ՑԱՒԻ
ՄԻՍԸ
Ցո՜ւրտ,
ցո՜ւրտ։
Բայց
ա՛յնպիսի
ցուրտ
մը
որ
ոսկորներուս
մէջի
ծուծը
կը
սառեցնէր։
Կատղած
մրրիկը
Ալպեան
սարերէն
վար
կը
սուրար,
հոս
ու
հոն
կ՚արշաւէր,
ձորերուն
մէջ
կը
պտուտքէր,
ծառերն
իրենց
արմատէն
խլելու
մոլեգին
ճիգեր
կ՚ընէր։
Ափերով
ձիւներ
ծուէն
֊ծուէն
կը
փախչէին,
գետինէն
վեր
կը
թռչէին,
կառքին
ծակը
֊ծուկը
կը
լեցնէին,
ձիուն
աչերը
կը
կուրցնէին։
Խեղճ
կենդանին
շուարեցաւ,
կողը
հովին
դարձուց,
պոչը
փորին
տակ
պահեց,
կծկտեցաւ,
ինծի
նայեցաւ՝
ե՛տ
դառնալու
պաղատանքով։
Յետոյ՝
յուսահա՜տ՝
գլուխը
նորէն
առաջ
նետեց
ու
կառքը
նորէն
շարժեցաւ։
Ձորին
մէջ
պահուըտած
հիւղակի
մը
առջեւ
կանգ
առինք։
Հիւանդին
տունը
ա՛յս
ըլլալու
էր։
Դրան
ճեղքէն
միանգամայն
չորս
գլուխներ
երեւցան,
երկու
տղու
եւ
երկու
այծի
անհամարձակ
գլուխներ։
–Մայրի՜կ…
մայրի՜կ…։
Մայրիկը
օրօրոցի
մը
վրայ
հակած
երախայի
մը
ծիծ
կու
տար
ներսը։
Հոն,
այդ
սեւ
պատերով
գետնայարկ
խուցին
մէջ,
մարդ
ու
կենդանի
քով
քովի
սեղմուեր,
թշուառութեան
մէջ
եղբայրացեր,
շունչ
շունչի
տուեր
էին
իրար
տաքցնելու
համար։
–Տղաքնե՛րս,
կտոր
մը
փայտ
վառեցէք
բժիշկին…։
–Չեմ
ուզեր,
Տիկի՛ն,
հիւա՛նդը
տեսնենք…։
Մութ
սանդուխէ
մը
վերի
սենեակ
ելանք։
Ցած
առաստաղ
մը՝
որ
մէկ
կողմին
վրայ
աւելի՛
կը
ցածնար,
հաւնոցի
ձեղունի
պէս։
Տանիքէն
հալող
ձիւները
պատերէն
վար
կանաչ
ճամբաներ
գծեր,
թուղթերը
պատառ
֊պատառ
կախուեր
էին։
Զոյգ
մը
փոքրիկ
պատուհանները
քուրջերով
խցուած,
լրագիրներով
փակցուած
էին։
Ու
այդ
գոց
խուցին
մէջ
սատկած
անասունի
հոտ
մը
լեցուեր,
թթուեր,
խտացեր,
հաստցեր,
չշնչուող
այլ
փսխեցնող
թոյն
մը
եղեր
էր։
Ակամայ՝
թաշկինակս
բերնիս
մօտեցուցի։
–Ներեցէ՛ք,
–
ըսաւ
կինը
աղաչաւոր։–
Իր
սաւանները
լուալէն,
տեսէ՛ք,
ձեռքերս
կոշկոռեցան
այս
ցուրտին…։
Տղու
մը
պէս
է,
տղայէն
ալ
գէշ…։
Հիւանդը
գլուխը
երերարցուց
անկողնին
մէջ,
կնոջ
իրաւունք
տալու
ձեւով
մը։
Ու
թեւերը
ձիթագոյն
վերմակի
մը
տակ
պահելով.
–Բժի՛շկ,
–
ըսաւ
ձեր
ձեռքերը
չեմ
սեղմեր.
շրթներուս
մօտեցուցէք
զանոնք
որ
համբուրեմ,
շրթնե՛րս
միայն
մաքուր
են…։
Նիհա՜ր,
նիհա՜ր,
չափազա՛նց
նիհար
գլուխ
մը
միայն
կը
տեսնէի
իր
ամբողջ
մարմինէն.
աղ
֊պղպեղ
գլուխ
մը,
փոշոտ
մազերով,
կարծես
հողէն
հանուած,
բայց
այնքան
նիհար,
որ
գանկին
բոլոր
ոսկորները
կը
գծագրուէին
մարդակազմական
պատկերի
մը
պէս։
Սակայն,
այդ
թշուառութենէն,
այդ
աղտոտութենէն,
այդ
նիհարութենէն
աւելի՝
դէմքին
գոյնը
կը
գրաւէր
իմ
ամբողջ
ուշադրութիւնս։
Անկարելի,
աներեւակայելի
մորթ
մը,
որուն
ցանցերուն
մէջ
կաթիլ
մը
արիւն
չէր
մնացեր,
լեմոնի
մաշկի
մը
պէս
դեղներ
էր.
բայց
այնպիսի
դեղնութիւնով
մը
որ
միայն
քաղցկեղ
ին
մասնայատուկ
է։
Ահաւոր
ախտին
մահացու
կնիքը…։
Ինչպէս
որ
առաջ
ոճրագործներու
ճակտին
հրաշէկ
երկաթով
կը
տպէին
դատապարտութեան
գիրը,
այնպէս
ալ
հիմա
այս
ճակատագրական
ախտը
իր
ընտրեալներուն
վրայ
կանխաւ
կը
դրոշմէ
մահուան
վճիռը։
Բայց
որքա՜ն
աւելի
դաւաճան
կերպով…։
Իր
զոհերը
ո՛չ
դեռահաս
երիտասարդներն
են,
ո՛չ
դողդոջուն
ծերունիները,
այլ
անոնք՝
որ
իրենց
կեանքին
գագաթնակէտին
են
հասած,
անոնք
որ
իրենց
ուժին
կատարելութեան
մէջն
են,
անոնք
որ
զաւակնե՜ր
ունին
իրենց
թեւերուն
վրայ…։
Իր
ընտրեալները
անմեղներն
են,
որ
ո՛չ
մէկ
կերպով
չեն
արժանացած
այս
սարսափելի
պատիժին։
Ճարճատուն
կրակով
չի
կնքեր
ան
իր
դրոշմը։
Իր
դաւաճան
համբոյրը
հազի՜ւ
զգալի
է,
ու
փոքրի՜կ,
աննշա՜ն,
անցա՜ւ
հետք
մը
կը
թողու։
Հասարակ
վէրք
մը,
որ
տարիներու
ընթացքին
կը
մեծնայ,
կը
խորունկնայ,
կ՚արմատանայ,
քարի
մը
պէս
կը
կարծրանայ,
սարդի
մը
պէս
արիւնը
կը
ծծէ,
ու
անխուսափելիօրէն
կը
մեռցնէ։
Ճակտին
վրայ
չի
տպեր
ան
իր
հետքը։
Այլ
չտեսնուելիք
տեղ
մը
կը
զատէ.
հասուկ
կնոջ
մը
ստինքին
տակ
կը
պահուըտի,
կամ
մօր
մը
արգանդին
գոգը,
ուրիշի
մը
կոկորդին
խորը,
միւսի
մը
ստամոքսին
անկիւնը,
ու
այս
դժբախտ
մարդուն
ալ
աղիքին
ճիշդ
ծայրը,
֊
այսինքն
այնպիսի
տեղ
մը
որ
ո՛չ
ինք
տեսնելու
հնարաւորութիւնը,
ո՛չ
ալ
ուրիշներուն
ցուցնելու
քաջութիւնն
ունենար…։
Եթէ
ժամանակին
տեսնուէր՝
կարելիութիւն
կար
դանակով
փրցնելու
դատապարտութեան
այդ
կարմիր
կնիքը։
Բայց
հիմա
ո՜ւշ
էր
արդէն,
եւ
եթէ
թագաւո՜ր
ալ
ըլլար՝
ճար
չկար…։
Աղիքին
ծայրը՝
ախտը
մեծցեր,
ուռճացեր,
ուռեցեր
էր,
կարմի՜ր,
խոնա՜ւ
ու
գարշահո՜տ,
այն
թունաւոր
սունկերուն
պէս
որ
աղբաւէտ
ու
մութ
տեղեր
կը
բուսնին…։
Բայց
այս,
միայն
դուրսէն
երեւցող
մասն
էր։
Ներսիդիէն
ա՛յնպիսի
համեմատութիւններ
ստացեր
էր
այդ
արիւնարբու
մակաբոյծը՝
որ
մեծ
երակը
ճզմեր
ու
ամբողջ
մէկ
սրունքը
վերէն
վար
ուռեցուցեր,
անշարժացուցեր
էր։
Այնպէս
որ,
սարսափելի
տանջանքներու
մէջ՝
խեղճը
գերմարդկային
ճիգեր
կ
՚ընէր
քարեղէն
անշարժութեան
մը
մէջ
արձանանալու
համար…։
Մանուկ
հասակին
ո՜վ
չէր
լացեր
կարդալով
պատմութիւնը
այն
դժբա՛խտ
մարդուն,
որ
իր
պալատին
մէկ
անկիւնը
մարմար
թիկնաթոռի
մը
վրայ
անշա՜րժ
նստած
էր՝
կէս
֊մէջքէն
վար
քար
կտրած…։
Որքա՜ն
աւելի
դժբախտ
էր
այդ
հիւանդին
անշարժութիւնը…։
Պալատ
մը
չէր
անշուշտ
իր
տունը.
