Վերջալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՍԿՈՒՄ

Գործարանէ գործարան՝ ծըխաններու անտառին

Մէջ, երբ խըռով՝ կը սողան վիշապներու պէս ծուխեր,

Կը բարձրանայ Շայլոքի [1] մը երկնամուխ շուքը, խեռ

Դէմքին ծիծաղ մը խենէշ, ձեռքերուն միս ու արիւն,

 

Երբ այծամարդ մը հըսկայ, ժիր՝ կը ժըպտի անոր քով

Արձակելէ ետք վերջին դիւթանքներն իր սըրինգին,

Եւ դըժոխքի մը խորէն բոցերը խօլ կը ժայթքին,

Եւ մետաղները կ’ոռնան գեհենամռունչ ճախրանքով,

 

Երբ կիրք, ոճիր, արբեցում եւ խենթութիւն կ’որոտան,

Եւ քաղաքին վըրայ մեծ, գիշերին մէջ կը փայլին

Զէնքերը նոր մարդկութեան եւ ակռաները գայլին,

Ինքզինք կախող Յուդային կուգայ խնդալ նոր Յուդան,  

 

Ես կը նայիմ ժամերով եւ կը սպասեմ, որ թրթռուն

Հորիզոնէն՝ որ կարծէք կը նըւագէ դառնութեանբ

Գուսան մը կոյր, հրդեհէն՝ ծընի Վահագն ոսկեծամ

Եւ եղեգները հնչեն շրթներուն տակ հովերուն,

 

Եւ հռընդիւնն այդ մահուան եւ դժգոհ ձայնը ներքին,

Խըռովելով իմ հոգիս, անոր կորով տան ու թափ,

Որ տխրութեան մէջ դառնայ սիրտըս երկաթ հըրաթափ,

Ազատութեան սուր։ Շանթերն իմ աչքերուս մէջ ծաղկին…

* * *

Ես կը հասնէի սահմանը հոգւոյս։

Եւ իմ յաղթական եւ ինքնավստահ ձեռքերս էին հեզ,

Երախտագէտի յուզումով առլի՝

Երբ գոհ ժպիտով ես կը շոյէի իմ ձիս գլխիկոր,

Որ հանդարտ կ’երթար,

Բանալով իր սեւ սմբակներուն տակ լոյսերու բոյներ։

 

Իմ տենդս էր եղած հաւասար՝ դարձող տերվիշի տենդին,

Որ թաւալման մէջ՝

Ուր կը ցընորին ուրուականակերպ իրերը բոլոր՝

Կը քաշէ հոգին քայքայուող եսին ալիքներուն մէջ

Տարաշխարհիկ ծաղիկի մը նըման։

Եւ ես կ’ըսէի. «Ըլլայ բազմութիւն՝ առանձնութեան մէջ,

Եւ բազմութեան մէջ ըլլայ մենութիւն»:

 

Օ՜ հասունութեան մեծ խորհուրդը մեր։

Կ’ողողէր հոգիս բարութիւն մը մեծ։

Պարզութիւն մը սուրբ։

 

Եւ ի՞նչպէս եղաւ, գիշեր մը նստայ,

Եւ խոնարհ սրտով՝ գըրեցի այսպէս։



[1]            Շայլոք. - Շէյքսփիրեան կերպար, անխիղճ վաշխառու: