ԿԱՊԻԿԻ
ՄԸ
ՀԵՏ
Ֆաշոտա
(Ափրիկէ)
բնակող
անգլիացի
մը՝
Արթըր
Քուբինկ,
Շէքքա
քաղաքին
մէկ
բնիկէն
գներ
էր
կապիկ
մը
ու
նուէր
բերեր
իր
ֆրանսացի
մէկ
բարեկամին,
որ
իմ
ալ
ծանօթս
է։
Կապիկը,
որ
բռնուած
է
Ֆաշերի
լեռնանտառներուն
մէջ,
հիմա
կը
գտնուի
փարիզեան
արուարձաններէն
Պուր-լա-Րէն`
ֆրանսացի
բարեկամիս
տանը
պարտէզը։
Տեսայ
կապիկը,
որ
Շէնբանզէ
մըն
է
ու
կը
կոչուի
Մոքօ։
Արու
է,
առողջ
եւ
չափազանց
ճկուն։
Աչքերուն
մէջէն
կ’երեւին
իմացականութեան
մը
կայծերը,
որոնցմէ
զուրկ
են
բազմաթիւ
մարդիկ։
Ֆրանսացի
բարեկամիս
թոյլատրութեամբ
կարեւոր
տեսակցութիւն
մը
ունեցայ
այս
կապիկին
հետ։
Ահաւասիկ
մեր
ասուլիսը.
—
Բարեւ,
եղբայր
Մոքօ…
—
Եղբա՞յր…
Երբե՛ք։
Դուք
մարդիկդ,
որ
գայլ
էք
իրարու
հանդէպ,
շատ
դիւրութեամբ
կը
գործածէք
հրաշալի
բառեր։
Օրինակ՝
«եղբայր»,
«ընկեր»,
«սիրելի»,
«յարգելի»,
«պաշտելի»
եւայլն։
Եղբայրութիւնը
մարդը
մարդուն
հանդէպ
չէ
ունեցած,
ուր
մնաց
մարդը
կապիկին
հանդէպ
ունենայ։
Նախ
բան
մը
չըսած,
սուտ
խօսեցար…
—
Ինծի
համար
բոլոր
ցեղակիցները
իրարու
եղբայր
են.
սերած
ենք
կապիկէն։
—
Մարդը
տէր
է
սուտի
մանարանի։
Նախ
ցեղակիցները
իրարու
եղբայր
չեն
ձեր
մէջ։
Անոնք
թշնամի
են
քաղաքի
տարբերութիւնով,
գաղափարի
տարբերութիւնով,
կրօնքի,
ազնուութեան
տարբերութիւնով։
Շատ
անգամ
միեւնոյն
գաղափարի,
միեւնոյն
կրօնքի,
քաղաքի,
եւ
մինչեւ
անգամ,
միեւնոյն
տունի
մարդոց
մէջ
կարելի
է
գտնել
անթիւ
թշնամիներ։
Երկրորդ՝
մենք
ցեղակիցներ
չենք
ու
երբեք
ալ
ցեղակիցներ
եղած
չենք։
—
Հապա
Տարվի՞նը…
—
Տարվինը
ուզեց
մարդը
բարձրացնել։
Տարվինը
ուզեց
մարդուն
ազնիւ
ծագում
մը
վերագրել։
Տարվինը
ուզեց,
որ
մարդ
արարածը
կապիկին
օրինակելի
վարքն
ու
բարքը
ընդօրինակէ։
Մարդը,
սակայն,
անուղղայ
է
եւ
անընդունակ
որեւէ
ազնիւ
բան
իւրացնելու։
Մարդը
շատ
աւելի
հեշտութեամբ
կը
սորվի
գէշ
բառ
մը,
քան
աղէկ
բառ
մը։
Ու
երբ
որ
աղէկ
բառը
սորվի,
կը
գործածէ
զայն
կեղծաւորութեան
համար,
ինչպէս
դուն,
քիչ
առաջ,
ինծի
ըսիր
«եղբայր»։
Դժբախտաբար,
երբեք
պիտի
չկրնաք
եղբայրանալ
մեզի
հետ։
—
Ինչո՞ւ
այդպէս
կը
կարծես։
—
Քանզի
անհուն
է
մեր
տարբերութիւնը։
Ո՛չ
մէկ
կամուրջ
կրնայ
մեզ
միացնել
իրարու։
Կարծես
մենք
տարբեր
մոլորակներու
բնակիչներ
ենք…
—
Օրինակներով
եթէ
խօսիս,
շատ
շնորհակալ
կ’ըլլամ։
—
Դուք
«բարոյական»
ունիք,
որովհետեւ
անբարոյականութեան
մէջ
էք
միշտ։
Մենք
անբարոյականութիւն
չունինք,
որ
ունենանք
«բարոյական»։
Դուք
հազար
տեսակ
կրօնք
ունիք,
քանի
որ
չէք
կրցած
ըմբռնել
Արարչութիւնը։
Դուք
Աստուածը
ներկայացուցած
էք
10
հազար
տեսակ
հակասական
ձեւերով
ու
ներհայեցողութեամբ։
Մենք
ո՛չ
կրօնք
ունինք,
ո՛չ
տաճար,
ո՛չ
ալ
այն
սեւ
մարդիկը,
որոնց
կղեր
կ’ըսէք։
Մենք
ձերբազատուածներ,
ազատագրուածներ
ենք
ու
կ’ապրինք
խորհուրդին
իմաստութիւնը,
որով
պէտք
չունինք
նկարի,
արձանի,
բացատրութեան,
