Վերջալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԵՐՋԱԼՈՅՍ [1]

* * *

Իրիկնամուտին՝

Հազիւ քաշելով ոտքերն իր յոգնած,

Երբ ձիս կը կոխէր խէժի պէս փակչող, շարժուն աւազին,

Կը վառէին իր սմբակներն ոսկի, ցայտուն բոցերով։

 

Երկինքը, հեռուն, կարմիր ձեռքերով՝ կը քակէր թել-թել

Դղեակի մը հին, յոխորտ պատերուն պատմութիւնն արնոտ։

Ծովը կը պատռէր մետաքսէ քողեր։

Լուռ՝ կը մարէին հողերուն վըրայ մոխիրները խռով

Առասպելական հուրէ թռչունին։

Արեւը կ’իյնար։

 

Բայց հաւատքիս դառն գլխատման պահուն,

Հովն յանկարծ կ’անցնէր յառնող շուքերու փսփըսուքներով,

Կը թափէր փոշին չորցած թուփերուն,

Կը շրջէր աշնան կուժերը մուժէ անուշ յուշերուն։

 

Ու թեւթափելով կը սըլանային տենչավառ շողեր՝

Խոզակներու պէս ծովափին թափած փրփուրներն ի վեր։

Աւազը կ’երգէր մեր տակ՝ ճզմըւող խաղողի նըման։

Կորով մը կրկին հոգիս կ’ողողէր։

 

Ծուխերը, հեռուն, տեսիլներու պէս,

Ամպերը՝ այրող ջահերու նըման,

Ժայռերը պըղինձ՝ հալելով քիչ-քիչ,

Ծառերն հըրաթափ՝ կ’աճէին անվերջ, կը ցցուէին վեր։

 

Վերացման պահն էր։ Աշխարհն էր պարապ։

Մահը կը սահէր բոցի մը նըման մինչեւ իմ սիրտըս,

Կը վառէր մարած մոմերը կրկին,

Իրիկունն անհուն կը ծաւալէր զիս։

 

Հայելավառ ափին վրայ՝

Իմ բազմազան դէմքերս ինէ կ’անջատուէին։

Միսերս յոգնած կը հոսէին միսերէս դուրս,

Մինչ ալիքները մսկոտ՝ հաւաքելով քայքայուած իրանն իրենց՝

Կը ծնէին նորէն-նոր։

 

Օ՜ մեծ գաղտնիքը զտման։

Մեր կեանքն ամբողջ՝ մեր այլազան անուններով՝

Պէտք է որ մենք կորսըւած տըղու մը պէս հեկեկանք

Եւ փնտըռենք մեր իրական կեանքը՝ որ մենք չապրեցանք։

 

Խորանին վըրայ իմ դառն յուշերուս,

Ուր անձըս ինծի կը թուէր յիմար,

Ես կը գտնէի քաղցրութիւն մը սուրբ։

Եւ կը շոյէի քամակն արնազարկ իմ խոնջած ձիուս։

* * *

Պարապ գաւաթին խորքին խորհուրդն էր շրթներուս վըրայ։

Ու մինչ բոցկլտուն արցունքներս անցեալ կը սարսըռային

Իրիկնամուտի սարդոստայններու թելերուն կառչած,

Եւ հովն ամայի խոպան ծովափին վըրայ կը փըչէր

Վհուկի շունչով, խօսեցընելով աւազ ու խիճեր

  Մահուան աշխարհէն երազով նայող, փայլակող աչեր, -

Կը բացուէր մաս-մաս խորհուրդն յոյզերուս։

 

Ծովը կը նետէր բաշերն իր ճերմակ,

Կը թափէր բոլոր բոցերն իր ծամած, փրփուրներն աղի,

Նոր արշաւներու տենչով բռընկած՝

Պայթող հրթիռներն իր խրխինջներուն։

Թռչուն մ’իր մետաղ ճիչով կը կտրէր լոյսրը վերջին։

 

Կը բացուէր առջիս պարգեւի մը պէս,

Կը փռուէր լոյսի ծիլերով ծաղկած անապատն հոգւոյս։

 

Խմուած դառնութեան խորհուրդին հուրն էր շրթներուս վրայ։

Բերդը կը փայլէր հեռուն՝ սրբութեան բաժակի նման։

Օ՜ խանդըս յամառ, յիմար, խօլարշաւ…

 

Փրկութիւնը մեր անոր անիմաստ արշաւին մէջն էր,

Իր յագեցման մէջ։

 

Եւ երբ, փախչելով մանկութեան ահեղ դեւերու երկրէն,

Ես քըշեցի զայն, միամիտ ու ժիր՝

Երազելով իր պայտերէն ցայտող կայծերով գըրել անունըս հուրէ,

Անհունն ակօսել մոգական գորգով թռչողի նման,

Հնչեցընել չոր հողերն իր յոխորտ սմբակներուն տակ,

Իր շունչը խառնել ապառաժներու փոսփորէ հեւքին,

Հրդեհել խաւարն իր խորհրդածուփ բաշերուն բոցով, -

Յանկարծ ծառացաւ ան, մրճահարեց շուքերը շուրջի,

Խածաւ հանգոյցներն իր վիզը սեղմող անծանօթ հովին,

Սանձը լըքեցի, յանձնեցի ես զիս անոր մութ կամքին։

Իր խօլ ուժերուն սպառման մէջն էր փրկութիւնը մեր։

Եւ երբ ան՝ հովէն ծեծուած ծառի պէս՝

Բոցեղ ճիւղերով ջութի պէս ցասկոտ կը վրընջէր, վեր, ոտքի կը հանէր

Քարերն ու հողերն իր բացած վիհին - կասկած, վախ, զղջում, -

Ցասումով մը մեծ ոտքերըս զարկի, կառչեցայ իրեն,

Տատանելէ վերջ ժայռերէն վախցող նաւու մը նման,

Կառչեցայ իրեն՝ որ շուրջըս բացուող երախները չար չկըլանեն զիս։

Ոտքերըս զարկի։ Վազքին մէջ ցրուի՛ն կեղծիքները մեր։

 

Օ՜ կամքըս յամառ, գոռոզ, բռնակալ։

Իրականութեան ցնցումներն եղան

Իր անսանձելի թափին հաւասար, փոթորկեցին զայն։

Ու սէրըս մեծցաւ։ Քաոսն էր բերրի։

Հորիզոնն էր լի թաւալող կարմիր մոլորակներով։



[1]            « Վերջալոյս » խորագրեալ այս շարքին մէջ, շեղագիրով տրուած են միջանկեալ անջատ քերթուածներ, որոնց առնչութիւնը մայր բնարանին հետ անուղղակի է: Արամեանով տրուած հատուածները կը կազմեն բուն մարմինը պոէմին. ասոնք նոյն ձեւով ներկայացուած են բովանդակութեան ցանկին մէջ: