Անգղին կտուցին տակ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԲ ՇՐՋՈՒԱԾ ԿԸ ՀԱՍԿՑՈՒԻՆՔ

ԵՐԲ ՇՐՋՈՒԱԾ ԿԸ ՀԱՍԿՑՈՒԻՆՔ . . .

 

Պահեր կան մեր կեանքին մէջ, ուր, անհեռատեսելի ազդեցութիւններ կը միջամտեն դէպքերու ընթացքին, ասոնք առնելով մեր հասողութենէն, անոնց տալու համար ո՛չ միայն նոր, անակնկալ գնացք մը, այլեւ՝ անոնց հագցնելով մեզի հիմնովին անծանօթ, մեզմէ երբեք չկասկածուած զգեստաւորում։ Այդ պահերէն առաջ, ամէն ինչ բնական կը թուի մեր շուրջը։
Անոնցմէ վերջ... աւերած ու աւերակ։ Տարիներ աշխատեր էինք պահել մեր ինքնութիւնը, ասոր հանդէպ հաւատարմութիւն մը վերածելով դաւանանքի։ Ու... հարուածը.
Պահը մեզ վարած է մեզմէ անդին։ Երբեմն ծանր փառասիրութիւն մըն է թաքուն զսպանակը սա տրամային։ Մեր ուժերուն վրայ գերաճուն վստահութիւն մը։ Մեր պատրանքին մէջ մեր գերադրումը։ Չենք անդրադառնար, մեր երազէն, սէրէն բռնավար, ասոնց ձգողութեանը մէջ գլխակորոյս։ Կը քալենք։ Անցած ենք ապահովութեան գօտին։
Երբեմն հզօր կիրք մըն է, որ իր տաքութեամբը մեր աչքերուն առջեւ գոլ մը, ոստայն մը կը շողարձակէ ու մեզմէ կը ծածկէ մեզմէ անմիջապէս անդին պարապը, կամ անդունդը։ Կը քալենք։ Ու մեր ոտքերը կը կտրին հողէն։ Ու մենք առնուած ենք հսկայ հոսանքին մէջը ծանր յուզումներու, խորտակող ալիքներու։ Անդունդը պարտաւոր ենք լողալ կամ նուաճել։
Աւելի յաճախ ճակատագիրը ինքն է հեղինակը սա տրամային։

* * *

Կը գրեմ այս տողերը, հաւանաբար տպաւորութեանը տակ խաչակրութեան մը, զոր կը ճանչնամ իբր շարժում -քանի որ տող մը անկէ չեմ կարդացած, բացի տխրահռչակ նամակէ մը եւ օրաթերթի մը filet-էն («Արեւ»)ու ռազմախաղ։ Որուն զանազան հանգըրւանները, իրենք իրենց մէջ պղտոր ու տխուր ապրումներու եղերահանդէս մը ինչպէս, տեղ ունին իմ հոգիին։

Կ՚աշխատիս տարիներով, նոյնիսկ կէս դարով, կատաղի, յամառ, պաշտպանութեանը մէջ քու հաւատքիդ։ Ընկերներդ կ՚իյնան մէկիկ-մէկիկ, զգաստ, սուրբ, արի։ Կ՚անցնիս լեռնէ լեռ։ Կը գտնես ինքզինքդ մինակ... Հաւատացեր էիր ըրածիդ, զայն բարձրացնելով քու սրբազան խորանին։ Կը հաւատաս տակաւին, քու մինակութիւնդ աճեցնելով շուքերով, կրկներեւոյթին ալ տեսիլքներովը։

Կը փչէ հովը։ Մի հարցներ՝ ուրկէ՞, ինչո՞ւ։ Կը բարձրանայ փոշին։ Կը պոռայ շարժը... ու կը գտնես, որ շէնքը քու երազին փլեր է ոտքերուդ, ողբական ու աւերակ։

Բայց քու ներսդ ոչինչ է փոխուած։ Նոյն մարդն էիր տակաւին երէկ։ Քեզ գիտէիր աւելի՛ զգաստ, աւելի՛ իրաւ, աւելի՛ ուժով, քու թարմութեանդ մէջ՝ ինչպէս յիսուն տարի առաջ, երբ մտար գործիդ։ Նոյնն էր իր կառոյցը։ Ու նոյնն են հիմնական տարրերը.

