Պատմուածքներ ժողովրդական կեանքէ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԱՅԼՈՐԴԸ
(ԳԱՂԹԱԿԱՆԻ ՅՈՒՇԱՏԵՏՐԷՍ)

Ա՜խ, կ՚ըսէր բռունցքի հարուածի մը տակ թնդացնելով իր լայնշի եւ մազոտ կուրծքը, հիչ մէկ պան մը չեմ կարօտած, նէ՛ մարս, նէ՛ քուրերս… մինակ թուլումպաս. էօ՜ֆ, սանկ մէյ մը օմուզնիս կ՚առնէինք տէ եա՜ եա՜… եըլտըրըմի պէս կը վազէինք մի… հոս անանկ թուլումպայ մուլումպայ չիկայ… պան չունիս նէ պտըտէ… սօ՞նը:

Գրեթէ միշտ ասոր նման պատասխան մը կ՚առնէի, երբ Համբիկին հանդիպելով հարցնէի իրեն. «ի՞նչ լուր, Համբիկ» «Էօ՜ֆ, մի՛ հարցուներ պէ… գործ չիկայ… ա՛խ, պարէ թուլումպա մը ըլլար»:

96-ի գաղթականութեան հոսանքը զանի ալ Վառնա նետեր էր` յանկարծ բաժնելով զինքը ջրհանէն, որուն վրայ անսահման էր իր սէրը: Պոլսոյ քաջընթաց ջրհանկիրներէն էր, յանդուգն, հուժկու եւ կռուազան: Հրդեհներու ատեն իր շահատակութիւնները սքանչացում կը պատճառէին, մրցակիցներու դէմ մղուած պայքարներու մէջ ահ ու սարսափ թողած էր, այնքան որ «եաման Համբիկ» յորջորջումին արժանացած էր: Իր հաւատքը, իր իդէալը, իր ակնարկութիւնները, ըղձանքներն ու ձգտումները ջրհանին վրայ կ՚ամփոփուէին: Անով միայն երջանիկ էր: Այրուող տուներու ճարճատը, անջրպետը լզող բոցէ բուն գալարմունքը եւ վտանգուածներու աղեկէզ կանչուըռտուքներուն համանուագը իր հոգին կը յուզէին, ջիղերը կը գրգռէին եւ դիւցազնի թափեր կուտային իրեն:

Հիմակ, Վառնայի մէջ, զրկուած էր բոլոր այս հեշտալի բաներէն. ջրհան չիկար, եւ ո՜վ դժբախտութիւն, չիկար նաեւ հրդեհ:

Ատա՛մ, այստեղ եղած կրակները քանիի՞ կ՚առնես, կ՚ըսէր դառնաթոյն արհամարհանքով, թուքո՛վս կը մարեմ պէ, թուքո՛վս…

Եւ իր արհամարհանքին սաստկութիւնը ապացուցելու համար անգամ մը, գիշերանց, եւ ոչ իսկ անկողնէն ելած էր, երբ իր բնակած տանը դէմը հրդեհ պատահած էր:

Մուսալլայէն Հիւանդանոց տանող ճամփուն վրայ ճօրճօրալէն կը պտտէր հայ Ճովինան, սալթան ուսէն կախուած, մինչեւ ընքուիները իջնող թուխ ֆէսին տեղ յարդէ աղտոտ փոքր գլխարկ մը դէպի աջ ականջը հակած եւ ձեռքերը փոթուռին գրպաններուն մէջ:

Բաւական ատեն այսպէս անցուց. օր մը, սակայն, տեսայ զինքը, որ սայլի մը վրայ, ձեռքը խարազան մը, արշավակի կ՚երթար:

Համբիկ սայլապանութեան սկսած էր:

Ախպարս, ըսաւ ինծի, երբ իրեն հանդիպեցայ, անօթի պտըտիլը աղուոր բան չէ. էս պաշխասիներուն պէս հաց չեմ կրնար մուրալ: Ամա առապաճի կ՚ըլլամ էղեր, խե՛րն էմ անիծեր…

* * *

Ա՛լ ամէն առտու, կանուխ, Համբիկ, սայլակին հետ մէկտեղ, գաղթական Հայերու գլխաւոր ապաստարանին հիւանդանոցին դրանը առջեւ կը կենար բեռ փոխադրելու համար: Այդ առթիւ միշտ պատեհութիւն կ՚ունենար տեսնելու Միս Ֆրէյզըրը, ամերիկացի միսիոնարուհին, որ` հայկական ցրուումին բօթը լսելուն պէս` Պուլգարիա շտապած էր ոսկիի բեռով մը: Օրուան մէջ շատ անգամ բաց լանտօի մը մէջ բազմած` սայլորդին առջեւէն կ՚անցնէր իր հմայքոտ քաղցր ժպիտը շրթունքին վրայ:

Համբիկ իր կոշտ պատեանին տակ խանդավառ եւ դիւրայոյզ հոգի մը կը կրէր: Այդ նրբակազմ, շնորհաշուք ու քաղցր աղջկան երեւոյթէն խորապէս ազդուած էր: Հազարաւոր անօթիներու կեանք պարգեւող այդ անօսր ու փափուկ էակին մէջ տեսեր էր գերմարդկային անձնաւորութիւն մը: Անոր ամէն մէկ անցքին` նախկին ջրհանկիրը ներկայ կը գտնուէր յափշտակուած, արձանացած, գլխարկը ձեռքը բարեւի:

Ի՜նչ ախճիկ է, պէ՜, կ՚ըսէր ինծի, աչքերը անճառ ու պաշտողական հիացմամբ լի, նստելու, նայելու, խընդալու պիչիմը, է՜հ, ստեղծողիդ մեռնիմ:

Հետաքրքրութեամբ հետեւեցայ այս քաջ ու անկեղծ տղուն կոյր պաշտամունքին աճեցմանը` Միս Ֆրէյզըրի համար: Հիւանդանոցին դրանը առջեւ ժամերով կը սպասէր Ամերիկուհիին դուրս ելլելուն, շատ անգամ մերժելով բեռերու փոխադրութիւնը, որ իր ապրուստի միակ միջոցն էր: Ամէն անգամ, որ զանիկա տեսնէր, զինքը յուզող բոլոր խառնաշփոթ ու ահագին զգացումները կը խտացնէր միակ հառաչանքի մը մէջ.

Ի՜նչ ախճիկ է, պէ՜…

Հիմակ, ա՛լ գրեթէ մոռցեր էր թուլումպան իսկ: Անցեալ կեանքի բոլոր գինովութիւնները, բոլոր հրճուանքները կ՚անհետանային այս քաղցր ու տիրապետող տեսիլքին հոգեպարար արբեցումին տակ: Եւ մինչ բոլոր գաղթականները, մեծով պզտիկով, Ամերիկուհիին մագնիսող ոլորտին մէջ կը դառնային սփոփուելու համար անոր տաք շունչէն, ինքը, Համբիկ, հեռու կը մնար անկէց, անոր մօտենալու այնքան դիւրին յանդգնութիւնը իր մէջ չզգալով, ինք, որ բոցերու դէմ մաքառած եւ հրդեհի գեհեններէն անցած էր աներկիւղ:

Հեռուէն, բոլոր կարելի յարգանքները կը մատուցանէր անոր, ճամբուն վրայ սպասելով գլուխը բաց, եւ օրիորդին հանդէպ անարգական ընթացք բռնողներուն հետ կատաղօրէն կռուելով:

* * *

Օր մը, սակայն, հիւանդանոցին դռները փակուեցան եւ Ֆրէյզըր մեկնեցաւ ա՛լ չվերադառնալու համար: Այդ օրը, Համբիկ, եղելութենէն անտեղեակ, ըստ սովորութեան, գնաց ժամերով սպասեց հիւանդանոցին դրանը առջեւ, սայլակին վրայ նստած: Եկող գացող չիկար. հարցուց փնտռեց, ու դեփ դեղին եղաւ երբոր ըսին, թէ ան գացած էր: Գլխահակ, ձիուն սանձէն բռնած, դանդաղօրէն հեռացաւ, ու ա՛լ մէյ մըն ալ չերեւցաւ հիւանդանոցին շրջակաները: Երբ քանի մը ամիս ետքը իրեն հանդիպեցայ փողոցը, աճապարանքով քովս եկաւ լուր հարցնելու «ինկիլիզին ախճիկէն», ինչպէս ինքը կ՚անուանէր:

Աղէկ է եղեր, ըսի, քեզի բարեւ ըրեր է, աւելցուցի կատակով:

Ծօ՛, ի՞նչ կ՚ըսես… ես վո՞վ եմ, քի ինծի բարեւ պիտի խրկէ… Անիկա՜…

Ու իր արեւակէզ բիրտ դէմքը` հեռաւոր յիշատակներու վերաբերումէն` տեսակ մը երազական անուշութիւն կը ստանար:

Ի՜նչ ախճիկ էր, պէ՜, կը մրմռար, հեռանալով իր սայլակին հետ:

Անկէց ետքը ա՛լ քանի դէմս ելլար, լուր կը հարցնէր Ամերիկուհիին մասին, միշտ միեւնոյն պաշտամունքի արտայայտութիւններով, նոյն հիացական բացականչութիւններով:

* * *

Հիւսիսի քամին ահեղասոյլ կը փչէր: Բալթօիս մէջ սեղմուած, այդ դիւային հողմին դէմ կը մաքառէի ճամփաներուն վրայ: Յանկարծ սայլավար մը նշմարեցի, որ գլուխը կնգուղի մը մէջ պլլած` ձիուն սանձը կը քաշէր մեծ տաժանքով: Ծանօթ ձայն մը բարեւեց զիս: Համբիկն էր:

Հիմա քով-քովի կը քալէինք` գրեթէ առանց բառ մը արտասանելու, քամիէն շնչասպառ:

Լուր մը ունի՞ս, հարցուց վերջապէս սայլորդը, անհամբեր:

Կ՚ըսեն կոր, քի նորէն հոս պիտի գայ… իրա՞ւ է:

Չէ՛, ճանըմ, ըսի գրեթէ մեքենայաբար, ո՞ւր պիտի գայ, խեղճ աղջիկը մեռէր է. չիմացա՞ր, լրագրները գրեցին:

Վա՞յ…:

Համբիկ ուրիշ ձայն չհանէք: Կնգուղին ծալքերուն տակ իր դէմքը խուլ եւ սաստիկ տառապանքի մը կծկումը արտայայտեց: Ուժգնութեամբ քաշեց ձիու սանձը, ու տեսայ, որ հովին ալիքները կնգուղին վրայ ինկած կաթիլներ կը թռցնէին, կը տանէին:

Սայլորդը կուլար:

Իւսկիւտար, օգոստոս, 1911։

 

«Ամէնուն տարեցոյցը», 1912։