Վերջալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՊՐԻԼ ՄԻԱՅՆ

Վառ ձիւնածածկ տանիքներ՝ հրեշտակներու պէս՝ հեռուն,

Ծառեր ճերմակ, շուշաններ ու թաւիշներ, մարմարի

Հայելիներ, որ պայծառ՝ կ’արտացոլան հին, բարի

Շքեղութիւնն ու խորհուրդն առաւօտեան պահերուն։

 

Օ՜ կեանքն այս կոյս։ Կը դողայ, յուզում մ’իր կոյր աչքերուն՝

Կողքիս՝ եղբայր մը թշուառ, կուլայ ամէն մէկ բառի,

Կը պատմէ վախը մահուան ու կեանքը սին, կը սպառի։

Կ’ուզէ ապրիլ… կը խօսի իր ձեռքերով սարսըռուն։

 

Պատուհաններ յակինթէ, ծիրանիներ տարածուած,

Յոյսեր անափ՝ գիշերէն վերջ քայքայիչ՝ ուր ինկան

Յոյսերն ամէն, մութէն վերջ՝ հորիզոններ կուսական։

 

Ապրի՜լ միայն, ըլլալ լոկ, խոնարհութեամբ մը, Աստո՜ւած…

Օ՜ այս խորանը մաքուր՝ դըժոխքէն վեր բուժատան,

Այս մանկութիւնն անմատոյց հոգւոյս առջեւ իմ խոպան։

 

Օ՜ քաղցրութիւնն այդ, հեռուն, իմ դառնութեանըս դիմաց…