-Աշխատանք մը լայն համապարփակ.

-Նուաճումի ձեռնարկ մը.

-Հզօր տարփանք մը.

եւ, օրինակի համար

-Հայրենիքիդ սէրը։

Ու կ՚ըսեն քեզի.

-Շուարեալ մըն ես, ցնորեալ մը, դաւաճան մը, եւ՝ արժանի մահուան։

Եւ  սակայն  աշխատանքը ինչպէս  հաւատքը  քու մէջդ կը մնան իրենց սկզբնական պայծառութեամբը։ Դուն տարփաւորն ես քու երազին, տարիքիդ հետ աւելի յստակ դարձած։ Դուն տուեր ես անոր շէնքին քու տարիներուդ հզօր առնութիւնը։ Կը հաւատաս, թէ լեցուցեր ես անոր ներսը քու ամէնէն ազնուական տարրերը. բիւրե՜ղը, քու կիսադարեան զրկանքներուդ։ Նետեր ես անոր մէջ ամբողջ պարը, ամբողջ հանդէսը կեանքէն քեզի բաշխուած ուժերուն։ Չունէիր կասկած, որ այդպէս ճարտարապետուած, քու երազդ եղեր էր մարմին, հագեր էր շէնք, բարձրացուցեր ինքզինքը արեւին մէջ, աղուոր, շլացիկ, անդիմադրելի։ Դրէք այդ երազին իր հարազատ անունն ալ՝

-Հայոց հայրենիք, օրինակի համար ու... սպասեցէք, որպէսզի չորս կողմիդ բուսնին մարդեր, շուք ու անոսկոր, ցուրտ ու անվաւեր։

Ու անոնցմէ մէկը կը պոռայ երեսիդ.

-Քու երազը կեղծիք մըն է։ Դուն երբեք չես իջած անոր հիմունքները մինչեւ։ Անոր քու կիսադարեան սպասարկութիւնը, նահատակի քու պայքարներդ, իրենց կարգին աճպարարութիւն։ Դուն երբեք չես սիրած քու երազդ, քու հայրենիքդ։ Դուն ապրած ես զայն նախատելու, անարգելու ցանկութեամբ։ Քեզի կը մնայ քաշւիլ, թաղել այդ դիակ երազդ եւ ինքզինքդ։

Ու անոնցմէ երկրորդ մը կ՚ըսէ.

-Քու երազը ո՛չ միայն կեղծիք մըն է, այլեւ յարձակում մը, վատ, նենգ, որքան վտանգաւոր։ Դուն արդէն երբեք չես սիրած քու աշխատանքը։ Քու հայրենիքը գործածած ես քու հաշիւներուդ։ Դուն քու հայրենիքիդ հանդէպ զգացումներ ներկեցիր ու աշխարհը խաբեցիր։ Քեզ ո՛չ միայն կ՚անարգենք, այլեւ կը հանենք կախաղան։

Ու այդ մարդերէն երրորդ մը կ՚ըսէ.

-Դուն ո՛չ միայն աճպարար մըն ես, նենգ յարձակող մը, այլեւ ուղիղ դաւաճան մը։ Քու դիակդ իսկ կը մերժենք մեր հողերուն, անոնց խնայելով քեզ պատսպարելու պարտք մը։ Քեզ կը թաղենք այնքան խոր, որ հոտդ անգամ չյաջողի բարձրանալ։ Քեզ «մաքրելը» մեր նուիրական պարտականութիւնն է։ Դուն վիժուկն ես քու հայրենիքին, անոր ամէնէն սեւ դաւաճաններէն մէկը։

* * *

Այսպէս է, որ կը տեղաւորուին իմ մէջ ապրումներ, որոնք կու գան ինծի բիրտ որքան անակնկալ։

Անոնք իմ մէջ չեն արձակեր անշուշտ եղերակատակերգական տառապանք մը, որ ընդհանուր բարեխառնութիւնն է նման զգացումներու, երբ մենք կը դատենք աղմուկը ու կը չափենք հաշիւները։ Բայց անոնք իմ մէջ ծնունդ կու տան նուրբ, տրտում թախիծին

