ԱՊՐԻ՛
Խանդ
տանք,
պատրանք
տանք
ազգին՝
որ
ապրի
Այս
յուսաբեկիչ
պատրանքներն
ի
վեր,
Ապրի՛։
Մենք
խորհինք
այդ
տուրքին
բարի,
Ատոր
միմիայն,
մնացեալն
է
ըստուեր։
Մոռնանք
մեծ
միտքերն՝
որ
կը
յուզեն
մեզ,
Լըքենք
հոգեկան
բաւիղները
բարդ,
Ըլլանք
պարզ
մեր
պարզ
ժողովուրդին
պէս
Եւ
ոչ
թէ
լարի
վրայ
ճախրող
գերմարդ։
Կ’անցնինք
օր
մը
մենք,
կ’ապրի
ազգը
մեր։
Գոյութիւնն
իր
միակ
իմաստն
է
կեանքին։
Ըլլանք
գոյութեան
բեղմնաւոր
սերմեր։
Կը
հիննան,
կ’անցնին
մեր
մտքերն
անգին,
Հաւատքնե՜րը
մեր…
Տա՛նք
տուրքը
բարի՝
Խանդ
տանք,
պատրանք
տանք
ազգին՝
որ
ապրի։