Վերջալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՍ ԿԸ ՄԸՆԱՄ ԱՆՏԱՐԲԵՐ

Պատերազմէ պատերազմ՝ երազն այդ միշտ, բայց միշտ մեր

Թշուառութեան ցաւը նոյն, տգեղութեան առջեւ նոյն։

Պիտի փորձենք միշտ ծածկել մեր մերկութիւնը հոգւոյն,

Եւ շարունակ, խաբուելով պիտի ըզգանք մենք մեզ մերկ։

 

Պիտի ըսենք՝ բընութիւն, օրէնք ու տուրք բարձրացման,

Եւ միամիտ եւ միշտ զուր հերոսութեան առջեւ մենք

Պիտի կենանք, շըփոթած, պիտի դեռ մեզ ըսփոփենք։

  Յանդգնութիւն, քաջութիւն, զոհողութիւն անսահման։

 

Այսպէս, աւա՜ղ, կը փորձեմ, կ’ուզեմ յուսալ, հաւտալ ես

Ապագայի մը բարի, տանիլ արիւնըս անոր՝

Խանդովն անոնց՝ որ կ’երթան կռուիլ, կերտել կեանք մը նոր։

 

Եւ ջըլատել զիս կուգայ կասկած մը միշտ, եւ այսպէս,

Այս օրերուն մէջ ճիգի ու խոյանքի ու փառքի՝

Ես կը մընամ անտարբեր, մերթ դառնութեամբ կ’ընկրկիմ։