-շրջուած հասկցուելու

որ իրաւ է սակայն, հաւասար հարազատութեամբ, որքան իրաւ էր ուղիղ հասկցուելու դժբախտութիւնը։

Գրեր եմ ասիկա քառորդ դար առաջ Սերմնացանի մը մէջ։ Գրեր եմ օրինակ միշտ, քառորդ դար առաջ, թէ իմ ժողովուրդը բանուորն էր Արեւելքին։ Ու անոր այդ դերը արժեւորեր այնքան կանուխէն, երբ քու չորսդիդ բուսնող աս ուրուականները դեռ կը պառկէին իրենց օրաներուն մէջ։ Գրեր եմ, որ արդի քաղաքակրթութեան վրայ ծանր թաթը անհրաժեշտ էր յեղափոխութեան -դուք կը հասկնաք անոր սեռը, ա՛ն՝ որ աշխարհը կանչուած է մաքրագործելու սուտէն ու փուտէն, զուլումէն ու անարդարութենէն ու պիտի բաշխէ հացն ու կարագը բոլոր սեղաններուն, պիտի փոշիացնէ բոլոր ամբարտաւանութիւնները պալատներուն, բոլոր մոլութիւնները դրամով սրբանալու ընդունակ ու պիտի պարտադրէ աշխատանքին սրբազան տիրապետութիւնը։

Ու գրեր եմ, տակաւին երէկ, այդ հայրենիքին տարփանքին մէջ իմ աննահանջ հաւատքը գալիքին։

Ու կը գրեմ այս տողերը, այսօր, երբ իմ հոգին աւերակ է բացարձակ, երբ կը գտնեմ իմ կիսադարեան երազը, իմ ոտքերուս, բզիկ-բզիկ ու անճանաչելի։

* * *

Կու տամ ինծի լայն ազատութիւն գրոհին բռնութիւնը, վլվլուկին նենգութիւնը, հաշիւին ճիղճութիւնը անգիտելու։

Կու տամ ինծի դարձեալ ազատութիւն մարդերը տեսակաւորելու, արժեւորելու իրենց կիրքերուն, փոքրութիւններուն, փոքրոգութիւններուն աստիճաններուն համեմատ։

Ու դարձեալ,

չեմ տառապիր, երբ կը գտնեմ իմ շուրջը, փոշիի ու մշուշի մէջ այլակերպուած, այլանդակուած ամէն բան, որ սիրելի էր եղեր մեր կեանքին լման հասակովը.

ամէն բան,

աշխարհ մը, ուրկէ նայէին կարմիր աչքեր, կիրքէն ուռեցած դեղին նայուածքներ, մաղձէն ժանգոտած, պղտոր ցանկութիւններ, ու ճճի հաշիւներ։ Բոլորը խորքին անհերքելի հարազատութեամբը։ Բայց որոնց վրայ փայլակնացոլ գտնէիր խորհրդանիշը մեծ դաւանանքներու։ Աշխարհ է ասոր անունը եւ իմ մազերը ճերմկած են զայն ճանչնալու, մարսելու ողբերգութեան մէջ։

Բայց ինչպէս հաշտուիլ, երբ նոյն այդ աշխարհը քեզ կը հանէ քեզի դէմ, այլանդակ, որքան անճանաչելի, քու բառերուդ հագցնելով վճռական իր շրջումը, քեզ ներկայացնելով ահաւոր իրականութեամբը հակապատկերին, քեզ բռնի դնելով կերպարանքի մը մէջ, որ հերքումն

է քու կիսադարեան պայքարին։

Շրջուած հասկցուելուն ողբերգութիւնն է ատիկա։

* * *

Գիտեմ, թէ մինակ եմ իմ ցաւը կրելու։ Գիտեմ, թէ մարդիկ, հեղինակները այս եղերա-կատակերգական հանդէսին, պիտի պահեն անայլայլ իրենց սատիզմը, սարգազմը, սինիզմը։ Ու շրջուած երազին ծաղրանկարը պիտի շահագործեն աւելի պղտոր, աւելի մութ հաշիւներու հետամուտ։

Բայց ինչպէ՞ս ընդունիլ սա անարգ չարափոխումը, քու հաշուոյդ այս անգամ, նոյնիսկ անկախ՝ ուրիշներու շահարկումէն։ Ի՜նչ աչքերով դիտել սա այլակերպումը, որուն ենթարկուած է քու հաւատքդ, քեզմէ միշտ անկախ։

Կը կենամ սակայն ըսելու համար.

