Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ
Intra  

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԱՐՈՒԵՍՏԸ

(3-5)

Քերթուած Թէոֆիլ Կօթիէի

Առ Պ. Օննիկ Պէզիրճեան

Քանդակագործ ի Գահիրէ

Երկն, այո, աւելի՛ ’հիարուեստ

Կը ցայտէ՝ ճըգան դիմադրող

Ձեւէ մ’հեստ,

Եղընքար, կիտուած, մարմար, տո՛ղ:

Ո՜չ երբեք կապանքներ շինծու.

Այլ որպէ՛ս զի քայլես անշեղ.

Մուսա՛յդ դու,

Ոտքդ անցուր միշտ կօշիկ մը նեղ:

Քամահրէ՛ հեշտ կշռոյթն անջօր,

Հանգունակ յոյժ լայն մուճակին.

Կերպը զոր

Կը ’ձգէ ոտքն ու կ’առնու կրկին:

Ա՜նդրիար, ի բաց վըտարէ

Կաւը թոյլ զոր բոյթն առանձին

Կը թըրէ,

Երբ խոհերն այլո՛ւր կը յածին:

Մաքառէ քարրառին դէմ պաղ,

Ու կռուէ՛ պարոսին հետ կուռ

Ու չքնաղ.

Պահպանողք շրջագծին մաքուր:

Փոխ ա՛ռ դուն Սիրակուսայէն

Իր պըղինձն՝ յորում անյողդողդ

Կը ցայտեն

Հրապուրիչ գիծե՛րը խըրոխտ:

Փափկամատն, աջըդ աշխատի՛

Դուրս բերել բոցուտ երակէն

Ակատի

Ապողոնն, իր կիսադէմքէն:

Պատկե՛րհան, ջրաներկէն փախիր.

Հաստատէ՛ դուն գոյնը դիւրշէջ

Ու պատիր՝

Կիտուածի վարպետին փռան մէջ:

Շինէ խա՛ժ համբարուներն հին,

Եւ հարի՛ւր ձեւով գալարուն

Տըտուննին.

’Հրէշներն ալ կընքանշաններուն.

Եռոլոր իր լուսապսակով

Շինէ Կոյսն հետ իր Յիսուսին.

Գունդն իր քով,

Ու վրայի   աչն ալ միասին:

Ամեն ինչ կ’անցնի յաշխարհէ.

Լոկ հուժկու արուեստն է անմեռ.

Կիսանդրի

Մը քաղքէն յետոյ կ’ապրի դեռ:

Եւ մետա՛յլ մը պարզաքանդակ,

Գըտնըւած խոփովը’ մշակին,

Հողին տակ,

Կը յայտնէ մի կայսը՛ր նախկին:

Կը մեռնին դիք իսկ համօրէն.

Այլ վերին քերթուածք անթառամ

Կը տեւեն,

Ու’ ամրագոյն քան պըղինձն անգամ:

Քանդակէ՛, խարտէ՛, դրօշէ միշտ.

Թող ծըփոտ երազդ անկայուն

Կնքուի՛, ճիշդ,

Հատորին մէջ կարծր ու տոկո՛ւն:

 

Յունվ. 1912