարօրինակ համոզումով կ'երգէին այդ թրքախօս բերանները։ Բայց այս բարի, այս աղաչաւոր, այս գալարուն, այս ահաւոր երգը մե՜ր երգն էր, «Կռունկ»ին պէս, ցեղի՛ն ու հողի՛ն երգը, գերագոյն տառապանքին ու գերագո՛յն յոյսին երգը։
       Սակայն ի՜նչ ահռելի ծանրութիւններ կը ստանային այդ բառերը մանուկ շրթներու վրայ։
       Տո՛ւր աշխարհիս խաղաղութիւն,
Մեղաւորաց դարձ եւ զղջում,
Եւ հիւանդաց այցելութիւն,
       կը հայցէին արծաթաձայն որբուկները, ճիտերնին ծռած։
       Մեղաւորաց դա՜րձ եւ զղջում
       կը կրկնէր հայրը, ձեռքերուն մէջ սեղմելով իր գլուխը։
       Տէ՜ր ողորմեա, Տէ՜ր ողորմեա…
       Ու ես գիտեմ որ այս գիշեր նորէն, երբ խաւարը լեցնէ այդ ահաւոր սենեակը, ու երբ երեք որբուկները իրենց անմեղի քունը քնանան մշի՜կ֊մշի՜կ, չորրորդ դագաղին մէջ մէկը, իր խղճին վրայ պիտի հսկէ արթուն, խուլերուն հայրը։
       Լօզան, 1913