-ոչ մէկ արդարացում։ Մարդիկ մեղքերը կը սրբագրեն, բայց առաքինութիւններու, արժանիքներու համար երբեմն կը պարտադրուին… ներում խնդրելու։ Դէպի նահատակները, սրտառուչ զոհերը՝ ճամբուն։ Դուք գտէք ճիշդ բառը։ Խորհեցէք բոլոր մեր սրբազան մեռելներուն ու լրջացէք քիչ մը։ Ահա թէ ինչո՛ւ մարդիկ պիտի չմտածեն ո՛չ իսկ զիջումի, քանի որ շրջուած բաներուն մէկ ճակատագիրն է նորէն սրբագրելի, դարմանելի չըլլալը։ Սիրոյ մէջ սակարկութիւն մը՝ ո՛չ միայն պզտիկութիւն է, այլեւ անըմբռնելի տկարութիւն մը, ինչպէս զոհողութեան  մէջ  ամէն  նկատում հաշիւ՝  փոքրամտութիւն, փոքրոգութիւն։

* * *

Մինակ մեծ իմաստասէրները, կրօնքներու հիմնադիրները չեն, որ ներսէն ձայներ կ’ունենան։ Պարզ մարդեր, միշտ երբեմն, ձգած են մեզի, այդ ձայներէն, յուզիչ ալ վկայութիւններ ու ձայնը կ’ըսէ ինծի.

