Վերջալոյս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՁԱՅՆ ՄԸ ՍԱԶԻ

Եւ հիմա ես կ’ուզեմ միայն արծաթահունչ ձայնը սազին,

Որ մանկութեան իմ օրերուս՝ պանդուխտ մ’անյայտ կը նըւագէր։

Ձայն մ’իրիկուան լոյսերուն մէջ՝ որ յամրօրէն կը նըւազին,

Կըռինչին պէս թափառական կըռունկներուն մեր աստղակեր։

 

Խաբուեցայ միշտ օրերն ի վեր. ձայն մը միայն միամիտ, պարզ՝

Որ կաթկըթի գիշերուան մէջ զմրուխտին պէս մութ ջրմուղին,

Որ քակէ իր մազերն առատ՝ որպէս գիւղի սրտաբուխ հարս,

Հեռաւոր, մեղմ խարշափ մը չոր ցորեններու՝ որ կը բըխին…

 

Օտարութիւնն ըրաւ կարօտ զիս մեր հողին հայրենական։

Զիս ընկրկեց կեղծիքը մեծ՝ մեծ ու գիտուն քաղաքներուն…

Լուսնասմբակ ձայն մը սազի՝ որ զիս առնէ տանի հեռուն…

 

Հըրատոչոր կարօտն ունիմ յուզումներուս՝ որ ա՛լ չըկան։

Խաբուեցայ միշտ, աղարտեցայ, ես յոգնեցայ… Կ’ուզեմ նախկին

Անմեղութիւնն ու բարութիւնն, յոյսեր՝ որ նոր խանդով ծաղկին։

 

Ձայն մը սազի՝ պարզ, հարազատ, կայծկըլտացող ծըղրիթներուն,

Ծնծղաներուն, անձրեւներուն, բիւրեղներուն նըման փշրուն։

 

* * *

Ձիս կը փորէր ծանր իր սմբակներով անցեալըս, կ’երթար։

Ջուրը կը նետուէր պաղ փրփուրներով անոր ոտքերուն

Կընոջ յորդառատ մազերու նըման,

Կը հիւսէր հնչուն բիւրեղը անցեալ սիրոյ յոյզերուն։

Բայց ես կ’ըմպէի, հեշտանքով մը մեծ,

Քաղցրութիւնն անդորր, բերրի խոնջէնքին։

 

Ու մինչ կը ձուլուէր մեր շուքը մըթին՝

Իրիկնամուտի տրտմութեան հետ խոր,

Եւ կը փրթէին կապերը բոլոր մեզ հողին կապող,

Իմ սիրտըս կ’աճէր։

Իմ ձիս կը ճզմէր կարիճներու պէս թըռչտող խիճերն,

Աւազն՝ որ անվերջ իրեն կը կառչէր

Աղիճի մը պէս, իրեն կը նետէր նախատման ճիչեր։

Իմ սիրտըս կ’աճէր՝ երբ ձիս կը կոխէր

Խեղճ ճահիճներու երազող սրտին։

Հոգիս կը ծաղկէր գարնան ծառի պէս։

Մինչ կը խամրէին ծառերը հեռուն։

 

Օ՜ կոծն ստեղծող, բարութիւնը մեր,

Մենութիւնը մեր՝ ըստեղծման պայման,

Ստեղծումը մեր՝ դարման քայքայքման դէմ մահուան, որուն

Մենք կ’երթանք մինակ, մինա՜կ, միշտ մինա՜կ։

 

* * *

Ծովը ծառ մըն էր՝ որ կը թափէր իր միրգերը հասուն,

Եւ փտիլն անոնց ծաղկում մըն էր նոր։

Եւ ամէն ալիք, որ կ’իյնար մեռնող կարապի նըման,

Եւ ամէն փրթող լար կը թրթըռար,

Ճիչով մը պայծառ եւ արարչական։

 

Ծովը պայքարն էր միլիառ եւ միլիառ կոծող բոցերու,

Միլիառ եւ միլիառ աստղերու բախում։

Ահեղ կըռիւն էր օձեր կուլ տըւող կանաչ օձերու։

Եւ ամէն ալիք անդունդէն եկող զոհի մը շունչն էր։

Շունչն էր նոյն ատեն ծընունդի մը նոր։

 

Եւ շիրիմներէ ցայտող կայծերու շքեղ բռընկում,

Եւ անմահութեան ծիծերէն յորդող առատ բարի կաթ։

Ծիծաղ մըն էր պաղ եւ ժըպիտ մը հեզ։

Եւ ամէն ալիք՝ որ կ’երկրպագէր վերջալոյսի գոյն ձեռքերը բացած,

Կը գտնէր իր մէջ երկինք մը յանկարծ։

Եւ ամէն ալիք կաղն ի կաղ կ’ելլէր սանդուխէ մը վեր,

Կը բռնէր հրեշտակն իր վառ մազերէն։

Ծովը յաղթական կամար մ’էր հսկայ։

Կորուստ եւ վաստակ,

Վաստակ եւ կորուստ։

 