բայց
պալատէն
աւելի
բան
մը,
սիրոյ
բո՜յն
մը…։
Որքա՜ն
տարիներ
ստրուկներու
պէս
աշխատեր
էր
ագարակներու
մէջ՝
իր
սեփական
օճախ
ը
ունենալու
համար,
ու
հիմա
չոր
փայտ
մը
կը
պակսէր
օճախին…։
Որբուհիի
մը
հետ
ամուսնացեր,
երեք
զաւակներ
ունեցեր
էր.
խեղճերը
թռչունի
ձագերու
պէս
կը
բանային
իրենց
բերանը՝
ու
հիմա
չոր
հաց
մը
կը
պակսէր
իրենց
շուրթին…։
Հապա
եթէ
այդ
մայրական
այծերն
ալ
չըլլային,
ո՞վ
պիտի
սնուցանէր
թէ՛
հայրը,
թէ՛
զաւակները…։
Խե՜ղճ
այծեր.
եթէ
միայն
գիտնային
թէ
ի՜նչ
արիւնոտ
ծրագիրներ
կը
հիւսուէին
իրենց
վաղուան
համար…։
–Կը
լսեմ
որ,
–
կ
՚ըսէր
կինը,
–
գիտնականներ
հրաշալի
տարր
մը
գտեր
են
այս
հիւանդութեան
դէմ…
միայն
թէ
քիչ
մը
սուղ
է
եղեր…
եթէ
այծերը
մսավաճառին
ղ
րկեմ՝
թերեւս
դրամը
օգտէ…։
Հրաշալի
տա՜րր,
ռատիօ՜մ,
ռատիօ՜մ…։
Ո՞ր
յիմարը
արտասանեց
քու
դիւթական
անունդ
այս
թշուառներուն։
Եթէ
միա՜յն
գիտնային
որ
քու
իւրաքանչիւր
կրամդ
քսանըհինգ
հազար
անգլիական
ոսկի
կ՚արժէ,
եթէ
միայն
գիտնային
որ
քու
լուսաւոր
ճառագայթներդ
դեռ
մեզի
համար
խաւար
ու
աղիտաբեր
կը
մնան,
թերե՜ւս
աւելի
հանգիստ
սրտով
մեռնէին
խեղճերը…։
Բայց
հիւանդը
արդէն
նշմարեր
էր
դէմքիս
վրայ
նկարուած
յուսահատութիւնը։
–Այն
ատեն,
բժի՜շկ,
լա՛ւ
է
որ
դանակն
առնէք,
վիզս
կտրէք…։
Ես
ա՜լ
ցաւին
չեմ
դիմանար.
հրաշէկ
սուրեր
ամբողջ
սրունքս
կը
ճեղքեն.
աղիքներս
գալար
֊գալար
կ՚արիւնին.