-«Ո՛չ ցաւէ, ոչ ալ արհամարհէ։ Առաջին արարքը անվայել պիտի գար քու կէս դարուդ մէջ քեզմէ պարզըւած սառն, յուսակտուր պայծառութեանդ, որով լուսաւորեցիր աշխարհը քու զրկանքներուդ ու մարսեցիր նախատինքը զայն ոսկեզօծելէ վերջ։ Երկրորդը դարձեալ դուրս է քու կարելիութիւններէդ, քանի որ հաւատքը ուրիշ բան չէ երբեմն, եթէ ոչ շրջուած հպարտութիւն մը։ Դուն զգաստութեան պահերէ ձգած ես մեզի վկայութիւններ։ Այնպէս նկատէ, որ նորէն ուրուական մըն է, որ կը պատգամէ քեզի։ Հանդա՛րտ, մանաւանդ պայծա՛ռ, մանաւանդ՝ անուշ։ Տագնապը կրնայ ծագիլ ո՛չ հալածանքէն, ո՛չ հայհոյանքէն, այլ կրնայ ծագիլ քեզմէ, քու վրադ քու վստահութեանդ սարսումէն։ Նման տագնապ մը անիմաստ պիտի դարձնէր քու կէս դարդ քեզի համար։ Ի վերջոյ թուրքերէն չազատեցիր քու գլուխդ, որպէսզի զայն կոտրտես քու մատուըներովդ, երբ աւելի քան վստահ ես, որ հոն ծուարած աշխարհէն պատառ մը պատկեր բաւ է նախատինքի ծովերը ցամքեցնելու։ Սիրեցիր, քու ընկերներուդ պէս ու անոնց չափովը, քու հայրենիքը, միշտ անըմբռնելի այն խորութեամբ, որմէ փաստեր ինկած են քու ժողովուրդիդ պատմութեան բոլոր դարերուն, տարիներուն։ Մատաղ պարմանութենէդ մինչեւ փշապսակ ալեւոյթը։ Սիրեցիր արեանդ ճամբով, միշտ ընկերներուդ նման, սխրանքին գնով։ Զոհեցիր այդ սիրոյն ամէն բան, քեզմէ ուզուածը, նոյնիսկ չուզւածը, երբ մարդիկ, քու գլուխդ ազատելու համար թուրքին դանակէն, չվարանեցան իրենց գլուխները երկարել դահիճին։ Որքան մեծ էին զաւակները այդ ժողովուրդին, այդ հեռու օրերուն, երբ ինկած էին այդ տղաքը լեռնէ լեռ, հրաշք այդ հայրենիքին առքէն խենթեցած, զայն պարուրող ողբերգութիւնը չքացնելու անհուն հաւատաւորութեամբ մը։ Է՜, տղաս։ Հիմա ճերմակ են մազերդ։ Ձեռքիդ սուրին տեղ գրիչն իսկ ծանր կը կշռէ։ Ու կը խռովիս, որ աժեմն ու չաժեմը քեզի խօսին քու ամէնէն նուիրական կիրքէն, ասիկա ներկելէ վերջ իրենց տարիքին գոյներովը։ Կը գտնես դուն քեզ անսփոփ, ոչ անշուշտ մինակութեանդ ճնշումէն -գիտես, որ հազարներ ու բիւրեր քեզի հետ են, այդ սիրոյն մէջայլ անմարդկային կոչուելու վայել քու յուսախաբութեանդ ճնշումին տակ, երբ ուրիշ բիւրեր այդ սէրը կը վերածեն արեան հանդէսի, քու իսկ ժողովուրդիդ այնքան սպառած երակները կրկին բանալով արեան հոսումին։ Խուլ գիտակցութիւն մը կը վրդովէ քեզ ու չես երթար առաջ նոր այս կիրքն ալ հայրենիքին անունով շահերու ներկում յայտարարելու, անխոստովանելի փառասիրութիւններ պատմուճանելու։ Բայց գիտես, որ չի հասնիր այդ վրդովումը քեզմէ դուրս, քու ներսդ իսկ սահմանւա՛ծ խաղաղելու, խղդուած աղմուկէն, մանաւանդ անսըրտութեան փաստերէն։ Ու կը մեղքնամ քեզի, որ չես կրնար նոյնիսկ տառապիլ, ասոր զգայարանքները, գործարանը -սիրտըանդարման մաշեցուցած ըլլալուդ։ «Հոգին տարիք չունի» երբ կը գրէիր, սխալի մէջ էիր։ Ընդունէ հիմա, ինծի հետ, որ իր զաւակը թաղող մայրը աւելի քիչ կը տառապի -որովհետեւ չի կրնարքան՝ իր մայրը թաղող տղան, որուն մաշած չեն տակաւին զգայարանքները։ Կը մեղքնամ քեզի, որ կարող ալ չես քեզի սանկ ու