աղօթատեղիի,
ինչպէս
նաեւ`
սեւ
մարդերու։
Քսան
դար
առաջ
Յիսուս
հիմնեց
բարձրագոյնը
վարդապետութիւններուն՝
քրիստոնէութիւնը։
Ու
քսան
դար
է,
որ
քայլ
մը
չէք
առած
դէպի
Քրիստոնէութիւն։
Ընդհակառակն,
անդադար
յետադիմած
էք։
Դուք
աշխարհը,
գծագրութեան
տեղ
կարծելով,
սահմաններ
գծած
էք։
Մենք
չունինք
սահման,
մենք
կը
սիրենք
անսահմանութիւնը։
Դուք
օրէնքի
ու
կանոնի
գերիներ
էք,
մինչդեռ
մենք
ունինք
կեանք
մը,
որ
համակ
ազատութիւն
է։
Մեր
ազատութեան
թշնամիները
դո՛ւք
էք
միայն։
Ահա
այսօր
գերի
մըն
եմ
ձեր
ձեռքը,
սակայն,
մտածումս
ազատ
է,
ու
կ’ըսեմ
մեր
մէջ
եղած
տարբերութիւնները։
Դուք
թոյն
էք
ու
կը
գործածէք
թոյն։
Կը
խմէք,
կը
ծխէք։
Ո՛չ
մէկ
կապիկ
այդ
թոյներուն
կը
մօտենայ։
Դուք
ստրուկ
էք,
գործով
ալ,
կարծիքով
ալ,
աշխատութիւնով
ալ։
Կ’ընդօրինակէք
իրարու
ձեւը,
իրարու
խօսքը,
իրարու
գործը։
Մենք
անկախ
ենք
մեր
շարժումներուն
մէջ,
ըլլան
անոնք
ներքին
կամ
արտաքին։
Մենք
անհատապաշտ
ենք,
մինչդեռ
դուք
մարդկութիւն
կոչուող
գործարանին
մէկ
մասնիկն
էք։
Մարդը
առանձին
ոչինչ
է,
անկար,
անընդունակ
ապրելու։
Կապիկ
մը
միս
մինակը
կրնայ
ապրիլ։
Հաւաքականութիւն
էք
կազմած.
գոնէ
անոր
ալ
ընդունակ
ըլլայիք։
Առէք
ազգ
մը,
դասակարգ
մը,
նոյնիսկ
տուն
մը
ու
միլիոն
տեսակ
խնդիրներով
իրար
կը
բըզըքտեն
մարդիկ։
Դուք
կը
պատերազմիք.
լսուա՞ծ
է,
որ
կապիկները
ընդհանուր
կամ
մասնակի
պատերազմ
ընեն։
Ի՞նչ
է
ձեր
կատարած
աշխատանքը…
Վաճառականութի՞ւն,
արհե՞ստ,
արուե՞ստ,
քաղաքակրթութի՞ւն։
Կեանքին
համար
անպէտ
ու
նոյն
իսկ
վնասակար
գործեր։
Կատարեցէք
ներքին
աշխատանք։
Ամէն
մարդ
հազիւ
պիտի
հասնի
իր
ներքին
շինարարութեան,
իր
ներքին
մաքրութեան,
իր
ներքին
կառուցումին։
Դուք
կ’աշխատիք`
ոչ
թէ
շահելու
համար
ձեր
հոգին,
այլ
շահելու
համար
արծաթ։
(Թո՛ւ,
զզուելի
սրիկաներ,
թո՛ւ)։
Արծաթը
կը
ստանայ
պոռնիկը,
մատնիչը,
աւազակը,
ոճրագործը։
Ու
ամբողջ
մարդկութիւնը
այդպէս
է։
Տեսնուա՞ծ
բան
է,
որ
կապիկը
սիրէ
արծաթը,
պաշտէ
ոսկին,
խենթենայ
գոհարեղէններու
համար։
Ոսկին
ունեցէք
ձեր
ուղեղին
մէջ,
արծաթը
ձեր
արեան
մէջ
ու
գոհարները`
ձեր
հոգիին
մէջ,
ո՜վ
դուք
արտաքինի
համար
ապրող
մարդիկ։
Բաւակա՞ն
են
այսքան
օրինակներ։
—
Շատ
իսկ
են։
Ի՞նչ
կրնամ
ընել`
քեզի
օգտակար
ըլլալու
համար։
—
Եթէ
ամէն
մարդ
ինքզինքին
օգտակար
ըլլայ,
ինծի
բարիք
մը
ըրած
կ’ըլլայ։
—
Շիտակը
ըսելով,
ես
քեզ
սրամիտ,
շէնշող,
կենսուրախ
արարած
կը
կարծէի,
մինչդեռ
դուն
խորունկ
ու
լուրջ
խնդիրներ
յուզեցիր։
—
Լուրջերուն
յատակը
կեղծիքի
վիհ
կայ։
Այո՛,
ես
զուարթ
եմ,
սակայն,
իմ
զուարթութիւնս
իմաստի
մը
վրայ
է։
Ես
այս
լուրջ
խօսքերէն
վերջ,
առանց
լրջութենէս
բան
մը
կորսնցնելու,
կրնամ
կռնակս
դարձնել
եւ
թմբուկս
ծեծել։
—
Ծաղրելո՞ւ
համար
զիս`
դժբախտս,
որ
մարդ
ծնած
եմ։
—
Մարդ
ծնած
ըլլալուդ
համար
չէ,
որ
կը
ծաղրեմ
քեզ,
այլ
մարդ
մնալուդ
համար։