այս
արիւնին
վերջը
չկայ…
զաւակներս
վարը
հա՜ց
կու
լան
ու
այծերու
ստինքներուն
կը
փարին,
ես
անկողնին
եմ
գամուած,
իրենց
կաթը
կը
գողնամ…։
Թէ
յոյս
չկայ,
դարման
չկա՜յ,
խնդրե՛մ,
բժի՜շկ,
շնո՜րհ
ըրէք,
ազատեցէ՜ք
զիս
այս
կեանքէն…։
Հոգեվարք
շա՛ն
մը
իսկ
ճակատին՝
կապար
գնդակը
շնորհ
մըն
է…։
Կա՞յ
աւելի
դժնդակ
կացութիւն
մը
քան
ա՛յն,
ուր
յուսահատ
հիւանդ
մը
թեւերուդ
կը
փարի
մահուա՜ն
պաղատանքով,
եւ
որ
ստիպուած
ես
ետ
մղելու
ու
ձգելու,
որ
ամիսնե՜ր
երկարաձգէ
իր
հոգեվարքը։
Որո՞ւն
կը
պատկանի
Ցաւի
Միսը,
որո՛ւն
կը
պատկանի
հիւանդին
կեանքը,
ընտանիքի՞ն
թէ
Օրէնքին,
բժիշկի՞ն
թէ
Աստուծոյ…։
Առեղծուածայի՜ն
ախտ,
որուն
ո՛չ
դարմանը,
ո՛չ
պատճառը,
ո՛չ
մանրէն,
ո՛չ
ծագումը
յայտնի
է։
Բուժելու
անկարող,
ու
մեռցնելու
անընդունակ,
վերջին
զէնք
մը
կը
մնար
ձեռքիս
մէջ՝
մօրֆին
ը։
Ա՜խ,
եթէ
միայն
այս
դեղն
ըլլար
բժշկութեան
մէջ՝
ես
դարձեա՛լ
պիտի
սիրէի
իմ
արուեստս՝
հոգեվարքին
վերջին
ժամերը
ոսկեզօծելու
համար…։
Փոքրիկ
ներարկում
մը։
Ան՝
ա՜լ
իր
թշուառութիւնը
պիտի
մոռնայ,
իր
ցաւերուն
պիտի
խնդայ,
պատերուն
պատռտած
թուղթերը
պիտի
չնշմարէ,
ոսկեձեղուն
պալատներու
մէջ
պիտի
փոխադրուի,
հուրիներուն
գիրկը
պիտի
ապրի.
ու
մահուա՛ն
իսկ
մէջէն՝
անմահութեան
Աստծուն
պէս
պիտի
ժպտի…։
Շտապով
նեղ
սանդուխներէն
դարձեա՛լ
վար
իջայ։
Բայց
այս
անգամ
կինը
բռնեց
թեւերէս։
–Ըսէք,
բժի՜շկ,
պիտի
ապրի՞,
պիտի
ապրի՞…։
Աստուա՜ծ,
Աստուա՜ծ,
որբեւայրի՝
ես
որո՞ւ
պիտի
երթամ
որբերուս
հետ…
հայր
֊մայր
չունիմ,
աշխարհի
վրայ
մարդ
չունիմ…
աշխարհը
մեզ
ողջ
֊ողջ
թաղեց…
անգո՜ւթ
մարդեր,
անգո՜ւթ
Աստուած…։
Երեսը
գոգնոցին
մէջ
պահած՝
սկսաւ
կամացուկ
հեկեկալ,
որպէսզի
ամուսինը
վերէն
չլսէ։
Բայց
տղաքները՝
հազիւ
ծունկիս
չափ
բարձր՝
սպառնական
աչքերով
զիս
պաշարեցին
թէ
ինչո՛ւ
իրենց
մայրը
կը
լացնեմ,
կարծես
ես
ըլլայի
իրենց
ցաւին
պատճառը։
Ու
որքա՜ն
իրաւունք
ունէին
այդ
մանուկ
ուղեղները։
Գործուող
չարիքի
մը
անկարող
ականատեսն
ըլլալ՝
այդ
չարիքը
գործելու
հաւասար
վատութիւն
մը
չէ՞…։
Շուարած
ու
ամօթահար՝
ես
տնակէն
դուրս
նետուեցայ,
կառքին
մէջ
կծկտեցայ,
հեռացայ,
փախայ
այդ
անէծքի
հովիտէն՝
առանց
ետիս
նայելու…։
Ցո՜ւրտ,
ցո՜ւրտ…։
Բանկալթի,
1914