նանկ սփոփանքներ ճարելու։ Հին զգեստները կարկտան կ’ընդունին։ Հին սիրտե՞րը…։ Կայ միջոցը սակայն, այնքան անգամներ քեզի օգուտով ծառայած։ Նոյն սպեղանի՛ն՝ որով դիմաւորեցիր հարուածները քեզ հալածող, քու ճամբուդ երկայնքին։ Նոր չէ, որ քեզ կը քարկոծեն։ Ու նոր չէ, որ ուղեղդ կը վախնայ իր տաղաւորած աշխարհին հաշուոյն։ Ի վերջոյ բան մը ստոյգ է քեզի համար -ատիկա պակսիլն է թուրքին, քեզ մահուան մղող անվրէպ ազդակը։ Բայց քու բախտէդ, այդ բարիքն իսկ դուն կը վերածես հակադիր դժբախտութեան։ Ոչ մէկ կասկած, որ խաղաղութեամբ պիտի բարձրանայիր կախաղան քու թշնամիիդ վրայ հոգեկան քու գերազանցութեանդ քաղցր պաշտպանութեամբը։ Ոչ մէկ կասկած, որ քու եղբայրներէդ քու գտած սա անմարդկայնութիւնն է, որ քեզ կը մղէ սեւ սառնասրտութեան։ Շրջուած բաներուն աս է եղերականութիւնը։ Հաշտուած էիր լքումին, իւրացումին, այդ արարքներէն քեզ հասնելիք հետեւանքներուն ընդդէմ ինքզինքդ զրահած։ Ի վերջոյ, դուն ես գրողը. «Առանձնութիւնը սնունդն է հոգիին»։ Փորձուեցար քեզ կանչող ձայներուն խոր ալ անկեղծութենէն։ Ու գտար, որ մինակ հալածանքի համար գրուած չէր ճակտիդ գիրը։ Քեզի տուին պահեր, այնքան անգամներ, որոնց մէջէն քու հպարտութիւնդ զգացիր, որ կը լուծուէր անուշ խաղաղութեան, ուրիշին բաշխուելուն վայելքին մէջ։ Ատոնք ալ իրաւ էին, են։ Այն ատե՞ն։ Գտիր կերպը շրջումն ալ հագնելու։ Դիտէ հանդարտ, պոռացողները, սպառնացողները եւ ներէ, որ անոնք ալ վայելեն իրենց խաչակրութեան հեշտանքը։ «Էականը մարդոց տալն էր պուտ մը աւելի վայելք» գրեցիր տարիներ առաջ։ Ատենը եկած է այդ մտատեսութիւնը տարածելու դէպի ուրիշները։ Ո՛չ տրտմութիւն, ո՛չ յաւակնութիւն։ Մարդոց տալ իրենց վայելքը։ Երբ ասոնք այդ վայելքը կը դաւանին գտած ըլլալ հասցէիդ նախատինքի բեռներ ճամբու հանելով, տուր իրենց աւելին, այսինքն՝ պատրա՜նքը իրենց արդարութեան, իրենց սիրոյն։ Քեզի չեմ առաջարկեր անյիշաչարութիւն, որ, թուղթերու վրայ գեղեցիկ, կեանքին մէջ շուտով կը վերածուի իր իմաստին օտար տկարութեան մը։ Դուն միամիտ չես, կիրքին վրայ նաւարկողներու ներսը կիրքէն դուրս ուրիշ ապրումներու հաւատալու։ Ատոր համար է, որ կ’առաջարկեմ ինքնատիպ դարմանը, ուրիշներու կիրքը, երջանկութիւնը, աս ու ան զգացումներով, նոյնիսկ ասոնց պատիր կերպարանաւորումներով զօրացնելու քու ալ դառնութիւնը։ Ասիկա չի նշանակեր պատրանքները ոսկեզօծել կամ սրբագրել։ Ատիկա կը նշանակէ հասկնալ երջանկութիւնը քեզմէ դուրս։ Կը տառապիս, որ ինչո՞ւ այնքան քիչ, պզտիկ, անմարդկային մարդեր կը գործածուին այն քառուղիներուն վրայ, որոնք քու հայրենիքիդ խորհուրդին, առքին, պաշտամունքի սրբարանին կ’առաջնորդեն։ Կը տառապիս, որ սուտին, կեղծիքին, աճպարարութեան մենաշնորհները կը վերածուին հակադիր տրամային, որ՝ մարդիկ կը խորանարդեն հիմնովին իրենց չունեցածը, աճուրդի հանելու իրենց խաղերը ու կ’անցնին, լուսապսակ ու փառաւոր։ Մտածէ, որ այդ զգացումներուն իսկութիւնը կրնայ հրեղինել այդ մարդերը, ծախել, սպառել թերեւս կեղծիքին ալ ոստայնները։ Անցիր անդին, բոլոր բեմերէն ու հանդուրժէ, որ անարժաններն ալ գտած ըլլան միջոց արժանիքէ խօսելու, անով սպառնալու։ Այդ հայրենիքէն քու կսկծագին ապրումներդ երբ մարդիկ շրջուած կեղծիք միայն կը յաւակնին հասկնալ, մի տար հաւարի, դուն գիտես, որ ծովէ մը հանուած մատնոց մը ջուրը ո՛չ թոյն, ոչ ալ կեանքի իսկութիւն կը դառնայ բառերուն հոլովովը։ Կու գայ օրը, ուր մարդիկ, գրածներուդ հաշուոյն քեզ դատապարտելէ գոնէ առաջ կը կարդան գրածներդ։ Ասիկա ապագային ապաստանիլը չէ անշուշտ։ Յետոյ ի՞նչ կարիք այդ տարտամ յոյսով ալ զբաղելու, քանի որ ուրիշներուն գրածը անկարող է փոխելու քեզ, քու ճակատագիրդ։ Փոխուածը՝ դառնութեան տեսակը միայն։ Անդին ես մարդոց սահմաններէն, երբ տառապանքով, հալածանքէն այլուրացած քու զգայարանքներուդ իսկ կը մերժես իրենց դերը, քեզ քեզմէ ազատագրելու։ Կը վախնամ, սա րոպէին, արուեստի, ինքնապաշտպանութեան, նոր արհամարհանքի ուրուականներ շարժման հանելու, որոնք քեզ առաջնորդէին քու աշտարակներուդ, պալատներուդ, ամայքներուդ։ Մի՛ նեղուիր, որ փրկութեան նոր ուղիներ կը թելադրեմ, երբ ասոնք կը յիշեցնեմ քեզի։ Քու հպարտութիւնդ, լման կէս դար, քեզի բարիք միայն հայթայթեց։ Ու չեղար նկուն, քեզ թիրախ ունեցող բոլոր գրոհներէն։ Կ’ընդունիմ։ Բայց զգո՜յշ՝ կոտրտըւած սիրտովդ կրկէս իջնելէ, ուր ամէնէն աւելի կը մնան զօրաւոր հակադիր զրահներ։ Յանձնարարե՞լ՝ որ դառնաս ետ, ուրկէ մեկնեցար։ Քու առանձնութեա՞նդ՝ ուրկէ միայն գիտցար վարել սլաքը քու ճակտիդ գիրին, ուր ո՛չ ծարաւն էր փառքին, ոչ ալ կարօտը երջանկութեան։ Մարդիկ կը ծնին գիրովը իրենց ճակատներուն։ Եղար կէս դար հաւատարիմ քու գիրիդ։ Ձգէ, որ քու երկունքդ ինքզինքը ազատագրէ, կրցած կերպովը։ Ճամբա՛դ, վճռական, անշեղ, աննահանջ։ Գիտեմ, թէ աշխարհին բոլոր բռնութիւնները պիտի մնային անբաւական քեզ տապալելու։ Չգովելը մեղք է անշուշտ։ Բայց գովել կրնալն ալ ո՛չ անմեղութիւն է, ոչ ալ հացի ճամբայ, փառքի մեքենայ։ Չես հաւատար ապագային։ Լա՛ւ։ Բայց հաւատա՛ ներկայիդ, որ քու անցեալն է, քանի որ ասոր կը պարտիս քու գործը։ Ու դուն ես յայտարարողը, որ քու գործդ մեծ է քեզմէ։ Դուն նախանձոտ մը չէիր ուրիշներու երջանկութեան։ Եղիր գոհ, որ քու վրայով, քեզմէ ճարուած փաստերով ուրիշներ իրենք զիրենք երջանիկ հանդիսացնեն։ Որքան սփոփա՜նք՝ երբ խեղճ մարդեր կը կարծեն քեզի քար արձակել։ Ներէ իրենց այդ սրբազան պատրանքը։ Ընդունէ, որ հայրենիքին անունով պոռալը ո՛չ պզտիկութիւն է, ոչ ալ քաջութիւն, քանի որ այդ հայրենիքը իրաւ է աւելի քան, մշշամած թէեւ, բայց ելած թուղթի վրայ սեւագրութեան մը բախտէն, քեզի խօսող, քեզ մերժող, բայց քեզ խանդավառող։ Նոր չէ, որ սիրահարները կը տառապին։ …Եթէ երբեք քու օրերուդ սեւը լուսաւորելու ունիս տարբեր միջոց մը, քան այդ «կորսըւած» դրախտին (քեզի համար) հեռանիստ այգը, բեր զայն քու ընկալչութեանդ։ Այլապէս եղիր ուրա՜խ, երբ ուրիշներ քու տառապանքը յաջողին վերածել իրենց սփոփանքին։ Զի, կա՞յ պէտք ըսելու, թէ այդ ուրիշները քեզի չափ դժբախտներ են, քեզմէ տարբեր