Լոյսը կ’ողողէր ծովափին վըրայ տականքներն անցեալ,

Հետքերը բոլոր հին պայքարներուն։

Յաւիտենութեան տաճարէն բըխող

Մանիշակագոյն ապակիներու լոյսերը բարի

Կը տարածէին մայրական թեւեր։

Եւ աւազն էր քաղցր՝ ողկոյզներու պէս մեղրոտ խաղողի։

Ալիքները խրոխտ շուներու նըման կը հալածէին ոգիները չար,

Ամպերն ուրուական։

Ջուրը կը քսուէր յեսան քարի պէս ժայռերուն՝ ու ձեւ

Փայլ կուտար անոնց։

Եւ ինձ կը թըւէր՝

Հոգիս յղկըւած՝ կարծըր՝ կը փայլէր մետաղի փայլով։

 

Ես կը նայէի կարմիր արեւին՝

Որ կը հաղորդուէր խորհուրդին հետ խոր,

Երկնքին մետաքս վարագոյրին դէմ։

 

Յոսահատութեան ոսկրէ մատներուն տենդը կը վառէր՝

Հսկումի վերջին բոցի մը նըման՝ մոմերը բոլոր։

Հովը կը ցցէր յաղթական սիւներ։

 

Ես կը խորհէի մեր լինելութեան անհուն բարիքին,

Անցնող եւ գալիք արշալոյսներուն։

Ես կը խորհէի, թէ պէտք էր օրհնել բազմութիւնը չար՝

Մեզի մեր անձին մէջ աքսորող ոգին։

Պէտք էր սիրել զայն։

 

Եւ կը խըմէի ես ալիքներուն հըզօր ու պայծառ

Երաժշտութիւնն այդ յաւերժական։

Եւ կը նայէի ես անդորրութեամբ

Ծովուն ու հողին միջեւ տարուբեր մեր բեկորներուն։

Հողէն ու ծովէն մերժըւած ընդմիշտ՝

Սողուն ու ծըփուն ջըրախոտերուն։

Եւ ես գոհ էի, որ դժգոհ էի շարունակ ինծմէ,

Որ ծովուն այրող հովը կը պրկէր իմ դէմքըս յոգնած,

Որ այս ամայի, դառն ափին վըրայ՝

Անափ աշխարհի կարօտ մը այդպէս կ’ոգեւորէր զիս,

Պարապ գաւաթին խորքին խորհուրդն էր շրթներուս վրայ։

 

Ձիս կը փորէր ծանր իր սմբակներով աւազը կախարդ,

Աւազը խարդախ,

Որ կը խըմէ մեր հետքերը իսկոյն։

Ձիս հանդարտ՝ կ’երթար։

 

Աշխարհն էր պարապ։

Ես կը դիտէի, ան կը շըքեղնար

Կարեկցութեամբ լի աչքերուս դիմաց։

Իմ անձս էր պարապ։ Յուսահատութեան ձեռքը կը փայլէր։

Կը վառէր մարած մոմերը կրկին։

 

Իրիկունն անհուն կը ծաւալէր զիս։

* * *

Իրիկնամուտին, հորիզոնին վրայ, երբ կը հալէին թեւերը մոմէ

Ինկող Աստուծոյ,

Ափը կը հեւար ծնընդաբերող կընոջ տրտունջով։

 

Երբ ձիուս փոշոտ բաշերը ճակտէն կը կախուէին վար՝

Պարտութեան պատռած դրօշակի մը պէս,

Եւ անցեալս ամբողջ

Իր խոր հետքերով յարութիւն առած՝

Կը բացուէր առջիս,

Ձեռքըս կ’առնէի ես սանձը ձիուս։

Եւ ես կ’ուղղէի զայն կրկին դէպի միջնաբերդը հին։

 

Ժամն էր երբ գիւղիս յաղթ ձիաւորներն իրենց ձիերով

Կը մտնէին ծով,

Կ’երթային խորունկ ակօսներն ի վեր՝ ցանելով սերմեր։

Իմ ձիս կը քալէր խորհուրդի ծովէն,

Կը փայլէր դեղին արեւի նըման։

Թարմութիւն մը մեզ կ’ողողէր կրկին։

 

Եւ ինձ կը թըւէր՝ իմ ձիս կը քաշէր

Արոյրէ փայլուն արօրն երկնքին՝

Անդորրութեան մէջ իրիկնամուտին,

Ուր կը ծաղկէին աստղերը բոլոր ցանուած յոյզերուն։

Օ՜ հասունութեան մեծ խորհուրդը մեր։