Վերջալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՍԿԱԾ ՈՒ ՑԱՒ

Շէկ լուսիններ՝ նիզակահար՝ պոռչըտացող ցուլերու պէս,

Ծունկի եկած՝ զարկին արնոտ եղջիւրն իրենց սեպ ժայռերուն։

Ու կորկոնի պէս գըլխատուած ամէն չարիք՝ իր սարսըռուն

Անկմամբ, ժայթքող արեամբ օծեց, ոգեւորեց, ջրդեղեց մեզ։

 

Բայց, երբ առատ՝ կը հոսէր մեր այս ջինջ գինին վերացական,

Դեւը խնդաց իր անպատկառ, թաց շրթներով։ Ձեռքը զարկաւ,

Մարեց յանկարծ ջահը ձիուս վէս բաշերուն. «Օ՜ թըշուառ կաւ,

Բառե՜ր, բառե՜ր. ո՞վ փոխուեցաւ իր բառերով»: Ձեռքերս ինկան։

 

Զոհաբերում, զրկանք, հաւատ, յուսաբեկում, կասկած ու ցաւ,

Կասկած՝ որ զիս քայքայելով ծաւալեցաւ հոգեկործան։

Բառեր կամքի, սիրոյ, յոյսի՝ մարդոց, որոնք եկան, անցան

Եւ խաբուեցան եւ խաբեցին իրար անվերջ։ Ո՞վ փոխուեցաւ…