անով միայն, որ գտած են կերպը դժբախտութիւնը կէտէ մը վիրաւորելու, ու այդ կէտէն իրենց դարաւոր դառնութիւնը սափոր-սափոր գլխուդ պարպելու։ Վստահ եմ, որ փաղանգին գաճաճները քեզ  կ’արգիլեն  հակադիր  մեծամտութեան ապաստանելէ, ու քեզ կ’ընեն զգոյշ, քանի որ բերաններուն հասակը չէ, որ կ’առնենք հաշուի, այլ անոնցմէ դուրս հոսածին իսկութիւնը։ Ու մի մեծամտիր, որ հարւածային սա ասպետները պզտիկներ են ամէն բանով, միտքէ՝ ինչպէս հոգիէ։ Էականը՝ հաւատարիմ մնալն է քու ճակատագրին։ Էականը՝ տառապանքը վայելքի փոխակերպող գիտութեան հաւատալը։ Այն պահուն, երբ կը զբաղիս ոսկորներովդ, կը դառնաս ողորմելի։ Ըսի քեզի, որ չես արհամարհելու ո՛չ միայն ինքզինքդ, ո՛չ միայն ուրիշները, այլեւ՝ արհամարհանքը, քանի որ ոչ իսկ ժանգահար զէնք մըն է անիկա քու օրերուն։ Ու մի դառնանար, սեւնար, երբ թոյնն իսկ չէզոքացնելու միջոցները չեն պակսիր այսօր։ Դարձիր ամայքիդ, աշտարակիդ։ Կեցիր  հեռասոյզ անուշ երբ  առջեւէդ կարաւանները ճամբայ կ’առնեն դէպի գաւառները քու երազներուդ, կայանները քու հպարտութեանդ։ Սփոփուէ մտապատկերին ծանր ձգողութեանը մէջ, հազարներու եւ բիւրերու վայելքովը, յոյսովը, հաւատքովը ծաղկապսակ։ Այս խաղաղութիւնն ալ կ’արժէ, որ զգաս։ Մարդ մինչեւ հիմա ուրիշներուն տուածովն էր, որ ինքզինքը կ’արժեւորէր իր ներսէն։ Ասկէ վերջ ուրիշներուն վայելքը պատմելն ալ պիտի բաւէ այդ դերին։ Մտահոգ ես գերեզմանովդ ու փառքին տեղ, մեծ շուքի մը մէջ հողք մը կ’ուզես։ Այս փափաքդ կրնայ արդար նկատուիլ, բայց ոչ խելացի։ Մենք գերեզմանները կ’անգիտանանք, Քեզի պակսածը ո՛չ հողքն է, ոչ ալ փառքը, քեզի պակսածը՝ հիմնական զգայարանքը իր ժամանակը հագնելու։ Ու ատիկա չի դարմանուիր։ Յառաջ ուրեմն, դէպի քու մռայլութիւնը, չեմ ըսեր սուգը։ Ի՜նչ է քու գործդ պողոտաներուն վրայ, ուր մունետիկները միայն յաջողութեամբ կը գործեն՝ ու դուն կը նմանիս լեռնէն փրթած բանի մը։ Յառա՛ջ դէպի ամայքները, ուր չի հասնիր քեզ հալածողներուն ուժը։ Մարդիկ այն ատեն կը ներեն քեզի, երբ գտած ես միջոցը ինքզինքդ մոռցնելու։ Ատով միայն շահեցար քու գործդ։ Ատով հաւատա՛, թէ կը ծառայես քու գործիդ դարձեալ։ Մի զրկեր ուրիշները իրենց վայելքէն, բայց մի շարունակեր այդ վայելքը արժեւորել քու ցաւիդ, ցասումիդ իբր սփոփանք։ Մոռցիր, թէ սիրած էիր, որպէսզի ըլլաս ընդունակ ատելութենէն անդին անցնելու։ Հաշտուէ, որ ամէն սերունդ իր հանգանակները կը ստեղծէ ինք իրեն անսալով։ Անդրջրհեղեղեան կենդանիները միայն հնէաբանութեան մէջ գլուխներ չեն գրաւեր։ Անոնք իրաւ են ամէն դարերու։

Գաճաճներն ալ իրաւ են ամէն դարերու։ Ու լեցուէ համակրութեամբ, երբ մարդիկ մտածեն «ոսկորներէդ սրինգ շինել», ինչպէս կը պատկերէ բանաստեղծ մը…»։

* * *

Ես ձայներու մարդն եմ եղած,

բայց ոչ պատասխաններուն։

Կը ղրկեմ ուրուականը ետ, դէպի իր կայանը ու կը գոհանամ արձանագրելով.

«Շրջուած հասկցուիլն ալ հասկցուիլ է նորէն»։

Սփոփա՞նք։

-Երբե՛ք։

Բողո՞ք։

-Երբե՛ք։ Ու ձա՞յնը։

-Ճակտի գիր, տղաս, ճակտի գիր եւ ուրիշ ոչինչ։

1946